Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 20ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 20ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 20ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ

Արեւմտեան Հայաստանը 20րդ Դարու Սկիզբը

1-Ազատագրական շարժումներու ծաւալումը

Առաքելոց վանքի կռիւը.- 1890ական թթ. սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի կազմակերպած հայերու զանգուածային ջարդերէն ետք կը թուէր, թէ արեւմտահայութիւնը ի վիճակը չէ դիմադրել օսմանեան բռնապետութիւնը եւ համակերպուած էր իր դրութեան հետ: Սակայն արեւմտահայութիւնը չէր լքած ազատագրելու գաղափարը: Երկիւղելով նոր ելոյթներէ, թրքական կառավարութիւնը միջոցներու դիմած էր արգիլելու ազատագրական շարժումները: Այդ նպատակով օսմանեան իշխանութիւնները Կովկասէն ստուար թիւով մահմետականներ բնակեցուցած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

Հայ բնակչութեան մնացած էր միայն իր իրաւունքները պաշտպանել զինուած պայքարի միջոցով: Զոհուած հայդուկներուն փոխարինած էին նորերը: Օսմանեան բռնապետութեան դէմ ուղղուած շարժումը կը ղեկավարէին ազգային կուսակցութիւնները՝ յատկապէս Դաշնակցութիւնը: Աղբիւր Սերոբի սպաննութենէ ետք արեւմտահայութեան ինքնապաշտպանութեան գործի կազմակերպումը Տարօնի մէջ գլխաւորած էին Անդրանիկն ու Հրայրը:

Ժողովուրդի մարտական ոգին բարձրացնելու նպատակով Անդրանիկը 37 հայդուկներու հետ որոշած էր ամրանալ Մուշ քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող Առաքելոց վանքին մէջ: Նման բացայայտ մարտահրաւէրով Անդրանիկը եւ Գէորգ Չաւուշը ապացուցած էին, որ պայքարը կը շարունակուէր:

1901թ. Նոյեմբեր 3ին հայդուկները հասած էին Առաքելոց վանք: Անոնց միացած են երկու տասնեակ զինուած գիւղացիներ, միացեալ ուժերով անոնք ձեռնամուխ եղած են վանքի ամրացման աշխատանքներուն:

Օսմանեան իշխանութիւնները, տեղեկանալով այդ մասին, զօրք ուղարկած են վանքի մէջ ամրացած հայդուկներուն պատժելու համար: Թուրք զինուորները եւ անոնց միացած մահմետական զինուած ջոկատները վանքը ամուր պաշարած են: Երկուստէք փոխհրաձգութիւն սկասծ է: Չնայած կառավարական ուժերու թուային մեծ գերակշռութեան, անոնք չյաջողեցան վանքը գրաւել: Բազմաթիւ թուրք զինուորներ սպաննուեցան վանքը գրոհելու ժամանակ:

Տեսնելով, որ զէնքի ուժով հնարաւոր չէ ընկճել հայերը, թրքական հրամանատարութիւնը դիմած է բանակցութիւններու՝ առաջարկելով անոնց ներկայացնել իրենց պահանջները:

Անդրանիկը Առաքելոց վանք մտած կառավարական պատուիրակութեան ներկայացուցած է իրենց պահանջները: Պահանջքները հետեւեալներն էին՝ ներում շնորհել քաղաքական բանտարկեալներուն, տուրքերը հաւաքել հայ գիւղացիներու միջոցով, քիւրտերու զաւթած գիւղերը վերադարձնել իրենց տէրերուն, զինաթափել հայկական բնակավայրերը ասպատակող քիւրտ ելուզակները, եւ այլն:

Ներկայացուած պահանջներէն կատարուած էր միայն առաջինը: Բանտէն ազատ արձակուած են 31 հայ բանտարկեալներ: Սակայն պատուիրակութեան հեռանալէն ետք հակառակորդը վերսկսած է հրաձգութիւնը եւ մարտը բորբոքուած: Թրքական անընդմէջ յարձակումները ապարդիւն էին, հակառակորդը չի յաջողեցաւ ճեղքել հայերու պաշտպանութիւնը: Թուրքերու բանակատեղերը համաճարակ բռնուած էր: Հայերու դրութիւնը ծանր էր եւ զինամթերքը սպառած: Ուստի Անդրանիկն ու իր զինակիցները որոշած են ճեղքել պաշարումը: 1901 թ. Նոյեմբեր 27ի ձիւնածածկ գիշերը, քօղարկուելով սպիտակ սաւաններով, հայդուկները կրցած են դուրս քալ վանքէն եւ հեռանալ:

Առաքելոց վանքի կռիւը լայն արձագանգ գտաւ: Ան ցոյց տուաւ, որ համիտեան ջարդերը չեն կրցած մարել արեւմտահայութեան ազատատենչ ոգին: Հայկական ուժերու սկսած էին համախմբուիլ: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու նպատակով կազմուած էր ղեկավար կեդրոններ:

Սասունի ինքնապաշտպանութիւնը.- Օսմանեան իշխանութիւնները, տակաւին 1894 թ. չկրնալով ընկճել սասունցիներուն դիմադրութիւնը, վճռած են նոր արշաւանք կազմակերպել: Անոնք կը ձգտէին վերացնել արեւմտահայութեան ազատագրական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:

Այդ ծրագիրը իրականացնելու համար իշխանութիւնները 1902-1904 թթ. սկսած են զօրամասեր տեղափոխել Մշոյ դաշտ եւ Սասուն: Զօրքերու թիւը հասած էր տասը հազարի: Անոնց միացած են շրջակայ քրտական ցեղերը: Կառավարութեան նախապատրաստութիւնները աննկատ չեն մնացած սասունցիներու հանդէպ: Անոնք դիմած են նախազգուշական միջոցներու: Հայ ազգային կուսակցութիւնները, անհանգստացած Արեւմտեան Հայաստանէն եկող տագնապալի լուրերէ, որոշած են օգնութիւն ուղարկել Սասուն: 1902-1904 թթ. Դաշնակցութիւնն ու Հնչակեան կուսակցութիւնը հայդուկային եւ զինատար խումբերը անցուցած են Արեւմտեան Հայաստան:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան յանձնարարութեամբ Մենակը (Եգոր Առուստամեան) 1903 թ. հետախուզեց Սասուն օգնութիւն հասցնելու ճանապարհները: Նոյն թուականի գարնան ռուս-թրքական սահման անցան դաշնակցական քանի մը ջոկատներ: Անոնցմէ միայն Թորգոմ (Թուման Թումեանց) 23 հոգիէ բաղկացած հեծելաջոկատը յաջողեցաւ Սասուն հասնիլ: Անոնց յայտնուիլը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց: Սակայն հայ ազգային կուսակցութիւնները չյաջողեցան անհրաժեշտ օգնութիւնը հասցնել Սասուն: Գրեթէ բոլոր խումբերը, ճանապարհին մարտի բռնուելով ռուս սահմանապահներու, թրքական զօրքի եւ քրտական ջոկատներու հետ, չհասան իրենց նպատակին: Չյաջողեցան Սասուն ուղարկել նախատեսուած օգնութիւնը:

1903 թ. աշնան Սասունի Գալիէգուզան գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներու եւ շարք մը գիւղերու աւագներու ու քահանաներու ժողով: Ընտրուեցաւ զինուորական խորհուրդ: Անոր անդամներն էին՝ Անդրանիկը, Սեպուհը (Արշակ Ներսէսեան), Կայծակ Առաքելը (Տիգրան Աբաջեան), Սեբաստացի Մուրատը, Սմբատը եւ ուրիշներ: Ինքնապաշտպանութեան ղեկավար ընտրուեցաւ Անդրանիկը:

Զինուորական խորհուրդը մեծ զգուշութեամբ, կառավարութենէն գաղտնի, նախապատրաստուած էր: Միաժամանակ քայլեր ձեռնարկուած էին, որպէսզի հարկադրեն սուլթանին, որպէսզի հրաժարի Սանունի վրայ արշաւելէ:

Թրքական կառավարութիւնը հայերու դէմ թնդանօթներով եւ գնդացիրներով զինուած տասը հազար զինուոր ուղարկած էր: Անոնց միացած էին հինգ հազար զինուած քիւրտեր: Թշնամիին դիմագրաւած էին 200 հայդուկ եւ 1000 սասունցիներ: Անոնք պաշտպանած էին տեղի տասն երկու հազարի հասնող բնակչութիւնը:

1904 թ. Ապրիլի 1ին սկսած էր Սասունի վրայ օսմանեան ուժերու յարձակումը Հիւսիսէն եւ Հարաւէն: Անոնց դիմագրաւած էին Հրայրի եւ Գէորգ Չաւուշի ուժերը: Հայ ինքնապաշտպանները նահանջած են Տալուորիկ: Ապրիլ 6ին թուրքերը անցած են լայնածաւալ յարձակման: Հրայրը իր մարտիկներով կրցած էր կասեցնել հակառակորդի յառաջխաղացումը: Սակայն թուրքերը լրացուցիչ ուժեր կեդրոնացուցած են եւ հրետանի կրակի մէջ անցած են յարձակումի: Չկրնալով դիմագրաւել թշնամիին՝ Հրայրը քանի մը  գիւղերու բնակչութեան հետ նահանջած է Գելիգուզան, ուր սպաննուած է: Այսպիսով զոհուեցաւ հայ ազատագրական պայքարի ամենապայծառ ռահվիրաներէն մէկը: Հրայրին թաղած են Աղբիւր Սերոբի կողքին, Գելիգուզան գիւղին մէջ:

Սասունցիները յաջողած են կանգնեցնել հակառակորդի յարձակումը: Անոնք հարկադրած են թուրքերուն նահանջել մինչեւ Շենիկ:

Ապրիլ 15ին օսմանեան հանրապետութիւնը նախաձեռնած է նոր յարձակումի մը: Հայերը ստիպուած էին դիմագրաւել 20 անգամ գերազանցող ուժերը: Հակառակորդը յաջողած է ծանր մարտերով մօտենալ Գելիգուզանին: Սասունցիներու ինքնապաշտպանութեան վերջին օճախը կը պաշտպանէր Անդրանիկի գլխաւորած մարտիկները: Ի վերջոյ զգացած են զինամթերքի պակասը եւ ստիպուած են տեղի տալ: Ապրիլ 22ին թրքական զօրքերը գրաւած են Գելիգուզանը: Ինքնապաշտպանութիւնը տասը օր շարունակ անհաւասար մարտեր մղած է՝ ապահովելով խաղաղ բնակչութեան նահանջը դէպի Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերը:

Դիմադրական կռիւները շարունակուած են մինչեւ 1904 թ. Յուլիսի կէսերը: Հայերը շարունակած են շարք մը յաղթանակներ տանիլ: Սակայն ուժերը անհաւասար էին: Թրքական բանակն ու քրտական ջոկատները յաջողած են ճնշել հայերու ինքնապաշտպանութիւնը: 1904 թ. Սասունի ինքնապաշտպանութիւնը աւարտած է հայրեու պարտութեամբ:

Օսմանեան իշխանութիւնները փորձած են Սասունցիներուն վերաբնակեցնել Մշոյ դաշտին մէջ: Սակայն լեռնականները ոչ թէ միայն անոնր պահանջքը մերժած են, այլեւ սպառնացած կրկին զէնքի դիմել: Ի վերջոյ իշխանութիւնները հարկադրուած են տեղի տալ եւ թուլատրել սասունցիներուն վերադառնալ:

Սասունի մէջ հայերը շուրջ եօթը հազար զոհ ունեցան: Աւերուեցան եւ թալանուեցան 42 գիւղ:

Ինքնապաշտպանութեան ընթացքին Եւրոպայի տիրութիւններուն ուղղուած օգնութեան դիմումներն ու խնդրանքները անպատասխան մնացին: Անոնք իրենց շահերէն ելլելով, ուղղակի եւ անուղղակի կ՛օժանդակէին Ապտուլ Համիտ Բ.ին: Ռուսիան Ճափոնի հետ պատերազմի մէջ ըլլալով, չէր ցանկանար յարաբերութիւնները լարել թուրքերու հետ եւ վերաբերմունք չէր ցուցաբերեր հայ ազատագրական շարժումներուն նկատմամբ:

Երկկողմանի քաղաքականութիւն կը վարէր Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը: Գիտնալով զինատար եւ հայդուկային խումբերու Սասուն ուղարկելու մասին, անգլիացիները տեղեակ պահած են թուրքերը:

Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Աւստրոյ Հունկարեան եւս սուլթանին սաստելու որեւէ քայլ չկատարեցին:

Սասունի դէպքերով չվերջացան թրքական բռնութիւնները: Սուլթանական զօրքերը աւերիչ արշաւանքներ կազմակերպեցին Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերու վրայ: Հայ բնակչութիւնը թրքական նոր սադրանքներէն զերծ պահելու համար, հայդուկային խումբերու զգալի մասը որոշած է աստիճանաբար հեռանալ Արեւմտեան Հայաստանէն: Գէորգ Չաւուշը իր կողմնակիցներով մնացած է երկրի մէջ: 1905-1907 թթ. Գէորգ Չաւուշը պայքարած է թուրք եւ քիւրտ հարստահարողներու դէմ: Օսմանեան իշխանութիւնները գերագոյն ճիգեր գործադրած են խիզախ հայդուկի հետ հաշուեհարդար տեսնելու համար: 1907 թ. Մայիսին Սուլուխ գիւղի մօտ ան ծանր վիրաւորուած եւ մահացած է:

2-Երիտթրքական յեղաշրջումը եւ արեւմտահայութիւնը

Երիտթրքական յեղաշրջումը.- Օսմանեան կայսրութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամ ապրած էր: Զօրացած էին հպատակ ժողովուրդներու ազատագրական շարժումները: Թրքական հասարակութիւններուն մէջ յառաջացած էին ուժեր, որոնք ցանկացած էին երկիրը դուրս բերել ծանր կացութենէ եւ ամէն գնով պահպանել կայսրութիւնը: 1889 թ. կազմակերպուած «Իթթիհատ Վէ Թարաքքի» («Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն») կուսակցութիւնը գլխաւորած էր հակասուլթանական շարժումը:

1907 թ. Դեկտեմբերին, Փարիզի մէջ երիտթրքական եւ Դաշնակցական կուսակցութիւնները, արաբական, հրէական, ապա մակեդոնական կոմիտէները համաձայնութեան եկան համատեղ ջանքերով համիտեան վարչակարգը տապալելու եւ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական կարգեր հաստատելու համար:

1908 թ. Յուլիսին, Մակեդոնիոյ մէջ սպաներ՝ Նիազ եւ Էնուէր պէյերու գլխաւորութեամբ զօրքերը ապաստանած են: Կարճ ժամանակ վերջ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է պետական յեղաշրջում: Երկրի մէջ հաստատուած են սահմանադրական կարգեր, որտեղ երիտթուրքերը վճռական դէր խաղցած էին:
cheap microsoft software download
Համիտեան բռնակալութեան տապալումը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներուն, նաեւ հայերու մէջ: Հայերու մեծ մասը հաւատացած էր երիտթուրքերու խոստումներուն, կարծելով թէ վերջ կը տրուի իրենց տառապանքներուն: Սակայն երիտթուրքերը հրաժարած են իրենց խոստումէն: Անոնք որդեգրած են օսմանիզմի քաղաքականութիւնը, ուր Օսմանեան կայսրութիւնը հռչակուած էր այնտեղ բնակուող ժողովուրդներու հայրենիք: Իրականացած այդ քաղաքականութիւնը նպատակ ունէր թրքացնել բոլոր ոչ թուրք ժողովուրդները: Հանդիպելով անոնց դիմադրութեան՝ երիտթուրքերու ծրագիրը անյաջողութեան մատնուած էր: Աւելի ուշ անոնք առաջ քաշած են պանիսլամզիմի եւ պանթուրքիզմի ծրագիրը: Առաջինը նպատակ ունէր Թուրքիոյ շուրջը համախմբել մահմետականներով բնակեցուած երկիրներ եւ տարածքները, իսկ երկրորդը՝ համախմբել թրքալեզու ժողովուրդները: Երիտթուրքերը նպատակադրած են բռնի ձուլման միջոցով թրքացնել կայսրութեան ոչ թուրք բնակչութիւնը: Ապտուլ Համիտ Բ.ը գաղտնի նախապատրաստութիւններ տեսած էր վերականգնելու սուլթանական բացարձակ միապետութիւնը:

1909 թ. Մարտի 31ին ան յեղաշրջում կազմակերպեց: Սակայն կառավարութեան հաւատարիմ զօրքերրը վերականգնեցին երիտթուրքերու իշխանութիւնը: Սուլթանը գահընկեց եղաւ: Երիտթուրքը գահ բարձրացուց անոր եղբորը՝ Մեհմէթ Ե.ին:

Ատանայի կոտորածը.- Երիտթուրքերը իշխանութեան գլուխ անցնելով սաստկացուցին ազգային հալածանքները: Անոնք ազգայնամոլութիւնը բարձրացուցին պետական քաղաքականութեան աստիճանի: Փաստօրէն երիտթուրքերը ազգային քաղաքականութեան խնդիրին մէջ հանդիսացան Ապտուլ Համիտ Բ.ի ժառանգորդները: Անոնք իւրացուցին եւ կատարելագործեցին սուլթանի հայաջինջ գործելակերպը: Ամրապնդելով իրենց իշխանութիւնը՝ երիտթուրքերը ծրագրեցին եւ իրագործեցին  Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածը:

20րդ դարու սկիզբը Ատանայի բնակչութեան մեծ մասը՝ մօտ 400 հազարը, իսկ Ատանա քաղաքի 60 հազար բնակչութենէն 22 հազարը՝ հայեր էին:

Անոնք հանդիսացած էին նահանգի տնտեսութեան առաջատար ուժը: Առաջին հարուածը հասաւ Ատանային, որու հայութիւնը աչքի ինկած էր բարեկեցութեամբ: Իշխանութիւնները կը ցանկանային տէր դառնալ հայերու ունեցուածքին եւ գլխաւորը՝ վերջ տալ անոնց հնարաւոր ազգային պահանջներուն:

1909 թ. Ապրիլ 1ին Ատանայի իշխանութիւններու կարգադրութեամբ թուրքերը ներխուժած են քաղաքի հայկական թաղամասերը եւ սկսած կոտորածն ու թալանը: Ջարդաարներուն զոհ գացած են կիներ, երեխաներ եւ ծերունիներ: Երեք օր շարունակուած էր այդ ոճրագործութիւնները:

Ջարդերը միայն Ատանա քաղաքով չեն սահմանափակուած: Կոտորածներ տեղի ունեցած են նաեւ Կիլիկիոյ հայկական այլ բնակավայրերու մէջ:

Կիլիկիոյ շարք մը վայրերու մէջ ապրող հայերը դիմած են ինքնապաշտպանութեան, որ շատերու փրկուելու հնարաւորութիւն տուած է:

Ատանայի ջարդի առաջին օրը՝ Ապրիլ 1ին, քաղաքի երեք հայկական թաղամասերու բնակչները ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպած են: Մեծաքանակ եւ լաւ զինուած ուժերուն դիմագրաւած էին 173 հայեր:

Առաջին ջարդէն ետք իշխանութիւնները խաբէութեամբ հաւաքած են քաղաքի հայերու զէնքը: Ապահովելու իրենց հնարաւոր դիմադրութենէ՝ թուրքերը շարունակած են կոտորածները: Անոնց մասնակցած էին օսմանեան զօրքերը: Ատանայի մէջ հայերը 18 հազարէն աւելի զոհ տուած են:

Երիտթուրք ելուզակները միշտ չեն յաջողած անարգել հաշուեյարդար տեսնել հայ բնակչութեան հետ: Կիլիկիոյ շարք մը հայկական բնակավայրերու մէջ հայերը կրցած են դիմադրութիւն կազմակերպել:

Տորթ-Եօլ գիւղին մէջ 400 հայեր դիմագրաւած են գերակշիռ ուժերը: Ինքնապաշտպանութիւնը գլխաւորած է Միհրան Մելքոնեանը: Տղամարդոց միացած են գերանդիներով եւ եղաններով զինուած 100 կանայք եւ երիտասարդներ: Թուրքերը 13 օր շարունակ յարձակումներ կազմակերպած են գիւղին վրայ, սակայն ապարդիւն: Օտարերկրեայ հիւպատոսներու միջնորդութեան եւ հայերու հերոսական դիմադրութեան շնորհիւ թուրքերը դադրեցուցած են Տորթ-Եօլի պաշարումը:

Ջարդարարներուն դիմադրած են Սիս քաղաքի հայութիւնը՝ 1500 հոգի: Ղեւոնդ վարդապետ Թուրսարգիսեանի եւ Գիւտ վարդապետի ղեկավարութեամբ անոնք ապաստանած են վանքին մէջ եւ դիմադրած ջարդարարները: Մէկ շաբթուայ պաշարումէն ետք հակառակորդները ապարդիւն հեռացած են:

Շէխ Մուրատ գիւղի երիտասարդութեան հինգօրեայ դիմադրութեան շնորհիւ բնակչութիւնը կրցած է հեռանալ եւ ապաստան գտնել Ատանա:

Կիլիկիոյ հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան մէջ նշանաւոր էր Հաճնի 12 օրուայ դիմադրութիւնը: Քաղաքի հայութիւնը Ներսէս վարդապետի գլխաւորութեամբ դիմադրած է թրքական բազմահազար ուժերը: Ի վերջոյ, Մերսին քաղաքի անգլիական հիւպատոսի միջամտութեամբ պաշարումը դադրած է:

Մարաշ քաղաքի մէջ թրքական իշխանութիւնները չեն համարձակած տեղի հայութեան նկատմամբ որեւէ բռնութիւն գործադրել, քանի որ երկիւղած են զէյթունցիներու պատասխան յարձակումէն: Անոնք սպառնացած էին իշխանութիւններուն՝ Մարաշի հայերու կոտորածի պարագային՝ Զէյթունը անտարբեր չի մնար իր հայրենակիցներու ճակատագրի հանդէպ:

Ինքնապաշտպանական մարտեր տեղի ունեցած են նաեւ հայկական այլ բնակավայրերու մէջ:

Ընդհանուր առմաբ, Կիլիկիոյ հայութեան ջարդերուն զոհ գացած են աւելի քան 30 հազար հոգի: Տեղի հայութիւնը յայտնուած է ծանր վիճակի մէջ: Միայն Ատանայի վիլայէթի մէջ հայերու նիւթական կորուստը 20 միլիոն թրքական լիրա եղած է:

3-Հայկական հարցը 1912-1914 թթ.

Հայկական հարցի վերաբացումը.- Երիտթուրքերը ոչ մէկ էական փոփոխութիւն մտցուցին Արեւմտահայութեան դրութեան մէջ: Ընդհակառակը, վատթարացուցին:

1-12-1913 թթ. Պալքանեան պատերազմներուն Օսմանեան Թուրքիոյ կարճ պարտութիւնը քաղաքական աշխուժութիւն յառաջացուց հայերու շրջանակին մէջ: Ստեղծուած բարենպաստ իրավիճակէն՝ հայերը որոշած են մեծ տիրութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել հայկական վիլայթներու մէջ բարենորոգումներ իրականացնելու հարցին վրայ:

1912 թ. Հոկտեմբերի 2ին կաթողիկոս Գէորգ Ե.ը պաշտօնապէս դիմած է Կովկասի փոխարքայ Ի. Վորոնցով-Դաշկովին՝ խնդրելով հարց բարձրացնել ցարի առջեւ Պերլինի 61րդ յօդուածը իրականացնելու համար: Մէկ ամիս անց կաթողիկոսը եգիպտահայ նշանաւոր քաղաքական եւ հասարակական գործիչ Պօղոս Նուպար փաշայիի լիազօրած է մեծ տիրութիւններուն ներկայացնել հայկական բարենորոգումներու խնդիրրը:

Հայկական հարցի վերաբացումէն անհանգստացած՝ թրքական կառավարութիւնը կազմած է շարք մը բարենորոգումներ: Անով նախատեսուած էր բարենորոգումներ կատարել հայկական վեց վիլայթներէն (Վան, Պիթլիս, Տիարքէքիր, Տրապիզոն, Էրզրում եւ Սեբաստիա) միայն չորսին մէջ:

Իրենց հերթին արեւմտահայերը կազմած են բարենորոգումներու իրականացման սեփական ծրագիր: Ան նախատեսած էր վեց վիլայէթները միաւորել մէկ երկրամասի մէջ, որ պէտք է գլխաւորէր գերագոյն կոմիսարը կամ կեներալ նահանգապետը:

Հայկական բարենորոգումներու իրականացման վերահսկողութիւնը դրուած էր մեծ տիրութիւններու վրայ: Ռուսիան պէտք է հետեւէր անոնց իրագործման:

Հայկական բարենորոգումներու խնդիրը եւ ռուս-թրքական համաձայնագիրը.- 1912 թ. վերջին եւ 1913 թ. սկիզբը ռուսական, անգլիական եւ ‎ֆրանսական կառավարութիւնները համաձայնած են Օսմանեան Թուրքիոյ հայկական վիլայէթներու մէջ բարենորոգումներու նախագիծ կազմել: 1913 թ. Յունիսի 4ին Կ.Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան աշխատակից՝ Անտրէ Մանդելշտամը, ներկայացուցած է բարենորոգումներու իրականացման ռուսական տարբերակը: Ան նախատեսած էր հայկական վեց վիլայթներէն կազմել մէկ նահանգ: Նահանգը պիտի ղեկավարուէր թրքահպատակ քրիստոնեայի կամ եւրոպացի կեներալ-նահանգապետի կողմէ: Ասիկա գործադիր իշխանութիւնը պիտի իրականացնէր: Կեներալ-նահանգապետին պիտի ենթարկուէին ոստիկանական եւ զինուորական ուժերը: Օրենսդիր մարմինները պիտի կազմուէր տեղի մահմետական եւ քրիստոնեայ բնակչութիւններէն: Առաջարկուած էր վերացնել «համիտէ» գունդերը: Պաշտօնական լեզուն թրքերէնը պիտի ըլլար: Զուգահեռաբար թոյլ պիտի տրուէր օգտագործել հայերէնն ու քրտերէնը: Բարենորոգումներու հսկողութիւնը պիտի իրականացնէին մեծ տիրութիւնները:

Ռուսկան կողմի ներկայացուցած բարենորոգումներու ծրագիրը հանդիպած է յատկապէս Գերմանիոյ առարկութեան: Վերջինս ձգտած էր թոյլ չտալ, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ զօրանար Ռուսիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի դիրքերը: Օսմանեան կառավարութիւնը, ստանալով Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ աջակցութիւնը, հայկական վիլայթներու մէջ բարենորոգումներու ծրագիրը ձախողցնելու միտումով զանազան խոչընդոտներ յառաջացուած է:

Բանակցութիւններ սկսած են Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ: Ի վերջոյ թրքական կառավարութեան ներկայացուցած է նախագիծ մը բաղկացած վեց կէտերէ:

1913 թ. Հոկտեմբեր 10ին Օսմանեան կառավարութիւնը պաշտօնապէս ռուսական կողմին տեղեկացուցած է, որ ինքը հայկական վիլայէթներու մէջ ներկայացուած բարենորոգումներու ծրագիրը պատրաստ է իրագործել:

1914 թ. Յունուար 26ին կնքուած է ռուս-թրքական համաձայնագիր՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ իրականացնելու վերաբերեալ: Նախատեսուած էր Արեւմտեան Հայաստանը բաժնել երկու նահանգի: Առաջին նահանգին մէջ պիտի մտնէր՝ Էրզրումի, Տրապիզոնի եւ Սեբաստիոյ, իսկ երկրորդին մէջ՝ Վանի, Պիթլիսի, Տիարպէքիրի եւ Խարբերդի վիլայէթները: Նահանգապետի թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէին եւրոպացիները, իսկ սուլթանը պիտի հաստատէր: Նահանգապետի ենթակայութեան ներգոյ պիտի գտնուէին վարչական, դատական եւ ոստիկանական իշխանութիւնները: Նահանգներու մէջ պաշտօնական գրագրութիւնը պիտի կատարուէր տեղի ժողովուրդներու լեզուներով (հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն):

Նահանգապետը պիտի ունենար զինուած ուժեր, որոնք պէտք է հետեւէին նահանգներու ներքին կարգ ու կանոնին: Հայերուն արտօնուած էր մահմետականներու նման զէնք կրել: Նահանգներու վարչական խորհուրդները պիտի կազմուէին հաւասար թիւով մահմետականներէ ու քրիստոնեաներէ: Նոյն սկզբունքը պէտք է կիրառուէր ոստիկանական եւ այլ պաշտօններ բաժներու ժամանակ: Հայկական դպրոցներու պահպանման ծախսերը Օսմանեան պետութիւնը իր վրայ պիտի վերցնէր:

1914 թ. Գարնան հոլանտացի դիւանագէտ Լ.Վեստինենկը եւ Նորվեկեացի գնդապետ Ն.Հո‎ֆը Արեւմտեան Հայաստանի նահանգապետներ նշանակուեցան: Անոնք նոր անցած էին իրենց պարտականութիւնները կատարելու, երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսաւ: Հայկական բարենորոգումները այսպիսով չիրականացաւ:

765qwerty765

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …