ԻՍՐԱՅԷԼ ՕՐԻ
Հայոց յայտնի դէմքերէն ամէնաուշագրաւը անկասկած Իսրայէլ Օրին էր:
Իսրայէլ Օրիին կեանքն ու գործունէութիւնները հարուստ են դէպքերով: 17-18-րդ դարերու հայ ազատագրական շարժումներու ամէնամեծ դէմքերէն ԻՍՐԱՅԷԼ ՕՐԻ ծնած է 1658-ին Սիսեան շրջանի Հացաւան գիւղը:
17-րդ դարու վերջին քառորդին հայ ազգն ու եկեղեցին անտանելի վիճակէն դուրս բերելու նպատակով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Յակոբ Ջուղայեցի որոշեց անձամբ դիմում կատարել Պապին եւ եւրոպական երկիրներուն, անոնցմէ օգնութիւն խնդրելու համար: Այդ պատուիրակութեան մէջ Էր երիտասարդ Օրին: Պատուիրակութիւնը ճամբայ կ՛ելլէ, սակայն Յակոբ Ջուղայեցիի մահով չշարունակէր ճամբան Միայն Իսրաէլ Օրին է, որ անհատաբար կը մեկնի Եւրոպա: Մի քանի ամիս Հռոմ մնալէ ետք, կ՛անցնի Ֆրանսա, ուր կը մնայ 12 տարի: Կը մտնէ զինուորական ծառայութեան, ստանալով սպայի աստիճան: Կը մասնակցի Ֆրանսա-Անգլիական պատերազմին: Այդ շրջանին Օրի կը յղանայ Հայաստանը ազատագրելու ծրագիրը, եւ կը ներկայացնէ Եւրոպայի ուժեղ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Օրին շրջան մը ետք կ՛անդրադառնայ, թէ ան միայն խոստումներ կը ստանար առանց գործնական որեւէ մէկ քայլ առնելու, ինչ որ պատճառ կը դառնայ եւրոպացիներուն հանդէպ ունեցած իր հաւատքը խախտելու: Կը որոշէ անցնիլ Ռուսաստան: Այնուհետեւ Օրի 7 տարի կ՛աշխատի այս ծրագիրի յաջողութեան ի խնդիր:
Օրիի առողջական վիճակը օր ըստ օրէ կը վատթարանար, նիւթապէս ալ լաւ չէր, հսկայական պարտքերու մէջ մտած էր: Հակառակ անոր որ Ղարաբաղի մելիքները իրեն դրամ առաջարկած էին ան մերժած էր:
Հասնելով Հոլանտա ան կը գտնէ զէնք, զինամթերք ապագայի կազմուելիք բանակին համար: Նոյն տարին խրախուսական նամակ մը կը ստանայ Ղարաբաղի մելիքներէն, որ բոլորն ալ իրենց աջակցութիւնը կը խոստանային իրեն: Մեծն Պետրոսն ալ պատրաստակամութիւնը յայտնելով իր առաջարկին, իրեն կը շնորհէ գնդապետի աստիճան եւ որպէս դեսպանութեան ղեկավար զինք կը յանձնէ վկայագիր մը , այդ վկայագիրը մինչեւ օրս կը պահուի Երեւանի մէջ «Հայաստանի Պետական Թանգարան»:
Ան կը մահանայ 1711-ին, առանց իր երազածը՛ Ազատ Հայաստան մը կերտելու իր փափաքը իրականացած տեսնելու: