ՍԱՍՈՒՆ

ՍԱՍՈՒՆ

Սասունի բերդ, Sasuni Berd, Դաւթաբերդ, Դաւիթի բերդ, Սանասանա, Սանաասն, Սանասանք, Սասան, Սաստնցի Դաւթի բերդ, Քաղկիկ, Քաղքիկ – Բերդ Մեծ Հայք Աղձնիք աշխրհի Սասան գաւառի մէջ, Ծովասար լեռան Հարաւային կողմը, Կապաս եւ Կուս գետերու միախառնման տեղը գոյացած եռանկիւնաձեւ տարածքի բարձրաբեր‎ձ ժայռի կատարին: Բերդի պարիսպներու երկարութիւնն է 3000, լայնութիւնը՝ 100 քայլ է, կառուցուած է  խոշոր քայլերով եւ կարաշաղախով: Պարիսպները բարձր է 20-25 մ., որոնք եռանկիւնաձեւ կը շրջապատէին գագաթային մասը: Պարսպաշարի վրայ, դուրսէն կամարներ եղած են: Բերդի ներսը եղած բնական քարանձաւերը կ՛օգտագործուէր իբրեւ պահեստ ու ախոռ: Դէպի ստորոտները գացող սալահատակ ճանապարհի հետքերը կը նկատուէին մինչեւ 1915 թ.: Խմելու ջուրը կը բերէին Ծովասարի աղբիւրներէն՝ կաւէ խողովակներով: Սասունի բերդ Աղձնիքը նշանաւոր ամրութիւններէն մէկն էր, որտեղ շատ յաճախ կ՛ապաստանէին ու օտար գաւթիչներու դեմ ինքնապաշտպանական կռիւներ կը մղէին շրջակայքի բնակիչները: Այստեղ սասանցիները պաշտպանուած են նաեւ 1894 եւ 1904 թ.թ. թրքական ջարդարարներէն: 1904 թ. Օգոստոսի 3-ին Սասունի բերդը վերջնականապէս քանդուած ու աւերուած է: Ասորեստանի թագաւոր Թվլաթպալասար Գ.-ի ար‎ձանագրութեան մէջ Ուրարտուի յիշատակուած Սասսու բերդը պէտք է որ Սասունի բերդ ըլլայ:

Սասուն, Sasun, Սանասանա, Սանասինա, Սանասնայէ, Սանասուն, Սանասունք, Սանասան, Սանսաննա, Սանսոն, Սանսու, Սասնայ գաւառ, Սասնոյ գաւառ, Սասնոյ երկիր, Սասնոյ ձոր, Սասնոյ տուն, Սասնոց գաւառ, Սասնոց երկիր, Սասոն, Սասունք, Վերին դաշտ – Գաւառ Մեծ Հայք Աղձնիք աշխարհի մէջ: Հայկական Տաւրոս լհմիկի տարածքի մէջ: Հիւսիսէն արեւմուտք սահմանակից էր Հաշտեանք, Արեւելք՝ Տարօն, Խութ, Հարաւէն Սալնոձոր, Գզէխ է Նփրկերտ գաւառներուն: Սասունը Հայաստանի ամենալեռնային շրջաններէն է: Երկրամասը անդնդախոր ձորերու, անանցնելի կիրճերու, մութ անտառներու, սառնորակ ու հանքային աղբիւրներու, արագահոս գետերու եւ գետակներու հազուագիւտ ու գեղեցիկ շրջան մըն է: Գաւառի կարեւոր լեռներն են Սիմն ու Սասունի լեռները՝ Անդոկ, Ծովասար, Կեպին, Մարաթուկ եւ այլ բարձրաբերձ գագաթներով: Սասունի տարածքին սկիզբ կ՛առնեն ու դէպի հարաւ կը հասնի Տիգրիսի աւազանին պատկանող Բաթման, Խուլփ, Սասունի եւ ուրիշ շատ գետեր ու գետակներ: Այստեղ մշակելու հողատարածութիւնները շատ սակաւ են, եղածներն ալ ինկած են նեղ գետահովիտներու եւ նախալեռնային գոտիներ մէջ: Աւելի ընդարձակ ու փարթամ են ալպեան արոտավայրերը: Գաւառի տարածքին զգալի մասը ծածկուած է խիտ ու մութ անտառներով, որտեղ որոշ ծառատեսակներու տերեւներու վրայ ամրան կը գոյանայ քաղցրաւուն մեղրահիւթ՝ գազպէն (մանանա) անունով: Սասունցիները կ՛օգտագործէին որպէս սննդանիւթ եւ կը պատրաստէին զանազան ուտելիքներ: Երկրամասի կլիման խիստ է, ձմեռը՝ ցրտաշունչ, առատ ձայն շերտով, բուքով, եւ կը տեւէ մինչեւ 7 ամիս: Սասունը յետագային ‎ֆիզիկաաշխարհագրական տարածք էր եւ բաժանուած էր հիմնական Տիարպեքիրի ու Բիթլիսի, նաեւ Խարբերդի նահանգերու միջեւ: Սասուն գաւառի հին ժամանակներու ներքին վարչական բաժանումներու մասին քիչ բան յայտնի է: 19-20-րդ դարերուն այդ բաժանումը կայուն չէ եղած, անոր գաւառիկները կամ ենթաշրջանները մշտապէս փոփոխուեր են: 19-րդ դարէն 20-րդ դարու սկիզբը Սասունի մէջ կը յիշատակուին հետեւեալ գաւառիկները՝ Բռնաշէն, Սուն Սասուն, Խարզան, Խութ-Բռնաշէն, Խուլփ Պազզո-Խաբլջոզ, Մոտկան, Շատախ, Տալվորիկ, Փսանք: Սասունի բնակավայրերու բնակչութեան եւ ազգային կազմի մասին վիճակագրական տուեալները թէեւ կը վերաբերին 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբը, սակայն վստահելի ու գիտական չեն: 1915 թ. նախօրեակին Սասունը բաւական խիտ բնակեցուած երկարմաս էր: Հաւանական է այն տուեալը, որ այդ ժամանակ Սասունը ունեցեր է 539 բնակավայր, որու կէսէն աւելին հայաբնակ էր, մնացեալ շրջաններուն կ՛ապրէին հայերն ու քիւրտեր:

Բնակչութեան հիմնական զբաղումը երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնն էր: Գետահովիտներու եւ նախալ-նային շրջաններու մէջ հայերը կը զբաղէին նաեւ արհեստներով (զինագործութիւն), խաղողագործութեամբ, պտղաբուծութեամբ, շերամապահութեամբ: Հացահատիկները տարեկան լայն տարածք ունէին, կորէկը, գարին եւ գլգըլը: Անասնապահութեան հիմնական ճիւղերն էին մանր ու խոշոր եղջերաւոր անասնապահութիւնը եւ ձիաբուծութիւնը: Կլիմայական խիստ պայմանները եւ մշակելի հողերու խիստ սակաւութիւնը Սասունի հայերու մէջ դարէդար պատուաստած է մեծ կամք ու աշխատասիրութիւն: Սասունցիները համառ, դժուարութիւնները յաղթահարող եւ չարքաշ սոցիալական ու քաղաքական պայմաններուն դիմացող մարդիկ էին: Սասունցիներու մէջ մարդասիրութեան հետ մէկտեղ սերունդներ ձեւաւորուեր էր մեծ կորով ու քաջութիւն՝ իրենց անձն ու ունեցուածքները պաշտպանելու համար: Ազատատենչ սասունցիները չարութեան ու բռնութեան դեմ միշտ ալ անհաւասար պայքար մղեր են եւ ունեցեր անթիւ զոհեր ու զրկանքներ: 1894 թ հայկական կոտորածներու ժամանակ թուրքերը Սասունի մէջ կողոպտած են աւելի քան 40 գաւառներ, սպաններ են շուրջ 15000 մարդ: 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբները Սասունցի հայերու ինքնապաշտպանական կռիւներու նշանաւոր հայ ժողովրդի քաջարի զաւակներն էին Արաբոն, Հրայրը, Տամատեանը, Պոյաճեանը, Անդրանիկը (Օզանեան), Գէորգ Չաւուշը, Գրգոն, Քոլոզը, Աղբիւր Սերոբը, Իշխանը եւ շատ ու շատ ուրիշներ: Հայերու անհաւասար գոյամարտը թուրք ջարդարարներու եւ քիւրտ ցեղապետներու  դէմ աւարտուեցաւ հայերու համար մեծ ողբերգութեամբ: 1915- 16 թ.թ. Սասունի մէջ զոհուեցան աւելի քան 60000 հայեր: Կենդանի մնացածներէն շատերը մեծագոյն դժուարութիւններով անցան Արեւելեան Հայաստան եւ հաստատուեցան ներկայիս ՀՀ Աշտարակի ու Թալինի շրջաններն ու գաւառները:

Սասուն անունի գիտական ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ: Ժողովրդական աւանդութիւններէն մէկուն մէջ կ՛ըսուի, որ տալւորիկցի Մրգոյի եւ Պետոյի տունին առաստաղի գերաններէն մէկը ծանրութեան տակ կախուած է, մարդիկ մինչեւ նոր գերան կը բերէին, տեղը եղողներէն մէկը ձեռքը դէմ կընէ ճկված գերաններուն եւ կը կոչէ՝ «սա մսա սուն» սա ալ քեզ սիւն, եւ այդպէս ալ այդ երկարմասը Սասուն անունը կը ստանայ: Սասուն անունին հնագոյն յիշատակութիւնը «Սասսու» ձեւով պահպանուած է Ասորեստանի թագաւոր Թգլաթպալասար 3-րդի մթա 8-րդ դարու ձգած սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ: Հայկական մատենագրութեան մէջ առաջին անգամ կը յիշատակուի Անանիա Շիրակացին (7-րդ դար), որպէս Աղձնիք աշխարհի 10 գաւառներէն մէկը:

Արաբական նուաճումներու ժամանակ՝ 850-ական թ.թ., Սասունը դարձաւ ազատագրական պայքարի կարեւորագոյն կենդրոններէն մէկը, ուր սկսաւ ձեւաւորուիլ հայկական «Սասնա Ծռեր» ժողովրդական դիւցազներգութիւնը: 11-12-րդ դարերու Բիւզանդական եւ Սելճուկեան նուաճումներու ժամանակ Սասունը պահպանած էր իր անկախութիւնը: 11-րդ դարու Մուշեղ եւ Թոռնիկ իշխանները Սասնոյ տարածքը աւելի ընդարձակ էր: 16-րդ դարու Սասունը նուաճած էին թուրքերը: Թրքական երկարամեայ տիրապետութեան ընթացքին նոյնպէս Սասունը յաճախ կը պահապնէր իր կիսանկախ վիճակը եւ կ՛ըմբոստանար բռնութեան ու կամակայանութեան դէմ: Այդ ժամանակաշրջանին աստիճանաբար քրտական ցեղերը Սասուն սկսան թափանցել: 1915 թ. եղեռնէն վերջ Սասունի դատարկուեցաւ հայերէն: Այժմ Թուրքիոյ խիտ բնակչութիւն ունեցող գաւառներէն մէկն է Սասունը:

 

 

About admin

Check Also

ՀԱՄՇԷՆԸ ԵՒ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԸ

Purchase Office 2010 Key Որոն՞ք են Համշէնահայերը- Համշէնահայերը մինչեւ 19-րդ դարու 90-ական թուականները կը բնակէին …