Home / Ա / Նիւթեր / Հայագիտական / ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ

1800-ական թուականներուն, հայ ժողովուրդը, ըլլայ Տաճկահայաստանի ըլլայ Կովկասի մէջ, զարմանալի կերպով մտային եւ հոգեկան զարթօնք մը ունեցաւ, որ իր մէջ յառաջացուց ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենասիրական ոգին: Այս զարթնումի պատճառները բազմաթիւ են ըլլայ քաղաքական կամ տնտեսական գետնի վրայ: Իբր արդիւնք այս շարժումին, հայ ժողովուրդը ծնաւ բազմաթիւ գրագէտներ, բանաստեղծներ ու հոգեկան եւ քաղաքական առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ հայկական հարցը սկսաւ ձեւաւորուիլ եւ դառնալ որոշ պահանջք: Այս շրջանին հայութիւնը ունեցաւ նաեւ պոռթկումներ եւ ընդհարումներ թուրք կառավարութեան հետ: Վերջապէս այս շրջանին է որ հայը արթնցաւ մօտ 500 տարուայ խորունկ քունէն:

1839-ին թուրքիոյ մէջ հրատրակուեցաւ իբր սուլթանական հրովարտակ, բարեկարգութիւններու շարք մը, որոնք կոչուեցան «Թանզիմաթ»: Ըստ այս հրամանագրին քրիստոնիայի եւ իսլամի տարբերութիւնը կը վերցուէր մէջտեղէն եւ երկու կրօնքները կը դառնային հաւասար օրէնքին առջեւ. ինչպէս նաեւ որոշ չափով հարստահարութիւնները վերջ կը գտնէին: Այսպիսով հայութիւնը շունչ մը քաշեց եւ առիթը ունեցաւ զբաղելու իր զաւակներու դաստիարակութեամբ:

1838-ին Սկիւտարի մէջ բացուեցաւ ճեմարանը, որ առիթը տուաւ հայ աշակերտին ունենալու հայկական երկրորդական ուսում:

1863-ին գործադրութեան դրուեցաւ Հայ Ազգային Սահմանադրութիւնը որուն հիմը դրած էին երիտասարդ մտաւորականներ, որոնք իրենց ուսումը ստացած էին Եւրոպայի մէջ: Ասոնցմէ է Գրիգոր Օտեան: Ազգային Սահմանադրութիւնը մեզի կուտար կրօնական ինքնավարութիւն մը որ շատ հեռու է քաղաքական ինքնավարութենէն:

Պոլսոյ մէջ այս շրջանին հայերէն թերթեր ալ սկսան հրատարակուիլ:

1862-ին Զէյթունի մէջ ապստամբութիւն մը տեղի ունեցաւ: Հայ ժողովուրդը կը մերժէր ենթարկուիլ տաճիկ կառավարութեան ու չէր ուզեր վճարել իր վրայ դրուած տուրքերը: Թրքական կանոնաւոր բանակ մը կը յարձակի Զէյթունի վրայ, բայց Զէյթունցիները քաջաբար կռուելով կը դիմադրեն ու կը գրաւեն նոյնիսկ թրքական երկու թնդանօթները:

best online casinos

Այս ապստամբութիւնը կը ցնցէ հայ հոգին ու խոր ազդեցութիւն կը ձգէ հայ գրագէտներուն վրայ, մասնաւորապէս Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ու Րաֆֆիի վրայ:

1804-ին ռուսերը մտան Կովկաս: Հոն անոնք զանազան պատերազմներ ունեցան պարսիկներուն հետ. այս կռիւներու ընթացքին հայերը բռնեցին ռուսերու կողմը եւ անոնց կողքին կռուեցան, անոնք կազմեցին կամաւորական գունդեր, որոնց առաջնորդը եղաւ Ներսէս Աշտարակեցին, որ յետոյ եղաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս: Այս միջոցին  ռուսերը խոստացան հայերուն տալ ինքնավարութիւն իրենց իշխանութեան տակ, բայց ռուսական զօրքերուն յաղթանակէն ետք հայերը ստացան միայն կրօնական ազատութիւն: Բայց եւ այնպէս հայերը որոշ չափով ձերբազատուեցան պարսկական սարսափներէն ու հանգիստ շունչ մը քաշելով սկսան զբաղիլ դպրոցներ շինելով, ինչպէս Թիֆլիսի մէջ Ներսիսեան Վարժարան ու Մոսկուայի մէջ Լազարեան ճեմարանը: Հրատարակուեցան նաեւ հայերէն թերթեր:

Արեւելահայաստանի մէջ է որ ծնունդ առաւ աշխարհաբար գրականութիւնը: Խաչատուր Աբովեան, որ կը նկատուի Հայկական Զարթօնքին հայրերէն մին, իր գործունէութեան կեդրոն ունեցաւ Երեւան քաղաքը:

Այսպիսով հայ գրականութիւնը սկսաւ զարգանալ ի մասնաւորի հայրենաշունչ քերթուածներով ու ազատագրական եւ յեղափոխական վէպերով: Անոնք սկսան հայ ժողովուրդին մէջ արթնցնել ազատութեան գաղափարն ու փափաքը եւ կամաց կամաց սկսաւ գիտակցութեան գալ, մինչեւ որ եկաւ հասաւ 1877-ի ռուս-թրքական պատերազմը, եւ Խրիմեան Հայրիկ Պերլինէն վերադառնալով հայութեան տուաւ իր մեծագոյն պատգամը «Հայ ժողովուրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քու վրադ դիր»:

Այս շրջանին է որ ուրեմն հայութիւնը ունեցաւ իր ազատութեան բուռն փափաքը եւ ճամբայ բացաւ գալիք յեղափոխական սերունդներուն:

1862-ին Զէյթունի ու Վանի կռիւները եկան փաստելու որ հայ ժողովուրդը այլեւս առաջուայ գերին չէ եւ գիտէ գործածել իր երկաթէ շերեփը:

765qwerty765

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …