Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒ 20-30-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒ 20-30-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ
18-ՐԴ ԴԱՐՈՒ 20-30-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

1-Քաղաքական Դրութիւնը Անդրկովկասի մէջ

Ռազմական ճամբարներու (սղնախներ) կազմաւորումը

 Պարսկաստանի մէջ յառաջացած քաղաքական խառնաշփոթութիւններէն օգտուելով՝ լեռնային լեզգիները ասպատակած էին Շիրուանի եւ Արցախի բնակավայրերուն մէջ: Այդ յարձակումներուն դիմագրաւելու համար Արցախի մելիքներու զինուած ջոկատները միաւորուած էին: Ոգեւորուած Ռուսական վերահաս արշաւանքի լուրերով՝ Արցախի հայ բնակչութիւնը տրամադրուած էր, զինական օգնութիւն ստանալու դէպքին, լիովին թօթափել օտարի լուծը: Ազատագրական պայքարին օժանդակելու համար Շիրուանի հայկական բնակավայրերէն Արցախ տեղափոխուեցան ռազմական գործի հմուտ կազմակերպիչներ՝ Աւան եւ Թարխան հարիւրապետները: Արցախահայութեան պայքարի ոգեշնչողն ու մելիքութիւնները իրար հետ միաւոողը Գանձասարի հայոց Կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանն էր: Արցախի մէջ կազմակերպուեցան պաշտպանական ամրոցներ՝ սղնախներ, որոնցմէ առաւել յայտնի էին Կիւլիստանի, Շոշի (Շուշի), աւետարանոցի, ջրաբերդի եւ քառագլխի սղնախները: Հայկական այդ ուժերը կրնային վարել ոչ միայն պաշտպանական, այլեւ յարձակողական մարտեր: Այդ կարեւոր հանգամանք էր, հայկական    պետականութեան կորուստէն վերջ եկող  երկար ժամանակաշրջանին համար:

Ռուսական զօրքերու 1722 թ. Կասպիական արշաւանքը

 Դեռեւս Հիւսիսային պատերազմի ընթացքին Պետրոս Ա.ը ուշադիր կը հետեւէր Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: 1715 թ. ան նոր դեսպանութիւն ուղարկեց Պարսկաստան՝ Ա. Վոլինսկիի գլխաւորութեամբ: Անոր յանձնարարուած էր հանգամանօրէն ուսումնասիրել երկրի մէջ տիրող դրութիւնը եւ տեղեկութիւններ հաւաքել Պարսկաստանի տիարպետութեան տակ գտնուող ժողովուրդի մասին:

Հայ ժողովուրդի մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար Հայաստան ուղարկուեցաւ Ռուսիոյ մէջ Իսրայէլ Օրիի գործը շարունակող Մինաս վարդապետ Տիգրանեանը:

17-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն Պարսկաստանի մէջ դրութիւնը կը շարունակուէր վատթարանալ: Պարսկական լուծի տակ գտնուող ժողովուրդները, այդ թուին հայերն ալ, յարմար առիթը կը սպասէին թօթափելու պարսից տիրապետութիւնը: Զէնքի ուժով անոնց պահելու փորձերը այլեւս յաջողութիւն չէին ունենար: Պասկական տիրապետութեան դէմ առաւել եռանդուն կը գործէին ա‎ֆղանները, որոնք 1722 թ. յաջողեցան պաշարել եւ գրաւել երկրի մայրաքաղաք Սպահանը:

Հիւսիսային պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ Պետրոս Ա.ը ձեռնամուխ եղաւ Կասպից ծովի Արեւմտեան երկրամասերու գրաւման: Պարսից շահի ապստամբններէ պաշտպանելու պատրուակով, Պետրոս Ա.ը 1772 թ. արշաւանք կազմակերպած է դէպի Անդրկովկաս: Դերբենտը գրաւելէ ետք Պետրոս Ա.-ը անակնկալ վերադարձած է Աստրախան՝ յաջորդ տարուան յետաձգելով զօրքերու յառաջխաղացումը դէպի Կասպից Ծովի Հարաւային ափերը:

Պարսկաստանի մէջ սկսած խառնակութիւններու ժամանակ Վրաստանի ազատագրման նպատակով ապստամբութեան նախապատրաստութիւններ կը տեսնէր վրաց թագաւոր Վախթանգ 6-րդը: Ան բանակցութիւններ կը վարէր Պատրոս Ա.-ի հետ՝ Ռուսիայէն օժանդակութիւն ստանալու համար: Պետրոս Ա.-ը անոնց տեղակացուցած էր Ռուսական զօրքերու Անդրկովկաս արշաւելու մասին եւ խոստացած օգնել Վրաստանին: Վախթանգ 6-րդը, իր հերթին, ամէն ինչ յայտնած էր Արցախի հայ ազատագրական ուժերուն եւ առաջարկած համատեղ հանդէս գալ պարսից լուծին դէմ:

Հայ ազատագրական պայքարի առաջնորդները ստեղծուած պայմաններու մէջ չէին կրնար անտարբեր մնալ: Ազատագրական պայքարը կազմակերպելու համար Վրաստանէն հայ կամաւորներու ջոկատով Սիւնիք մեկնեցաւ Դաւիթ Բեկը: Արցախի մելիքներու կողմը հաւաքուած էր աւելի քան տասներկու հազարնոց զօրք: Գանձասարի կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի կոչով մօտ 10 հազար միացեալ զօրաբանակով մելիքներն ու զօրահրամանատարները գացին Գանձակի մօտ գտնուող Չոլակ վայր: Անոնք Վախթանգ 6-րդի բանակի հետ կը սպասէին Պետրոս Ա.-ի զօրքերու ժամանումը:

Մօտ երկու ամիս սպասելէ ետք, 1722 թ. աշնան, լուր ստացան Պետրոս Ա.-ի Դերբենտէն վերադառնալու եւ արշաւանքը յետաձգելու մասին: Վրացական բանակը վերադարձաւ Թիֆլիս: Հայկական ուժերը, տուն դառնալով, ձեռնամուխ եղան Արցախի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան:

Թրքական ներխուժումը Անդրկովկաս, ռուս-թրքական 1724 թ. պայմանագիրը Պարսկական պետութեան թուլացումը, ռուսերու Անդրկովկաս արշաւելը եւ աֆղաններու կողմէ Սպահանի գրաւումը յարման առիթ էին Պարսկաստանի վաղեմի թշնամի՝ Թուրքիոյ համար: Ան անմիջապէս ձեռնամուխ եղաւ նուաճելու Պարսկաստանի Արեւմտեան նահանգներն ու Անդրկովկասը: Թուրքիան անհանգստացած էր նաեւ ազատագրական պայքարի ծաւալմամբ եւ նպատակ ունէր ճնշելու հայ եւ վրաց ժողովուրդներու ազատագրական շարժումները: Միաժամանակ ան կը ձգտէր խոչընդոտել Անդրկովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութեան ուժեղացման եւ այդ տարածքները անոր տիարպետութեան տակ անցնելուն:

1723 թ. Յունիսին թրքական բանակը կը ներխուժէ Թիֆլիս, կը գրաւէ քաղաքը եւ կը շարժի դէպի Գանձակ: Վախթանք 6-րդ կը հեռանայ Թիֆլիսէն եւ այնուհետեւ մեծ շքախումբով Վրաստանէն կ՛անցնի Ռուսիա:

Յաջորդ տարի Էրզրումի (Կարին) մէջ կազմաւորուած է թրքական նոր բանակ՝ Արեւելեան Հայաստանի վրայ արշաւելու համար:

Այսրկովկասի եւ Պարսկաստանի համար պայքարի ելած Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ մրցակցութիւնը կրնար վերածուել ռուս-թրքական նոր պատերազմի: Երկուքը կը փորձէին խուսափիլ, երկար բանակցութիւններէն ետք անոնք ի վերջոյ, 1724 թ. Յունիսի 12-ին, Կոստանդու Պոլսոյ մէջ կը կնքեն պայմանագիր, որ պէտք է կարգաւորել անոնց յարաբերութիւնները:

Այդ պայմանագրի համաձայն Թուրքիան ճանչցած էր մերձկասպեան շրջաններու միացումը Ռուսիոյ, իսկ ռուսական կողմը Թուրքիոյ տնօրինութեան ձգած էր Շամախէն Արեւմուտք ինկած երկրամասերը: Ռուսական հրամանատարութիւնը այդ պայմանագրէն ետք այլեւս չէր կրնար օգնութեան գալ հայ ազատագրական ուժերուն: Պայմանագրի կնքումը աւելի ազատեց Թուրքիոյ ձեռքերը՝ Այսրկովկասի լայնաճակատ յարձակումին անցնելու համար:

Երեւանի 1724 թ. հերոսական պաշտպանութիւնը

 1724 թ. գարնան թրքական բանակը ներխուժած է Արարատեան դաշտ: Անոր 40 օր դիմադրութիւն ցոյց տուած են Կարբի գիւղի բնակիչները: Անոնք համաձայնած են զէնքը ցած դնել միայն այն պայմանով, որ թշնամիի բանակը չմտնէ Կարբի:

Նոյն թուականի Յունիսին պառարտուած է Երեւան քաղաքը: Երեւանի պաշտպանութեան համար ոտքի կանգնած է, ինչպէս քաղաքի, ալնպէս ալ շրջակայ գիւղերու բնակչութիւնը: Երեւանը վերածուած է ռազմական ճամբարի: Քաղաքը պաշտպանող հայկական ուժերը բաժնուած էին ջոկատներու: Իւրաքանչիւր ջոկատ ունէր իր տեղամասն ու հրամանատարը:

Հակառակորդի գրոհները աւարտած էին անյաջողութեամբ: Սուլթանի հրամանով Երեւան բերուած է նաեւ Գանձակի ուղղութեամբ արշաւող թրքական բանակը: Թշնամիի ուժերը կրկնապատկուած են: Հայերը հերոսաբար դիմադրած էին հակառակորդի յարձակումները՝ անոր մեծ կորուստներ պատճառելով: Երեւանի պաշտպանութիւնը տեւեց մօտ երեք ամիս: Քաղաքը այլեւս չէր կրնար դիմանալ պաշարման, որովհետեւ սպառած էր պարէնը եւ զինամթերքը: Երեւանի խանը համաձայնած է բանակցութիւններ վարել թուրքերու հետ: 1724 թ. Սեպտեմբերի 26-ին պաշարուած քաղաքը անձնատուր եղաւ:  Թուրքերը մեծ զօհերու գնով կրցան գրաւել Երեւանը՝ կորսնցնելով աւելի քան 20 հազար զինուոր:

Երեւանի պաշտպանութիւնը կեցուց թուրքերու սրընթաց առաջխաղացումը դէպի Սիւնիք եւ Արցախ:

2-Ազատագրական Պայքար Արցախի մէջ

Շարժումի ծաւալումը Արցախի մէջ

 Արցախի հայկական զօրամիաւորները կարեւոր դեր կատարեցին Արցախը թրքական զաւթիչներէն պաշտպանելու համար:

Թրքական զօրքերը այնտեղ առաւել յամառ եւ կազմակերպուած դիմադրութեան հանդիպեցան: 1724 թ. Արցախի ազատագրական ուժերը թրքական բանակի դէմ համատեղ պայքարի մասին պայմանագիր կնքեցին Գանձակի մահմետականներու հետ: Արցախի զօրահրամանատարները Օսմանեան բանակին դէմ պայքարելու համագործակցութեան առաջարկներ ըրին նաեւ պարսկական իշխանութիւնններուն: Արցախի մելիքութիւնները միասնական վճռականութեամբ պատրաստ էին դիմագրաւել օտար յարձակումները եւ աւերումներէն պաշտպանել սեփական երկիրն ու ժողովուրդը: Հայոց պայքարին օժանդակելու խոստումով՝ Ռուիայէն Արցախ ժամանեց նաեւ հայազգի Իւան Կարատետը: Այս մէկը աւելի յուսադրեց հայկական իշխանութիւնները:

Շուշիի եւ Վարանդայի ինքնապաշտպանական կռիւները

 1725 թ.Մարտին թրքական երեք զօրամաս ներխուժեց Արցախի Վարանդա գաւառը: Շուրջ 6000 թուրք զինուորներու թոյլ տալով տեղաւորուիլ Արցախի հայկական գիւղերու մէջ՝ հայ ինքնապաշտպանական ուժերը գիշերային յանկարծակի գրոհով ոչնչացուցին զանոնք:

Թրքական երկու փաշաները սպաննուեցան, իսկ երրորդը գերի վերցուեցաւ: Թրքական բանակի ոչնչացումը եւ հայկական ուժերու այդ կարեւոր յաղթանակը մեծ արձագանգ ունեցաւ, բարձրացաւ հայոց ինքնապաշտպանութիւնն ու մարտունակութիւնը:

Անյաջողութեան մատնուեցաւ Արցախի դէմ թրքական զօրքի նաեւ յաջորդ արշաւանքը: 1726 թ. Շուշին գրաւելու Օսմանեան բանակի յամառ գրոհները հանդիպելով հայերու դիմադրութեան, անյաջողութեան մատնուեցան:

Այսպիսով ձախողեցաւ Շուշին բերդը պաշարուած պահելու թրքական բանակի փորձը: Ութօրեայ մարտերէն ետք, կորսնցնելով ութհարիւր զինուոր, թուրքերը ստիպուած նահանջեցին Գանձակ: Կրած պարտութենէ յետոյ թրքական զինուորակցութիւնը ընտրեց  անակնկալ յարձակումներու մարտավարութիւնը:

Թրքական բանակի դէմ Արցախի հայ ազատագրական պայքարը սկսաւ 1728 թ.ին: Ազատագրական ուժերու մէկ մասը, յուսախաբ ըլլալով ռուսական խոստումներէն, յետագայ արիւնահեղութիւնները կանխելու համար գերադասած է թուրքերու հետ բանակցելու ուղին:

Նոյն թուականին մահացած է Եսայի Հասան-Ջալալեանը, որ տեղեկանալով ռուս-թրքական պայմանագրի կնքման մասին, հակուած էր թուրքերու հետ բանակցելու մտքին:

Քաղաքական այդ գիծը մերժող հայ զինուորականութիւնը 1729 թ. սկիզբները, Աւան եւ Թարխան հարիւրապետներու գլխաւորութեամբ, նոր պատուիրակութիւն ուղարկեց ռուսական բանակ՝ օգնական զօրք ստանալու նպատակով: Ռուսական հրամանատարութիւնը կրկին չկատարեց հայ պատուիրակութեան խնդրանքը: Շուսիայէն օգնութիւն չստանալով, հայ պատուիրակութիւնը այլեւս չվերադարձաւ Արցախ: 1729-1731 թթ. թրքական նուաճումի դէմ պայքարը կը շարունակուէր Կիւլիստանի սղնախը, որուն հարամանատարն էր Աբրահամ սպարապետը: Թէեւ 1730-ական թուականներուն նուաճողներու դէմ պայքարի կազմակերպման համար Արցախի մէջ այլեւս չկար միասնական հրամանատարութիւն, սակայն հայ ժողովուրդը ցած չդրաւ զէնքը եւ շարունակեց ազատագրական պայքարը:

Արցախի ազատագրական շարժումը մեծ արձագանգ գտաւ ողջ հայութեան մէջ: Ան կը ոգեշնչէր նաեւ հայ ժողովուրդի յաջորդ սերունդները եւ հաւատով կը լեցնէր իրենց ուժերու նկատմամբ:

3-Ազատագրական Պայքարը Սիւնիքի մէջ

Ազատագրական պայքարի սկիզբը եւ Դաւիթ Բեկ

 Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ Իսրայէլ Օրիի ժամանակներէն նկատուող ազատագրական ձգտումները 1720-ական թուականներուն վերածուեցաւ ազատագրական լայն շարժումի: Սիւնիքի մէջ հայ ազատագրական ուժերը, անհարժեշտ չափով համախմբուած չէին, իսկ շրջակայ պարսկամէտ իշխանները հզօր էին: Այդ անհաւասարակշռութիւնը յաղթահարելու, վրաց ազատագրական ուժերու հետ կապեր հաստատելու նպատակով, Սիւնիքէն Վրաստան մեկնած է հայ առեւտրական Ստեփանոս Շահումեանը: Անոր խնդրանքով Վաշթան 6-ի ուղարկած հայ զօրավարները Դաւիթ Բեկի գլխաւորութեամբ 1722 թ. հասան Սիւնիք: Անոնք հաստատուեցան Շինուհայ աւանի մէջ եւ իրենց շուրջը համախմբեցին տեղի զինուած ուժերը: Դաւիթ Բեկի ղեկավարութեամբ ստեղծուեցաւ ռազմական խորհուրդ: Ան աչքի ինկած զօրականներէն Մխիթարին նշանակեց զօրքերու սպարապետ, իսկ առանձին  զօրաջոկատներու հարամանատարներ դարձան Տէր Աւետիսը, Փարսադանը, Թորոսը եւ ուրիշներ:

Առաջին յաղթական մարտը տեղի ունեցաւ 1722 թ. աշնան Ջիվանշիր կոչուող քոչուոր ցեղի դէմ: Այդ յաղթանակը մեծցուց Դաւիթ Բեկի հեղինակութիւնը: Յատկապէս կարեւոր էր մահմետականութիւն ընդունած մելիք Բաղրին պատկանող՝ Տաթեւի մօտ գտնուող ամրոցի գրաւուիլը:

Դաւիթ Բեկը մելիք Բաղրին ձերբակալելով՝ բերած է Շնհեր եւ հրամայած տասներկու օր եկեղեցւոյ մէջ բոլորին ներկայութեամբ բարձր ձայնով ըսէ. «Լո՜յս Լուսաւորչի հաւատին, վա՜յ ուրացողին»: Այնուհետեւ Դաւիթ Բեկը հրամայծ է կտրել անոր գլուխը, իսկ ինքը եկած եւ բնակած է Տաթեւի մէջ: Սիւնիքի ազատագրական շարժման դէմ հանդէս եկան ու Կապանի ապստամբութիւններուն վրայ յարձակեցան շրջակայ մահմետական տիրակալները: Վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Չաւնդուրի մօտ, որտեղ հայ զօրականները վճրական յաղթանակ տարին:

Սիւնիքի ինքնիշխանութիւնը եւ Հալիձորի ու Մեղրիի ճակատամարտերը

 Կապանի մէջ շուրջ մէկ տարուան յաջող պայքարէ ետք երկրամասը ազատագրուեցաւ օտար տիրապետութենէ: Այնտեղ Դաւիթ Բեկի գլխաւորութեամբ ստեղծուեցաւ հայկական իշխանութիւն: Հայկական ուժերու կեդրոնատեղի դարձաւ Դաւիթ Բեկի կողմը ամրացած Հալիձորի բերդը:

Հայկական զօրքերը Մխիթար Սպարապետի եւ Տէր Աւետիսի հրամանատարութեամբ գրաւեցին նաեւ Զեւայի անառիկ բերդը՝ ջախջախելով մօտ 4000-նոց կայազօրը:

Յաջորդ կարեւոր յենակէտը Որոտան բերդն էր, որ գրաւելու համար հայկական զօրքերը մեծ ջանքեր գործադրած են: Հակառակորդիը յաջողած էր յետ մղել հայկական զօրքի չորս գրոհները: Հերթական գրոհի ժամանակ հայերը յաջողած էին անցք փորել պատի մէջ եւ ներթափանցելով բերդ, գրաւել:

Թրքական բանակները Երեւանի գրաւումէն յետոյ շարժած են դէպի Սիւնիք եւ Ատրպատական: 1726 թ. անոնք փորձած են գրաւել Սիւնիքը եւ վերջ տալ հայկական իշխանութեան: Օսմանեան բանակներուն միացան նաեւ շրջակայ մահմետական տիրակալներուն զօրքերը: Վերջինները յաջողեցան գրաւել շարք մը հայկական բնակավայրեր:

Դաւիթ Բեկը ստիապուած էր իր զօրքերով ամրանալ Հալիձորի բերդին մէջ: 1727 թ. Մարտին թուրքերը պաշարեցին Հալիձորը: Հայկական ուժերը յաջողած էին ետ մղել թշնամիի յամառ գրոհները: Հակառակորդները կրկին ծաւալուն գրոհ կազմակերպեցին պաշարման մէջ գտնուող Հալիձորի վրայ: Թրքական զօրքերը, աստիճաններ մօտեցնելով բերդի պարիսպներուն, փորձեցին բարձրանալ պարիսպներուն վրայ: Պաշարուած հայ ռազմիկները մեծ քանակութեամբ թրքական զինուորներու ցած գլորեցին պարսիկներէն: Բերդի հրամանատարութիւնը որոշեց ճեղքել պաշարումը, դուրս գալ շրջափակէն եւ անցնիլ հակայարձակման: Մխիթարն ու Տէր Աւետիսը դիմեցին հայ զինուորներուն. «Արիացէ՛ք, մի՛ երկնչէք մեզ, եթէ հասած է մեր վախճանը՝ քաջաբար մեռնինք, որովհետեւ մեզի համար աւելի լաւ է արիութեամբ պարիսպներէն դուրս մեռնիլ, քան այստեղ, մեր աչքերուն առջեւ տեսնել մեր ընտանիքներու եւ բարեկամներու մահը»: Անոնց հետեւեցան երեք հարիւր զինուածներ: Պաշարուածները աննկատ դուրս գալով բերդէն, յանկարծակի  յարձակեցան թշնամիին վրայ: Խուճապի մատնուած թշնամիի զօրքը, մեծ կորուստներ տալով, դիմեցին փախուստի: Այդ օրը օսմանցիներու բանակէն ինկաւ տասներեք հազար զինուոր, իսկ հայ զինուորներէն՝ շատ քիչեր: Թշնամիէն խլուեցաւ քառասունութ դրօշ եւ անոնց բանակի ամբողջ կողոպուտն ու ունեցուածքը:

Հալիձորի յաղթանակը օսմանեան բանակներու դէմ տարած յաղթանակներէն ամենախոշորն ու նշանաւորն էր: Բարձրացաւ հայկական զօրքերու մարտական ոգին, Անոնք սկսան կապանը արագօրէն մաքրել թրքական զօրքերէն: Օսմանեան բանակը, նահանջելով, կեդրոնացաւ Մեղրիի մէջ: Հայկական զօրքերը Մխիթար սպարապետի եւ Տէր Աւետիսի հրամանատարութեամբ յարձակումի անցան Մեղրիի վրայ: Մեղրեցիներէն բաղկացած ջոկատ մը յաջողեցաւ աննկատ թափանցել Մեղրի: Այն ժամանակ, երբ թուրքերը շարժած էին դէպի Փոքր թաղ՝ դիմագրաւելու հայերու գրոհին, թիկունքէն կը գրոհէր թշնամիի վրայ: Անակնկալի գալով՝ թուրքերը կը շարժին դէպի Մեղրիի կիրճը, որու ելքը նախօրօք գրաւած էին հայերը: Թուրքերը նախընտրեցին շարժիլ դէպի Արաքս եւ անցնիլ գետը:Հետապնդելով թշնամիին՝ հայկական զօրքերը ազատագրեցին Մեղրին եւ հակառակորդի դէմ լիակատար յաղթանակ տարին: Հալիձորին եւ Մեղրիի յաղթանակները ոգեւորութիւն առաջացուցին հայկական զօրքի մէջ:

Հայ-պարսկական ռազմական համագործակցութիւնը

 Թրքական բանակներու դէմ պայքարի յաջողութիւնը ամրապնդելու նպատակով Դաւիթ Բեկը պատուիրակութիւն կ՛ուղղարկէ պարսից շահ Թահմասպ 2-րդի մօտ՝ համագարծակցութիւն առաջրակելով: Անոր ի պատասխան կը ստանայ շահի լիակատար հաւանութիւնը: Ան յատուկ հրովարտակով կը ճանչնայ Դաւիթ Բեկի իշխանութիւնը, անոր դրամ հատելու իրաւունք վերապահելով: Շահը իր շրջաբերականին մէջ կոչ ըրած էր շրջակայ պարսկական կառավարիչներուն՝ ճանչնալ եւ համագործակցաբար աշխատիլ Դաւիթ Բեկի հետ: Աւելին, շահի հրամանով թրքական արշաւանքին դիմագրաւելու համար պարսիկ կառավրաիչները պարտաւոր էին զինուած օժանդակութիւն ցուացբերել Դաւիթ Բեկին ու հայկական իշխանութեան:

Մխիթար Սպարապետ եւ Ապստամբութեան աւարտը

 1728 թուականը շրջադարձային եղաւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարին համար: Այդ թուականին մահացաւ Դաւիթ Բեկը: Կապանի զինուարական հրամանատարութիւնը ամբողջութեամբ անցաւ Մխիթար Սպարապետին, որ շարունակեց պայքարը թուրք զաւթիչներու դէմ:

Թրքական բանակը, կրած պարտութիւններէն ուշքի գալով, կրկին յարձակեցաւ Սիւնիքի վրայ: Այդ գրոհին դիմագրաւելու ժամանակ հայկական զօրքերու հրամատարութեան մէջ տեղի ունեցաւ պառակտում: Երբ հակառակորդը կրկին պաշարեց Հալիձորի բերդը, Մխիթար Ստարապետը պահանջեց շարունակել պաշտպանութիւնը եւ ուժասպառ ընել թշնամիին, իսկ Տէր Աւեիսը նախընտրեց անոնց հետ բանակցելու ուղին: Մխիթար Սպարապետը ստիպուած էր գիշերով հեռանալ բերդէն: Թուրքերը գրաւեցին բերդը, կողոպտեցին ու կոտորեցին այնտեղ մնացած հայ բնակչութիւնը: Հալիձորի անկումէն յետոյ հայ զինուորականութեան միջեւ հակասութիւնները խորացան: Թէեւ Մխիթար Սպարապետ յաջողեցաւ միաւորել հայկական ուժերը եւ թուրքերու դէմ շարք մը յաջող յարձակումներ կազմակերպել, սակայն ապստամբական ուժերու կազմալուծումը հնարաւոր չեղաւ կասեցնել:

1730 թ. Օրդուբադուի մէջ թուրքերուն պարտութեան մատնելէ ետք, Խնձորեսկ վերադառնալու ճանապարհին, Մխիթար Սպարապետ դաւադրաբար կը սպաննուի: Սիւնիքի ազատագրական պայքարի ելած զօրքերը, հետզհետէ կազմալուծուելով եւ միայնակ մնալով թշնամիի գերակշիռ ուժերու դէմ, չկրցան վերջնական յաղթանակի հասնիլ:

Այսպիսով, չնայած հայկական ուժերու տարած բազում յաղթանակները, ազատագրական պայքարի ելած զօրքերը հետզհետէ կազմալուծուեցան: Այդուհանդերձ ազատագրական այդ պայքարը խոր հետք ձգեց, բարձրացուց հայ ժողովուրդի ինքնագիտակցութիւնն ու ազատագրական ոգին եւ հաւատ ներշնչեց սեփական ուժերու նկատմամբ: Պարսից պետութիւնը ստիպուած էր իր յետագայ քաղաքականութեան մէջ հաշուի նստիլ հայկական մելիքութիւններու հետ, ճանչնալ անոնց իրաւունքներն ու ինքնիշխանութիւնը:

Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական շարժումը մեծ արձագանգ գտաւ ողջ հայութեան մէջ: Ան ոգեշնչած էր նաեւ հայ ժողովուրդի յաջորդ սերունդները եւ հաւատով լեցուցած սեփական ուժի նկատմամբ:

4-Արեւելեան Հայաստանը Նադիր շահի իշխանութեան ներքոյ

Շահական Պարսկաստանի նոր քաղաքականութիւնը

 Պարսկաստանի մէջ ա‎ֆղանական եւ թրքական նուաճումներու դէմ ապստամբութեան գլուխ անցած զօրահրամանատար Նադիրը՝ յաջողած էր պարտութեան մատնել աֆղաններուն եւ դուրս քշել զանոնք երկիրէն: Շարք մը ճակատամարտերուն պարսկական բանակը պարտութեան մատնած է նաեւ թրքական զօրքը: Նադիրի յաջողութիւնները պայմանաւորուած էին ժողովրդական զանգուածներու աջակցութեամբ:

Թրքական զօրքերու դէմ պայքարող Նադիրը օժանդակութիւն ստացած է նաեւ Անդրկովկասի ժողովուրդներուն, մասնաւորապէս հայերուն կողմէն: Ընդգծելու համար հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր բարեացակամութիւնը, Նադիրը այցելած է Էջմիածին եւ ներկայ աղած է պատարագին: Վանքի վերանորոգման համար ան յատկացուցած է 1000 թուման, զարդարած 15 քիլօ կշռող ոսկէ ջահով: Միաժամանակ Էջմիածին ուղարկած է ընտիր գորգեր եւ այլ նուէրներ: Անոր հրովարտակով վերահաստատուած են կաթողիկոսի եւ հայ հոգեւորականութեան հնուց սահմանուած իրաւունքները: Նադիրը, որպէս հեռատես քաղաքական գործիչ ու դիւանագէտ, լաւ կը հասկնար տեղական բնակչութեան համակրանքը շահելու եւ անոր օգնութեան փութալու նշանակութիւնը հակաթրքական պայքարի մէջ:

Պարսկական եւ Օսմանեան զօրքերու միջեւ 1735 թ. Յունիսին Եղուարդ գիւղի մօտ խոշոր ճակատամարտ տեղի ունեցաւ, ուր օսմանցիները ծանր պարտութիւն կրեցին: Պարսկական բանակի կազմին մէջ թուրքերուն դէմ կը մարտնչէին նաեւ հայ զինուորներն ու աշխարհազօրայինները: Նադիրի բանակին մէջ էին Արեւելեան Հայաստանի նշանաւոր գործիչներ՝ Դիզանի Մելիք Եգանը, Գեղարքունիքի մելիք  Շահնազարը, Երեւանի մելիք Յակոբջանը եւ ուրիշներ:

Եղուարդի ճակատամարտէն յատոյ Նադիրը ասպատակեց Կարսէն մինչեւ Կարին ու Պայազիտ ինկած տարածքները: Թրքական հրամանատարութիւնը համաձայնեցաւ զօրքերը դուրս բերել Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Գանձակի բերդերէն եւ Անդրկովկասէն: 1736 թ. Էրզրումի մէջ Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած է պայմանագիր, որով Թուրքիան կրկին ճանչցած է Պարկաստանի տիրապետութիւնը Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւելեան Վրաստանի մէջ: Նադիրը 1736 թ. հրչակուեցաւ Պարսկաստանի նոր շահ: Անոր տիրապետութեան ժամանակ Պարսկաստանը կրկին դրաձաւ Արեւելքի հզօր պետութիւններէն մէկը:

Հայկական ինքնավարութեան ձեւաւորումը Արցախի մէջ (Խամսային Մելիքութիւնները)

 Շահ հրչակուելէ յետոյ Նադիրը դաժան հաշուեյարդար տեսաւ այն ցեղերու հետ, որոնք օժանդակած էին թրքական զօրքերուն: Արցախի հարդավայրէն տեղահանեց եւ Խորասան աքսորեց այնտեղ տեղաւորուած թրքամէտ Ջիվանշիր քոչուոր ցեղը: Նոյն թուականին (1736) Նադիրը Արցախը անկախ յայտարարեց Գանձակի խանութիւններէն՝ դարձնելով այն առանձին վարչական միաւոր: Ան վերահաստատեց Արցախի ներքին վարչական բաժանումն ու մելիքներու ժառանգական իրաւասութիւնները: Այնուհետեւ  Արցախի (Ջրաբերդի, Գիւլիստանի, Խաչերի, Վարանդայի եւ Դիզակի) մելիքութիւնները սկսան անուանել խամսային մելիքութիւններ: Անոնց կառավարիչ նշանակուեցաւ Դիզակի մելիք Եգանը, որ միաւորած էր նաեւ Արցախի մելիքներու ռազմական ուժերը: Վերջինս ստացաւ նաեւ խանի տիտղոս: Մելիք Եգանի մահէն յետոյ կառավարիչի պաշտօնը անցաւ անոր որդի Արամին, իսկ այնուհետեւ վերջինս եղբօրը՝ մելիք Եսայիին:

Նադիր շահի կառավարման ժամանակ Արցախի մելիքները պահպանեցին իրենց նախկին բոլոր իրաւունքենրը: Իւրաքանչիւր մելիք ունէր իր զօրքը, որ անհրաժաշտութեան պարագային կրնան հասնիլ 1000-1500 զինուորի: Արցախի մելիքութիւններուն սահմանները տարածուած էին Գանձակէն մինչեւ Արաքս գետը: Նադիր շահի մահէն ետք հայ մելիքները յաջողութեամբ խափանած էին Արցախի հարեւանութեամբ հաստատուելու մահմետականներու բոլոր փորձերը եւ աւերած անոնց հիմնադրած ամրութիւնները: Արցախի հարթավայրային մասը մահմետականները երկար ժամանակ զբաղեցուցած էին աւարառութեամբ ու կողոպուտներով: Անոնք յաճախակի յարձակումներ գործած էին հայ մելիքներու տիրպետութեան վրայ:

Իրենց տիրպետութիւնը պահպանեցին նաեւ Սիւնիքի եւ Ղարադաղի (Սեւ լեռներ) հայկական մելիքութիւնները: Սեւանի Հարաւ-Արեւելեան մասը իշխող մելիք-Շահնազարեան տոհմի ներկայացուցիչները Նադիրի իշխանութեան տարիներուն ոչ միայն պահպանեցին սեփական իրաւունքները, այլեւ աւելի ամրապնդեցին իրենց դիրքերը: Անոնք անկախ ճանչցուեցան Երեւանի խանի կողմէ: Արարատեան երկրի քալանթար նշանակուեցաւ Մելիքջան Մելիք-Շահնազարեանը: Վերջինին մահէն յետոյ անոր որդի մելիք Մանուչարը նշանակուեցաւ Երեւանի ու Նախիջեւանի զօրահարամանատար: Մելիքլ Մանուչարը մեծ վստահութիւն ունէր Նադիրի մօտ: Ան իր զօրամասով մասնակցած էր Նադիրի Հնդկաստան կատարած արշաւանքին:

Արցախի ինքնավարութիւնը մարմնաւորուած էր նաեւ հոգեւոր իշխանութեան՝ Գանձասարի կաթողիկոսութեան գոյութեամբ: Վերջինս եռանդուն մասնակցութիւն ունեցած էր ազատագրական շարժման մէջ: Ան Արցախի ոչ թէ միայն հոգեւոր, այեւ աշխարհիկ ուժերու համախմբման ու անոնց պայքարի հիմնական կեդրոնն էր: 1700 թ.էն մինչեւ իր կեանքի վերջը, ազատագրական եռանդուն գործունէութիւն ծաւալած էր Եսայի Հասան-Ջալալեան կաթողիկոսը: Եսայի կաթողիկոսի մահէն ետք ա, Գանձասարի կաթողիկոսարանը մնացած էր հայոց ազատագրական շարժման կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Այնտեղ կը կազմակերպուէին գաղտնի խորհրդակցութիւններ՝ քննարկելու Հայաստանի ազատագրութեան տարբեր ծրագիրներ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …