Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ԵՒ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐԸ 1890ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ԵՒ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐԸ 1890ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ԵՒ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ
essay writing service cheap ՄԱՐՏԵՐԸ 1890ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

1-Սասունի ապստամբութիւնը
Արեւմտահայութեան կոտորածները

Թրքական կառավարութեան հայահալած քաղաքականութիւնը.- 19-րդ դարու վերջին քառորդին երթալով աւելի ծանրացած էր արեւմտահայութեան սոցիալ-քաղաքական եւ տնտեսական դրութիւնը: Հայ գիւղացին մահմետականէն հինգ անգամ աւելի շատ հարկ կը վճարէր: Ծանր եւ յուզիչ հարկային քաղաքականութիւնը նպատակ կը հետապնդէր թուլացնել հայերու տնտեսական հզօրութիւնը, զրկել անոնց ապրուստի միջոցներէն, հարկադրել, որ անոնք բռնեն տարագրութեան ուղին: Թրքական իշխանութիւնները նաեւ այս միջողով փորձած էին հասնիլ հայկական նահանգներու հայաթափման զարզրելի ծրագրի իրականացման:

Տնտեսական բազմաբնոյթ ճնշումները կը զուգակցէին ազգայնամոլական քաղաքականութեամբ, ազգային հողի վրայ տեղի ունեցող խժդժութիւններով, բռնութիւններով: Թուրք կառավարող վերնախաւի, սուլթան Ապտուլ Համիտի մօտ արմատաւորուած էր այն մտայնութիւնը, թէ Հայկական հարցը պէտք է «լուծուի» հայերու բնաջնջման ճանապարհով: Այդ նպատակին համար սուլթանը դեռեւս 1891ին ստեղծած էր իր անունով կոչուող քրտական «համիտիէ» հեծելազօրերը, որոնց հիմնական խնդիրն էր կոտորել հայերը եւ միւս քրիստոնեաները: 1890ական թթ. սկիզբները սուլթանական կառավարութիւնը ամենայն մանրամասնութեամբ մշակեց ջարդերու ծրագիրրը՝ համապատասխան հրահանգներ յղելով տեղական իշխանութիւններուն՝ հայկական կոտորածները բարձրացնելով պետական մակարդակի:

Սասունի 1894թ. ապստամբութիւնը.- Թրքական իշխանութիւնը որոշեց նախ եւ առաջ հաշուեյարդար տեսնել հայ ազատագրական շարժման գլխաւոր օճախներէն մէկուն՝ Սասունի հետ: Սասունը Արեւմտեան Հայաստանի լեռնային գաւառենրէն է: Ան վարչականօրէն կը գտնուէր Պիթլիսի վիլայէթին մէջ եւ ունէր շուրջ 35000 հայ բնակչութիւն: Ազատաբաղձ սասունցիները ճնշելու համար սուլթանի հրամանով թրքական ուժերը յաճախ յարձակումներ կը կազմակերպէին Սասունի հայկական գիւղերու վրայ: 1891-1892 թթ. սասունցիները պարտութեան մատնած են թուրք-քրտական ուժերը, որոնք կը փորձէին ներխուժել Տատրագոմ եւ սուրի քաշել խաղաղ բնակչութեան: Հնչակեան կուսակցութեան գործիչներ՝ Միհարն Տամատեանը, Մեծն Մուրատը (Համբարձում Պոյաճեան) տեղի գործիչներ Հրայրի, Գէորգ Չաւուշի եւ ուրիշներու հետ ժողովուրդին ապստամբելու կոչում ուղղած էին: Շուտով լեռնականները հրաժարած են հարկատուութենէ: Սուլաթանական կառավարութիւնը նախ փորձած է սասունցիները հնազանդեցնել քիւրտ ցեղապետերու միջոցով, հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ անով աւելի կը սրի հայ-քրտական յարաբերութիւնները: Սակայն լեռնցիները անկոտրում մնացած էին: Սասունցիները Գրիգոր Մոսէյեանի գլխաւորութեամբ, 1893 թ. պարտութեան մատնած էին Պիթլիսի կուսակալի կողմէ ուղարկուած զօրքը: Բայց սուլթանը յաջողած է ձերբակալել Մ.Տամատեանը, Տարօնի հոգեւոր առաջնորդ Ներսէս եպիսկոպոսը եւ այլ ըմբոստ սասունցիներ՝ թիւով 25 հոգի: Սակայն սասունցիները չվհատեցան: Պայքարի ղեկը իրենց ձեռք վերձուցած են Մեծն Մուրատը, Հրայրը եւ անոնց զինակիցները, որոնք ժողովուրդին նախապատրաստած են զինուած պայքարի: Առանձնապէս մեծ աշխատանքներ ծաւալած է երիտասարդ հայդուկ Գէորգ Չաւուշը:

Կատղած սուլթանը սասունցիներու դէմ ուղարկած է 4րդ բանակի հրամանատար Զէքի փաշան, որուն միացած են նաեւ քրտական ջոկատները եւ թուրք խառնամբոխը: Զէքի փաշան պահանջած է վերջին 7 տարիներու հարկը, սակայն սասունցիները մերժած են:

Օգոստոսի սկիզբը թրքական աւելի քան 40000նոց զօրքն ու խառնամբոխը անցած է յարձակումի: Սասունցիները դիմած են հերոսական պաշտպանութեան՝ խիզախութեամբ եւ անձնազոհութեամբ հրաշքներ գործելով: Տղամարդկանց հետ ուս-ուսի քաջաբար մարտնչած էին նաեւ կանայք եւ պատանիներ: Տեսնելով, որ չի կրնար ճնշել քաջակորով լեռնականները, թշնամին դիմած է նենգութեան. պատուիրակաութիւն ուղարկած է սասունցիներու մօտ եւ սուլթանի անունով ներում խոստացած, եթէ անոնք անձնատուր ըլլան: Բանակցութիւններու համար սասունցիները ուղարկած են 148 հոգի, որոնք, սակայն շրջապատուած են թշնամիի կողմէ եւ կոտորուած: Կռիւները սկսած են նոր թափով, Բայց ուժերը խիստ անհաւասար էին: Գեռակշիռ հակառակորդը շուտով գրաւած է շարք մը բնակավայրեր, նաեւ՝ պաշտպանութեան կեդրոն Գալիեգուզան գիւղը: Ընդամէնը 2000 մարտիկ ունեցող սասունցիները նահանջելով դիրքաւորած են լեռներուն մէջ եւ սրընթաց հակագրոհներ կազմակերպելով, զգալի հարուածներ հասցուցած թշնամիին: Շուրջ 15 օր շարունակուած է այդ անհաւասար գոտեմարտը: Օգոստոսի վերջերը թրքական զօրքերը ի վերջոյ յաղթած են եւ սուրի քաշած մօտ 7000 հոգի: Կիներէն ոմանք, չարատաւորուելու համար, ինքնասպան եղած են: Գիւղեպետ Գրիգորի հարս Շաքէն զոհուած է՝ նետուելով ժայռէն, անոր օրինակին հետեւած են շատեր:

Ապստամբութեան ղեկավարներու մէկ մասը (Գր.Մոսէյեան, Ա.Նիկայեան, եւ որիշներ) զոհուեցաւ, իսկ միւսները (Մեծ Մուրատ, Գէորգ Չաւուշ եւ այլ) ձերբակալուեցան: Մուրատը դատապարտուեցաւ 11 տարուան բանտարկութեան եւ աքսորուեցաւ Դրիբոլի (Լիբանան):

Սասունի 1894թ. ապստամբութիւնը Պեռլինի գոնկրէսէն ետք արեւմտահայերու առաջին զինուած ելոյթն էր օսմանեան բռնապետութեան դէմ: Սասունցիները յոյս ունէին, որ մեծ տիրութիւնները կը միջամտեն յօգուտ իրենց: Սակայն անոնց յոյսերը չարդարացան: Մեծ տիրութիւնները Սասունի իրադարձութիւններով սկսան զբաղիլ միայն այն ժամանակ, երբ Ապտուլ Համիտը արդէն ճնշած էր ապստամբութիւնը եւ սուրի քաշած հազարաւոր անմեղ հայեր:

Բարենորոգումներու Մայիսեան ծրագիրը.- Սասունի կոտորածները բողոք եւ զայրոյթ առաջացուցին բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Միջազգային յառաջադէմ հասարակութիւնը բողոքի ձայն բարձրացուց Ապտուլ Համիտի կողմէ Սասունի մէջ կատարուած ոճրագործութիւններու դէմ: Հասարակական պահանջի ազդեցութեան տակ անգլիական, ‎ֆրանսական եւ ռուսական կառավարութիւնները սկսան անդրադառնալ Սասունի ջարդերուն: 1894թ. Նոյեմբերին կազմուեցաւ յատուկ յանձնաժողով՝ Սասունի կոտորածները ուսումնասիրելու համար: Քանի մը ամիս աշխատելէ յետոյ յանձնաժողովը եզրակացուց, որ Սասունի հայութիւնը կոտորուած է առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան, կոտորուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ առանց պատճառի: Վերստին առաջ քաշուեցաւ հայկական հարցը: 1895թ. Մայիսի 11ին Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանները Թուրքիոյ բարենորոգումներու ծրագիր ներկայացուցին, որ կոչուեցաւ Մայիսեան ծրագիր: Ըստ ատոր՝ Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Խարբերդի, Տիարպէքիրի եւ Սեբաստիոյ վիլայէթներու մէջ (նահանգներու մէջ) պիտի իրականացուէին բարենորոգումներ: Նահանգապետերը պիտի նշանակուէին 5 տարի ժամկէտով, առանց կրօնական խտրութեան: Եթէ նահանգապետը քրիստոնեայ էր, ապա տեղակալը պէտք է մահմետական ըլլար եւ հակառակը: Նահանգապետերն ու գաւառատեպետնրը պիտի նշանակուէին սուլթանի կողմէ: Պէտք է վերցուէր բռնի պահակները, կարգաւորել հարկային դաշտը եւ պէտք է լուծում ստանային հողային ու դաշտային հարցերը:

Ստանալով այդ փաստաթուղթը՝ սուլթանը կեղծաւորաբար գոհունակութիւն յայտնեց, սակայն աւելցուց, որ ինքը անարդար կը համարէ բարենորոգումներու իրականացումը կայսրութեան միայն մէկ մասին մէջ: Ան Դեսպաններուն ըսաւ, որ անհարժեշտ է բարենորոգումներ իրականացնել նաեւ մնացած վիլայէթներու մէջ: Չնայած անոր, որ սուլթանը 1895թ. Հոկտեմբերին հաստատեց բարենորոգումներու ծրագիրը, սակայն ոչ մէկ քայլ ձեռնարկեց անոնց իրագործման ուղղութեամբ:

Եւրոպայի մեծ տիրութիւններու ուշադրութիւնը գրաւելու եւ անոնց աջակցութեամբ Մայիսեան բարնորոգումներու ծրագիրը կենսագործելու համար հնչակեանները 1895թ. Սեպտեմբերին Կ.Պոլսոյ մէջ խաղաղ ցոյց կազմակերպեցին: Ցոյցի կազմակերպիչները նախօրոք դեսպաններուն տեղեկացուցած էին, որ ցոյցը ունի խաղաղ բնոյթ: Շուրջ 4000 խաղաղ ցուցարարներ շարժեցան դէպի Պապ Ալիի՝ կառավարութեան նստավայրը: Սակայն կէս ճանապարհին ոստիկանները կանգնեցուցին ցուցարարները եւ թոյլ չտուինս որ անոնք պահանջագիրը յանձնեն կառավարութեան: Ապա զինուորները ցուցարարներու վրայ յարձակեցան եւ գնդակոծեցին անոնց: Նոյն օրը ջարդերը տարածուած են ողջ Կ.Պոլիս մէջ, որուն զոհ գացած են շուրջ 2000 հայ:

Արեւմտահայութեան զանգուածային կոտորածները.- Համոզուելով, որ Մայիսեան բարենորոգումներու ծրագիրը մեծ տիրութիւններու միջեւ առկայ հակասութիւններու պատճառով մնացած է թութղի վրայ, սուլթանը վճռեց հայերու բողոքի ձայնը խեղդել աննախադէպ կոտորածներով: Անոնք փաստօրէն սկսած են 1894թ. եւ շարունակուած մինչեւ 1896թ. վերջերը:

Կառավարութիւնը հրահանգած է յետադէմ մահմետական հոգեւորականութեան կեղծ լուրեր տարածել, որ իբր հայերը ցանկացած են պետական յեղաշրջում կատարել եւ կոտորել մահմետականները: Ոտքի հանեցին թուրք մոլեռանդ խառնաբոխը, քրտական ցեղերը, ոստիկանական ուժերը, բանակային կանոնաւոր զօրամասերը, որոնք առանց սեռի եւ տարիքի խտրութեան սկսան հայերու կոտորածները:

1895թ. Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն ջարդեր տեղի ունեցան Բաբերդի, Երզնկայի, Շապին-Գարահիսարի, Էրզրումի, Սեբաստիոյ, Ուր‎ֆայի, Վանի, Պայազիտի, Պիթլիսի մէջ եւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ այլ շրջաններու մէջ:

1896թ. Օգոստոսի 14ին խումբ մը դաշնակցականներ արտասովոր միջոցներու դիմած են: Անոնք մտած են Օ Թոման դրամատուն եւ պահանջած են դադրեցնել ջարդերը, այլապէս սպառնած են պայթեցնել դրամատունը: Դեսպաններու միջամտութեամբ դրամատունը գրաւած խումբը ազատած է, բայց այդ դէպքը առիթ դարձած կոտորածներու ծաւալման համար: Եռօրեայ ջարդերու արդիւնքով միայն Կ.Պոլսոյ մէջ սրի քաշուած են մօտ 10 հազար հայ: Մեծ թիւով հայեր զոհուեցան կոտորածներուն յաջորդած ցրտաշունչ ձմրան, սովի եւ համաճարակի պատճառով:

1890ական թթ. կոտորածներով, փաստօրէն, սկսաւ արեւմտահայութեան ցեղասպանութիւնը: Զոհուեցան աւելի քան 300 հազար հայ, նոյնքանն ալ բռնեց տարագրութեան փշոտ ու փշոտ ճանապարհը: Մօտ 100 հազար հայ գաղթեց Ռուսիա, իսկ 150-200 հազար՝ Եւրոպայի, Ափրիկէ եւ Ամերիկայի զանազան երկիրներ: Ցաւոք, արեւմտահայութեան որոշ մասն ալ դաւանափոխուեցան՝ ընդունելով մահմետականութիւնը:

Կոտոածներու հետեւանքները.- 1890ական թուականներու ջարդերը խիստ ծանր հետեւանքներ ունեցան Արեւմտեան Հայաստանի եւ ողջ հայութեան համար: Օսմանեան թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու թիւը 3 միլիոնէն նուազեցաւ մինչեւ 2.5 միլիոնի: Բնաջնջուած եւ տարագրուած հայերու բնակավայրերու մէջ իշխանութիւնները բնակեցուցած էին մահմետականներ՝ փորձելով բնակչութեան տեսակարար կշիռը փոխել հօգուտ մահմետական ազգաբնակչութեան: Այդ պատճառով ի վնաս հայերու զգալիօրէն փոխուեցաւ Արեմտեան Հայաստանի ժողովրդական պատկերը:

Կոտորածներէ վերջ աւելի ուժեղացան արեւմտահայերու ազգային եւ սոցիալական ճնշումները: Ազատագրական շարժումները անմիջապէս ճնշելու համար օսմանեան կառավարութիւնը հայկական քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ հիմնեց զօրանոցներ, ստեղծեց տարբեր աւազակախումբեր: Աւելի յանդուգն սկսան գործել սուլթանի կողմէ հովանաւորուող քիւրտ ցեղապետները, որոնք բռնագրաւած էին հայեաու հողերը՝ անոնց տէրերը դարձնելով իրենց հպատակները:

Անկում ապրեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի տնտեսութիւնը: Փակուած էին արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները, կրճատուած ցանքատարածութիւնները, որոնք  քոչուոր ցեղեցու կողմէ օգտագործուած էին որպէս արոտավայրեր

Մեծ տիրութիւնները եւ արեւմտահայերու կոտորածները.- Մեծ տիրութիւնները Հայկական հարցը դարձնելով միջազգային դիւանագիտութեան առարկայ, զանիկա ծառայեցուցած էին իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերուն: Հայկական հարցը անոնք քննարկման առարկայ դարձուցած էին միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիայէն ցանկացած էին որոշակի զիջումներ ստանալ: Հասնելով իրենց նպատակին անոնք մոռցած էին հայերուն մասին: Նոյն քաղաքականութիւնը անոնք վարեցին նաեւ 1890ական թուականներուն:

Այսպէս, Մեծ Բրիտանիոյ կառավարող վերնախաւը յայտարարած է, որ եթէ չկանխեն ջարդերը, ապա կը խայտարակուին ողջ աշխարհին առջեւ: Բայց երբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարք մը հարցեր լուծուեցան յօգուտ իրեն, անմիջապէս մոռացութեան մատնեց Հայկական հարցը:

Գերմանիան, ձգտելով զօրացնել իր ազդեցութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, մշտապէս հանդէս կու գար սուլթանի պաշտպանութեամբ: Օսմանեան Թուրքիոյ ամբողջականութեան պահպանմամբ շահագործուած էր նաեւ Ֆրանսան, քանզի զգալի գումարներ ներդրեած էր երկրի մէջ: Հետեւաբար, ան դատապատած էր օսմանեան բռնակալութեան ներքոյ հեծող ժողովուրդները, այդ թուին հայերու ազատագրական շարժումները:

ԱՄՆ-ն ընդհանրապէս հրաժարած էր արծարծել Հայկական հարցը՝ այդ հիմնաւորուելով, որ ինք չէ ստորագրած Պեռլինի պայմանագիրը, եւ միջամտութիւնը «աւելի կը վնասէ գործին»:

Ցարական Ռուսիան, մտավախութիւն ունենալով, թէ արեւմտահայ ազատագրական շարժումները կրնան իրենց արձագանգը ունենալ Անդրկովկասի մէջ, շատ դէպքերու մէջ համերաշխ էր սուլթանի հետ: Այդ պատճառով հետապնդած էր ազատագրական շարժման գործիչները, արգիլած զինուած եւ զինատար խումբերու անցումը Թուրքիա:

Բոլորովին այլ էր համշէնահայերուն յառաջադէմ հասարակութեան վերաբերմունքը հայկական ջարդերուն հանդէպ: Ան իր բողոքի ձայնը բարձրացուց Օսմանեան իշխանութիւններու հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ: Մեծ տիրութիւններէն պահանջած էր հանդէս գալ հայերու պաշտպանութեան դիրքերով, գործուն միջոցներ ձեռնարկելով ջարդերու դադրեցման համար: Յիշատակութեան արժանի են ԱՄՆ-ի մէջ՝ Մարգ Տուեն, Գերմանիոյ մէջ՝ Յովհաննէս Լեփսիւս, Ֆրանսայի մէջ Ժան Ժորէս, Ռուսիոյ մէջ Վիգդոր Գոլցեւ եւ շատ ուրիշներ: Սակայն անոնց խօսքի ուժը շատ քիչ էր ջարդերը կանխելու կամ մեծ տիրութիւններու անտարբերութիւնը վերացնելու համար:

2-Արեւմտահայութեան ինքնապաշտպանական մարտերը

Զէյթունի 1895թ. ապստամբութիւնը.- Թրքական իշխանութեան գլխաւոր նպատակներէն էր նաեւ հայոց ազատամարտի մէկ այլ միջնաբերդի՝ Զէյթունի վերջնական հպատակեցումը: 1895թ. ամրան Զէյթունի եւ Լեռնային Կիլիկիոյ շարք մը այլ բնակավայրերու հայութիւնը զինուած պայքարի նախապատրաստելու համար Զէյթուն եկած են հնչակեան գործիչներ: Անոնք խորհրդակցութեան հրաւիրած են Զէյթունի իշխաններրը, տեղացի գիւղապետերը եւ հոգեւոր գործիչները: Հասկնալով եւ իմանալով, որ կառավարութիւնը ուժեր կեդրոնացուցած է Զէյթունի հետ հաշուեյարդար տեսնելու համար, քաջակորով զէյթունցիները որոշած են անոնց դիմաւորել զէնքը ձեռքին: Ապստամբութեան փաստական ղեկավար դարձաւ Նազարէթ Չաւուշ Նորաշխարհեանը: Երեք օր անց քաջամարտիկ լեռնականները գրաւեցին Զէյթունի կառավարատունը՝ գերելով բոլոր պաշտօնեաները, ապա գրաւեցին գիւղաքաղաքի թրքական զօրանոցը եւ գերուած 700 թուրք զինուորներուն ստիպեցին գլուխները խոնարհած անցնին վանահօր թուրին տակէն: Ապա հայերը գրաւեցին երկու թնդանօթ, երեք հարիւրէ աւելէ հրացան եւ ռազմամթերք: Ստեղծուած է Զէյթունի ժամանակաւոր կառավարութիւնը՝ Աղասիի գլխաւորութեամբ, ձեւաւորուած է նաեւ զինուորական խորհուրդը: Զօրանոցի վրայ բարձրացած է «Զէյթունի անկախ իշխանութեան» կարմիր դրօշակը:

Սուլթանական կառավարութիւնը զէյթունցիներու դէմ ուղղարկած է 30 հազարնոց կանոնաւոր եւ քանի մը հազարի հասնող անկանոն զօրամասեր: Զէյթունցիները զանոնք դիմաւորած են 6000 կռուող ուժով եւ Դեկտեմբերի 2էն 3ը քանի մը անգամ ետ մղած են գերակշռող հակառակորդի բոլոր գրոհները: Ապստամբութեան շուրջ 4 ամսուայ ընթացքին զէյթունցիները 3500 զոհ տուին, իսկ թշնամին՝ 20000 սպաննուած:

Եւրոպայի ուշադրութիւնը գրաւուած մնաց ամիսներ տեւող Զէյթունի հերոսամարտին վրայ: Հասարակական կարծիքի ճնշումին տակ ներքին գործին միջամտեցին մեծ տիրութիւններու ներկայացուցիչները: Հաշուի առնելով, որ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին դրութիւնը երթալով կը վատթարանար եւ ունկնդրելով եւրոպական դեսպաններու միջամտութիւնը՝ Ապտուլ Համիտը դադրեցուց ռազմական գործողութիւնները: Անգլիական, Ֆրանսական, ռուսական եւ իտալական հիւպատոսներու միջամտութեամբ Հալէպի մէջ զէյթունցիներու եւ թրքական իշխանութիւններու միջեւ բանակցութիւններ սկսան: Ի վերջոյ, փոխադարձ զիջումներով, 1896 թ. Յունուար 30ին կողմերու միջեւ պայմանագիր կնքուեցաւ:

Ըստ համաձայնագրին ապստամբներուն շնորհուած էր ընդհանուր ներում: Հնչակեան գործիչները պետութեան ծախսով պիտի անցնէին արտասահման, իսկ փախստական հայերը անարգել իրենց բնակավայրերը վերադառնալու արտօնութիւն ստանային: Զէյթունի մէջ պիտի նշանակուէր քրիստոնեայ կառավարիչ: Հայերը թշնամիէն խլուած զէնքերը պիտի վերադարձնէին: Չեղեալ պիտի համարէին հարկային պարտքները: Համաձայնագրի իրականացման հսկողութիւնը դրուած էր մեծ պետութիւններու հիւպատոսներու վրայ: Յատուկ այդ նպատակին համար գաւառի կեդրոն Մարաշի մէջ պիտի բացուէր հիւպատոսութիւններ: Բայց համաձայնագրի կէտերու մեծ մասը չիրականացուեցաւ: Իրագործուեցաւ միայն Զէյթունի քրիստոնեայ կառավարիչի (ազգութեամբ յոյն) նշանակութիւնը, ապստամբներուն ներում շնորհելը եւ երկրորդական բնոյթի խնդիրներ:

Զէյթունի 1895-1896 թթ. ապստամբութիւնը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի առասպել դարձած էջերէն է: Անուրանալի է անոր ազդեցութիւնը ազատագրական պայքարի յետագայ ծաւալման գործին մէջ:

Ինքնապաշտպանական մարտերը.- Արեւմտահայերը կոտորածներու առաջին օրերուն յանկարծակիի եկան: Բայց շուտով բազմաթիւ վայրերու մէջ կրցան կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան դիմել: 1895 թ. Հոկտեմբերին Եղիշէ քահանայ Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ ինքնապաշտպանութեան դիմեցին Մալաթիոյ հայերը՝ պարտութեան մատնելով ոստիկանները եւ խառնաբոխը: Սակայն նոր ուժեր ստանալով՝ թշնամին վերսկսաւ յարձակումը: Մարտերը կ՛ընթանար փոփոխակի յաջողութիւններով: Ի վերջոյ, թուրքերը կրցան կտրել հայերու դիմադրութիւնը եւ սուրի քաշել 3000 հոգի:

1895 թ. Հոկտեմբերի 31ին երկու հազարի հասնող թուրք եւ չերքէզ հրոսակները յարձակած էին Կիլիկիոյ Տօրթ-Եոլ (Չոք Մարզուան) գիւղի վրայ: Հայերը հնչակեան յայտնի գորրծիչ Մխիթար Սեֆեանի գլխաւորութեամբ դիմագրաւած են հակառակորդին: Թուրքերը Նոյեմբերի 6ին կրկին յարձակումի անցած են: Տեսնելով որ ուժերը խիստ անհաւասար են, հայերը կռուելով գիւղերէն դուրս եկած են եւ բարձրացած լեռները:

Մարաշի կոտորածներու ժամանակ թուրք հրոսակները յամառ եւ կազմակերպուած դիմադրութեան հանդիպած են Գիւմպեթ թաղամասի հայերու կողմէ: Թշնամիին բոլոր գրոհները ետ մղուած էին փոքրարթիւ, բայց իրենց դիրքերուն մէջ հաստատակամ կանգնած հայ քաջորդիներու կողմէ: Ցաւոք, մնացած թաղամասերու հայերը չեն կրցած դիմել ինքնապաշտպանութեան:

Հերոսական ինքնապաշտպանութեան դիմեց նաեւ Վանը: Պայքարը կազակերպելու համար Պարսկաստանէն Վան անցած էին Վազգէնի եւ Ներսէսի խումբերը: Անոնց ուժերը ցրուած էին Վանի եւ շրջակայ հայկական գիւղերուն մէջ: 1896 թ. Յունիսի 3ին թուրք բազմահազարնոց խուժանը անցած է յարձակումի: Յանկարծակիի եկած հայերը սկիզբը զգալի կորուստներ կրեցին: Բայց շուտով Դաշնակցութեան, Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու ղեկավարները, մէկ կողմ դնելով իրենց տարաձայնութիւնները, միաւորեցին մարտական ուժերը: Ինքնապաշտպանութեան կեդրոն դարձաւ Այգեստան թաղամասը: Յունիսի 5ին եւ 6ին թուրքերը փորձեցին գրաւել Այգեստանը, բայց անյաջողութեան մատնուեցան: Պաշտպանները հերոսաբար ետ մղեցին հակառակորդի բոլոր գրոհները:

Սակայն Մեծ Բրիտանիան միջամտեց: Վանի Անգլիական հիւպատոսը ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներուն կ՛առաջարկէ դադրեցնել դիմադրութիւնը եւ հեռանալ Պարսկաստան: Հայերը տեսնելով, որ ուժերը անհաւասար են, իսկ Օսմանեան իշխանութիւնները պարտաւորուած են ապահովել անոնց Պարսկաստան անվտանգ անցնիլը, համաձայնած են: Յունիսի 8ին մօտ մէկ ու կէս հազար հայեր դուրս եկած են Վանէն եւ ուղուած դէպի Վարագայ լեռը: Սակայն ուխտադրուժ թշնամին Սուրբ Բարդողիմէոս վանքի մօտ յարձակած է անոնց վրայ եւ կոտորած: Միայն 30 հոգի յաջողեցած է անցնիլ Պարսկաստան:

Քաղաքը զրկուեցաւ իր քաջարի պաշտպաններէն: Թուրքերը հրոյ ճարակ դարձուցին Վանը, ապա յարձակեցան վիլայէթի հայկական գիւղերու վրայ: Մօտ 20000 հայեր սուրէ քաշեցին: Թալանեցին եւ աւերեցին Վասպուրականի գրեթէ բոլոր վանքերը եւ այնտեղ պահող թանկարժէք ձեռագիրները:

1896 թ. Հոկտեմբերին թրքական զօրքը եւ մահմետական ամբոխը յարձակած են Ուր‎ֆայի հայ բնակչութեան վրայ: Ուրֆացիները երեք ամիս շարունակ յաջողութեամբ ետ մղեցին ջարդարարներ: Տեսնելով, որ չեն կրնար կտերլ ուրֆացիներու դիմադրական կամքը, գաւառապետը նենգութեան դիմած էր: Ան հայկական թաղամասերը 5000 զինուոր եւ համիտեանականներ ուղարկած էր, իբր ուրֆացիները մահմետական ամբոխէ պաշտպանելու համար: Հաւատալով գաւառապետի խոստումներուն՝ հայերը ընդունած են զինուորները: Մտնելով թաղամաս՝ թուրքերն ու քիւրտերը սկսած են կոտորածի: Կանանց ու երեխաներու մէկ մասը ապստանած են եկեղեցւոյ մէջ, որ հրկիզուած է ջարդարարներու կողմէ: Ելուզակները սուրի քաշած են աւելի քան ութը հազար հայեր:

Արեւմտահայերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին նաեւ այլ վայրերու մէջ: Այնտեղ, որտեղ հայերը դիմադրած էին, աւելի քիչ զօհեր տուած էին, որտեղ յանձնուած էին թշնամիի ողորմածութեան:

Դժուար է գերագնահատել ինքնապաշտպանութեան դերն ու նշանակութիւնը: Ինքնապաշտպանական մարտերու ժամանակ դրսեւորուեցաւ հայ ժողովուրդի ազատաբաղձ եւ անկոտրում ոգին: Այդ հերոսամարտերու ապացոյցեր են, որ թրքական արիւնոտ եաթաղանէն փրկութեան միակ յոյսը զինուած պայքարն է:

1890ական թուականներու կոտորածներու ժամանակ եղան թուրքեր եւ քիւրտեր, որոնք պաշտպանեցին հայերը: Այսպէս, Մոկսի կառավարիչ, ազգութեամբ քիւրտ Մուրթուլլայ պէյը, տեղեկանալով ջարդերու մասին, գիշեր մը Վանէն Մոսկուա հասած եւ կանխած է կոտորածը: Ցաւոք, այդպիսի մարդոց թիւը քիչ էր: Թուրքերու եւ քիւրտերու մեծ մասը, կրօնական մոլեռադութեամբ եւ թալանի տենչով համակուած, տուրք տուաւ իշխանութեան կոչերուն եւ մասնակցեցաւ կոտորածներուն:

765qwerty765

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …