Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / ԱՆՀԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՀԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՀԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Այս բառը իր մէջ կը պարունակէ փիլիսոփայական եւ ընկերային երկու գաղափարներ, որոնք կը միանան շեշտելու համար անհատի գերակայութիւնը:

Փիլիսոփայական գետնի վրայ անհատապաշտական վարդապետութիւնը բոլոր արժէքները կը ստորադասէ զուտ մարդկային արժէքին: Մարդն է տիեզերքի կեդրոնը՝ իր իմացութեան բանականութեամբ եւ տրամաբանութեամբ: Ամէն տեսակ կարելիութիւն եւ իրագործում արգասիքն է մարդ էակի իմացականութեան: Ո՛չ մէկ գերմարդկային միջամտութիւն: Այս ըմբռնումներով անհատապաշտութիւնը կը դառնայ նաեւ ժխտումը կրօնական գաղափարներու քանի որ կը դաւանի գիտակցութեան եւ կարելիութեանց ակն ու աբղիւրը մարդ անհատն է:

Ոգեպաշտական եւ գաղափարապաշտական ձգտումներն ու որոնումները կը տժգունեն անհատապաշտութեան առջեւ: Այս ինքնավստահութեամբ զրահաւոր՝ անհատապաշտը կը կարծէ տիրապետել կեանքի բոլոր գաղտնիքներուն եւ բոլոր ճշմարտութիւններուն:

Անհատապաշտութիւնը մարդ արարածը կ՛առաջնորդէ դէպի ինքնուրոյն մտածողութեան ոլորտները, նոյնիսկ եթէ այդ ճամբուն վրայ հարկ է զոհել ճշմարտութիւնը:

Ներկայիս անհատապաշտական ինքնատպութեան չափազանցութիւններուն կը հանդիպինք արուեստներու մէջ, ըլլայ նկարչութեան, գրականութեան կամ երաժշտութեան:

Մեր շուրջ կան իմաստազուրկ գործեր, որոնք ծնունդ են անհատապաշտական դաւանանքով գեր յագեցած ուղեղներու նման գործեր, առանց իրական ու մնայուն արժէքի, քմայքներ են պարզապէս որովհետեւ եթէ արտայայտուած գաղափար մը ճշմարիտ է եւ գեղեցիկ ատիկա կը պատկանի նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ի վիճակը են զայն ըմբռնելու: Իսկ եթէ սուտ է կամ անգոյ՝ ոչ մէկ գաղափարի տակ կրնայ գոյատեւել:

Իսկ գաղափարներու մարզին մէջ անհատապաշտութիւնը ժխտումն է ամէն տեսակի իմացութիւններու, ներըմբռնումներու, ներապրումներու որոնք կը զանցեն շօշափելի գիտութիւնները: Անհատապաշտութիւնը կ՛առաջնորդէ մարդս դէպի նիւթապաշտութիւն, այսինքն արժէք կու տայ միայն մարդկային տրամաբանութեամբ ձեռք բերուած զգայարանական իմացումներուն, մարդկային կիրքին տրամաբանութեամբ ձեռք բերուած զգայարանական իմացումներուն, մարդկային կիրքին ու ‎ֆիզիք արտայայտութեանց:

Մեր դարու տագնապին աղբիւրներէն մէկն ալ ահաւասիկ այս իրողութիւնն է:

Անհատապաշտական վարդապետութիւնը ունի նաեւ ընկերային երես մը: Ան չի հաւատար ոչ միայն մարդոց հաւասարութեան, այլ նաեւ ընկերային բարեկարգութիւններով մարդոց կեանքը նոյն մակարդակին վրայ բարձրացնելու կարելիութեան:

Անհատապաշտը չի կրնար ընկերվարական ըլլալ ոչ ալ կրնայ աւետարանի քարոզած տիեզերական եղբայրութեան եւ սիրոյ գաղափարին հետեւիլ:

Անհատապաշտը ընկերային տեսակէտէն այն է, որ նախ կը հաւատայ իր անձի արժէքին, ապա նաեւ այն տեսակէտին, թէ ամէն անձ պէտք է ինքզինք արժեւորէ, ինքզինք բարձրացնէ, որպէսզի ընկերութիւնը բարձրանայ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու …