ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ

ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ

Սեւրի դաշնագիրը, որ մէկ կողմէ դաշնակից եւ ընկերակից ուժերու եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած խաղաղութեան առաջին դաշնագիրն է, պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանը իբրեւ անկախ պետութիւն եւ Կարնոյ, Պիթլիսի ու Վանի նահանգները կցեց Հայաստանի Հանրապետութեան:

1920 Օգոստոս 10ին ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ), Թուրքիոյ կայսրութեան եւ համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին յաղթող դաշնակից պետութիւններու միջեւ՝ Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Յունաստան, Լեհաստան, Ռումանիա, Հայաստան, Չեքոսլիովաքիա, Սերպիա, Խրութիայ եւ Սլովենիա: Հայաստանի Հանրապետութեան անունով պայմանագիրը ստորագրեց Ա.Ահարոնեան, իսկ արեւմտահայութեան որպէս ներկայացուցիչ՝ Ազգ. Պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպարը: Պայմանագիրը կը բաղկանար 13 մասերէ եւ 433 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերէին սահմ. եւ քաղ. փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան (ռազմական, ծովային, օդային, ջրային տնտեսական, երկաթուղային ճանապարհներու աշխատուժի հարցերուն…):

Սոյն դաշնագրին համաձայն Թուրքիային կը մնար Կ.Պոլիսը եւ շրջակայքը: Իսկ Հայաստանի իրաւունքները կ՛ընդգրկէին 88-93 յօդուածները, ուր Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար ազատ ու անկախ պետութիւն: Իսկ ինչ կը վերաբերէր Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն, այդ սահմանազտումը պիտի վստահուէր Ա.Մ.Նահանգներուն, եւ պիտի ընդունուէր առաջարկներ Հայաստանին դէպի ծով ելք ունենալու: Իսկ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանագծումը կը կարօտէր այդ պետութիւններուն հետ ուղղակօրէն բանակցութիւններ վարել, հակառակ պարագային, վստահիլ գլխաւոր դաշնակից պետութիւններուն խնդիրը լուծելու յատուկ յանձնաժողովի օգնութեամբ: Տեղին է յիշել որ Սեւրի դաշնագրի յօդուածները կը թոյլատրէին բնակչութեան (18էն վեր) քաղաքացիութիւն ընտրել տարածաշրջանի որեւէ երկրի մը մէջ, ուր մեծամասնութիւն կը կազմէին՝ համապատասխան իրենց ազգութեան եւ կրօնքի պատկանելիութեան:

Այսպիսով պայմանաւորուածութիւն մը ստեղծեցին, ուր Վրաստանը, Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Պարսկաստանը Պաթումիի նաւահանգիստով ազատ մուտք ունենայ դէպի Սեւ Ծով: Դաշնակիցները բարեացակամօրէն կը վերաբերէին Կարսէն Ճորոխիի հովիտով դէպի «Հայկական Միջանցքի» գաղափարին, սակայն պայմանագիրը ստորագրուած պահուն Վրաստանը այդ մէկը փոխարինելով հայերուն առաջարկեց երկաթուղի կառուցել Վրաստանի տարածքով, եւ որովհետեւ տակաւին յստակ չէր Տրապիզոնի նաւահանգիստի Հայաստանի սահմաններուն մէջ ընդգրկելը, յատուկ յօդուածով Հայաստանին կ՛երաշխաւորէր թրանզիթային արտօնութիւններ ու նաւահանգիստի մէկ մասին առյաւէտ վարձակալութիւնը:

Նախքան սահմանագծումն ու Սեւրի դաշնագրի ստորագրումը, նախագահ Ուլիլսընի նշանակած յանձնաժողովը պարտաւոր էր ուսումնասիրել շրջանի տարբեր տեսակի հարցերը: Սոյն դաշնագրով Հայաստան պէտք էր ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու երկու երրորդը, Էրզրումի գրեթէ ամբողջ նահանգը, Տրապիզոնի նահանգին մեծ մասը՝ ներառեալ նաւահանգիստը եւ միաւորուելով Անդրկովկասի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, հայկական անկախ պետութիւնը կ՛ունենար շուրջ 160 հազար քառ.քլմ. դէպի Սեւ Ծով ելքով:

Սեւրի դաշնագիրը կրնար նպաստել Հայկական Հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդին տրամադրել անոր ազգային համախմբման համար բաւարար տարածք, սակայն այդ բոլորը մնաց թուղթի վրայ, որովհետեւ քեմալականները դիմեցին այդ հաստատումը կանխող տարբեր միջոցներու եւ որպէս առաջին քայլ նոր արշաւանք սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ ոչնչացնելու մտադրութեամբ, եւ շատ չանցած 1923ի Լոզանի պայմանագրով դաշնակիցները ճանչցան Մ.Քեմալի կառավարութիւնը, աւելին անոնք ճանչցան Թուրքիոյ նոր սահմանները, որոնք կ՛ընդգրկէին Արեւելեան Հայաստանի նախկին շրջանները՝ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն: Դժբախտաբար, զանազան պատճառներով Սեւրի դաշնագիրը չվաւերացուեցաւ նոյնինքն ստորագիրներու կողմէ, սակայն կը մնայ յուշագիր մը՝ Հայ Դատի արդարացի լուծման որպէս հիմնական մէկ հանգրուան, կերտելու Ազատ, Անկախ եւ Ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականը:

Յօդուած 88.-            Թուրքիա, համաձայն դաշնակից պետութիւններուն կողմէ արդէն իսկ առնուած քայլերուն, այսուհետեւ կը ճանչնայ Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն մը:

Յօդուած 89.-            Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ միւս պայմանադիր բարձր կողմերը կը հաւանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին ճշդորոշման խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահին որոշումը այդ գծով, ինչպէս նաեւ իր թելադրած այն պայմանները, որոնք կրնան Հայաստանին հնարաւորութիւն տալ ծովային ելք ունենալու, եւ որոնք կրնան պահանջել յիշեալ սահմանին յարակից թրքական հողամասերէն որեւէ մէկ բաժնին ապազինումը:

Յօդուած 90.-            Այն պարագային երբ 89րդ յօդուածին համաձայն սահմանը վճռուի, յիշեալ նահանգներու հողերուն ամբողջութիւնը կամ մէկ մասը Հայաստանին փոխանցելով՝ Թուրքիա այժմէն իսկ կը յայտնէ թէ նման որոշման մը թուականէն սկսեալ կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ սեփականատիրութենէն փոխանցուած այդ հողամասին կապակցութեամբ: Ներկայ դաշնագրին այն տրամադրութիւնները, որոնք կիրարկելի են Թուրքիայէն անջատուած որեւէ հողամասի, այնուհետեւ կիրարկելի պիտի ըլլան յիշեալ հողամասին համար:

Յօդուած 91.-            Այն պարագային երբ 89րդ յօդուածին մէջ ակնարկուած հողամասին որեւէ բաժինը փոխանցուի Հայաստանին՝ Սահմանագծման յանձնաժողով մը, որուն կազմութեան եղանակը պիտի վճռուի յետագային, պիտի կազմուի յիշեալ յօդուածով նախատեսուած որոշումի հրապարակումին յաջորդող երեք ամսուան ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, որպէսզի տեղւոյն վրայ գծէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը, տրուած որոշումին համաձայն:            

Յօդուած 92.-            Յաջորդաբար Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ՝ Հայաստանի սահմանները պիտի վճռուին ուղղակի համաձայնութեամբ, շահագրգռուող կողմերուն միջեւ: Եթէ շահագրգռուող պետութիւնները ձախողին համաձայնաբար վճռել իրենց սահմանները մինչեւ 89րդ յօդուածին մէջ ակնարկուած որոշումին թուականը, խնդրոյ առարկայ սահմանագիծը պիտի վճռուի դաշնակից գլխաւոր պետութեանց կողմէ, որոնք յանձն կ՛առնեն նաեւ տեղւոյն վրայ գծել զայն:
%%anc%%

Յօդուած 93.-            Հայաստան կ՛ընդունի եւ կը հաւանի Դաշնակից Գլխաւոր Պետութեանց հետ կնքուած դաշնագրի մը մէջ ներմուծել այնպիսի տրամադրութիւններ, որոնք կրնան անհրաժեշտ նկատուիլ այդ պետութեանց կողմէ՝ պաշտպանելու համար իրաւունքները Հայաստանի այն բնակիչներուն, որոնք կը տարբերին բնակչութեան մեծամասնութենէն ցեղային ծագումով, լեզուով եւ կրօնքով: Հայաստան նոյնպէս կ՛ընդունի եւ կը հաւանի Դաշնակից Գլխաւոր Պետութեանց հետ կնքուած դաշնագրի մը մէջ ներմուծել այնպիսի տրամադրութիւններ, որոնք կրնան անհրաժեշտ նկատուիլ այդ պետութեանց կողմէ՝ պաշտպանելու համար տարանցումի ազատութիւնը եւ այլ ժողովուրդներու հետ առեւտուրի մէջ  հաւասար վերաբերում:

zp8497586rq

About admin