ՑՆՈՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
computer repair softwareԸնկերվարութեան հնագոյն պատկերացումը կը նկատենք հին Յունական առասպելներու մէջ, ի մասնաւորի Պղատոնի մօտ:
Առաջին անգամ ընկերվարութեան մասին, այսինքն, համայնական սեփականութեան մասին կը խօսի Անգլիացի Թոմաս Մօրը (1473-1535) իր «Ուտոպիա» գործին մէջ: Անոր կը յաջորդէ Թոմասօ Քամբանէլա, իր «Արեւի Քաղաք» գործով (1568-1639) կը ներկայանայ իրաւազրկուածներու որպէս պաշտպան: Ուտոպիստ ընկերվարական ժիրար Ուինստենլի իր «Ազատութեան Օրէնքը» գործին մէջ կ՛ըսէր թէ բարիքներու հիմքը հողն է:
Ցնորական Ընկերվարութիւնը Անգլիոյ Մէջ
Անգլիոյ գլխաւոր ընկերվար մտածողները կարելի է նկատել՝ Մարելլի «Բնութեան Օրէնքը» գործով, Րոպըրդ Ուէլլի (1676-1771), Չարլզ Հոլ (1745-1825) իր «Քաղաքակրթութեան Ազդեցութունները» գործով եւ Ռոպէրթ Օէն (1771-1858):
Ցնորական ԸնկերվարութիւնըՖրանսայի Մէջ
Ժան Միլէ (1664) կը խօսի աւատապետական տիրող կարգերու փոխարինման մասին ընկերվարական կարգերով, առաջարկելով երեք օրէնքներ.
Ա.-Անհատական սեփականութիւնը պէտք է գոյութիւն չունենայ, բացի անհատի անհրաժեշտ գոյքերը:
Բ.-Իւրաքանչիւր անհատ պաշտօնեայ կը համարուի, կարողութեանց եւ տարիքի համաձայն, Սան Սիմոն (1760-1825) «Եւրոպական ընկերվարութեան վերադասաւորումը»:
Ցնորական Ընկերվարութիւնը Գերմանիոյ Մէջ
Գերմանիայէն դուրս հիմնուած միութիւններու միջոցով կ՛արտայայտուէր, Թշուառներու Միութիւն, Գեմանական Ժողովրդային Միութիւն: Սոյն միութիւններէն մէկուն մէջ ազդեցութիւն ունեցաւ Ուիլիէմ Ֆայթլինկ իր «մարդկութիւնը ինչպէս որ է եւ ինչպէս պէտք է ըլլայ» գործին մէջ տիրող իշխանութեան քննադատական եղանակը կրկնութիւնն է Շարլ Ֆորիէի քննադատական եղանակին:
Եզրափակում
Վերոյիշեալ մտածումները Ցնորական որակուելով հանդերձ մեծ դեր ունեցան Ընկերվար մտածողութեան զարգացման մէջ: Նոյնիսկ այսպէս կոչուած գիտական ընկերվարութեան ծնունդ տուող հիմնական ազդակներէն մէկն է: Ի վերջոյ ան առաջինն է, որ մարդուն պարզեց անարդարութեան մը գոյութիւնը աւատապետական եւ դրամատիրական կարգերու ներքեւ: