Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ՆԱԽԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (1)

ՆԱԽԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (1)

ՆԱԽԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ  ՇՐՋԱՆ
(1)

Յունական իմաստասիրութեան  ծագումը

Յունական  իմաստասիրութեան ծագումը երկար ատեն Արեւելքի մէջ դրուած է, Հնդկաստանէն, Պարսկաստանէն, եւ մանաւանդ Ասորեստանէն քուրմերու աստղաբաշխական գաղափարները կամաց-կամաց անցած ըլլան դէպի Արեւմուտք եւ Յոյներուն մէջ յառաջ բերած իմաստասիրութեան ըմբռնում մը: Բայց ասիկա մտածելու կերպի մը արդիւնք է թէ, ամէն բան Արեւելքէն կու գայ -«Լոյսը՝ Արեւելքէն»-, եւ ոչ թէ գիտական հիմերու վրայ հաստատուած վարկած մը :

Յունական  իմաստասիրութիւնը իր ծագումը առած է ուղղակի Յունական կրօնքէն եւ առաջին բանաստեղծներու գործերէն, մանաւանդ արդիւնք է Յունական հայեցողական հանճարին, յոյն ցեղին տեսական կամ իմացական յստակ ըմբռնման կարող հանճարին, ու իմաստասիրական հայեցողութեան մը իմաստասիրական վարդապետութիւններու կարելիութիւնը ունեցած է յունական կրօնքի յատուկ պայմաններուն մէջ:

Յունական կրօնքի յատկանիշները

1-Յունական կրօնքը բնապաշտութիւն մըն էր եւ կը կայանար բնութեան երեւոյթները եւ անոնց տակ եղող ուժերը հատուածներով անձնաւորելուն մէջ-օրինակ ծովի աստուածը, շանթ ղրկող աստուածը, եւ այլն:

Բնապաշտութիւն մը բնականօրէն առարկայ պիտի դարձնէր բնութիւնը:

2-Միւս կողմէ  յունական կրօնքին յատկանիշներէն մէկն էր այդ անձնաւորումները ըմբռնել մարդկային ձեւի մէջ,          Մարդակերպային (anthropomorphic) աստուածներ ունէին: Այս պարագան ալ տեղի տուած է աստուածներու կամքին, զգացումին ու մարդու զգացումին փափաքներուն, ձգտումներուն ու գոյութեան իմաստին վրայ խորհրդածելու –ինչ որ կը գտնենք առաջին բանաստեղծներուն քով, այսպիսով  բարոյական մեծ յարաբերութիւն մը  ըմբռնելու մարդոց եւ աստուածներու միջեւ:

3-Նոյնպէս յունական կրօնքին մէջ կային միսթէրներ, որոնք հոգեկան կեանքի մը իրականութեան զգացումը յառաջ բերած են: Այդ ալ յունական փիլիսոփայութեան մէջ հոգեպաշտութեան (spiritualism) տրուած կարեւորութիւնը կը բացատրէ :

Յունական իմաստասիրութեան ծագումը պէտք է փնտռել նաեւ յոյն մտքի բնական յստակութեան մէջ: Յոյն միտքը տեսակ մը պայծառ բնական sens ունի իր մէջ, բանապաշտութիւն մը: Ասիկա՝ պիտի տանի յոյները իմաստասիրութեան, եւ իմաստասիրութեան մէջ ալ՝ մեծ արժէք դնելու բանականութեան վրայ:

Իսկ թէ ինչպէս կ'ըլլայ որ կրօնքէն դուրս եւ անոր քով այնքան կանուխէն իմաստասիրութիւն մը կը սկսի կազմուիլ յոյներուն մէջ, կը բացատրուի անով որ, ինչպէս այդ ատեն շատ մը կրօնքներ, յունական կրօնքն ալ կը կայանար պաշտամունքի, ծիսակատարութեան մէջ: Յունական կրօնքին մէջ  կրօնական վարդապետութիւնները, գաղափարաբանութիւնը, քիչ տեղ կը գրաւէին եւ շատ ալ ազատ թողուած էին: Յունական դիցաբանութիւնը  խիստ կերպով դրութենականացած բան մը չէր այլ երեւակայութեան առասպելներ ստեղծելու  տեղի տուող բան մըն էր: Պաշտամունքը կատարելէ  վերջ մարդիկ ազատութիւն ունէին մնացածը իրենց մտքին համաձայն ըմբռնելու: Հետեւաբար այս ձեւով կարելի կը դառնար ազատ հայեցողութեան մը զարգացումը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …