Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԳԷՏՆԵՐ (2)

ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԳԷՏՆԵՐ (2)

ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԳԷՏՆԵՐ
(2)

Ն.ք. Զ դարուն Յոնիական եւ մեծ Յունաստանի մէջ  կը գտնենք  յունական փիլիսոփայական ամենահին գիտուններու մտածումները, այդ դէմքերը կը գտնենք մէլիտայի մէջ, որոնք Արիստոտէլ կոչած է «Առաջին բնագէտներ», որովհետեւ իրենց հայեցողութեան առարկան բնութիւնն է: Կ՛ուզեն բնութիւնը հասկնալ, բնութեան էական նիւթը փնտռել:

Երեք դէմքեր են այդ բնագէտները, իրարու աշակերտ, երեքն ալ Միլէտացի եւ ապրած Զ դարուն: Անոնց գլխաւոր հարցը բնութեան սկզբնատարրի կամ հիմնատարի հարցն է: Բնութեան մէջ կը տեսնեն  շատ մը տեսակ նիւթեր, մարմիններ, էակներ: Ասոնք ամէնքը ինչ հիմնական սկզբնական նիւթէ շինուած են: Այս երեքը իրարմէ կը տարբերին  իրենց բերած պատասխանով, իսկ իրարու կը նմանին իրենց մեկնակէտով, այսինքն նոյն հարցը ունենալով իրենց առջեւ որպէս լուծելի հարց :

Thales ԹԱՂԷՍի  պատասխանը այն է թէ ՋՈՒՐն է այդ հիմնատարրը: Ամէն ինչ ջուրէն կ՛ելլէ: Երբ կը տեսնէ որ ջուրը կերպարանք կը փոխէ՝ կը սառի, կը շոգիանայ, այս բոլորը իրեն այն գաղափարը կու տան թէ աշխարհը ջուրի անօսրացումի եւ թանձրացումի տեսակ մըն է: Կենդանի էակներու ունեցած ջուրի անհրաժեշտ պէտքը  իրեն կու տայ այն գաղափարը թէ կեանքի էութիւնը ջուրին մէջն է, կեանքը  ջուրէն  կու գայ: Այն գաղափարը ունեցած է թէ ցամաքային կենդանիները ծովային կենդանիներէ սերած են, որովհետեւ նախապէս կեանքը ովկիանին մէջ եղած է: Այս բոլորով կը կազմէ բնութեան փիլիսոփայութեան իր վարդապետութիւնը, որ տեսակ մը  ՋՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ է :

Anaximander  Անաքսիմանտր աւելի նախնական եւ աւելի նուրբ բան մը կը նկատէ տիեզերքի սկզբնանիւթը, եւ զայն կը կոչէ ԱՆՀՈՒՆԸ եւ ԱՆՈՐՈՇԸ: Ովկիանը ինքն ալ զինք եւ ամէն ինչ անդրանցող եւ իր սկզբնական վիճակին մէջ դեռ որեւէ ձեւ չունեցող եւ անհունօրէն տարածուող նիւթէն եկած է: Ամբողջ տիեզերքը տեսակ մը անհուն վիհի մէջ է, եւ այդ վիհէն է որ խտանալով կամ ճշդորոշուելով կազմուած են բոլոր գոյակները, երկնային մարմինները, ովկիանը, հողը, եւ այլն: Ասոնք այդ անհուն եւ իր սկզբնական վիճակին մէջ անորոշ, այսինքն ձեւ եւ զգալի որակ չունեցող բանէն յառաջ եկած են: Անորոշին որոշադրում ստանալն է, որ էակներն ու իրերը կը ծնեցնէ:

Anaximen Անաքսիմէն տեսակ մը միջին տեղ կը բռնէ երկուքին միջեւ, ան որպէս սկզբնանիւթ կ՛ընդունի բան մը որ ջուրէն աւելի անորոշ է եւ անհունէն աւելի գոյացաւոր՝ այն է ՕԴԸ: Իր մէջ իր երկու նախորդներէն աւելի կը ճշդուի այն փրոսէսիւսովը (գործընթաց) որով օդէն, որ զգալի չէ, չի տեսնուիր, բայց որ կայ իբրեւ նիւթ, կրնան կազմուիլ միւս նիւթերը: Օդը խտանալով կրնայ կրակի, հուրի փոխուիլ, աւելի խտանալով կրնայ հեղուկի ձեւ առնել, իսկ ա՛լ աւելի խտանալով կրնայ բուն իսկ հաստատուն մարմիններուն ձեւը առնել: Ուրեմն խտացման փրոսէսիւսը գործողութիւն մըն է, որ այդ անհուն եւ անտեսանելի գոյացութիւնէն հետզհետէ աւելի որակաւոր եւ շօշափելի ու դիմադրուն նիւթի զանազան ձեւերը յառաջ կը բերէ: Բայց կայ նաեւ հակառակ ուղղութեամբ փրոսէսիւս մը: Այս անգամ կարծր եւ հաստատուն մարմինները կրնան հեղուկ դառնալ իրենց խտութիւնը կորսնցնելով, անօսրանալով, հեղուկները կրնան հրային վիճակի դառնալ, հրային վիճակ ունեցողներն ալ անօսրանալով  կրնան նորէն օդի վերածուիլ: Ըստ Անաքսիմէնի տիեզերքի մէջ այս երկու շարժումները՝ գործողութիւնները կան, որոնք տիեզերքը միշտ կը շինեն եւ կը քակեն :

Օդը ըստ Անաքսիմէնի, բոլոր իրմէ յառաջ եկողներուն մէջ կայ. բոյսը կը սնանի եւ օդի պէտք ունի, կենադանին անհրաժեշտ պէտք ունի օդի: Ան կեանքին պատճառն ու սկզբունքն է: Առանց օդի կեանք չկայ: Նոյնիսկ օդ կայ քարի նման զուտ նիւթեղէն իրերուն մէջ: Մէկ խօսքով այն յատկութիւնները, զորս ջուրին կու տար Թաղէս, օդին կու տայ Անաքսիմէն:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …