Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

1-Տեղաշարժերը գիւղատնտեսութեան մէջ

Գիւղացիական բարեփոխումները.- Ակնառու դարձած էր ճորտատիրական Ռուսիոյ յետամնացութիւնը: Գահ բարձրացած Ալեքսանդր Բ. կայսեր մթնոլորտ նախապատրաստեց եւ 1861 թ. Փետրուար 16ի մանի‎ֆեստով վերացուց ճորտատիրութիւնը: Գիւղացին ճորտութենէն ազատելու ցարական մանի‎ֆեստը  մեծապէս նպաստեց երկրին մէջ կատարուած վարչական, դատական եւ զինուորական բարեփոխումներու աշխատանքին:

Ցարական կառավարութիւնը կայսրութեան եւրոպական մասին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելէ ետք անցաւ երկրի ծայրամասերը: 1860ական թթ. նոյն այդ քաղաքականութիւնը կիրառեց Վրաստանի մէջ, որտեղ  ճորտատիրական յարաբերութիւնները ուժեղ էին: Նկատի ունենալով, որ Երեւանի, Պաքուի եւ Ելիզաուետպոլտ նահանգներուն մէջ ճորտատիրութիւն չկար եւ հողատիրութեան ձեւերը համանման էին, ստեղծուեցաւ յանձնաժողով, որ պէտք էր այդ նահանգներուն համար մշակէր մէկ ընդհանուր կանոնադրութիւն: Յանձնաժողովի մշակած կանոնադրութիւնը 1870 թ. Մայիսի 14ին հաստատած է Ալեքսանդր Բ.ը, որով եւ այդ օրէնքի ուժ ստացած է:

Գիւղացիական բարեփոխումները կը վերաբերէին միայն կալուածատիրական գիւղացիներուն եւ չէին տարածուած պետական եւ վանքապատկան հողատիրութիւններու բնակչութեան վրայ: Կանոնադրութեան համաձայն՝ գիւղի իւրաքանչիւր արական բնակիչ իրաւունք ունէր փրկագնման կամ ետգնման միջոցով ձեռք բերել մինչեւ 5 դեսեատին հող: Սակայն քանի որ ետգնման վճարները բարձր էին, գիւղացիները ի վիճակի չէին նման վճարումներ կատարելու, ուստի մեծ մասը մնաց հողազուրկ: Կալուածատէրերը իրենց ձեռքը պահեցին հողերու զգալի մասը: Անոնց օգտին գիւղացիները պարտաւոր էին կոռ ու բեկար կատարել: Այնպէս որ 1870 թ. բարեփոխումները իրենց հիմնական մասով մնացին չիրագործուած:

Անդրկովկասի մէջ քաղաքային եւ դատական բարեփոխումներ կատարուեցաւ: Քաղաքներուն ինքնավարութիւն տրուեցաւ, յանձինս ընտրովի քաղաքային դումայի, որ կը գլխաւորէր քաղաքագլուխը: Նոր օրէնքով նախկին դասային դատարանը փոխարինուեցաւ ընդհանուր, բոլոր քաղաքացիներու համար միատեսակ դատավարութեամբ: Դատական այս բարեփոխումը յառաջդիմական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր քայլ էր:

Գիւղատնտեսութեան առաջընթացքը.- Կատարուած բարեփխումները որքան ալ լիարժէք չէին, այնուամենայնիւ նպաստեցին շուկայական պահանջներուն համապատասխան գիւղատնտեսութեան վերակառուցման: Բնականաբար, կեանք մտնող պուրժուական արտադրայարաբերութիւնները իրենց կնիքը դրած էին նաեւ գիւղատնտեսութեան վրայ: Ցարական կառավարութիւնը, ձգտելով Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը ծառայեցնել ռուսական կապիտալիզմի շահերուն, նպաստեց անոր շարք մը ճիւղերու յառաջընթացին: Ռուսական մանուֆակտուրային ընկերութիւնները նպաստեցին բամպակագործութեան զարգացման: Ընդարձակուեցաւ բամպակի ցանքատարածութիւնը եւ անոր արտադրութիւնը մեծցաւ: Երեւանի նահանգներուն մէջ տասը տարի 1880-1890 թթ., բամպակի արտադրութիւնը 5 անգամը աճեցաւ: Արեւելեան Հայաստանը դարձաւ Անդրկովկասի մէջ բամպակի արտադրութեան գլխաւոր կեդրոնը:

Յետռե‎ֆորմեան տարիներուն յառաջընթաց ապրեցաւ նաեւ խաղողագործութիւնը, որ պայմանաւորուած էր խմիչքներու արտադրութեան աճով: Աստիճանաբար աւելի ու աւելի ապրանքային նշանակութիւն ձեռք բերաւ եւ աւելի մեծ ծաւալներ ստացաւ այգեգործութիւնը: Թարմ ու չորցած միրգերը վաճառքի հանուեցան եւ որոշ գաւառներու մէջ հանդիսացան բնակչութեան ապրուստի հիմնական միջոցը: Այգեգործութեամբ կը զբաղէին Երեւանի, Էջմիածինի, Նախիջեւանի գաւառներու, Կարսի մարզի եւ այլ տեղերու բնակիչները: Բնակչութիւնը սկսաւ կապուիլ շուկայի հետ:

Տեղաշարժ կատարուեցաւ նաեւ հացահատիկի արտադրութեան ոլորտին մէջ: Եթէ ցորէնն ու գարին եւ միւս հացահատիկային կուլտուրաները կը սպառէին տեղական մակարդակով, ապա դարու վերջաւորութեան դրութիւնը փոխուեցաւ, երբ շարք մտաւ Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղին: Այլեւ հացահատիկի զգալի մասը սկսաւ արտահանուիլ նաեւ արտասահման: Բրինձի մշակման հիմնական շրջանները Երեւանի եւ Դալարակեազի գաւառներն էին: Մետաքսագործութեան զարգացման պահանջքը խթանեց նաեւ շերամապահութեան ծաւալման:

Փոփոխութիւններ տեղի ունեցան նաեւ անասնապահութեան ոլորտին մէջ: Յատկապէս խոշոր եղջերաւոր անասունները կը գերցնէին եւ վաճառքի կը հանէին: Անասնապահութիւնը եւս վերակառուցուեցաւ եւ  յարմարուեցաւ շուկայի պահանջներուն:

Այսպիսով, 19րդ դարու վերջաւորութեան բնատնտեսութիւնը քայքայուած էր, եւ գիւղատնտեսութեան բոլոր ճիւղերը ներգրաւուած էին շուկայական յարաբերութիւններու մէջ: Անոր հետեւանքով խորացած էր գիւղացիութեան շերտաւորումը եւ ուժեղացած պանդխտութիւնը:

Յառաջդիմեց այգեգործութիւնը, յատկապէս խաղողագործութիւնը: Շուկայի համապատասխան՝ փոփոխութիւններ կրեցին իւղատու բոյսերու արտադրութիւնը, շերամապահութիւնը, բանջարաբուծութիւնը:

Տեղաշարժները աւելի նկատելի էին տնտեսութեան միւս ճիւղերուն մէջ՝ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի բնագաւառին մէջ:

 

2-Արդիւնաբերութիւն.- Ցարիզմի գաղութային քաղաքականութիւնը

Արդիւնաբերութիւն եւ առեւտուր.- Յետռեֆորմեան շրջանին Ռուսիոյ մէջ սկսաւ զարգանալ պուրժուական յարաբերութիւնները: Կապիտալիզմը զարգացաւ իր ոլորտի մէջ առնելով ծայռամասերը, այդ թուին նաեւ Անդրկովկասը: Աստիճանաբար աւելի ու աւելի ընդլայնեցան Ռուսիոյ եւ Անդրկովկասի տնտեսական կապերը: Այդ արտայայտուեցաւ յատկապէս դարու վերջին տասնամեակներուն ձեռքի աշխատանքի մեքենայացմամբ, խճուղային ճանապարհներու կարգաւորմամբ եւ մասնաւորապէս երկաթուղիներու կառուցմամբ: Երկաթուղիները ամենուրէք յեղաշրջում յառաջացուցած էին երկրի տնտեսութեան մէջ: 1883 թ. սկսաւ գործել Պաքու-Թիֆլիս-Պաթում, իսկ 1899 թթ.՝ Թիֆլիս Ալեքսանդրապոլ-Կարս երկաթուղին:

Երկաթուղիները խթանեցին ապրանքափոխանակութեան եւ առեւտուրի զարգացման Ռուսիոյ եւ Անդրկովկասի միջեւ այդ թուին Հայաստանի միջեւ: Ռուսիայէն ներմուծուած էր արդիւնաբերական արտադրանք, իսկ Անդրկովկասէն ու Հայաստանէն կը տարուէր գիւղատնտեսական ապրանք: Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի առեւտրական շրջանառութիւնը դարու վերջին տասնամեակին 1860ական թթ. համեմատութեամբ աճեցաւ աւելի քան երեք անգամ: Աճեցաւ նաեւ հացահատիկի առեւտուրը: Երեւանի նահանգէն տարեկան շուրջ երկու միլիոն փութ հացահատիկ կ՛արտահանուէր Եւրոպա: Արագօրէն կ՛աճէր յատկապէս բամպակի, գինիի, քոնեակի, ծխախոտի, բուրդի եւ չոր միրգի առեւտուրն ու արտահանումը:

Հայաստանի արդիւնաբերութեան գլխաւոր ճիւղը լեռնաադիւնաբերութիւնն էր՝ յատկապէս պղինձի եւ աղի արտադրութիւնը: Պղինձի արդիւնաբերութեան կեդրոններն էին Ալաուերդին եւ Զանգեզուրը: Արդիւնաբերութեան այս ճիւղը զգալի աճ ունեցաւ: Զանգեզուրի մէջ եթէ 1870 թ. կ՛արտադրուէր 13 հազար փութ պղինձ, որ 1900 թ.ին  հասաւ՝ 71 հազարի: Այսինքն՝ երեսուն տարուան ընթացքին պղինձի արտադրութիւնը աճեցաւ աւելի քան հինգ անգամ: Առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին Հայաստանը կու տար ամբողջ Ռուսիա արտադրուող պղինձի 17 տոկոսը: Աճեցաւ նաեւ աղի արտադրութիւնը:

Հայաստանի մէջ, առաջին հերթին Արարատեան դաշտի մէջ, գերազանցապէս օտար կապիտալիստները բացին բամպակի մշակման ձեռնարկներ: Անոնք Շուշիի եւ Նախիջեւանի մէջ զարկ տուին մետաքսի արտադրութիւնը: Բամպակի եւ մետաքսի հումքը գրեթէ ամբողջութեամբ կ՛արտահանուէր Ռուսիոյ արդիւնաբերական կեդրոնները: Հիմնուեցան գինիի, քոնեակի, կաշիի մշակման եւ ուրիշ արդիւնաբերական ձեռնարկներ: 1887 թ. առաջին անգամ Քոնիակի գործարան բացաւ Թարիովը: Յետագային Ռուս կապիտալիստ Շուստովը գնեց այդ գործարանը, ընդլայնեց արտադրութիւնը եւ իր ձեռքին մէջ կեդրոնացուց Հայաստանի քոնեակի ու սպիրդի արտադրութիւնը: Հայկական քոնեակը կ՛արտահանուէր Ռուսիա եւ եւրոպական երկիրներ: Հայ արդիւնաբերական եւ առեւտրական պուրժուազիան ցրուած էր ամբողջ Անդրկոկասի մէջ: Շարք մը խոր արդիւնաբերողներ (Մանթաշով, Տէր Ղուկասով, Արամեանց եւ ուրիշներ) իրենց կապիտալը ներդրած էին Պաքուի արդիւնաբերութեան մէջ: Թիֆլիսի թեթեւ սնունդի արդիւնաբերութեան մէջ մեծ էր հայ ձեռնարկատէրներու (Ադելխանով, Ալիխանով եւ ուրիշներ) տեսակարար կշիռը:

Կապիտալիստական յարաբերութիւններու զարգացումը փոփոխութիւններ առաջ բերաւ բնակչութեան կազմին մէջ, աշխուժացուց քաղաքային կեանքը: Աճեցաւ քաղաքներու բնակչութիւնը: Երեւանը 1865 թ. ունէր 14 հազար բնակիչ, իսկ 1897 թ.՝ 29 հազար: Այդ նոյն ժամանակաշրջանին մէջ Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) բնակչութիւնը 16 հազարէն հասաւ 31 հազարի:

Ցարական կառավարութեան ազգային-գաղութային քաղաքականութիւնը.- 1860-1870-ական թթ. բարենորոգումներէ եւ տնտեսական որոշ բարելաւումներէ ետք, ցարիզմը փոխեց իր վերաբերմունքը եւ ուժեղացուց ճնշումներու ու հալածանքներու քաղաքականութիւնը: 1881 թ. Մարտի 1ին բարեփոխումներ իրականացնող Ալեքսանդր Բ. կայսրի սպաննութիւնը առիթ դարձնելով՝ կառավարութիւնը յարձակումի անցաւ եւ փաստօրէն վերացուց այն նուաճումներու զգալի մէկ մասը, որ ձեռք բերուած էր նախորդ տասնամեակներուն:  

Ազգային հալածանքները զօրացան ոչ ռուս ժողովուրդի նկատմամբ, ինքնակալութիւնը սկսաւ հայերուն դէմ հակակրանքով, անոնց մէջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ինքնավարութիւն ստեղծելու ձգտումներ գտնելով, վախնալով, որ այդ վարակիչ կրնար ըլլալ կովկասեան ժողովուրդի համար: Արգիլուեցաւ հայ ‎ֆիտայիներուն Անդրկովկասէն անցնիլ Թուրքիա եւ օգնել իրենց արեւմտահայ եղբայրներուն:

Չբաւարարուելով՝ ցարիզմը սկսաւ զօրացնել արեւելահայերու հալածանքները: Ամէնէն առաջ սահմանափակուեցան Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Էջմիածնի Մայր աթոռի իրաւունքները: Ան նկատած էր, որ կաթողիկոսը յաճախ կը գործեր Պետերպուրկէն անկախ: Ան բացած էր ազգային դպրոցներ եւ կատարած կառավարութենէ առկախ այլ գործողութիւններ: Ռուսական իշխանութիւնները գաղտնի հսկողութիւն սահմանեցին Էջմիածնայ վրայ: Անոնք Էջմիածինը կը դիտէին որպէս յեղափոխական շարժման կեդրոն, ուր երեխաներուն կը դաստիարակէր ըմբոստութեան ոգիով: Շարք մը հոգեւորականներ եւ աշխարհիկ գործիչներ աքսորուեցան: Այնուհետեւ արգիլուեցաւ դպրոցներու մէջ պատմութիւն եւ աշխարահագրութիւն դասաւանդել՝ որպէս ազգային զգացումներ առաջացնող առարկաներ: Հայկական դպրոցներուն վրայ սահմանուեցաւ խիստ հսկողութիւն, իսկ 1885 թ. փակուեցաւ Անդրկովկասի մէջ գործող շուրջ 300 հայկական դպրոց: Թիֆլիսի մէջ դպրոցներու փակումը նկարագրելով՝ ականատեսը կը հաղորդէր «Աւելի քան 1000 աղջիկ ու տղայ ցրուեցան իրենց տուները՝ աղի-աղի արցունք թափելով, եւ աւելի քան 50 ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի մնացին գլխիկոր եւ վշտաբեկ»: Մէկ տարի անց Կովկասի իշխանութիւնները հարկադրուած էին ետ բանալ այդ դպրոցները:

Իրենց հայահալած քաղաքականութիւնը արդարացնելու եւ ռուսերը հայրու դէմ գրգռելու նպատակով յօրինեցին հայերու սեպարատիզմի՝ այսինքն՝ Ռուսիայէն անջատուելու մտադրութեան մասին առասպելը: Տարածեցին լուրեր այն մասին, թէ հայերը ուզած են ազգային պետութիւն ստեղծել՝ Ռուսիայէն զաւթելով Կովկասէն մինչեւ Վորոնէժ ինկած տարածքները:

Ինքնակալութիւնը, առաջնորդուելով «Ռուսիան ռուսերու համար» սկզբունքով, կը ջանար Արեւելեան Հայաստանի մէջ փոխել բնակչութեան ազգային կազմը՝ որքան հնարաւոր է շատ ռուսեր բնակեցնելով: Կարսի մարզը կայսրութեան միացնելէ ետք նկատած էին, որ անհրաժեշտ է այս մարզին եւ Հայաստանի այլ վայրերուն մէջ ռուսեր բնակեցնել: Ցարական պաշտօնեաները մարզի ազատ տարածքները սկսան յատկացնել ռուսերուն, որոնք գաթղած էին գերազանցապէս եւրոպական Ռուսիայէն: Անոնք եկողներուն աւելի շատ հողեր կու տային եւ աւելի երկար ժամանակով կ՛ազատէին հարկերէ եւ տուրքերէ: Ցարական կառավարութեան կողմէն տարուած այդ քաղաքականութեան հետեւանքով Լոռիի, Սեւանի աւազաններու, Կարսի մարզի, Զանգեզուրի ու Ղազախի գաւառներու մէջ բնակութիւն հաստատեցին հազարաւոր ռուս ընտանիքներ:

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …

Leave a Reply