Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (3)

ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (3)

ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

(3)

Եթէ  Զ. դարուն փիլիսոփաները տիեզերքի ֆիզի'ք բացատրութիւնը կը փնտռէին, Ե. դարու սկիզբը կը գտնենք, աւելի ընդարձակ շրջանի մը վրայ, իմաստասիրական դպրոցներ, որոնք այս առաջին բնագիտութիւնէն կ՝անցնին աւելի խոր, բնազանցական հարցերու: Այդ դպրոցները կը դասաւորուին ըստ իրենց  հայեցողութեան կեդրոնական առարկայ եղող հարցին եւ ըստ իրենց բերած լուծումներուն տեսակէտով: Այդ հարցը, որ Յունական մտքին գրեթէ տեւական խորհրդածութեան կեդրոնական առարկան պիտի ըլլայ, կարելի է կոչել ԷՈՒԹԵԱՆ եւ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ հարցը. մէկ կողմէ Էութիւնը առնուած իր յաւերժական նոյնութեան մէջ եւ միւս կողմէ Լինելութիւնը առնուած իր մշտական փոփոխութեան, բազմութեան եւ այլազանութեան մէջ:

Տիեզերքը մեզի կը ներկայանայ բազմութեամբ, շարժումներով, փոփոխութիւններով, բայց մեր միտքը անոնց տակը կը փնտռէ ՄԻ եւ ՆՈՅՆ բան մը,  որ հասարակաց ըլլայ բոլորին եւ անոնք անոր զանազան ձեւերը ըլլան: ԼԻՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ  մեր կողմէ դիտուելով իբրեւ մեր զգայարանքներուն  տրուած իրականութիւն՝ իր ամբողջ փոփոխութեան, բազմութեան եւ այլազանութեան մէջ, իսկ  ԷՈՒԹԻՒՆԸ  մեր բանականութեան կողմէ ըմբռնուելով  իբրեւ այդ  բոլորին տակը իրապէս գոյացութիւն եղող բան մը, զոր մեր զգայարանքները կրնան չցուցնել մեզի, բայց զոր մեր միտքը կը ցուցնէ մեզի մեր զգայարանքներուն ցուցուցածին տակ որպէս անոնց գոյացութիւնը եղող:

Այստեղ կ'ըմբռնուին երկու եզրեր, որոնք իրարու հակառակ են զանազան տեսակէտերով, ինչպէս

Թիւի ՝ մէկը մէկ է,միւսը շատ ու բազում է:

Որակի ՝ մէկը նոյն է , միւսը այլազան է :

Շարժումի ՝ մէկը  անփոփոխ է , միւսը փոխուող է :

Այս եզրերը ինչպէս կը յարաբերին իրարու հետ: Ահա՝ բնազանցական խոշոր եւ հիմնական հարցը , որ կը ներկայանար այն ատեն յոյն մտածողներուն իբրեւ տիեզերքը հասկնալու , մեկնելու ամէնէն էական հարցը :

Այս հարցին տարբեր լուծումները կը կազմեն տարբեր Դպրոցները այդ ատենուան:Կրնանք սա դասաւորումը ընել  Առաջին բնազանցագէտներու  դրութեանց : նախ կրնանք որոշել երկու տեսակ խոշոր դրութիւններ.

1-     Արմատական վարդապետութիւններ:

2-     Միջին կամ համադրական վարդապետութիւններ:  

Արմատական վարդապետութիւնները անոնք են, որոնք այս հարցին մէջ մէկ եզր կ՝ընդունին եւ միւսը կը ժխտեն:

Իսկ միջին վարդապետութիւնները  անոնք են, որոնք երկու եզրերն ալ կ՝ընդունին ՝ ջանալով իրարու հաշտեցնել զանոնք:

Արմատական վարդապետութիւններէն առաջինը

ԵՂԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆն է (Eleatisme): Այսպէս կը կոչուի, որովհետեւ այս ձեւով խորհողները ապրած են ընդհանրապէս Մեծ Յունաստանի Էլէա քաղաքը:

Այս վարդապետութիւնը  այն է, որ այդ էական հարցին մէջ կը ժխտէ՝ իբրեւ պարզապէս խաբկանք եղող ՝ Լինելութիւն, Այլազանութիւն ներկայացնող եզրերը: Ատոնք մեր զգայարանքներուն խաբկանքներն են, տեսակ մը երազ ու մակերեսային բան մը . Հետեւաբար բուն իրականութենէ զուրկ են: Ինչ որ բան իսկ է,այսինքն բուն իրականը, էութիւնն է ՝ՄԻ, ՆՈՅՆ, ԱՆՀՈՒՆ, ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ, ԱՆՍԿԻԶԲ եւ ԱՆՎԱԽՃԱՆ Է ութիւնը: Ուրեմն հոս ունինք արմատական Էապաշտութիւն մը :

Ասոնց դիմաց կը գտնենք նոյնքան արմատական վարդապետութիւն մը, որ կ՝ընդունի թէ Լինելութիւնն է՝ Բուն իրականութիւնը: Իրականութիւնը երթալով իրարու դէմ տարբերաւորում է, տարրերու հակամարտութիւն է: Այս է ինչ որ մեր զգայարանքները մեզի կը ցուցնեն: Այս ալ Հերակլիտէսի վարդապետութիւնն է, որ կը կոչուի  ԼԻՆԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ եւ կամ   ՇԱՐԺԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ (MOBILISME) , եւ որուն դաւանաքն է թէ  Լինելութիւնը խաբկանք մը չէ, այլ բուն իրականութիւնն է :

Միջին կամ համադրական վարդապետութիւններ:  

Այս երկու վարդապետութեանց դէմ կը գտնենք ուրիշ վարդապետութիւններ, որոնք իրական կ՝ընդունին թէ' Մի եւ Նոյն Էութիւնը  եւ թէ' Լինելութիւնը , Այլազանութիւնը եւ կը ջանան հաշտեցնել զանոնք՝ ցոյց տալով թէ ինչպէս

Մի-էն  եւ Նոյն-էն  յառաջ կու գան Բազմութիւնն ու Այլազանութիւնը:

Այդ վարդապետութիւններն են.-

–Դեմոկրիտէսի Հիւլէապաշտութիւնը (Atomisme) , որ առաջին նիւթապաշտութիւնն է .

–Պիւթագորեան Գաղափարապաշտութիւնը (Idealisme)  որ առաջին Մաթեմաթիքական կամ քանագիտական Գաղափարապաշտութիւն է.

–Եմփետոկղէսի Ուժապաշտութիւնը (Dynamisme) , որ առաջին ուժապաշտութիւնն է .

–Անաքսակորի Բանապաշտութիւնը (Rationalisme), որ առաջին Բանապաշտութիւնն է.


 

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …