ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐՈՒՆ
Հայկական գիրերու գիւտէն (405) յետոյ 5-րդ դարու առաջին կիսուն ստեղծուած հայալեզու հարուստ գրականութիւնը (թարգմանական եւ ինքնուրոյն) կոչուած էր իմաստաւորել ազգի առջեւ ծառացած ազգային-քաղաքական խնդիրները՝ Սասանեան Պարսկաստանի կողմէ օրէ օր սաստկացող վտանգի պայմաններուն:
Պարսից արքունիքի զաւթողականութեան իրականացումը գլխաւորապէս, կը խոչընդոտէին քրիստոնէական ուսմունքը (որ գաղափարախօսական գործառոյթ կը կատարէր) եւ Հայ Առաքելական եկեղեցին՝ համահայկական կեդրոնացած քաղաքական կազմակերպութիւնը, հոգեւոր ու մշակութային ինքնութեան, ազգապահպանման հետեւողականօրէն վարած քաղաքականութեամբ: Ուստի Սասանեանի քաղաքական առաջնակարգ խնդիրներէն էին՝ ամէն կերպ դաւանափոխել հայ ժողովուրդին հենարանը՝ Հայ եկեղեցին:
Հայ ազգի հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդները կը գիտակցէին, որ գաղափարախօսական զաւթողականութեան անհրաժեշտ է հակադրել տեսականօրէն հիմնաւորուած եւ տրամաբանօրէն անհակասական ազգապահպան գաղափարախօսութիւն:
Եթէ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի գլխաւոր խնդիրն էր քրիստոնէութեան տարածումն ու ամրապնդումը ազգային գիտակցութեան մէջ, ազգի հոգեւոր-գաղափարական միասնականութեան ու ինքնութեան ապահովումը (հոգեւոր անվտանգութիւնը), ապա Եզնիկ Կողբացիի գլխաւոր նպատակն էր՝ մերկացնել մազդեականութեան գաղափարական սնանկութիւնը, ապացուցել համաժողովրդական զինուած ապստամբութեան օրինաչափութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: