ՄԱՔՈՒՐ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ
Ինչպէս աշխարհը կրնայ ունենալ դիւրաւ հայթայթելի ուժանիւթ՝ առանց քանդելու կամ ապականելու կենսոլորտը:
Այսօր շուկայի վրայ գտնուող ամէնէն առատ եւ աժան ուժանիւթերը քարիւղն ու կազն են, սակայն անոնց պահեստները օր մը պիտի սպառին, հաւանաբար մինչեւ 70 տարի, ըստ անոնց պեղման եւ արտահանման արհեստագիտութեան: Կայ ածուխը, որ շատ առատ է եւ մօտիկ ապագային սպառման ենթակայ չէ, սակայն մեծ քանակութեամբ co2 կ՛արձակէ օդին մէջ:
Նպատակը արտաբերուած co2-ի քանակներուն նուազեցումն է, իսկ մարտահրաւէրը՝ գտնել ձեւերը այդ մէկը իրագործելու արդիւնաւէտ եւ խնայողական կերպով:
co2ի արձակումները կարելի է նուազեցնել տարբեր ձեւերով՝
1- բրածոյ վառելանիւթի տեսակէ մը արտադրել երկու տեսակի ուժանիւթ միաժամանակ. օրինակ քարիւղէն արտադրել ջերմութիւն եւ ելեկտրականութիւն նոյն գործընթացով: Այս ձեւը արդիւնաւէտ կերպով կ՛օգտագործէ վառելանիւթին 90 առ հարիւրը, ի տարբերութիւն հանգածուխի գործարաններուն, որոնք վառելանիւթին միայն 30 առ հարիւրը ելեկտրականութեան կը վերածեն: Յիշեալ ձեւերը սակայն կախեալ են վառելանիւթի ոչ-նորոգելի աղբիւրներէ:
2- Ամէնէն ապահով ձեւը վառելանիւթ արտադրելու՝ վառելանիւթի նորոգելի աղբիւրներու օգտագործումն է, ինչպէս՝ կորիզային ուժանիւթը, արեգակնային ուժանիւթը, ջուրի եւ հովու ուժը: Ասոնք կենսոլորտային իմաստով բարենպաստ ուժեր են, սակայն անոնց օգտագործումը խնայողական չէ, մեծ ծախսերու կը կարօտի:
Վտանգաւոր այլընտրանքը՝ կորիզային ուժը
Երբ կորիզային ուժ կը լսենք, անմիջապէս կը մտաբերենք հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի կործանումը, Չեռնոպիլի արկածը եւ անոնց՝ մարդուն հասցուցած աներեւակայելի խեղումները: Զինուորական նպատակներով գործածուելէ անկախ, կորիզային ուժի քաղաքացիական նպատակներով օգտագործումն ալ խիստ վտանգաւոր կը նկատուի:
Այսուհանդերձ գիտնականները երկրագունդի ջերմացման լուծումներէն մէկը սկսած են տեսնել կորիզային անսահման կարողութիւնները տակաւին չեն օգտագործուած, նուազագոյնը՝ մարդկութեան բարօրութեան համար:
Աշխարհի ուժանիւթի խորհուրդը սկսած է առաջ մղել կորիզային ուժանիւթ օգտագործելու երեւոյթը, յատկապէս ելեկտրականութիւն հայթայթելու մէջ:
Ֆրանսա հետաքրքրական պարագայ մը կը ներկայացնէ: 1970ին Ֆրանսայի ուժանիւթային կարիքներուն 80%ը կախեալ էր արտաքին աղբիւրներէ: 1973ի քարիւղի տագնապը երկիրը մղեց զարգացնելու իր կորիզային ուժանիւթը: 1997ին Ֆրանսա իր ելեկտրականութեան 75%ը կը հայթայթէ կորիզային, իսկ 15%ը ջրելեկտրական ուժէ, որ բնաւ co2 չ՛արտադրեր: Զարգացած երկիրներու մէջ Ֆրանսան co2-ի արձակման ամէնէն քիչ չափերը ունի:
Կարգ մը հաշուարկումներու համաձայն, եթէ տնտեսական համագործակցութեան եւ բարգաւաճման կազմակերպութեան երկիրները հետեւին Ֆրանսայի օրինակին այդ երկիրներու եւ աշխարհին մէջ co2ի քանակները մեծ նուազում մը պիտի արձանագրեն:
Այսուհանդերձ, ընդհանուր արմամբ աշխարհի մէջ ելեկտրականութեան 17%ը միայն կը հայթայթուի կորիզային ուժէ:
Ասոր պատճառը կորիզային ուժանիւթին սղութիւնն է. երրորդ աշխարհի երկիրները, ուր կը գտնուի աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը, ի վիճակի չեն կառուցելու կորիզային գործարանները եւ կամ հայթայթելու անոնց նիւթերը, որոնք մեծ դրամագլուխներու կը կարօտին:
Որքանով ապահով է կորիզային գործարանը
Կորիզային ճարտարարուեստը շատ բան սորվեցաւ Չեռնոպիլի կորիզային գործարանի արկածէն: (Չեռնոպիլի կորիզային գործարանը կը գտնուէր Ուքրանիոյ մէջ, որ պայթեցաւ 1986-ին պատճառելով մեծ թիւով զոհեր եւ վնասներ):
Կորիզային կայաններու ապահովութիւնը կը հսկուի կառավարական օրէնքներով: Իրենց կարգին, կայանները ունին ինքնաշխատ ապահովական դրութիւն, որ ինքնաբերաբար կը բանի արկածի մը պարագային:
Գիտնականներուն լուծումները կը վերաբերին ցարդ պատահած եւ կամ հաւանական արկածներուն: Որեւէ անակնկալ արկած կրնայ անգամ մը եւս կենսոլորտի պաշտպանները հեռացնել կորիզային ընտրանքէն: