ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՌՈՒՍԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ
1830-1840-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
1-Հայաստանի Իրաւաքաղաքական Դրութիւնը
Հայաստանի ինքնավարութեան նախագիծը եւ Հայկական մարզը
Արեւելեան Հայաստանը Ռուսիոյ միացնելու ժամանակ ռուսական կառավարութեան զբաղեցուցած էր այն հարցը, թէ խանական իշխանութեան փոխարէն ինչպիսի կարգեր պէտք է հաստատել երկրին մէջ: Բեդերսպուրկի մէջ ստեղծուած էր յատուկ կոմիտէ, որ զբաղած էր այդ խնդիրով: Միւս կողմէն՝ այդ հիմնահարցը գտնուած էր Հայաստանի կարգավիճակով մտահոգ հայ ազգային գործիչներու ուշադրութեան կեդրոնը: Այդ շրջանին խումբ մը հայրենասէրներ Լազարեան տոհմի նշանաւոր ներկայացուցիչ Խաչատուր Լազարեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի ինքնավարութիւն ստեղծելու նախագիծ ներկայացուցած են: Նախագծի համաձայն՝ Ռուսիոյ հովանաւորութեան ներքեւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ ստեղծուած էր ինքնավարութիւն, որ պէտք է ունենար իր օրէնքները, զինանշանը եւ դրօշը: Բնակիչներու իրաւուքներն ու պարտականութիւնները պէտք է սահմանուէր կայուն օրէնքներով: Պէտք է ստեղծուէր հայկական սահմանապահ զօրք: Հայ եկեղեցին պէտք է պահպանէր իր իրաւունքները: Առաջարկած էր վերացնել ճորտատիրութեան մնացորդները եւ այլն: Հայ հայրենասէրներու այդ նախագիծը մերժուեցաւ կառավարութեան կողմէ:
Ստեղծուած պայմաններու մէջ ցարական կառավարութիւնը ստիպուած էր հարաժարիլ իր նախագիծէն եւ բռնել փոխզիջման ուղին: Նիկոլայ Ա. թագաւորի 1828թ. Մարտի հրամանով Արեւելեան Հայաստանի նորագրաւ տարածքներէն կազմաւորուած է վարչական նոր միաւոր՝ Հայկական մարզ անունով: Ան պիտի կառավարէր մարզային վարչութիւնը՝ պետի գլխաւորութեամբ: Վարչութեան կազմի մէջ մտած էին երկու ռուս զինուորական, տեղի քրիստոնեայ եւ մահմետական ազգաբնակչութիւններէն մէկական ներկայացուցիչ: Մարզի մէջ մտած էին Երեւանի եւ Նախիջեւանի նախկին խանութիւնները եւ Օրդուբադի օկրուգը: Հայկական մարզի վարչութեան պետ նշանակուած է կեներալ Ա.Ճաւճաւաձէն, որուն 1830-1838 թթ. փոխարինած է իշխան Վ. Բեպբութովը:
Հայկական մարզը բաժնուած էր գաւառներու, որոնք իրենց հերթին բաժնուած էին շրջաներու: Գաւառներու մէջ հիմնուած են ոստիականական վարչութիւններ եւ գաւառային դատարաններ: Մարզի վարչական կառուցուածքի մէջ 1833թ. փոփոխութիւններ մտցուած են: Վերացած է մարզային վարչութեան կեդրոնացեալ ղեկավարման ձեւը, եւ լայն իրաւունքներ տրուած են վարչութեան պետին: Հիմնուած են ոստիականական, դատական, ֆինասական բաժիններ եւ հարկային վարչութիւն:
1836թ. եկեղեցական կանոնադրութիւնը.-
Արեւելեան Հայաստանը Ռուսիոյ միացնելէ ետք բնական է, որ ցարական կառավարութիւնը պէտք է անդրադառնար հայկական եկեղեցւոյ գործունէութեան զայն ծառայեցնէր պետութեան շահերուն: Հայկական մարզին մէջ փոփոխութիւններ կատարելուն զուգահեռ ան ձեռնամուխ եղաւ վերակառուցելու նաեւ հայ եկեղեցւոյ կառավարութիւնը: Մանաւանդ յայտնի էր, որ վաղ միջնադարէն սկսած՝ եկեղեցին աշխուժօրէն մասնակցած էր երկրի ներքին եւ արտաքին գործերուն: Յատկապէս սեփական պետութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ մեծ էր հոգեւորականութեան ազդեցութիւնը երկրի կեանքին մէջ: Պարսկական շահը եւ թրքական սուլթանը հայ ժողովուրդին վերաբերող խնդիրները մեծ մասամբ իրականացուցած էին հոգեւոր իշխանութիւններու միջոցաւ:
Արեւելեան Հայաստանը Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ անցնելէ յետոյ ցարական կառավարութիւնը թոյլ չէր տար, որ հայ եկեղեցւոյ պետերը խառնուին պետութեան գործերուն: Աւելին, ցարիզմը կը ցանկանար հոգեւորականութեան հեղինակութիւնը օգտագործել իր իշխանութիւնը հայ ժողովուրդի վրայ ամրապնդելու համար:
Ահա թէ ինչու եկեղեցին բարեփոխելու նպատակով 1833թ. ստեղծուեցան յատուկ յանձնաժողովներ: Ցարական պաշտօնեաները կ՛ելլէին մէկ կողմէ տեղական պահանջքները, միւս կողմէ՝ պետութեան ընդհանուր շահերը հաշուի առնելու սկզբունքէն: 1836թ. Մարտի 11ին ընդունուած է մշակուած կանոնադրութիւնները (պոլոժենիէ): Այս կանոնադրութեամբ սահմանուած էին հայ եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու պարտականութիւնները: Ռուսիոյ մէջ բնակող հայկական շրջանները բաժնուած են հոգեւոր թեմերու (վիճակներու): Կազմուած է 6 թեմ՝ Երեւանի, Ղարաբաղի, Վրաստանի, Շամախիի կամ Շիրուանի, Նոր Նախիջեւանի ու Բգսարաբիայի եւ Աստրախանի: Իւրաքանչիւր թեմ ունէր իր առաջնորդը, վանքերն ու եկեղեցիները, դպրոցները, շարժական եւ անշարժ գոյքը եւ եւայլն:
1836թ. կանոնադրութիւնը հոգեւորականութեան արգիլած էր պետութեան գործերուն խառնուիլ: Կառավարութեան հսկողութեամբ պահպանուած էին Էջմիածնի կաթողիկոսի իրաւունքները՝ Ռուսիոյ եւ արտասահմանի հայութեան նկատմամբ: Հայկական դպրոցներու, լուսաւորական այլ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ ծննդեան, ամուսնութեան, թաղման հարցերու տնօրինումը յանձնուած էր եկեղեցւոյ: Կանոնդրութեամբ օրինականացուած էին Էջմիածնի եւ հոգեւոր այլ հաստատութիւններու ու վանքերու հողատիրական իրաւունքները:
1836թ. կանոնադրութիւնը օրէնքի ուժ ունէր եւ կը կարգաւորէր ցարական կառավարութեան եւ հայ եկեղեցւոյ փոխյարաբերութիւնները:
2-Վարչատնտեսական կառոյցը
Վարչական կառուցուածքը.- Արեւելեան Հայաստանն ու ամբողջ երկրամասը Ռուսիոյ միացնելէ յետոյ, վարչական բաժանման գործող օրէնքներու խառնուրդ մը ստեղծուած էր: Կառավարութիւնը մտածած էր միասնական եւ յստակ վարչաձեւ մշակել:
1840թ. ընդունուած է օրէնքով, որով Անդրկովկասը ենթարկուած էր վարչական նոր բաժանումի, ստեղծուած էր վարչական երկու միաւոր՝ Վրացա-իմերեթական նահանգ եւ Կասպիական մարզ: Հայկական մարզը՝ որպէս առանձին վարչական միաւոր վերացած է: Մեծապետական այդ նոր օրէնքը անտեսած էր Անդրկովկասի ժողովուրդներու ազգային առանձնայատկութիւնները, այդ պատճառով ալ ընդհանուր դժգոհութիւններու պատճառ դարձաւ:
Ցարական կարգերը ամրապնդելու նպատակով 1844թ. Կովկասի մէջ հիմնուած է փոխարքայութիւն: Փոխարքայ նաշանակուած է փորձուած պաշտօնեայ՝ Ա.Վորոնցովը, որ ճկուն քաղաքականութիւն կը վարէր: 1849թ. յատուկ հարամանագրով կազմուած է Երեւանի նահանգը, որուն մէջ մտած էր հինգ գաւառ՝ Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի, Նախիջեւանի, Նոր Պայազիտի, եւ Օրդուբադի: Վարչական այս բաժանումը պահպանուեցաւ երկար ժամանակ՝ մինչեւ 1917 թուականը: 1830-1840-ական թթ. վարչական վերափոխումներով ցարական կառավարութիւնը Անդրկովկասի մէջ ամրապնդեց ռուսական օրէնքներն ու վարչաձեւը:
Տնտեսութիւնը.- Երկար ժամանակ գտնուելով յետամնաց Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ՝ Հայաստանի տնտեսութիւնը մնացած էր չափազանց ցած մանարդակի վրայ:
Գիւղատնտեսութեան մէջ մշակուած էին ցորեն, գարի, բրինձ, ծխախոտ եւ այլն: Ռուսիոյ կազմին մէջ մտնելէ ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ գետնախնձորի եւ կաղամբի մշակութիւնը: Տարածուած էր այգեգործութիւնը, յատկապէս խաղողոգործութիւնը: Հողը մշակուած էր միջնադարեան գործիքներով:
Հայերու շրջանը զարգացած էր արհեստագործութիւնը, որ կեդրոնացած էր քաղաքներու մէջ: Անոնք ունէին իրենց կազմակերպութիւնները՝ համքիարութիւնները, որոնք միեւնոյն արհեստի մէջ համախմբուած աշխատողներու միութիւններ էին:
Արդիւնաբերութիւնը շատ թոյլ զարգացած էր: Արեւելան Հայաստանի մէջ կը գործէր Ալավերդի, Աթլաթի, եւ մասամբ Կապանի պղնձահանքերը, Նախիջեւանի եւ Կողբի աղահանքերը: Արտադրուած պղինձը եւ աղը կ՛արտահանէին:
Անդրկովկասը տնտեսապէս իրեն ենթարկելու նպատակով ցարական կառավարութիւնը հովանաւորած էր առեւտուրը: Տնտեսութեան այս ճիւղը զարգացում կ՛ապրէր: Անդրկովկասի առեւտուրը կեդրոնացած էր հայերու ձեռքը:
Քաղաքները յետամնաց վիճակի մէջ էին: Արաւելեան Հայաստանի նշանաւոր քաղաքներէն էին Երեւանը, Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրի), Նախիջեւանը, Ախալցխան, Կարսը, Շուշին: Անոնք վարչական եւ առեւտրաարդիւնագործական կեդրոններ էին, բայց անոնց մէջ մշակութային աչքի ինկող հաստատութիւնններ չկային: Այդ քաղաքներու բնակչութիւնը չէր անցներ 10-13 հազարը: Բնակչութեան աճը դանդաղ էր: Երեւան քաղաքը եթէ 1830-ական թթ. ունէր 11300 բնակիչ, ապա 1850թ. բնակչութեան թիւը հասաւ ընդամէնը 12600-ի:
Ցարական կառավարութիւնը Անդրկովկասին, այդ թուին եւ Հայաստանին կը նայէր որպէս գաղութ: