Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ԱՐՄԻՆ ՎԻԳՆԵՐ «ՃԻՉ ԱՐԱՐԱՏԻՑ»

ԱՐՄԻՆ ՎԻԳՆԵՐ «ՃԻՉ ԱՐԱՐԱՏԻՑ»

Wegner

            Հայոց ցեղասպանութեան իննսուն ամեակին նուիրուած գիտաժողովին մասնակցած էր նաեւ Միքելէ Վեգները՝ Արմին Թէո‎ֆիլ Վեգների որդին: Ան Հայաստան բերած էր Արմին Վեգների լուսանկարներու մեծագիր վերատպութիւնները, որոնք ցուցադրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործաց նախարարութեան մէջ:

Այդ լուսանկարները մեզի համար նորութիւն չէին: Սակայն տպաւորութիւնը, ինչպէս միշտ, սահմռկեցուցիչ էր: Ցուցադրութեան ընթացքին կազմակերպուած էր նաեւ հիւրասիրութիւն: Կար կարմիր գինի, եւ կը զգացուէր, թէ գինիի կումերուն հետ ինչպէս կը ծովանայ թախիծը ներկաներու աչքերուն մէջ, եւ կարծես կ՛առաջանար գինին մանրայատակին հեղելու ցանկութիւն:

Վեգների լուսանկարներու բնօրինակներն ու նեկադիւները ներկայիս կը գտնուին Գերմանիոյ Մարբախ քաղաքին, Շիլլերու ազգային թանգարանին եւ գրականութեան արխիւներուն մէջ: Առաջին անգամ ցուցադրած է ինքը՝ Արմին Վեգները, 1919-1921 թուականներուն՝ Մեծ եղեռնը դատապարտող իր հրապարակային դասախօսութիւններու ժամանակ: Աշխարհը նման բան դեռ չէր տեսած:

Վեգները այդ լուսանկարումները կատարած է 1915-1916 թուականներուն Տէր Զօրի, արաբական անապատներու մէջ, Հալէպէն Պաղտատ ուղեւորուելու եւ վերադարձի ճանապարհին, Կիլիկիոյ, Ամասիայի եւ Տաւրոսի կիրճերուն մէջ: Ան լուսանկարած է գաղթականներու կարաւաններ, ճամբարներ, սովահար, տանջահար մարդիկ, դիակներ, դիակներ, դիակներ գանկերու բլուրներ:

Սակայն Արմին Վեգները միայն ցեղասպանութեան նկարիչ չէ: Ան մեծ գրող է, բանաստեղծ եւ հրապարակախօս, ունի բազմաթիւ ժողովածուներ: Նաեւ՝ հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւններ, արձակ գործեր, հրապարակումներ: Մեծ մադրիկ չեն կրնար անտարբեր մնալ ողբերգութեան եւ ոճիրի նկատմամբ: Արմին Վեգները ականատես եղած է մարդկութեան առաջին ցեղասպանութեան ողբերգութեան ու ոճիրին, տառապած է որպէս մարդ, աղաղակած է, ահազանգած ու վկայած:

Արմին Վեգները ծնած է 1886 թուականին Էլբերֆելդ քաղաքը: Նախախնամութեան բերումով ան հայոց ճակատագրին առնչուած է վաղ մանկութեան տարիներուն, երբ ընդամէնը ինը տարեկան էր: Օր մը նախաճաշի սեղանին ան տեսած է հօր թողած լրագիրը եւ կարդացած հաղորդագրութիւն այն մասին, թէ ինչ ահաւոր եղեռնագործութիւն կատարուած է հայերու նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ: 1895 թուականն էր՝ Համիտեան ջարդերու շրջանը: Այս դէպքը այնքան ազդած էր մանուկ Արմինի վրայ, որ աւելի քան տասը տարի անց՝ 1917 թուականին՝ ան գրած է «Յարձակում բաղնիքի վրայ» պատմուածքը (ի դէպ՝ Վեգների բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն հրատարակուած է, երբ ան տասնութ տարեկան էր):

Բրեսլաուիի, Ցիւրիքի եւ Պեռլինի համալսարաններուն մէջ ուսանելէ ետք՝ 1914 թուականին, Վեգները պաշտպանած է դիսերտացիա եւ արժանացած իրաւագիտութեան դոկտորի կոչման: Որպէս գրող՝ Վեգները յարած է Էքսպրէսիոնիստներուն, եղած է բաւական յայտնի: Անոր անունը յիշատակուած է Էռնեստ Շտագլերի, Յովհաննէս Բեխերի, Գէորգ Թրակլի, Ֆրանց Վերֆէլի անուններու կողքին: Իսկ շատ տարիներ անց Ֆրանց Վերֆէլ իր հռչակաւոր վէպը գրած է Վեգների նամակի ժողովածուի ազդեցութեամբ:

Առաջին համաշխարհայինի ժամանակ Վեգները զօրակոչուած է եւ ծառայած լեհական ու ռուսական ճակատներուն վրայ, ապա կոչումէն հրաժարելով, որպէս սանիտար գերմանական զօրախումբի հետ մեկնած է  Թուրքիա, այդտեղէն՝ Պաղտատ: Միջագետքը, Վեգների պատկերացմամբ, քաղաքակրթութեան բնօրրանն էր, ընձեռուած առիթ՝ այն տեսնելու, զգալու, վերապրելու հնարաւորութիւն:

Սակայն քաղաքակրթութեան բնօրրանի փոխարէն Վեգները ճանապարհին տեսաւ վայրագութեան եւ բարբարոսութեան կացարանը՝ Թուրքիան «Բոլոր լեռնահովիտները, բոլոր գետերու ափերը լեցուած են թշուառութեան այս ճամբաներով: Տաւրոսի եւ Ամանոսի կիրճերով ձգուած է տեղահանուած այդ հարիւր հազարաւոր տարաբախտներու ահռելի հեղեղը, որ յորձանք կու տայ լեռնեռու ստորոտով, որպէսզի նուազելով ու նուազելով՝ անվերջանալի թափորներով գահավիժի դէպի հարթավայր եւ ներածծուելով՝ կորչի անապատին մէջ: Ո՞ւր, դէպի ո՞ւր: Այդ այն ճանապարհն է, ուրկէ այլեւս չկայ տունդարձ»:

Այս Վեգների նամակներէն հատուած մըն է: Յետագային ան իր տպաւորութիւնները ամփոփեց նամակի ձեւով, որ հրատարակուեցաւ «Ճանապարհ առանց տունդարձի նահատակութիւն նամակներու մէջ»վերնագրով: Այդ նամակները, որ Վեգները յղած էր մերձաւորներուն, համախոհներուն, ընկերներուն, մամուլի օրկաններուն, ձեռքէ ձեռք անցնելով տպագրուեցան: Անոնք անապատէն հնչող աղաղակ էին անլուռ ոճրագործութեան մասին, տառապանքով գրուած վկայութիւններ, որոնց հեղինակը, չմոռնանք, վտանգած էր իր կեանքը: Այդ նամակներուն պատճառով Վեգները ձերբակալուեցաւ: Անոր փրկեց միայն Գերմանիոյ քաղաքացի ըլլալը: Վեգներին արտաքսեցին Թուրքիայէն:

Գերմանիա վերադառնալով՝ Արմին Վեգները հրատարակեց իր նամակները եւ բանաստեղծութիւնները, որոնք նոյնպէս գրուած էին ցեղասպանութեան ազդեցութեան տակ: Այս ժողովածուն կոչուած է «Հազար իղձերու ճամբան», իսկ այնպիսի բանաստեղծութիւններ, ինչպէս որ «Մարդկութեան արտաքսումը» կամ «Վերջին եզերքը», մարդկութեան տառապանքի մարմնացումն են պարզապէս:

Ըսենք նաեւ, որ Վեգները մեծապէս նպաստած է Աւետիք Իսահակեանի «Ապու Լալա Մահարի» պոեմի գերմաներէն հրապարակմանը եւ Իսահակեանին նուիրած է «Նամակներ առանց տունդարձի» ժողովածուն՝ ընծայագրով, «Աւետիք Իսահակեանին՝ ի նշան Հայաստանի հանդէպ իմ բարեկամութեան»: Բարեբախտաբար, գրքի այդ օրինակը այժմ պահպանուած է Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ:

Գերմանիոյ մէջ Արմին Վեգների հայանպաստ գործունէութիւնը թեւակոխուած է նոր փուլ: Ան մասնակցած է Սողոմոն Թէհլիրեանի դատավարութեան, ցաւով ու ցասումով լեցուն յառաջաբան գրած է դատավարութեան սղագրութեան տպագրութեան համար՝ մէջբերելով Ֆրանց Վեր‎ֆէլի խօսքերը.«Ոչ թէ սպաննողն է մեղաւոր, այլ՝ սպաննուողը»:

Վեգների հրապարակախօսութեան եւ հումանիզմի դրսեւորման գագաթնակէտը պէտք է համարել անոր հրապարակած երկու յօդուածները. «Կտակ անապատում» եւ «Ճիչ Արարատից»: Առաջինը ուղղուած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Ուիլսնին, գրուած եւ հրապարակուած է 1919 թուականին: Երկրորդը ուղերձ էր Անտանտի ղեկավարներուն: Այս հրապարակումներուն մէջ, որոնք փաստօրէն բաց նամակ էին՝ ուղղուած այս աշխարհի հզօրներուն, Վեգները կրկին ու կրկին կը վկայէ հայոց ցեղասպանութիւնն ու աղաղակ կը բարձրացնէ՝ ի նպաստ հայութեան, Հայաստանի եւ Հայ Դատին: Ինչպէս գիտենք, շատ-շատերու նման, Վեգների խօսքը նոյնպէս մնացած է անպատասխան ու անարձագանգ:

Ցաւոք, անաւարտ մնացած է ցեղասպանութեան նուիրուած անոր արձակ գրութիւնը՝ «Տեղահանութիւն կամ սերունդներ կ՛անցնին՝ ինչպէս ստուերները արեւի տակ» վէպը, որու վրայ գրողը աշխատած է ողջ կեանքի ընթացքին:

Վեգները մեծ հումանիստ էր, հետեւաբար՝ նաեւ մեծ հայասէր:

Մեծ հումանիստն ու հայասէրը նաեւ երկու անգամ եղած է Հայաստան: Առաջին անգամ՝ 1927 թուականին, հրաւիրուած ըլլալով Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան տասնամեակին, ան Մոսկուայէն եկած է Երեւան, տեսած Հայաստանի վերածնունդն ու նաեւ շղթաները: Արդիւնքով լոյս աշխարհ եկած է նոթերու ու նամակներու «Հինգ մատ գլխից վեր» ժողովածուն:

Երկրորդ անգամ Վեգները Հայաստան այցելած է 1968 թուականին: Ան ծունկի իջած է Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակի առջեւ. խոնարհած է այն մարդոց յիշատակի առջեւ, որոնց անագորոյն տառապանքի ականատեսն ու վկայայգիրը եղածէ ինք: Հայաստանի մէջ Վեգներին ընդունած են խորին խոնարհումով: Անոր ընդունած է Վազգէն Առաջինը (մինչ այդ՝ 1965-ին, Եղեռնի 50-ամեակի կապակցութեամբ, Վեգները ուղերձ յղած է հայ ժողովուրդին եւ կոչած այն խորհրդանշական վերնագրով՝ «Բարի լոյս»):

Վեգները սերտ կապեր ունեցած է նաեւ սփիւռքահայութեան հետ: 1972 թուականին Սփիւռքի հրաւէրով ան մեկնած է ԱՄՆ, ծանօթացած օտարութեան մէջ վերընձիւղուած հայութեան բեկորներու կեանքին, այնտեղ արժանացած փառաւոր ընդունելութեան:

Դժբախտաբար, իր հայրենիքին մէջ Վեգներ հանգիստ չի գտներ, չի գնահատուիր, աւելին՝ կը հալածուի ու կը տարագրուի: Ցեղասպանութիւն տեսած գրողը զգացած, գիտակցած էր, թէ ի՞նչ զարհուրելի աղէտ բերած է իր հետ ‎ֆաշիզմը գերման ժողովուրդի եւ ողջ մարդկութեան համար: 1931 թուականին՝ Ռայխստազի ընտրութեան նախօրէին, գերման ժողովուրդի այլ գաւակներու հետ ան իր ստորագրութիւնը դրած է հակաֆաշիստական կոչի տակ: 1933-ին ցաւով ու ցասումով լեցուն նամակ յղած է անձամբ Ատոլֆ Հիդլերին: Վեգների ձերբակալած են, գիրքերը (նաեւ «Ճանապարհ առանց տունդարձի») այրած: Բարեբախտաբար, Վեգները ազատած է ֆաշիզմի մահացու ճիրաններէն տարագրուած հայրենիքէն:

Սակայն այստեղ ալ ան հանգիստ չգտաւ: Նախ անցաւ Անգլիա, այդտեղէն՝ հրեայ կնոջ հետ Պաղեստին: Հաւանաբար այնտեղ անոր հալածեց հրէական սիոնիզմի ուրուականը: Վեգները ի վերջոյ հաստատուած է Իտալիա, վախնալով հալածանքներէ, յաճախ ապրած է ծպտուած, նոյնիսկ լուր տարածած, որ սպանուած կամ ինքնասպանութիւն գործած է (այս պատճառով նոյնիսկ թիւրիմացութիւն տեղի ունեցած եւ պատերազմէն յետոյ անոր անունը յիշատակուած է ֆաշիզմի զոհ գացած գրողներու կարգին): Բայց Վեգները ողջ էր, մինչեւ խոր ծերութիւն (92 տարի): Ան մահացաւ Իտաիոյ մէջ ընդհուպ իր ծանր ու հրաշալի կեանքի վերջը աշխատելով եւ ցաւոք, չաւարետելով իր մեծագոյն վէպը՝ «Տեղահանութիւնը»:

Արմին Վեգները յուղարկաւորուեցաւ 1978 թուականին Հռոմ: Անոր մահազդը գուժեցին իր խօսքերը. «Ես սիրեցի արդարութիւնը: Անոր համար ալ կը մեռնիմ տարագրութեան մէջ»:

Սակայն մահն անգամ չկարողացաւ խզել Արմին Վեգների եւ հայ ժողովուրդի կապը:

1997 թուականին երկրորդ կնոջմէն ունեցած Միքէլէ որդիի ձեռքով անոր աճիւններէն հիւլէ մը տեղափոխեցաւ Հայաստան եւ ամփոփուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի պահոցներուն մէջ: Այն անթեղուած է համեստ մակագրի ներքեւ. «Արմին Վեգներ. 1886-1978»: Սակայն այս անպաճոյճ մակագիրը մինչ ժամանակներու վախճանը պէտք է հնչէ հզօր եւ անլռելի՝ որպէս յաւերժական ճիչ Արարատէն:

Վկայարան

Վեգները Միջագետքի անապատներուն մէջ զոհուած հայերու մասին

…Հայերը դարձան այս պատերազմի զոհը: Երբ թրքական կառավարութիւնը 1915 թուականի գարնան, ձեռնամուխ եղաւ երկու միլիոն հայեր բնաջնջելու իր հրէշաւոր ծրագրի իրագործմանը… Թուրքիոյ խաւարամիտ տիրակալներուն ոչ ոք խանգարեց իրականացնել այն տանջալի խոշտանգումները, որոնք կրնան համեմատուիլ միայն խելագար յանցագործի գործողութիւններու հետ:

Այդպէս անոնք ողջ ժողովուրդի մը՝ տղամարդկանց ու կանանց, ծերունիներու ու երեխաներու, յղի կանանց ու ծծկեր մանուկներու քշեցին Արաբիայի անապատները միայն մէկ նպատակով՝ բոլորին մատնելու սովամահութեան…

Հարազատ վայրերէն, ուր հայերն ապրած էին երկու հազար տարիներէ աւելի, կայսրութեան բոլոր ծագերէն՝ լեռնային շրջաններու ժայռոտ կիրճերէն մինչեւ Մարմարա ծովու ափերն ու հարաւ արմաւիրներու ովասիսները, անոնք քշուեցան այդ անմարդաբնակ անապատները: Բնակութեան նոր վայրեր անոնց տրամադրելու պատճառաբանութեամբ այդ արդարացնելը, անշուշտ, ծաղր է մարդկային զարգացումներու հանդէպ: Տղամարդկանց կը կոտրէին զանգուածաբար, խումբերով կը կապէին իրար, շղթաներով կամ պարաններով եւ հրելով կը ձգէին գետը կամ կը նետէին ժայռերուն վրայ: Կանանց ու երեխաներուն կը վաճառէին հրապարակային աճուրդներու, ծերերն ու դեռահասները ճիպոտներու մահացու հարուածներով կը քշէին հարկադիր աշխատանքներու: Չբաւարարուելով ասոնցմով, որ մէկընդմիշտ կեղտոտած էին իրենձ ձեռքերը՝ ժողովուրդին զրկելով իր առաջնորդներէն ու երեսփոխաններէն, անոնք (թուրքերը) սկսան ի մահ քշել կիսամերկ մարդոց, որոնց հանած էին ուղղակի անկողինէն, թալանեցին անոնց տուները, անոնց գիւղերը կրակի մատնեցին, աւերեցին կամ մզկիթի վերածեցին իրենց եկեղեցիները, քշեցին տարին բոլոր անասունները, խլեցին բոլոր սայլերը. անոնք իրենց զոհերու ձեռքէն խլեցին հացին վերջին կտորը, հանեցին անոնց վրայի հագուստի, պոկեցին զարդերը: Պաշտօնատար անձեր, սպաները, զինուորները, քոչուորները իրար հետ կը մրցէին արիւնռուշտ խրախճանքներով. ապաստարաններէն ուժով դուրս կը քաշէին մանկատի որբ աղջիկներուն՝ իրեն անասնական կիրքին յագուրդ տալու համար, մահակներով կը ծէծէին յղի կանանց ու մեռնողները, որոնք քարշ կու տային իրենց ոտքերը, մինչեւ որ անշունչ մնային՝ ճամբու փոշին վերածելով արնաշաղախ զանգուածի:

Այդ ճանապարհով անցնող ուղեւորները սարսափով լեցուն աչքերը կը շարժէին դիւային դաժանութամբ քշուուղ, այդ շարժուող զանգուածէն կը շրջուէին, որ չտեսնեն իջեւանատուներու աղբակոյտերու մէջ թափուած բազմաթիւ ձեռքերը, որ պաղատանքով մեկնուած էին իրենց դահիճներէն:

Հայերու քարաւանները, որոնք իրենց հայրենիքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն աքսորման սկիզբը բաղկացած էին հազարաւոր մարդոցմէ, Հալէպի շրջակայքը հասնելու պահին կը կազմէին ընդամէնը քանի մը հարիւր, այն պարագային, երբ դաշտերը ծածկուած էին ուռած, սեւցած, գարշահոտութեամբ օդը թունաւորող դիակներով. մերկ ու բռնաբարուած մարմիններով: Շատերուն զոյգ-զոյգ կապած եւ նետած էին Եփրատ՝ ձուկերուն կեր: Երբեմն ժանտարմաները, ծաղրելով դժբախտները, քիչ մը ալիւր կը լեցնէին սովահար մարդոց դողոցող բուռը, որ անոնք ագահօրէն կը լզէին միայն անոր համար, որ երկնցեն իրենց հոգեվարքը:

Հալէպի դարպասներուն մօտ աքսորեալներուն թոյլ չէին տուած շունչ քաշելու. ելլելով անըմբռնելի, անհիմն նկարահանումներէն՝ բոկոտն, հիւծուած եւ տինդէ ու այլ հիւանդութիւններէն ուժասպառ մարդոց ծայր աստիճան նոսրացած խումբերը արեւի կիզիչ ճառագայթներու տակ ժայռոտ կիրճերով ու անանցանելի սարերով խշուած էին հարիւրաւոր մղոններ հեռու, կիսարեւադարձային ճահիճներ՝ մահուան գիրկը: Այնտեղ անոնք գտած էին իրենց վախճանը՝ սպաննուելով ու կողոպտուելով քիւրտերու ու ժանտարմաներու ձեռքով, գնդակահարուելով, կախաղան հանուելով, թիւնաւորուելով, խեղդամահ ըլլալով, ծարաւէն ու ցուրտէն, հնձուելով համաճարակներէն, ջրահեղձ ըլլալով, սառչելով, շնագայլերուն կեր թողելով…

Երեխաները կը մեռնէին արցունքը աչքերուն, տղամարդիկ կը նետուէին ժայռերուն վրայ, մայրեր իրենց փոքրիկները կը նետէն ջրհորները, յղի կանայք երգելով կը նետուէին Եփրատ ջուրի մէջ. անոնք կը մեռնէին ամէն տեսակ երկրային մահերով, բոլոր ժամանակներու մահերով…

Աւերակ քարաւանատուներու մէջ տարաբախտները անօգնական ու անկարեկից պարկած էին կիսանեխած դիակներու կողքին՝ սպասելով իրենց անխուսափելի մահուան, քանի որ ինչքան կարելի էր քարշ տալ խղճուկ գոյութիւնը՝ ցորենի հատիկներ փնտրելով ձիերու թրիքներու մէջ կամ խոտով սնուելով: Բայց այդ ամէնը սոսկ աննշան մասն է անոր, ինչ տեսած եմ ես, ինչ որ ինձ պատմած են ծանօթները եւ ճանապարհորդները, կամ ինչ որ լսած եմ աքսորեալներու շուրթերէն…

Նիւթը քաղուած է «Յիշատակի Պատ» աշխատութենէն

Հեղինակ՝ Յակոբ Սողոմոնեան

Խմբագիր՝ Ալպերթ Աճէմեան

zp8497586rq
zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայ Ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ընթացքին

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918)       Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. …