Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / 1877-78 ԹԹ. ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄԸ

1877-78 ԹԹ. ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄԸ

1877-78 ԹԹ. ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄԸ

1-Ռուս-թրքական պատերազմը

Պատերազմի պատճառները.- 1870ականներուն թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող ժողովուրդները ոտքի կանգնած են անկախութիւն ձեռք բերելու համար: Այդ ժամանակ թրքական կազմութեան մէջ կը գտնուէին Պալքանեան թերակղզիի մեծ մասը՝ Պուլկարեան, Մակեթոնիան, Պոսնիան, Հարցեգովինան: Սերպեան եւ Ռումանիան կիսանկախ իշխանութիւններ էին եւ կը ձգտէին լրիւ անկախութեան: 1875թ. ապստամբած են Պոսնիան եւ Հերցեգովինան, 1876թ. Պուլկարեան: Այդ ապստամբութիւնները Ռուսիոյ մէջ յառաջացուցին լայն շարժում՝ «սլաւոն եղբայրներուն օգնելու» կարգախօսով: Ռուսիան օգտագործեց Պալքանեան ժողովուրդներու պայքարը իր քաղաքական նպատակները իրականացնելու համար: Կ.Պոլսոյ մէջ մեծ տէրութիւններու դեսպաններ 1876թ. Դեկտեմբերին Թուրքիոյ առաջարկեցին մշակել եւ իրագործել պալքանեան ժողովուրդներու դրութեան բարելաւման ծրագիր մը: Սուլթան Ապտուլ Համիտը, ապահովելով Անգլիոյ աջակցութիւնը, մերժեց դեսպաններու առաջարկը՝ այդ համարելով իր ներքին գործերուն միջամտութիւն: Այդ հանգեցուց ռուս-թրքական պատերազմի սանձազերծման: 1877թ. Ապրիլին ռուսական ցար Ալեքսանտր Բ.-ը Ռումինիոյ հետ պայմանագիր կնքեց Քիշնեւի մէջ եւ ապահովելով անոր դաշինքը, նոյն օրը՝ Ապրիլի 12ին, ստորագրեց պատերազմ սկսելու մանի‎ֆեստը:

Պատերազմի ընթացքը.- Պատերազմը տեւեց տասը ամիս: Ռազմական գործողութիւնները կ՛ընդանային Պալքանեան եւ Կովկասեան ռազմաճակատներու վրայ: Պատերազմի սկիզբի փոփոխական յաջողութիւններէն յետոյ, Շիպկայի եւ Պլեւնայի համար մղուած մարտերուն, ռուսերը վճռական յաղթանակ տարին եւ 1878թ. Յունուար 4-ին մտան Սո‎ֆիա, ապա գրաւեցին Պլովդիւն ու Ատրիանապոլիսը եւ մօտեցան Կ.Պոլսոյ:

Կովկասեան ռազմաճակատի հիմնական ռազմական գործողութիւնները կը վարէին 52 հազարնոց կովկասեան կորպուսը Միքայէլ Լորիս-Մելիքովի հրամանատարութեամբ:

1877թ. Ապրիլի 12ին Կովկասեան ռազմաճակատին ռուսական զօրքերը յարձակումի անցան երեք ուղղութիւններով՝ Ալեքսանդրապոլ-Կարս, Իգտիր-Պայազիտ եւ Ախալծխա-Արտահան: Երեւանեան ջոկատը հայազգի կեներալ Արշակ Տէր Ղուկասովի հրամանատարութեամբ Ապրիլին կը գրաւէ Պայազիտն ու Ալաշկերտը:

1877թ. Յունիսին թուրքերը մեծ ուժեր կը կեդրոնացնեն եւ կը պաշարեն Պայազիտի բերդը: Թրքական 10.000-նոց զօրքերը կատաղի գրոհներ կը սկսին բերդի վրայ, որ պաշտպանուած էր կայազօրի պետ մայոր Շտոկվիչը փոքրաթիւ ռուսական զօրջոկատի եւ հայ կամաւորներու ուժերով: Միակ փրկութիւնը դուրսի օգնութիւնն էր: Պաշարուածները իրենց վիճակի մասին ցանկացած են լուր հարցնել Տէր-Ղուկասովին, սակայն բոլոր լրատարները բռնուած են թուրքերու կողմէ: Կար կամաւոր Սամսոն Տէր Պօղոսեանը, ծպտուած քիւրտի հագուստով, անցած է թուրքերուն քովէն, եւ լուր յանձնած է Տէր Ղուկասովին: Վերջինս մեծ թիւով վիրաւորներով եւ հայ գաղթական բնակչութեան հետ իրականացուցած է իր նշանաւոր նահանջը: «Եղբայրն՛եր,- դիմած է ան իր զինուորներուն,- մերոնք սովմահահ եղած, տանջուած եւ մեռած են Պայազիտի մէջ: Երթանք անոնց հետ մեռնելու»: Արշակ Տէր Ղուկասովը հասած է Պայազիտ եւ փրկած 23 օրուայ պաշարուածները: Պատմական այդ փաստը իր գեղարուեստական արտացոլումը գտած է Րաֆֆի «Խենթ»ը վէպին մէջ:

Կովկասեան ռազմաճակատի կարեւոր յաղթանակներէն էր Կարսի գրաւումը: Պատերազմի սկիզբը ռուսերը այնտեղ անյաջողութեան մատնուեցան: Երկրորդ անգամ այդ գործը յանձնարարուեցաւ Յովհաննէս Լազարեւին, որ վճռականօրէն կազմակերպեց գրոհը, յայտարարելով. «Եթէ գրոհը ցերեկը չաւարտեմ, կը շարունակեմ գիշերը»: Իսկապէս գիշերային գրոհով գրաւեց Կարսը:

Մեծ էր պատերազմի մասնակցող հայ զօրավարներու թիւը՝ 7 կեներալ եւ աւելի քան 500 բարձրաստիճան սպայ: Այդ պատերազմը ոգեւորած էր ե՛ւ արեւմտահայերը, ե՛ւ արաւելահայերը: Անդրկովկասի տարբեր վայրերու մէջ ձեւաւորուած էին ութ զօրամիաւորներ՝ մեծ մասամբ բաղկացած հայերէ: Արեւելահայերը Ախուրեանի վրայ կամուրջ կառուցեցին ռուսական զօրքերու Արեւմտեան Հայաստան անցքը ապահովելու համար: Երեւան նահանգի հայութիւնը ռուսական զօրքերուն տրամադրեց հազարաւոր սայլեր, ձիեր եւ ուղտեր: Երեւանի եւ Ղարաքիլիսէի հայերը իրենց տուները տրամադրած էին ռուսական զօրքերուն իբրեւ հիւանդանոցներ եւ ստանձնած վիրաւոր ռուս զինուորներուն բժշկական օգնութեան գործը: Արեւմտահայերը ստոյգ տեղեկութիւններ կը հաղորդէին ռուսական զօրամասերուն թրքական ռազմական ուժերուն վերաբերեալ, ուղեկցորդի դեր կը կատարէին եւ կամաւորական ջոկատներ կը ստեղծէին:

Պատերազմի երկրորդ փուլին մէջ ռուսական զօրքերու յաղթանակը ակնյայտ էր: 1878թ. Յունուարի սկիզբները ռուսերը առանց մարտերու գրաւեցին Ատրիանապոլիսը եւ մտան Կ.Պոլիս, ընդամէնը 12 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սան-Ստեֆանօ աւանը, ուր Յունուար 19-ին կնքուեցաւ զինադադար:

2-Հայկական հարցի միջազգայնացումը

Սան-Ստեֆանոյի պայմանագիրը.- Ռուս եւ թուրք դիւանագէտները սկսան պատրաստուիլ հաշտութեան պայմանագիր կնքերու: Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանը բանակցեցաւ ռուսիոյ կողմէ Ղեկավար Ն.Իգնատեւի հետ եւ խնդրեց հաշտութեան պայմանագրին մէջ տեղ յատկացնել հայ ժողովուրդի արդարացի ձգտումներուն: 1878թ. Փետրուար 19ին Սան-Ստե‎ֆանոյի մէջ ստորագրուեցաւ ռուս-թրքական խաղաղութեան պայմանագիր: Ան անուանուեցաւ նախնական, քանի որ որոշուած էր Եւրոպային վերաբերող հարցերը քննարկել համաեւրոպական վեհաժողովին մէջ: Սան-Ստեֆանոյի պայմանագիրը բաղկացած էր 29 յօդուածներէ, որու 16-րդ կէտը կը վերաբերէր հայերուն: Կ՛ըսուէր. «Հաշուի առնելով, որ ռուսական զօրքերու դուրս բերելը Հայաստանէն կրնար առիթ տալ բախումներու, Բարձր Դուռը պարտաւորուած է հայաբնակ մարզերու մէջ անյապաղ կենսագործել բարենորոգումներ եւ ապահովել հայերու անվտանգութիւնը քիւրտերէ եւ չերքէզներէ»: Պայմանագրի յօդուածներուն մէջ կային հայերուն վերաբերող հարցեր: Անոնց համաձայն բարենորոգումները պէտք է կատարուէին 6 ամսուայ ընթացքին, մինչեւ ռուսական զօրքերու դուրսբերումը եւ որոնց մասին թուրքերը պէտք է հաշուետու ըլլային ռուսական կողմին: Քանի որ Թուրքիան անկարող էր վճարել հսկայ ռազմատուգանք, Ռուսիոյ անցած էր Կարսը, Արտահանը, Պաթումը, Պայազիտը:

16րդ յօդուածը ոգեւորեց հայութիւնը: Այնտեղ առաջին անգամ օգտագործուած էր Հայաստան անուանումը, Թուրքիան խոստովանած էր, որ իր տարածքին մէջ կան հայաբնակ մարզեր: Սան-Ստեֆանոյի պայմանագիրը ուժեղացուց Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Թուրքիոյ վրայ եւ անոր միջազգային հեղինակութիւնը բարձրացուց: Այդ պայմանագիրը կոչուած էր «նախնական», ուստի Անգլիան ու Աւստրոյ-Հուկարեան Եւրոպական պետութիւններու վեհաժողով հրաւիրելու առաջարկութեամբ դիմեցին Գերմանիոյ: Մեծ տերութիւնները համաձայնութեան եկան Պեռլինի մէջ հրաւիրել միջազգային վեհաժողով:

Հայկական Հարցի յառաջացումը.- Պեռլինի վեհաժողովին արեւմտահայութեան պահանջները ներկայացնելու համար ընտրուեցաւ հայկական պատուիրակութիւն՝ նախկին պատրիարք Մկրտիչ Խրիմեանի գլխաւորութեամբ: Ան իր քարտուղար եւ թարգմանիչ Մինաս Չերազի հետ մեկնեցաւ Եւրոպա՝ մեծ տէրութիւններուն ներկայացնելու հայ ժողովուրդին ակնկալիքները: Խրիմեանը հանդիպումներ ունեցաւ Իտայլիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ նաեւ Անգլիոյ պետական գործիչներուն հետ:

Պատուիրակութեան միւս անդամը Խորէն Նարբէյն էր, որ պատրիարաքի յանձնարարութեամբ մեկնեցաւ Պետերսպուրկ: Ան ռուսական ցարին պիտի ներկայացնէր հայութեան խնդիրը՝ վեհաժողովի ժամանակ դրական լուծում տալ հայ ժողովուրդի ձգտումներուն: Վեհաժողովի օրերուն անոնք պէտք է հանդիպէին Պեռլինի մէջ: Վեհաժողովը սկսաւ 1878թ. Յունիսի 1-ին եւ աւարտեցաւ Յուլիսի 1-ին: Անոր մասնակցած էին Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Աւստրոյ-Հունկարիայի, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները: Իբրեւ պարտուած պետութիւն ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը, որ Կիպրոսը Անգլիոյ զիջելով՝ ապահովեց անոր աջակցութիւնը: Պատերազմին յաղթած Ռուսիան Պեռլինի մէջ մնաց մինակ, այստեղ ամէն մէկ պետութիւն կը հետապնդէր իր շահը: Հայ պատուիրակութեան թոյլ չտրուեցաւ մասնակցիլ վեհաժողովի նիստերուն: 16րդ յօդուածը փոխուեցաւ 61ի: Յօդուածէն ելաւ Հայաստան անունը, մնաց միայն «հայաբնակ մարզեր» անորոշ արտայայտութիւնները: Այս յօդուածով ոչ թէ միայն ժամկէտ չէր նշուած բարենորոգումներու կատարման համար, այլեւ անոնց մասին Բ. դուռը պէտք է հաշիւ տար ոչ թէ Ռուսիոյ, այլ վեց մեծ պետութիւններուն: Անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները թոյլ չէին տար միասնական գործողութիւններու ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ: Մեծ բանավէճեր սկսաւ Արեւմտեան Հայաստանէն Ռուսիոյ անցնող տարածքներու հարցով: Անգլիոյ պնդումներով Թուրքոյ անցաւ Էրզրումը, Ալաշկերտի հովիտը, Պայազիտը եւ յարակից տարածքները: Ռուսիոյ մնաց միայն Պաթումը, Կարսը եւ Արտահանը: Վերջին երեքէն ստեղծուեցաւ Կարսի մարզը, որ մինչեւ Առաջին աշխարհամարտի աւարտը մնաց Ռուսիոյ կազմին մէջ:

Հայ պատուիրակութիւնը Պեռլինէն վերադարձաւ յուսախաբ, Մկրտիչ Խրիմեանը զգաց, որ աղերսաթուղթերը եւ խնդրագիրերը չեն կրնար օգնել հայութեան, որ ժողովուրդը կրնար փրկուիլ միայն պայքարով: Հայկական հարցը 61րդ յօդուածով միջազգայնացուեցաւ: Մեծ տիրութիւնները իրենց քաղաքականութիւնը դարձուցին Թուքիայէն ոեւէ պահանջ ունենալու պարագային բարձրացնել հայկական հարցը՝ 61րդ յօդուածի իրագործումը, արեւմտահայութեան համար բարենորոգումներ կատարելու խնդիրը: Սուլթան Ապտուլ Համիտ զգաց այդ վտանգը եւ ծրագրեց հայկական հարցը վճռել իւրովի՝ զանգուածային կոտորածներու միջոցով: Այդ չարիքը կանխազգացին հայ իրետես գործիչները՝ Գրիգոր Օտանեան, նաեւ Գարեգին Սուանձտեանը, որոնք քարոզած էին, որ հայութեան ազատութեան խնդիրը հա ժողովուրդին ձեռքն է.« Հայաստանի մէջն է բուն հայկական խնդիրը, իսկ մենք Պեռլինի մէջ կը որոնենք զայն»:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …