Home / Ա / Նիւթեր / Գիտական / ՓԱՐՔԻՆՍԸՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

ՓԱՐՔԻՆՍԸՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

 

ՓԱՐՔԻՆՍԸՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային շարժումները երբ կը դանդաղին, շարժուձեւերը հետըզհետէ կը նուազին, ոմանց մօտ թեթեւ դող մը, որ կը դիմէ դէպի մարմնին մէկ կողմը գտնուող ձեռքը կամ ոտքը, 60 տարեկանէն յետոյ 100 անձի վրայ մէկ անհատ, կրնայ բռնուիլ փարքինսըն հիւանդութեան: Ջիղերու ցանցին մէջ խոց մը, կամ քայքայում մը, հետեւանք ներոններու անհետացումին, ուղեղի մէկ մասին վրայ (սեւ բաղադրաբաժին) կ՛առաջացնէ այս հիւանդութիւնը: Նշանները, յառաջխաղացքը, դարմանումը հիւանդէ հիւանդ կը տարբերին: Հիւանդին խանդավառ մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է հակազդելու համար անոր եւ բարձելով անկէ յառաջացած դժուարութիւնները, շարժումի եւ մարզանքի միջոցաւ:

Այս հիւանդութեան կ՛ընկերակցին մեքենականութեան խանգարում, ճկունութեան կորուստ եւ դողդողացում: Փարքինսընական մը կը մնայ անշարժ, հետըզհետէ իր դիմախաղերը կը նուազին, բազուկներուն օրօրուիլը զուգընթաց քալուածքին կ՛անհետանայ. ենթական իր շարժումները կը սկսի հետըզհետէ խնածել: Այս վիճակը հետեւանք է ինքնագործ շարժելու դրութեան կորուստին: Ճկունութեան կորուստը  հետեւանք է  մկաններու սննդառութեան կորուստին, իսկ դողալը կը յառաջանայ կամաւոր շարժումներու ընթացքին, կ՛անհետանայ քունի ժամանակ: Մատներու մակարդակին, դողը կը դառնայ աչքառու:

Ներոններու անյայտացումը, որ պատասխանատու է այս մեծ յեղաշրջումին, սեւ բաղադրութիւններն են, որ կը կը գտնուին ուղեղին շատ փոքրիկ բաժնի մը մէջ, որ կը անունը ստացած է իր գունաւորումին համար, որ աւելի մութ է քան մնացեալ օրկանը: Իրենց բնական վիճակին մէջ այս գեղձը կ՛արտադրէ նիւթ մը, Տոբամին կոչուած, որ կը պայմանաւորէ միւս ներոններուն շարժումները, ապահովելով լաւ մեքենականութիւն մը:

 

Ժառանգական անբաւարարութիւն թէ կենսոլորտա-յին պայմաններ:

Ոմանք կ՛ըսեն թէ ենթական հակամետ է այս հիւանդութեան, որովհետեւ ծիները ի վիճակի չեն երկար ժամանակով ապահովել վերապրումը կարգ մը ներոններու:

Ուրիշ տեսութիւն մը կը մերժէ ինքնակործանումը ներոններուն եւ կը վերագրէ կենսոլորտի կամ մթնոլորտի մէջ գոյութիւն ունեցող կարգ մը ժխտական նիւթերու եւ ազդակներու:

Դարմանական գետնի վրայ, L. Popa անուամբ արտադրութիւն մը, արձանագրած է կարեւոր յառաջդիմութիւն: Այս նիւթը ուղեղին մէջ կը փոխակերպուի Տոփամինի, կը սնուցանէ ներոնները, դժբախտաբար այս դեղամիջոցին կարողութիւնը սահմանափակուած է  ժամանակով: Կը տեւէ քանի մը տարի (2էն 5), ապա իր ուժը կը նուազի աստնճանաբար կամ յանկարծակի: Բայց այլ դեղեր կրնան ստանձնել այս անշարժութեան շրջանին  իրենց դեղը, իւրաքանչիւր ախտանշանը դարմանելով անջատաբար:

Պէտք է նշել, որ այնքան ատեն որ ջիղերու խոցերը կամ վնասուածքները կ՛ընդլայնին աստիճանաբար, նոյն ձեւով ալ հիւանդութեան յառաջխաղացքը կը մնայ սպասողական: Շնորհիւ տրամադրուած դարմանամիջոցներուն, հիւանդացած անձը կրնայ պահել ընդունելի  գործունէութիւն, մինչեւ 80 տարիքը:

Մասնագէտներ կը պնդեն թէ այն հիւանդները, որոնք կ՛աշխուժացնեն մկանները եւ արիւնետար երակները, կը մնայ գործունեայ երկար ատեն: ‎Ֆիզիքական գործունէութիւնը եւ մկաններու վերամարձումը մասնագէտներու կողմէ, զօրացուցիչ դեր ունին դեղերու գործածութեան զուգընթաց: Միաժամանակ անոնք կ՛ազդեն անհատին կորովին  եւ մանաւանդ հոգեբանութեան:

Բազմաթիւ փորձեր եղած են, ոչ շատ մեծ յառաջդիմութիւններով, փոխարինելու համար  ուղեղին մէջ գտնուող փճացող բաժինը, կամ բջիջները:

Ծինական (ժառանգական) դարմանումը իր կարգին լայն հորնզոններ կ՛առաջացնէ, քանի որ յոյս կը ներշնչէ  գտնելու համար այն պատասխանատու ծինը, որ կ՛արագացնէ ներոններու փճացումը, որոնք Տոփամին կը պարունակեն ու կ՛արտադրեն:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ

ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ Այս դարու հանճարեղ, Microsoft-ի հիմնադիր, որուն հարստութիւնը հասաւ 100 պիլիոն տոլարի… ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ: …