Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

            Ազատութիւն եւ ազատագրութիւն արտայայտութիւնները յաճախակի կրկնութեամբ հասարակ մակերեսայնութեան մը մէջ ինկած են: Ժամանակաւոր բաւարարութիւններ եւ կացութիւններ ազատականութեան անունին տակ, մարդոց նայուածքներու հիմնական արժանիքներէն վրիպած են երբեմն, հիմնուելով այն սահմանումին վրայ թէ ազատութիւնը կամովին ինքզինք հարազատ կացութեան մը ենթարկելու կարելիութիւնն է:

Իրողութիւնը այն է, որ ենթակայական անհրաժեշտութիւնն է որ մղում կու տայ ազատագրութեան, սակայն, յաճախ ենթակայական այդ անհրաժեշտութիւնը կը շփոթուի առարկայականին հետ:

Մարդու ‎ֆիզիքական կեցութեան առարկայական տուեալները գոհացնելով, ազատագրուածի տուեալներուն տիրացած ըլլալ նկատել, կը նշանակէ ազատութիւնը ըմբռնել իր մակերեսային իմաստով:

Ազատութեան Սահմանումը

Ազատութիւն սահմանողները երբեմն բաժանում կը կատարեն, անհատական ազատութեան եւ հաւաքական ազատութեան միջեւ. բան մը, որ ընդունելի չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մէկը միւսէն կարելի չէ անջատել: Չի կրնար ըլլալ ազատութենէ զուրկ հաւաքականութեան մը մէջ ըլլան ազատ անհատներ, կամ անազատ անհատներու ազատ հաւաքականութիւն մը, երբ ազատութիւնը կը հասկնանք իր ճիշդ իմաստով՝ ենթակայական եւ առարկայական տուեալներով:

Ազատութիւնը կաշկանդումներէ ձերբազատուելու ապրելավիճակն է, ներքին եւ արտաքին անհրաժեշտութիւններուն գոհացում տալն է, առանց որ ուրիշներ արգելք հանդիսանան իր ցանկութեան, այլ խօսքով ինքնիշխան ըլլալն է ազատութիւնը:

Սակայն այս սահմանումը առնել իր բացարձակ իմաստով կը նշանակէ անտեսել բարոյագիտական կեցուածքի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Տեսականօրէն բաղձալի է, որ մարդոց բոլոր ցանկութիւններուն գոհացում տրուի առանց կաշկանդումի, սակայն նկատի առնելով գոյութիւնը այնպիսի ցանկութեանց, որոնք կը խանգարեն այլոց ցանկութեանց իրականացումը, պէտք է ընտրութիւն կատարել:

Աբրահամ Լինքլըն 1866-ին ճառի մը մէջ կ՛ըսէր «Հովիւը ոչխարը կը հեռացնէ գայլի կոկորդէն եւ ատոր համար ոչխարը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հովիւին՝ որպէս ազատարար, մինչ գայլը կ՛ամբաստանէ զայն որպէս իր ազատութիւնը խանգարող՝ մանաւանդ եթէ ոչխարը սեւ ոչխար է: Պարզ է, որ ոչխարն ու գայլը համաձայն չեն ազատութիւն բառի սահմանումին վրայ ու ճիշդ այս անհամաձայնութիւնն է, որ այսօր գոյութիւն ունի մարդոց միջեւ. մինչեւ անգամ Հիւսիսի մէջ, եւ բոլոր ազատութեան մասին խօսողներուն միջեւ»:

Երիտասարդութիւնն ու Ազատագրուիլը

Երիտասարդութեան դերը ժողովուրդներուն կեանքին մէջ բազմիցս կրկնուած եւ հաստատուած է, որպէս պատմութեան կերտումին եւ մարդկային պատմութեան յառաջդիմութեան եւ նուաճումներուն մղիչ ուժ:

Երբ մարդ ազատագրուելու կը ձգտի, իր գոյութիւնը հաստատելու բնական ճիգ կը թափէ: Երիտասարդի պարագային իր տարիքի բերումով այդ ինքնահաստատման, այլ խօսքով ազատագրելու, ճիգը կը յատկանշուի ըմբոստացումով: Ուստի, նկատի ունենալով երիտասարդութեան պատմական դերը, պատմական պատասխանատուութիւնը, կարելի չէ ըմբոստութիւնը բարենշական յատկանիշ նկատել մինչեւ այն ատեն, որ երիտասարդին մօտ լրիւ գիտակցութիւնը չէ ստեղծուած իր պատմական դերին:

Վերը նշուած տիպարը, ըմբոստ եւ պատմական իր դերին գիտակից երիտասարդը, կարելի է ազատատենչ անուանել: Անոր կողքին կարելի է նշել երեք տիպարներ.

Ա.-Ըմբոստ, երիտասարդական խանդով առաջնորդուող եւ պատմական իր դերին անգիտակից երիտասարդութիւնը, անիշխանական երեւոյթ կը պարզէ:

Բ.-Անմիջական հաճոյքներով, կիրքերու եւ գրքունակ պատկերցումով ինքզինք ազատագրուած հռչակող երիտասարդութիւնը պատմական յառաջդիմութեան եւ նուաճումներուն մէջ անդերակատար տարր է միայն եւ խորքին մէջ չի տարբերիր երրորդ կէտով նշուող տիպարէն:

Գ.-Ազատութեան տենդէն զուրկ, իրենց երէցներուն առանց բացառութեան բոլոր թելադրանքները կատարող երիտասարդութեան գոյութիւնը պատմական ընթացքին մէջ ճահճացում կը յառաջացնէ:

Ազատութեան Պահանջը

Երբ ազատագրուելու շուրջ կը խօսուի, ինքնաբերաբար կ՛ենթադրուի որոշ պայմանով մը ուրիշ կացութեան մը կամովին ենթարկուիլ, եւ շատ յաճախ այդ կացութեան ձգտելու ճամբուն վրայ կը դիմագրաւենք ուժեր, որոնց ազատութիւնը սահմանափակուած կ՛ըլլայ նոր կացութեան ենթարկուելով՝ ազատագրուիլ նիւթական կաշկանդումներէ հարստանալով եւ դիմագրաւելով դրամատիրական ուժը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Արդիական իմաստով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ծնունդ առած են միայն 19րդ դարու վերջին շրջանին: …