Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՂԷԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ (4)

ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՂԷԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ (4)

ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՂԷԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ

(4)

ՔՍԵՆՈՓԱՆ Xenophanes

Քսենոփան առաջին խորհողն է որ կը ծառանայ յոյն Սիթէներու բազմաստուածութեան դէմ: Այն աստուածները, որոնք կը պաշտուին, բուն իսկ աստուած չեն:  Անոնք թէ' իրենց երեւակայուած կերպարանքով եւ թէ' ալ իրենց գործելու եղանակով մարդիկ են. ուրեմն  մարդիկ երեւակայած են զանոնք: Բուն աստուածը այդ մարդկային կերպարանքով, մարդկային  կամքով եւ կիրքերով էութիւն մը չի կրնար ըլլալ: «Եթէ, կ՝ըսէ, ձիերը, եզներըեւ առիւծները ձեռքեր ունենային եւ կարենային իրենց ձեռքերով նկարել  կամ գործեր արտադրել, ինչպէս մարդիկ, այն ատեն անոնք ալ աստուածներու պատկերներ պիտի նկարէին իրենց նման: Հետեւաբար այդ աստուածները մարդուն երեւակայութեան արդիւնքն են եւ մարդը անոնց կ'ընծայէ իր իսկ բնութիւնը: Այս է ահա Մարդակերպայնութիւնը, որուն դէմ առաջին մեծ պայքարողը եղած է  Քսենոփան: Բուն աստուածը, կ'ըսէ, բոլոր տիեզերքի էակներուն, իրերուն, երեւոյթներուն տակ եղող, անոնց ճշմարիտ էութիւնը տուող բացարձակ Է-ն, եւ այդ Է-ն, իբրեւ Բացարձակ Է,Մի է – թէեւ իր յայտնակերպումները, իր մակերեսի դրսեւորումները ըլլան անհունօրէն այլազան-բոլոր էակներուն մէջ, անոնց բոլորին այլազանութեամբ եւ բազմութեամբ արտայայտուող: Բայց այդ բոլորը բուն էութիւնը չեն, այլ էութիւնը այդ բոլորին տակը եղող  յաւերժական  ՄԻ-ն է. այդ յայտնակերպումները վաղանցուկ են եւ հետեւաբար էութեան խաբկանքը  կու տան,բայց էութիւնը չեն: Էութիւնը՝Աստուած, ԲԱՑԱՐՁԱԿ Է-ն, բովանդակին ամէն մէկ կէտին վրայ ներկայ, բովանդակը հիմնող եւ իր մէջ առնող յաւերժական ՄԻ-ն է, որմէ  ամէն ինչ կու գայ, որ ամէն բանի մէջ անոր էութիւնը կը կազմէ, ու ամէն ինչ կ'ընդգրկէ, որ ամէն ինչ կը հիմնէ, որ ամէն ինչ կը պատճառաւորէ եւ որուն խորհուրդին մէջ ներկայ են բոլորը,ինչպէս ինք ներկայ է բոլորին մէջ :

Ահա  Քսենոփանի Աստուածաբանութիւնը, որ տեսակ մը Համաստուածութիւն (Pantheisme)  է, այսինքն Աստուած ամէն բանի մէջ է՝ իբրեւ ամէն բանի հիմը, խորքը եղող եւ ամէն ինչ ալ իր մէջ առնող: Քսենոփան  զԱստուած չ'ընդունիր իբրեւ դուրս, տարբեր էակ մը տիեզերքի մէջ: Աստուած անդրանձական (Transcendant)  էակ մը չէ, այլ Ներգոյական (immanent): Աստուած տիեզերքի մէջ է եւ տիեզերքը ՝ Աստուծոյ մէջ:

Քսենոփանի մէջ կ'երեւի նաեւ Եղէական վարդապետութեան հիմնական մէկ տեսութիւնը , ըստ որում երկու կարգեր կան.

–ինչ որ զգայարանքներուն կ'երեւի մեզի էութիւն ցոյց չի տար, այլ երեւոյթ, վաղանցուկ, բազում, տարանջատ.

–ինչ որ մտքին ,բանականութեան կը յայտնուի ա'յն է բուն էութիւնը: Մեր զգայարանքներով ճշմարիտ Է-ն  չենք կրնար գիտնալ,մի'տքն է, որ կը գտնէ զայն: Հետեւաբար զգայական եւ բանական մտածումները նոյն արժէքը չունին: Առաջինը մեզ խաբուսիկ  իրականութեան մը  կը հասցնէ .երկրորդն է որ անոր տակ բուն էութիէնը կը գտնէ:

Պարմենիտէս Parmanides

Զայն կարելի է նկատել Եղէական վարդապետութեան բուն կազմաւորողը: Բանաստեղծական պատկերի մը մէջ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս կը բարձրանայ դէպի երկինքները, աստուածներու բնակավայրը, ուր իրեն կը սորվեցնեն բուն ճշմարտութիւնը եւ մէյ մըն ալ ինչ որ երեւոյթներուն կը պատկանի,այսինքն տեսանելի տիեզերքը, որմէ անդին կայ բուն էութեան ոլորտը եւ ան' է, որ մեզի կը բերէ բուն ճշմարտութիւնը:

Իր գիրքը երկու մասի կը բաժնուի.

Բնագիտութիւն  (Physicque)

Բնազանցութիւն  (Metaphysique)

Պարմենիտէսի սկզբունքը այս է.

–Պէտք է դնել եւ կայ եւ խորհելի է Է-ն: Ինչ որ Է-ն չէ՝ չկայ եւ իբրեւ չեղող անխորհելի է, որովհետեւ խորհուրդը միշտ եղածին խորհուրդն է: Էութի'ւնը միայն  կրնայ մտածուիլ, իսկ չէութիւնը չի կրնար մտածուիլ, որովհետեւ բան մը չէ որ մտածու : Է-ն կայ եւ չի կրնար չըլլալ. իր իսկութիւնն է ըլլա'լը: ՉԷ-ն , զոր հակադրաբար Է-ին կը դնենք, ո'չ կայ եւ ո'չ ալ կրնայ ըլլալ, այսինքն ըսել կ'ուզէ թէ էութիւնը  չի կրնար չէութենէն գալ, չէութիւնը չի կրնար իրմէ ծնցնել էութիւնը, որովհետեւ ինք բան մը չէ, որմէ ծնի Է-ն: Է-էն միայն Է-ն կրնայ գալ, բայց  Է-ն Է-էն կու գայ, կ'ըսեն, ուրիշ բան ըսած չենք ըլլար եթէ ոչ ՝ ինք իրմէ կու գայ, այսինքն ինք միշտ ինք կը մնայ:

Այս սկզբունքէն, ուր էութեան գաղափարը առնուած է իր ամէնէն ընդհանուր յատկանիշին մէջ, կարգ մը թէզեր կը բխին: Երբ կ'ըսենք սեւ գոյնը կայ, ճերմակ գոյն ալ կայ, սա  դանակն ալ կայ, այսինքն  ասոնք բոլորը իրարմէ տարբեր են, բայց ամէնուն համար ալ  Է  կ'ըսենք: Ուրեմն այս բոլորը, իրենց տարբերութեան հակառակ, նոյն բանի մը տարբեր ձեւերն են. որովհետեւ կրնանք այդ նոյն բանը ամէնուն ալ ստորոգելի տալ: Երբ ձգենք այդ տարբեր բաները կ'ունենանք  միայն Է-ն: Այս Է-ն Բացարձակ է, Մի է, անսկիզբ է, անվախճան է, անսահման է, նոյն է, անփոփոխ է, ձեւով մըն ալ անսահման ըլլալով հանդերձ որոշ է: Ոչ մէկ բանի յարաբերական է, այլ բոլոր բաները  իրեն յարաբերական  ունեցող  Բացարձակն է, այսինքն ամէն ճշմարտութեան, ամէն բանի հիմը եղող Աստուածը:

Այս զանազան թէզերը  իր վարդապետութեան մէջ  կ'ապացուցուին.

–Էն ՄԻ' է, երկու Է չկայ: Երբ Էութեան գաղափարը իր զտութեան մէջ նկատի առնենք, այդ երկու Է-երը  ինչպէս պիտի զատուին իրարմէ: Մէկ բան կը զատուի էութենէն' ՉԷ-էն, բայց չէն չկայ: Ուրեմն երկու է-երը իրարմէ զատ են ո'չ մէկ բանով բայց միայն ոչինչով. բայց ոչինչ գոյութիւն չունի: Ուրեմն երկու Է-եր  իրարմէ զատ չկան, այլ Էութիւնը միակտուր է, մի՝ մէկ է:

–Է-ն ԱՆՍԿԻԶԲ  է: Ատեն մը չես կրնար ենթադրել որ չկար եւ յետոյ եղաւ, որովհետեւ եթէ ինք չկար, ով կար, Իրմէ զատ միայն չէն կար, ուրեմն ինք ՉԷ-ն  եկաւ. բայց  ՉԷ-ն  ինչ է որ իրմէ գար: Հետեւաբար այն բանը, որմէ կ'ըսենք ինք եկաւ, ի'նքն էր: Միայն այն պարագային կրնար բանէ մը գալ երբ Է-ն  ՉԷ-էն գար, բայց  ՉԷ-ն  բան չէ', չկա'յ :

–Է-ն ԱՆՎԱԽՃԱՆ  է: Չես կրնար  ըսել որ ատեն մը եկաւ երբ Է-ն ոչնչացաւ, ՉԷ եղաւ, ուրեմն Է-ին յաջորդեց  Ոչինչը. բայց ոչինչը բան մը չէ որ յաջորդէ Է-ին: Իսկ Է-ն երբեք չի կրնար չըլլալ, Է-ն միշտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անհրաժեշտաբար կայ: Ուրեմն Է-ին համար կարելի չէ խորհիլ ո'չ սկիզբ մը եւ ո'չ ալ վախճան մը, որովհետեւ Է-ին համար սկիզբ եւ վախճան անխորհելի են:

–Է-ն ԱՆՓՈՓՈԽ  է:  Փոփոխութիւնները  մակերեսային  են եւ  խաբէական: Ինչի կրնայ փոխուիլ Է-ն. կա'մ ՉԷ-ի  եւ կա'մ Է-ի: Եթէ ՉԷ-ի փոխուի՝ բան մը փոխուած չ'ըլլար, որովհետեւ ՉԷ-ն չկայ, իսկ եթէ Է-ին փոխուի՝ ուրեմն նոյնը կը մնայ: հետեւաբար իր մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար ըլլալ:

–Է-ն ՄԻԱԿ ԲԱՑԱՐՁԱԿՆ է. որովհետեւ միւս բոլոր բաները, երեւոյթները ոեւէ իրականութիւն կրնան ստանալ՛ երբ յարաբերաբար իրեն մտածուին: Է-ն միակ բանը որ ուրիշ բանի մը յարաբերաբար չի մտածուիր, այլ ինքնիրեն  յարաբերաբար, որ ըսել է բացարձակ է:

Ահա ' Պարմենիտէսի Էապաշտութիւնը:

Զենոն  Zeno

Զենոն  Պարմենիտեան հիմնական  թէզերը  կը պաշտպանէ ՝անոնցմէ հանուած որոշ  հետեւանքներ  ցոյց տալով ու առաջարկելով հակառակորդներուն վիճաբանութիւն, այսպէս վիճաբանութեամբ  յառաջանալով  դէպի իր պաշտպանած թէզին ճշմարտութիւնը:

Այս՝ վիճաբանութեամբ դէպի ճշմարտութիւն մը  յառաջանալը ՏՐԱՄԱՍՈՒԹԻՒՆ  (Dialectique)  կը կոչուի՝ բառին հին կամ յունական իմաստով (these /antithese / synthese), այսինքն դէմ դիմաց խօսելով, հակաճառելով դէպի  ճշմարտութիւն երթալ: Տրամասութիւնը, հետեւաբար, մեթոտ մըն է:

ՈՐՈՆՔ  ԵՆ ԶԵՆՈՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆԱԾ ԹԷԶԵՐԸ :

Զենոն կ'ուզէ  ապացուցանել թէ էութիւնը իրապես անբաժան է, թէեւ մեր զգայարանքները մեզի կը ցուցնեն կտոր-կտոր, բաժանեալ աշխարհ մը: Այդ կտոր-կտոր ըլլալը խաբկանք մըն է, կ'ըսէ Զենոն: Եթէ աղէկ մտածենք էութեան վրայ՝ կը տեսնենք որ անիկա երբեք չի կրնար այսպէս բաժանուած ըլլալ, եւ եթէ ենթադրենք թէ էութիւնը բաժնուած է կը յանգինք անհեթեթութիւններու (absurdite):

Ուրեմն եթէ համարենք թէ նիւթական էութիւնը՝ նիւթը իրապէս կայ, կ'ամ այն է որ բաղկացած պիտի ըլլայ անկոտորակելի մասերէ, կամ ալ յանհունս բաժանելի պիտի ըլլայ: Օրինակ, երբ պարկ մը ցորեն պարպենք ձայն մը կը լսենք. այդ ձայնը պէտք է կազմուած ըլլայ իւրաքանչիւր հատիկին հանած ձայնէն, քանի որ ձայնը բան մըն է  եւ այդ բանը կազմուած է անբաժանելի հատիկներէ: Բայց երբ հատիկ մը ցորեն ձգենք ձայն չի հաներ. ուրեմն ցորենին ձայնը գումարը չէ իւրաքանչիւր հատիկին հանած ձայնին:

Եթէ ենթադրենք թէ նիւթը յանհունս բաժանելի է, ամբողջը՝ կտորներու, կտորները՝ իրենց կտորներուն … այսպէս շարունակելով բան մը պիտի չմնայ: Այն ատեն պէտք է ընդունիլ թէ նիւթին զէրոները, հակառակ զէրո ըլլալուն, իրարու վրայ աւելնալով  նիւթ մը կը շինեն, ինչ որ անհեթեթ  է: Հետեւաբար  բաժանելիութեան երկու ենթադրութիւններն ալ կը յանգնին անհեթեթութեան: Ահա' Զէնոնի  թէզերը նիւթի մասին:

Զենոն բաժանելիութեան եւ անբաժանելիութեան  այս նոյն հանգամանքները կը կիրարկէ շարժումին, ցոյց տալու համար թէ շարժումը  անհեթեթ բան մըն է՝ եթէ  ընդունինք թէ իրականութիւնը բաժանելի է եւ կամ, ընդհակառակը, անբաժանելի մասնիկներէ կը  բաղկանայ: Առաջին պարագային անկարելի կ'ըլլայ հասկնալ թէ ի'նչպէս բան մը տեղէ մը ուրիշ տեղ կ'երթայ  որո'շ, հունաւո'ր  ժամանակի մէջ: Որովհետեւ շարժում մը երբ Ա. Կէտէն ճամբայ կ'ելլէ  Բ.կէտին հասնելու՝ նախ պէտք է այդ տարածութեան կէսը երթայ, բայց այդ կէսը երթալու համար նախ ատո'ր կէսը պէտք է երթայ, տակաւին ասոր ալ կէսը  եւ դեռ այս վերջինին ալ կէսը, որով կը տեսնենք որ այս ձեւով կտրելիք ճամբան պիտի չլմննայ: Ըսել է թէ մէկը այս տեղէն ա'յն տեղ գնաց հունաւոր ժամանակի մը մէջ՝ կը նշանակէ թէ անհուն մը սպառեց, բայց ինչպէս կրնայ ըլլալ որ անհուն մը հունաւոր ժամանակի մը մէջ սպառի: Նոյնպէս եթէ ընդունինք  թէ տարածութիւնը յանհունս բաժանելի է, կը բաւէ որ Աքիլլէս քիչ մը առաջացում տայ  կրիային եւ երկուքը նոյն վայրկեանին մեկնին, Աքիլլէս պիտի երբեք չհասնի կրիային: Իրաւ է որ Աքիլլէս շատ արագ կը քալէ, իսկ կրիան՝ շատ դանդաղ, բայց երբեք պիտի չհասնի՝ որովհետեւ երբ Աքիլլէս  կրիային գտնուած տեղը հասնի կրիան քիչ մը առաջ գացած պիտի ըլլայ…. սակայն իրողութիւնն է որ կը հասնի: Արդ ասիկա կը նշանակէ թէ իրականութիւնը  այսպէս յանհունս բաժանելի չէ:

Իսկ եթէ ընդունինք թէ տարածութիւնը կը բաղկանայ անկոտորակելի մասերէ՝ կէտերէ, նոյնպէս նաեւ ժամանակը՝ ակնթարթերէ, այս անգամուն ալ պէտք է ընդունինք   թէ նետը որ կը թռչի ամէն վայրկեան կեցած է, եւ նետին շարժումը կը բաղկանայ իրարու վրայ գումարուած դադարումներէ : Բայց ինչպէս կրնան դադարումները շարժում կազմել: Արդարեւ, նետը որ կը թռչի ամէն ակնթարթի կէտի մը վրայ կեցած է, քանի որ թէ' ակնթարթը եւ թէ կէտը անբաժանելի են: Բայց  իրականութեան մէջ նետը կեցած չէ: Ուրեմն ո'չ ժամանակը  եւ ո'չ ալ միջոցը անկոտորակելի մասերէ կը բաղկանան, եւ իրենց անկոտորակելի մասերէ բաղկացած ըլլալը խաբկա'նք մըն է: Կա'մ այս խաբկանք մըն է  կա'մ շարժումը: Ըստ Զենոնի սակայն երկուքն ալ խաբկանք են, որովհետեւ էութիւնը անփոփոխ է, իսկ շարժումը, որ փոփոխութիւն է, էութեան չի պատկանիր այլ երեւոյթ է:

Ահաւասիկ  այս կարգի շատ նուրբ պատճառաբանութիւններով Զենոն կ'ուզէ ապացուցանել թէ երբ մենք իրականութիւնը կը տեսնենք այլազան, բաժան-բաժան, իբրեւ փոփոխութիւն, ասիկա ճշմարիտ չէ, այլ տպաւորութիւն, խաբկանք է. եւ թէ ճշմարտութիւնը այն է թէ այդ խաբկանքին տակ բուն իրականութիւնը , էութիւնը անբաժան, մի, անտարբերաւոր, իր մէջ ո'չ իրաւ սկզբնաւորութիւն եւ ո'չ ալ վերջաւորութիւն ունեցող Է-ն է: Ուրիշ խօսքով՝ Լինելութիւնը, այլազանութիւնը մակերեսային էութիւն են, մեր զգայարանքներուն երեւցող եւ բուն իրականութիւնը ծածկող քող են :


 

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …