Home / Ա / Նիւթեր / Հայագիտական / ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ 

          ԺԹ. դարը յատկանշուեցաւ գրական նոր շարժումով մը, որ ծնունդ տուաւ Հայկական արդի գրականութեան:

            Հայկական ազգային արուեստը նախորդ դարերուն գոյատեւած էր իր ամէնէն ժողովրդական ձեւերուն մէջ: Ժողովրդական բանաստեղծութիւնը եղած է նախ՝ ազգային գաղափարը պահող, ապա նաեւ անոր ծնունդ տուող ազդակ մը: Արուեստագէտներու եւ բանահաւաքներու նպաստը շատ մեծ եղած է ազգային շարժումի ստեղծման մէջ:

            Սակայն շատ չանցած հասաւ հայկական արդի գրականութիւնը, զօրացնելու համար այս շարժումը եւ զայն յարմարցնելու ժամանակի զարգացումներուն եւ պահանջներուն:

            Այս ժամանակաշրջանին գրողները ամէն տեսակի սեռ մշակած են:

            Արդի հայ գրականութեան բուն ստեղծագործը եղաւ Խաչատուր Աբովեան: Այս մեծ գրողը, առաջին հայ ուսանողը եղաւ Դորպատի համալսարանին, եղաւ նաեւ առաջին հայ հեղինակը Գրաբարը լքող եւ ժողովուրդի բարբառով գրող: Իր գրուածքները այդ պատճառով ալ մեծ տարածում ունեցան: Հայերը կը խօսէին նոր հայերէնով, մինչդեռ բոլոր հրատարակութիւնները կը կատարէին Գրաբարով:

            Այս պայմաններուն մէջ բնական է, որ հրատարակուած գործերը մատչելի կը դառնային միայն փոքրաթիւ մարդոց, գրողներու, գիտնականներու եւ կրօնականներու:

            Աբովեան առաջին անգամ ըլլալով գործածեց աշխարհաբարը եւ այսպիսով ստեղծեց հայ գրականութիւն մը:

            Աբովեանի ամէնէն հռչակաւոր գործն է դիւցազներգական վէպ մը՝ «Վէրք Հայաստանի»: Հեղինակը կը նկարագրէ հայ գիւղացիին կեանքը Քանաքեռ գիւղին մէջ, Երեւանի մօտերը, ուր Աբովեանի ընտանիքը գիւղապետի պաշտօն կը վարէր. ան կը նկարագրէ հայ ժողովուրդի տառապանքը օտարի լուծին տակ:

            Աբովեան ոչ միայն գրող մը եղաւ, այլեւ ոգեշունչ հայրենասէր մը, որ նուիրուեցաւ հայ ժողովուրդի վերականգնումի գործին: Նախատեսելով Հայաստանի վերածնունդը, ան իր կենաքը զոհեց՝ բարձրացնելու համար հայ ժողովուրդի մշակութային մակարդակը եւ ճանչցնելու Հայասանն ու հայութիւնը օտարներուն:

            Միւս անուններէն, որոնք փայլեցան հայ գրականութեան մէջ, Արեւելահայաստանի մէջ յիշատակելի են՝ Պռոշեանը, Միքայէլ Նալպանտեան, Ստեփանոս Նազարեանը, Գրիգոր Արծրունին, թատերագիր Սանդուկեանը, բանասէր Պատկանեանը, բանաստեղծ Գամառ Քաթիպան, Ծերենցը, Այվազովսկի եւ մանաւանդ մեծ վիպագիր Րա‎ֆֆին: Րա‎ֆֆին վճռական մղում տուաւ հայ ազգային շարժումին, իր գործերուն մէջ վերապրեցնելով հայ պատմական անցեալի մեծութիւնը:

            Րա‎ֆֆիին գործերէն յիշենք «Ջալալէտտինը» եւ «Խենթ», որ կը նկարագրեն 1877-1878-ի ժամանակաշրջանի հայ ժողովուրդի տառապանքները թրքական բռնութեան ներքեւ: «Կայծեր»ը, որուն հերոսները կը պայքարին իրենց ժողովուրդի ազատագրութեան համար եւ վերջապէս պատմական վէպերու շարք մը, որոնց մէջ ամէմէն նշանաւորն է «Սամուէլը»:

            Այս սքանչելի գրողը լաւագոյն արտայայտիչը հանդիսացած է իր ժողովուրդի զգացումներուն: Ան կրցաւ տեսնել այն ինչ որ մարդկային է, հետեւաբար, այն բոլորը՝ ինչ որ մեծ է հայ ժողովուրդին:

            Արեւմտահայութեան մէջ անուն մը կը տիրապետէ բոլոր միւսներուն վրայ կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկը, հանդիսացաւ պատմութեան մէջ: Ան ոչ միայն եկեղեցիի իշխան մը եւ պետական մարդ մը եղաւ, այլեւ հայրենասիրութեան ուսուցիչ մը եւ տաղանդաւոր բանաստեղծն ու հրապարակագիր:

            Թրքահայաստանի մէջ հայ գրողներէն պէտք է յիշել բանաստեղծ Պէշիկթաշլեանն ու Պետրոս Դուրեան, գրագէտ եւ հրապարակագիր Յ.Պարոնեանը, Ա.Արփիարեանը, Գ.Զօհրապ եւ Օտեան:

            Այս ժամանակաշրջանի գրական արտադրութիւնները երկու ակնյայտ յատկանիշնարով կը ներկայանան: Նախ՝ բարձր զգացումներու արտայայտութիւն, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ստորնացման երկարատեւ շրջանէ մը ետք, հայ ազգը վերստանալու վրայ էր իր արժանաւորութեան գիտակցութիւնը. երկրորդ՝ հայրենասիրական զգացումի հոգնութիւն, որ նոյնքան ամբողջ ազգի մը արտայայտութիւնն է, որքան առանձին անհատներու:

            Հայկական գրական արտադրութիւններու կողքին, արեւմտեան գործերու թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը հսկայական դեր խաղցան հայ մտքի զարգացման մէջ:

            Ստեղծուեցան նաեւ հայկական թատրոններ, գլխաւորաբար Պոլսոյ եւ Թի‎ֆլիսի մէջ եւ հայ խումբեր հոն խաղցան ոչ միայի հայկական աւանդավէպրէն եւ առասպելներէ քաղուած թատերքութիւններ, այլեւ օտար գլուխ – գործոցներ:

            Հայ հռչակաւոր դերասաններէն յիշենք Ադամեանը, զոր կոչած են Հայաստանի Սելվինէն եւ դերասանուհիներէն՝ Հրաչեան եւ Սիրանուշը:

                                      «Հայոց Պատմութիւն»
 Հրանդ Փաստրմաճեան

About admin

Check Also

ԱԽԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

Վանայ լիճի Ախթամար կղզիին վրայ գտնուող Ս.Խաչ եկեղեցին, հայ ճարտարապետութեան կոթողներէն մէկն է: Ան Հայաստանի …

Leave a Reply