Home / Ա / Նիւթեր / Գիտական / ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉ

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉ

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉ

Համակարգիչը ելեկդրոնիկ սարք մըն է, որ շատ դժուար գործեր կը կատարէ ուղեղէն շատ աւելի արագ: Ան օժտուած է յիշողութեամբ մը, առանց որուն՝ միայն պարզ հաշուիչ մեքենայի մը դերը կրնար կատարել:

Այսօրուան համակարգիչները օժտուած են թրանզիսթորներով եւ ելեկտրոնիկ մանրացանցներով: Ունին ելքի սարք մը (պաստարիկ), կեդրոնական համավարիչ մը (կարեւորագոյն մասը) եւ մուտքի սարք մը (ստեղնաշար, մկնիկ կամ մանրաձայն):

Համակարգիչային գիտութեան մէջ կը հանդիպինք «պայթ» (byte) եւ «պիթ» (bit) հասկացողութիւններուն: «Պիթ»-երը կրնան ունենալ 0 կամ  1 արժէքներ: Սովորաբար «պայթ» մը կազմուած կ՛ըլլայ 8 «պիթ»-երէ, ինչպէս գոյութիւն ունին նաեւ 16 «պիթ»երէ բաղկացող «պայթ»-եր: Իւրաքանչիւր գիր կամ նշան համակարգիչի ստեղնաշարին վրայ կը համապատասխանէ մէկ «պայթ»-ի: «Պայթ» հասկացողութիւնը առաջին անգամ օգտագործած է համակարգիչային գիտութիւններու մասնագէտ Ուրրնըր Պախեոլզ: Մէկ «քիլոպայթ»-ը կը համապատասխանէ 1024 «պայթ»-ի, մէկ «մեկապայթ»-ը 1.048.576 «պայթ»-ի, իսկ մէկ «կիկապայթ»-ր շուրջ մէկ միլիառ «պայթ»-ի: Ամէնէն շատ տարածուած «Ֆլոփի» տիսք»երը կրնան 1.44 մեկապայթ տեղեկութիւն ամբարել, ինչ որ կը համապատասխանէ 1.400.000 շարուած գիրերու եւ նշաններու (մօտաւորապէս 700 էջ կրնան լեցնել):

Ուսողութեան անգլիացի փրո  եսոր Չարլզ Պէպըճ (1792-1871) կը նկատուի որպէս հնարիչը համակարգիչին: Իր հնարքը, ատամնանիւներով բանող սարք մը զոր կարելի էր յայտագրել, կը ներկայացնէ նախնական համակարգիչ մը:

Առաջին ելեկտրոնիկ համակարգիչը ստեղծուած է 1946-ին՝ Փենսիլ Վանիայի համալսարանի երկու ճարտարագէտներու կողմէ: Այս համակարգիչը, որ  ENIAC կը կոչուէր (Electronic Numerical lntegrator and Calculator), անէր 30 մ. երկարութիւն եւ 3 մ. բարձրութիւն: Կը կշռէր 30 թոն եւ կը պարունակէր 18000 ռատիոլամբեր:

Համակարգիչի սարքերու եւ գործողութիւններու հայերէն անունները

Activ Window –գործօն պահապան

Backs Lash -հակաշեղագիծ

Bytes –Ութնեակներ

CD Recorder -ՍԻ. ՏԻ. արձանագրիչ սարք

Chat -մտերմական խօսակցութիւն (համացանցի միջոցով)

Click, to Click –չխկոց, չխրկել

Compact Disc (C.D) –ՍԻ.ՏԻ. ամփոփ սկաւարակ, խտասալիք

Computcer –համակարգիչ

CPU –կեդրոնական համավարիչ

Cut and Paste –կտրել ու փակցնել

Database –տեղեկադարան, տեղացանկ

Delete Key –ջնջաստեղ

Dialog Box –զրուցատուփ

Digital Network –թուագրային հաղորդացանց

Directory –թղթացուցակ

Edit -խմբագրել

E (Electro)-Mail -Ե(ելեկտրա)- նամակ

E (Electro)-Cards –Ե(ելեկտրոնային)- քարդեր

Error message –վրիպազդ

Escape –լքել

File –թղթածրար

Floppy Disk –դիւրաթեք սկաւարակ

Folder – թղթապնակ

Font – տառատեսակ

Hard Disk –կարծր սկաւարակ

Hardware –սարք

Icon –պատկերակ

Install –տեղադրել

Internet –համացանց

Keyboard –ստեղնաշար

Micro-Processeur –մանրավարիչ

Modem –եղանակիչ

Monitor –պաստառիկ

Mouse –մկնիկ

Mouse Pad –մկնակալ

Option –ընտրանք

Password –ծածկաբառ

Printer –տպիչ

Printout –տպօրինակ, տպօն

Puce/Chip –մանրացուցած յիշողութիւն

RAM (անգլ) – MEV  (Ֆր)յիշողութիւն

Rewritable CD –վերարձանագրող խտասկաւառակներ

RUN –բանեցնել

Save –յիշագրել

Scanner –թուահերձատիչ

Search Engines –որոնիչ

Server –սպասարկիչ

Select –ընտրել

Site –կայք

Software –ծրագրաշար

Virus –ժահր

Web Page –կայք էջ

Websites –ցանցակայք

Webucution –միջացանցի ուսում

Word processing application – բառապաշա

ԼՐԱՏՈՒ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

SANA – Syrian Arab News Agency

ARMENPRESS –  «Արմէնփրէս» «Հայ լուր» լրատու գործակալութիւն

«ՆՈՅԱՆ ՏԱՊԱՆ» – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

A.P. – Asociated press  (Ա.Մ.Ն.)

U.P.I. – United Press International  (Ա.Մ.Ն.)

A.F.B. – Agency France Press («Աժանս Ֆրանս Փրէս» Ֆրանսական)

B.B.C. – British Broadcasting Corporation  (Անգլիական)

C.N.N. – Cable News Network

A.N.S. – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

«ԹՐԵՆՏ» – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒ

«ՌԵԿՆՈՒՄ» – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

IRNA – Իրանի լրատուական գործակալութիւն

IRA –  Իրաքի լրատուական գործակալութիւն

T.R.T. – («Թէ.ՐԷ.ԹԷ.») Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ Պատկերասփիւռի գործակալութիւն

A.A. – («Անատոլու Աժանս») (Լրատու գործակալութիւն, Թրքական)

Rueters – («Ռոյթըրզ») Անգլիական

«Ա-ԻՆՖՕ» – Վրացական լրատու գործակալութիւն

ITAR TASS – («ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ») Դաշնակցային Ռուսիոյ լրատու գործակալութիւն

TURAN – («ԹՈՒՐԱՆ») Ազրպէյճանի լրատուական գործակալութիւն

About admin

Check Also

ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ

ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ Այս դարու հանճարեղ, Microsoft-ի հիմնադիր, որուն հարստութիւնը հասաւ 100 պիլիոն տոլարի… ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ: …