Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ՀԵՆՐԻ ՄՈՐԿԵՆԹԱՈՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ԱՆՈՒՂՂԵԼԻ ԵՆ

ՀԵՆՐԻ ՄՈՐԿԵՆԹԱՈՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ԱՆՈՒՂՂԵԼԻ ԵՆ

220px-Henry_Morgenthau_crop

Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատին արձանագրուած ամենայայտնի անուններէն մէկը Հենրի Մորկենթաուն է: Ան ազգութեամբ հրեայ է, ծնած է1854 թուականին (մահացած է 1946ին) Գերմանիոյ Մաննհէյմ քաղաքին մէջ: Մորկենթաուը այնուհետեւ բնակութիւն հաստատած է ԱՄՆի մէջ, ստացած իրաւաբանական կրթութիւն, աշխատած որպէս դիւանագէտ: 1913-1916 թուականներուն եղած է ԱՄՆ-ի դեսպանը Թուրքիոյ մէջ: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ներկայացած է նաեւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Պելգիայի շահերը այդ երկրին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ դեսպան ըլլալ Թուրքիոյ մէջ, կը նշանակէր ականատես ըլլալ դժոխքի բոլոր պարունակներուն մէջ կատարուող գործողութիւններուն եւ ստիպուած ըլլալ հանդիպիլ, շփուիլ, բանակցութիւններ վարել (նաեւ՝ ժպտալ ու ձեռք սեղմել) այն անձերու հետ, որոնք ծրագրած եւ իրականացուցած էին մարդկութեան պատմութեան առաջին դիւային ոճիրը, ջանք ու ճիգ գործադրած կանխելու, տառապեալներու վիճակը գոնէ փոքր-ինչ թեթեւցնելու համար:

Մորկենթաուը ձգած է յուշագրական ժառանգութիւն, որ մինչեւ օրս անհերքելի փաստագրական նիւթ մատուցած է հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ի պաշտօնէ Մորկենթաուը տեղեկատուութիւն ստացած էր Անատոլիայի խորքերէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող ամերիկեան հիւպատոսներէն, քարոզիչներէն եւ այլ անձերէ, կը շփուէր տեղի հայութեան եւ այլ երկիրներու դիւանագէտներու հետ ու իրադարձութիւններէն տեղեակ էր առաւել, քան որեւէ մէկը: Անոր վկայութիւնները, անժխտելի ապացոյցի արժէք ունին, իսկ վերլուծութիւնները, որոնց միջոցով մերկացուցած է թրքական ժխտումներու, պատճառաբանութիւններու եւ արդարացումներու նենգապատիր սնանկութիւնը, կը հիմնաւորեն, իրատես, անաչառ եւ խորաթափանց մօտեցումը: Հարկ է նշել նաեւ, որ Մորկենթաուի վկայութիւնները ունին նաեւ այլ՝ յոյժ կարեւոր աղբիւր. ցեղասպանութեան անմիջական կազմակրեպիչները: Ան հանդիպած է Թալիաթին, Էնուէրին, Խալիլ պէյին, յուշագրութիւններուն մէջ հատուածներ զետեղած անոնց հետ ունեցած զրոյցներուն, որոնց ժամանակ հարց բարձրացած է տեղահանութեան եւ սպանդի մասին, փորձած կանխել ահաւոր եղեռնը: Ինչպէս գիտենք՝ ապարդիւն եւ անօգուտ:

Ամերիկա վերադառնալով՝ Մորկենթաուը իր տեսածը, լսածն ու գիտցածը յանձնած է թղթին, հրապարակած «Հայկական ջարդերու առթիւ» (1918), «Ինչո՞ւ պէտք է կործանել Օսմանեան կայսրութիւնը» (1918), «Հայաստանը կը Կանչէ» (1918), «Կ՛ոչնչանա՞յ արդեօք Հայաստանը» (1920), «Հայերու կոտորածները 1915-ին» (1922) յօդուածները եւ «Բոս‎ֆորի գաղտնիքները. 1913-1916» (1918), «Հայաստանի ողբերգութիւնը» (1918), «Դեսպան Մորկենթաուի յուշերը» (1919) գիրքերը, որոնք յոյժ կարեւոր ու հաւաստի տեղեկութիւններ կը պարունակէ Մեծ եղեռնի մասին:

Ահա թէ ինչ գրած է Մորկենթաուը. «Տեղահանման իսկական նպատակը կողոպուտն ու  ոչնչացումն էր. իրոք, կոտորածի նոր մեթոտ էր: Եթէ թրքական իշխանութիւնները հրաման կ՛արձակէին այդ աքսորներու մասին, անոնք փաստօրէն մահուան դատավճիռ իրագործած էին ողջ ազգի մը նկատմամբ: Անոնք այդ հիանալի հասկցած էին եւ իմ հետս ունեցած խօսակցութիւններու ժամանակ չէին փորձած թաքցնել այդ փաստը… Ցանկացած ճանապարհ կը տանէին դէպի մահ»:

Իր գործերուն մէջ Մորկենթաուը յիշատակած է ահաւոր նախճիրի շարք մը փաստեր ու եզրակացուցած. «Անհեթեթ են թուրք կառավարութեան այն հաւաստիացումները, թէ ինքը մտադիր է հայերուն բնակեցնել նոր վայրերու մէջ: Էնուէրի եւ Թալիաթի իսկական նպատակն էր բնաջնջել հայերը»:

Մորկենթաուը մեզ փոխանցած է կարեւոր վկայութիւն մը եւ հետեւութիւն. «Որպէսզի ազգի բնաջնջման ծրագիրը յաջողութիւն ունենար, անհրաժեշտ է բոլոր խոշոր ու փոքր քաղաքներու մէջ բոլոր հայ զինուորներուն զրկել պաշտպանութեան միջոցներէն եւ անոնցմէ խլել զէնքը: Նախքան հայերուն ոչնչացնելը հարկաւոր էր անոնց զինաթափել: Ամբողջ թրքական կայսրութեան մէջ ձեռնամուխ եղած էին ոչնչացնելու բոլոր առողջ տղամարդոց ոչ թէ միայն անոնց համար, որպէսզի ոչնչացնէին հայերու նոր սերունդ վերարտադրելու ընդունակ ողջ արական բնակչութիւնը, այլեւ անոր համար, որ բնակչութեան աւելի լայն մասը հեշտ աւար դառնար»:

Այն, ինչ տեսներ, զգացեր ու հասկցեր է Մորկենթաուը, ահաւոր էր: Ահաւոր է նաեւ այն դաժան հետեւութիւնը, որուն յանգած է ան, որ, սակայն, իրողութիւնն էր. «Համոզուած եմ, որ մարդկութեան ողջ պատմութեան մէջ չկայ այնքան զարհուրելի փաստեր, ինչքան այս կոտորածը: Անցեալին կատարուած մեծ ջարդերն ու հալածանքները գրեթէ աննշան կը թուին 1915 թ. հայ ազգի կրած տառապանքներու նկատմամբ»:

Նախախնամութեան կամքով Մորկենթաուը ապրեցաւ աւելի քան իննսուն տարի, տեսաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ, ‎ֆաշիստներու վայրագութիւններն ու իր ցեղի բնաջնջումը, որ չափերով առաւել էր, քան հայոց կոտորածը թուրքերու կողմէ (եթէ, ի հարկ է, թոյլատրելի է նման համեմատութիւնները), բայց նոյնպէս վայրագ էին ու անմարդկային նպատակը, գործադրման ձեւերն ու մեթոտները: Թերեւս՝ միայն մէկ տարբերութեամբ. հրեաներու հանդէպ ցեղասպանութիւն կատարելով՝ գերմանացիները անոնց չզրկեցին հայրենիքէն, թող ներուի ըսել՝ գուցէ ինչ որ տեղ արագացուցին եւ նոյնիսկ նպաստեցին հրէական հայրենիքի վերաստեղծումը: Իսկ թուրքերը, հայերուն սպաննելով ու տեղահանելով, կը հետապնդէին ոչ միայն բնաջնջելու նպատակ, ոչ միայն հագուրդ կու տային իրենց արիւնառբու բնազդներուն, ոչ միայն վրէժխնդիր էին իրենց ցածկարգ ցեղի համար, այլ եւ կը հետապնդէին որոշակի, թէեւ դիւային, բայց յստակ նպատակ՝ տիրանալ Հայաստան աշխարհին, Հայաստանը դարձնել Թուրքիա: (Ակնյայտ է, թէ ասկէ վերջ ինչ «գործուն կիրառութիւն» գտած է այդ մեթոտը: Առ օրս: Բազմիցս: Սովորաբար հայոց ցեղասպանութիւնը համեմատուած է հրէականին հետ եւ ըսել, որ եթէ ժամանակին ընդունուէր ու դատապարտուէր հայոց ցեղասպանութիւնը,  ապա չեր ըլլար նաեւ հրէականը: Այս անշուշտ ճշմարտութիւն է: Սակայն մենք մոռցած ենք, որ նախ իրենց հարցերը կը լուծէին Հարաւսլաւիոյ «եղբայր» ժողովուրդները: Եւ լուծեցին՝ սպանդով իրենց համար ստեղծելով հայրենիք: Վստահ կարելի է ըսել, որ յետագային «անհրաժեշտութեան դէպքին մէջ», այդ մեթոտը դարձեալ պէտք է գործադրուի: Մարդկութիւնը պէտք է գիտակցի եւ հետեւութիւններ կատարէ. քանի դեռ Թուրքիան չէ պատժուած, արդարութիւնը չէ վերականգնուած, Թուրքիայէն չէ վերձուած այն ինչ որ ան ձեռք բերաւ սպանդով, այդ երեւոյթը կրկնուելու է: Ուշադրութիւն դարձնենք նրբութեան մը, մենք չենք խօսիր անցեալի մասին: Մենք կը խօսինք ապագայի եւ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու մասին: Եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, եւ Թուրքիան դատապարտուի վերացականօրէն, այս հանգամանքը շատ չնչին դեր կ՛ունենայ այդ հարցին մէջ: Պէտք է ցեղասպանութիւն կատարելէ ետք խլել այլ, ինչ որ ան ձեռք բերած է ցեղասպանութեամբ:

Ահա այսպիսի հետեւութիւններու կը մղէ անհամեմատելիներու համեմատութիւնը: Քսաներորդ դարու առաջին եւ երկրորդ ցեղասպանութիւններու միջեւ ահա այսպիսի «չնչին» տարբերութիւններ կան. ոճրագործութիւններէն մէկը ճանչցուած է, դատապարտուած եւ հատուցուած՝ մեղսագործի զղջմամբ, ներողութեամբ եւ նիւթական հատուցմամբ: Միւսը՝ ոչ: Հաւանաբար ճիշդ էր Հիդլէրը, երբ կ՛ըսէր, թէ ո՞վ կը յիշէ հայերուն կոտորածը:

Մորկենթաու տեսաւ իր ժողովուրդի սպանդը: Ուշագրաւ է, որ անոնցմէ տարիներ առաջ՝ հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, ան բացայայտ մեղադրանքներ շպրտած  է գերմանացիներու հասցէին՝ նշելով, որ անոնք մեղքի զգալի մաս ունին այդ ոճրագործութեան մէջ: Ան համոզուած էր, որ նոյնն են գերմանացիներուն եւ թուրքերուն ռազմաքաղաքական մտածողութիւնն ու սկզբունքները, նոյնն են գործելաոճն ու մեթոտները: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ Մորկենթաուը այնքան ալ չեր սխալած:

Ուշագրաւ է Գերմանիոյ դեսպան Վանգենհայմի եւ Մորկենթաուի հանդիպման դրուագը: Թուրքիոյ ղեկավարներու վրայ ազդեցութիւն գործելու համար Վանգեհայմի աջակցութիւնը ստանալու նպատակով Մորկենթաուը դիմած է անոր: Այդ հանդիպման ժամանակ Գերմանիոյ դեսպանը անսպասելիօրէն սրտի տագնապ ունեցած է եւ քանի մը օր վերջ վախճանած է կաթուածէ: Հաւանաբար մարդկայինօրէն ծանր է այն անտանելին, ինչ կատարուած է Թուրքիոյ մէջ հայերու նկատմամբ: Եւ, ամենայն հաւականութեամբ, Մորկենթաուի հետ զրոյցը վերջին դերը չէր խաղացած:

Մորկենթաու իր հայանպաստ գործունէութիւնը շարունակած է նաեւ աշխատանքէն հրաժարելէ եւ Ամերիկա վերադառնալէ ետք: Ան եղած է Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէի (Ամերկոմ) փոխնախագահ, աշխուժօրէն մասնակցած շարք մը նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն, բարեգործական միջոցառումներու, միջազգային «Ոսկեղէն կանոններու» ձեռնարկներուն, նոյնիսկ առաջ քաշած է հայերուն Ամերիկա բնակեցնելու գաղափարը, գործունէութիւն ծաւալած է Ազգերու լիգայի մէջ, դիւանագիտական ոլորտներու մէջ, աշխուժօրէն աջակցած է նախագահ Ուլիսընի գործունէութեան, կատարած հայանպաստ բազում այլ քայեր: Թէեւ ան պաշտպանած է Թուրքիոյ ամբողջական մանտատը Ամերիկային յանձնելու տեսակէտը եւ այս հարցով չէ առանձնացուցած Հայաստանը Թրքական կայսրութեան այլ տարածքներէն, սակայն ասիկա բնաւ չէ նմեսացուցած հայութեան մատուցած անոր ծառայութիւնները, որոնք կարելի է բնորոշել միայն ու միայն մէկ բառով՝ անգնահատելի: Մենք իրաւունք չունինք որեւէ մէկէն պահանջել միայն ու միայն հայանպաստ գործունէութիւն կամ դաւանանք: Մեր իրաւունքը արդարամտութիւն պահանջելն է: Ոչ միայն յանուն մեր ոտնահարուած իրաւունքի եւ ի յիշատակ անմեղ զոհերու: Այլ եւ յանուն մարդկութեան եւ յանուն համամարդկային ճշմարտութեան: Որովհետեւ այն, ինչ որ կատարուեցաւ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ հայերու նկատմամբ, կատարուեցաւ ոչ թէ սոսկ ժողովուրդի մը դէմ, այլեւ ողջ մարդկութեան նկատմամբ. կատարուածը ցեղասպանութիւն էր, ոճիր մարդկութեան դէմ:

Իսկ այն, որ դեսպան եղած տարիներուն Մորկենթաուը տքնած է յանուն հայութեան եւ իր յուշագրութիւններով մեծապէս նպաստած եւ կը նպաստէ պատմական իրողութեան ճանաչմանը, լիուլի բաւարար են, որպէսզի անոր անունը արժանաւրուի յաւերժանայ Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի քարեղէն պահոցներէն մէկուն վրայ:

Վկայարան

Հատուածներ Հենրի Մորկենթաուի «Ինչո՞ւ պէտք է վերանայ թրքական կայսրութիւնը» Յօդուածէն

«Հեղինակի կարծիքով, որուն խոր իմացութիւնը Թուրքիոյ եւ անոր կառավարիչներու մասին եզակի է, թուրքերուն Եւրոպայէն միայն քշելը բաւարար չէ: Ըլլալով անուղղելի ազգ՝ թուրքերը պէտք է զրկուին իրենց հպատակ ոեւէ ժողովուրդ կառավարելու իրաւունքէն, որու անհրրաժեշտութիւնը կը պարտադրէ ոչ միայն Թուրքիան հիմնովին չէզոքացնել Եւրոպայէն, այլեւ Ասիոյ այն երկրի հիմնովին վերափոխում, որն այժմ կոչուած է Թուրքիա:

…Թուրքը ըստ էութեան արդէն վտարուած է Ասիայէն՝ թոյլ չտալու անոր այլեւս իշխել ասիական ժողովուրդներուն, որոնք հինգ թէ վեց դար է, ինչ ահաւոր տառապանքներ կրած են բռնակալի լուծի տակ:

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ես ծանօթացայ ամերիկացի բժիշկի մը հետ, որ շատ շրջած էր Արեւելք եւ ծանօթ էր Օսմանեան կայսրութեան իրավիճակին: Ան ինձ ըսաւ, որ հեր վան Գվինները՝ «Դոյչէ բանկի» կառավարիչը, որուն այցելած էր Պերլինի մէջ, խնդրած էր իրեն երեկոյ մը տրամադրէ Թուրքիոյ վիճակի քննարկման համար: Երբ իմ ընկերը ներկայացած է այդ հանդիպումին, ան իր զրոյցը սկսած է հետեւեալ ձեւով.

-Դուք մտադիր էք ամբողջ երեկոյ մը տրամադրել Օսմանեան կայսրութեան իրավիճակի քննակման: Բայց պէտք չկայ այդքան ժամանակ վատնելու: Ես կրնամ ամբողջ պատմութիւնը ներկայացնել ընդամէնը չորս բառով՝ Թուրքիան բարեփոխումներու ենթակայ չէ:

-Դուք հիանալի ամբոբեցիք ամբողջ իրադարձութիւնը,-  պատասխանեց վան Գվինները:

Այս է այն հիմնական փաստը, որ մենք միշտ պէտք է նկատի ունենանք այն խնդիրը քննարկելու: Մենք գործ ունինք ազգի մը հետ, որ բացարձակ անուղղելի է (ընդգծումը մերն է- Հ.Ս.)»:

Նիւթը քաղուած է «Յիշատակի Պատ» աշխատութենէն

Հեղինակ՝ Յակոբ Սողոմոնեան

Խմբագիր՝ Ալպերթ Աճէմեան

 

 

zp8497586rq
zp8497586rq

About admin

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …