Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Ներածական

Մեր յեղափոխական-ազատագրական շարժումը ստեղծող դէմքերէն անդին, պէտք է միշտ յիշել այն ժողովներն ու կազմակերպական մարմինները, որոնք կազմեցին դաշնակցութեան ենթակառոյցը: Արագ ձեւով պիտի ներկայացնենք այդ կազմակերպական կառոյցը իր պատմական հոլովոյթին ընդմէջէն: Սակայն փաստաթուղթերու մեծ մասը չէ հրատարակուած տակաւին եւ կամ գոյութիւն չունի, մանաւանդ մեր կուսակցութեան սկզբնական 3-4 տարիներու պատմութեան վերաբերող փաստաթուղթերը, որոնցմէ գրեթէ ոչինչ մնացած է մեզի:

Ա.Դաշնակցութեան Կազմաւորումը Եւ Առաջին Երկու Տարիները

Սկզբնական այս շրջանի մեր ծանօթութիւնը կը հիմնուի «Դրօշակ»ի առաջին քանի մը թիւերուն, Հ.Յ.Դ.-ին եւ որոշ յուշերու վրայ: Հիմնադիր ժողովին մասնակցողները (Թի‎ֆլիս, 1890-ի ամառ) կու գային զանազան հոսանքներէ եւ կազմակերպութիւններէ: Հայ Յեղափոխականների նորակազմ դաշնակցութիւնը մինչեւ 1892-ի առաջին ընդհանուր ժողովը, ունեցաւ իր կեդրոնական վարչութիւնը կամ Կենտրոնը: Տակաւին կեդրոնաձիգ րէ դրութիւնը: Սակայն կեանքի բնական պայմանները մօտ ատենէն պիտի պարտադրէին Ապակեդրոնացման դրութիւնը:

Վարանդեան կը գրէ «Կենտրոնը փութաց ճամբել իր ղեկավար ուժերը դէպի գաւառ, ստեղծելու ամէնուրեք տեղական կոմիտէներ»: Փաստաթուղթերու չգոյութիւնը սակայն թոյլ չի տար յստակ հաստատումներ ընելու կազմակերպչական ձեւի եւ ստեղծուած կառոյցի մանրամասնութեանց մասին:

Բ.1892-97 Տարիները

Որոշ է, որ Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովը յատուկ ծրագիր ու կանոնագիր մշակած է: 1892-ի Ապրիլին կը հրատարակուի կոչ մը (Հրաւէր Առաջին Ընդհանուր Ժողոի Հայ Յեղափոխականներին»), «Հ.Յ.Դաշնակցութեան մի խումբ» ստորագրութեամբ:

Դաշնակցութեան Առաջին Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 1892-ին, Թի‎ֆլիսի մէջ: Կազմակերպական կառոյցի տեսակէտէն հմնական է հոս ապակեդրոնացման դրութեան որդեգրումը, զոր կը պաշտպանէին մանաւանդ Սիմոն Զաւարեան եւ Յ. Դաւթեան: Ահա թէ ինչ կ՛ըսէր Զաւարեան. «…Պէտք է լայն իրաւունքներ տալ տեղական մարմիններուն, Դաշնակցական կոմիտէներուն, այդպէս միայն կազմակերպութիւնը կարող է աճիլ եւ բարգաւաճիլ»: Թող ընդհանուր ժողովը որոշէ սկզբունքները ու տակտիկը, բայց Թող իւրաքանչիւր վայրի ընտրեալ մարմինը ինքը վարէ իր տեղական գործերը, ինքը նախաձեռնէ եւ կատարէ, ղեկավարուելով նոյն ընդհանուր սկզբունքներէն»:

Ապակեդրոնացման սկզբունքը տեղ կը գտնէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագրին մէջ. կը դառնայ հիմնական կազմակերպական դրութիւն:

Իւրաքանչիւր շրջան կ՛ունենայ իր կեդրոնական կոմիտէն, եւ «Իւրաքանչիւր անդամ կ՛ենթարկուի այն Կոմիտէին, որուն մէջ կը գտնուի…»:

Ապա ծրագիր (Կանոնագիրը) կը խօսի Երկու Բիւրոներու մասին, ակնարկերով Թի‎ֆլիսի եւ Թաւրիզի կեդրոնական երկու մարմիններուն, որոնց համահաւասար դեր գրեթէ պիտի խաղայ, արտասահմանի մէջ, «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը: Անոնք կապի մարմիններ են ընդհանրապէս որոնք պիտի ստանան տարբեր կոմիտէներու տեղեկագրերը: Պիտի ստանձնեն նաեւ նիւթական գանձի հաւաքման եւ պահպանման պարտականութիւնը: Այս կազմակերպական ապակեդրոնացման զուգահեռ կ՛ընթանայ ծրագրային բարոյական-գաղափարական կեդրոնացումը:   

1895-1898 տարիներուն, Թի‎ֆլիսի Բիւրոյի հրաւէրով, կը գումարուին ներկայացուցչական բնոյթի ժողովներ, որոնք սկիզբը կոչուեցան տարեկան ընդհանուր ժողովներ, բայց որոնք աւելի ուշ ստացան «Կովկասեան Ռայոնական Ժողովներ» անունը: Այս ժողովները եղած են շատ կարեւոր, իրենք են որ իրենց որոշումներով ենթարկած են կառոյցի փոփոխութիւններ: Այսպէս 1896-97 թիւերու Ռայոնականը կը ստեղծէր Հ.Յ.Դ. արեւմտեան Բիւրոն, որ իր իրաւական հաստատումը պիտի ստանայ Հ.Յ.Դ. երկրորդ ընդհանուր ժողովին (1898):

Գ. Հ.Յ.Դ. Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովը Եւ 1898-1908 Վեցամեակ

1898-ին Դաշնակցութիւնը ունի արդէն կազմակերպական տարածուն ցանց: Այս երկրորդ ընդհանուր ժողովն է, որ պիտի վերջնականապէս ճշդէ կազմակերպական միաւորներու իրաւունքները, պիտի յստակացնէ դաշնակ-ցութեան կազմակերպական կառոյցը՝ մարմիններու փոխադարձ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, կանոնագրային յստակ տրամադրութիւններով: Կրկին անգամ կը յստականան ծրագրային-բարոյական-կեդրոնացում եւ կազմակերպական ապակեդրոնացում տարազները: Կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը մնայ հիմնական դրութիւն:

Երկրորդ ընդհանուր ժողովը իր յստակ որոշումով կը նուիրագործէ երկու բիւրոներու դրութիւնը, Արեւելեան (Թի‎ֆլիս) եւ Արեւմտեան (Ժընեւ) «Դրօշակ»ի խմբագրութիւն): Բիւրոները կ՛ընտրուին ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ կ՛աշխատին մինչեւ յաջորդ ընդհանուր ժողով, որուն առջեւ հաշուետու են: Կը ճշդուի Բիւրոներու դերը, պարտաւորութիւններն ու իրաւասութիւնները: Կը ճշդուին նաեւ երկու բիւրոներու գործունէութեան աշխարհագրական սահմանները: Արեւմտեան բիւրոն կը հրատարակէ «Դրօշակ»ը ու կը տանի արտասահմանեան քարոզչութիւնը:

Երկրորդ ընդհանուր ժողովն է նաեւ, որ կը հաստատէ Պատասխանատու Կեդրոնական Կոմիտէներու դրութիւնը, որոնց պիտի յանձնուէր «վճռուած շրջանի մէջ»:

Բիւրոներու համահաւասար Պատասխանատու Կեդրոնական Կոմիտէները «Կը համարուին անդամ Դաշնակցութեան Կամքը Ներկայացնող Մարմին»:

Հ.Յ.Դ. երկրորդ Ընդհանուր ժողովի մեծագոյն նորութիւններէն մէկն ալ այս գերագոյն միաւոր-մարմնի ստեղծումն է: Ան հաւաքական ամբողջութիւն է Երկու Բիւրոներուն Ու Չորս Պատասխանատու Կեդրոնական Կոմիտէներուն: Այս մարմինը օժտուած է ընդհանուր ժողովի իրաւասութիւններով, ինչ կը վերաբերի կանոնագրային, տակտիկայի իր (գործելակերպի) հարցերու:

Ահա այս կազմակերպչական մեքենան է, որ կը գործէ մինչեւ երրորդ ընդհանուր ժողով:

Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողով Եւ 1904-1906 Տարիները

Երրորդ ընդհանուր ժողովը չի բերեր հիմնական փոփոխութիւններ կառոյցի գծով: Կը պահուին երկու բիւրոները, ինչպէս նաեւ պատասխանատու կեդրոնական կոմիտէները: Անուն կը փոխէ Դաշնակցութեան Կամքը ներկայացնող մարմինը, դառնալով «Դաշնակցութեան Խորհուրդ», կազմուած Բիւրոներու եւ պատասխանատու Կեդրոնական Կոմիտէներու ներկայացուցիչներէն: Այս «խորհուրդ»ը ունի յստակ պատասխանատու պարտականութիւններ եւ իրաւասութիւններ:

Կը յստականայ կառոյցը: Երկրորդ ընդհանուր ժողովէն ետք է, որ կանոնագրային յօդուածներու առանձնացումով, Ժընեւի «Դրօշակ»ի տպարանէն լոյս կը տեսնէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կազմակերպական Կանոններու առաջին գրքոյկը:

1904-1906 տարիները կը հանդիսանան Դաշնակցութեան գործունէութեան ամեանբեղուն շրջաններէն մէկը: Գրեթէ վերջնական ձեւ կը ստանայ նաեւ կուսակցութեան կազմակերպական մեքենան, իր յստակ մարմիններով:

Ե. Չորրորդ Եւ Հինգերերդ Ընդհանուր Ժողովներուն Միջեւ

1907-ին Վիեննայի մէջ կը գումարուի Հ.Յ.Դաշնակուցութեան ամէնէն կարեւոր ընդհանուր ժողովներէն մէկը՝ Չորրորդ ընդհանուր ժողովը:

Տեսնենք թէ ինչ փոփոխութիւններ կը մտնեն Կառոյցի եւ Կազմակերպական Կանոններու գնով: Չորրոդ ընդհանուր ժողովէն ետք հրատարակուած «Կանոնագիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան»ը շատ մը կէտերու մէջ կրկնութիւն է 1904-1906-ի «Կազմակերպական Կանոններ»ուն: Կան սակայն որոշ մոլութիւններ: Այսպէս, 1907-ի կանոնագիրը կը սկսի անդամներու վերաբերեալ բաժինով մը, զոր նախորդը չունէր: Դաշնակցութեան անդամները կրնան ըլլալ Գործօն կամ  Օժանդակ: Կը հետեւի Անհատ Գործիչներու գլուխը:

Կազմակերպական բաժնին մէջ կը սահմանուին խումբերն ու մարմիններրը ենթակոմիտէէն մինչեւ բիւրոները: Անփոփոխ կը մնայ խումբի նուազագոյն թիւը՝ եօթը: Պատասխանատու մարմիններու եւ բիւրոներու պարտաւորութիւններն ու իրաւասութիւնները կը մնան անփոփոխ:

Կազմակերպական կանոններուն մէջ եւս, առաջին անգամ ըլլալուվ կը յիշատակուին «Ռայոնական Ժողովները», առանձին գլուխի տակ:

Զ. 1909-1911 Եռամեակը

Հինգերորդ ընդհանուր ժողովը կը գումարուի 1909-ին, Վառնայի մէջ: Այս ժողովի որոշումներուն կարեւոր մէկ մասը տպուած է 1910-ին, Ժընեւ հրատարակուած գրքոյկի մը մէջ:

Կը պահուին Արեւելեան եւ Արեւմտեան բիւրոները. վերցուած են ուրեմն պատասխանատու մարմինները: Գործնականօրէն կը ստեղծուի Արեւմտեան Բիւրոյի Պոլսոյ Հատուածը:

Ինչ կը վերաբերի մարմիններու թիւին եւ դրամական պարտաւորութեանց նորութիւններ չկան:

Հ.Յ.Դ. վեցերորդ ընդհանուր ժողովը կը գումարուի Պոլսոյ մէջ, 1911-ի ամառը: Անհրաժեշտ կը համարուի Հիմնական Կանոնագրին Վերաքննումը, ամբողջացնելու համար զայն:

Պոլսոյ «Ազատամարտ»ը կը նկատուի «թուրքիոյ շրջանի դաշնակցութեան կիսապաշտօնական թերթ», Արեւմտեան Բիւրոյի անմիջական հակակշռին տակ»:

Սակայն ժողովը ընդհանուր մթնոլորտով մտահոգ ըլլալով, քաղաքական կացութեան վատթարացման դիմաց, կ՛ընտրէի յատուկ մարմին մը՝ Ինքնապաշտպանութեան Մարմինը, որ լիազօրուած է վարելու կուսակցական զինական-մարտական ամբողջ գործը:

Է. Եօթներորդ եւ Ութերորդ Ընդհանուր Ժողովները եւ Յաջորդող Տարիները (1914)

Եօթներորդ ընդհանուր ժողովը վերջապէս կը ստեղծէ նոր մարմին մը‎ Հայաստանի Բիւրոն: Կը պահուին Արեւմտեան եւ Արեւելեան բիւրոները: Գոյութիւն ունին պատասխանատու մարմինները, բայց ոչ՝ ինքնապաշտպանութեան մարմինը:

Ութերորդ ընդհանուր ժողովը կը գումարուի Կարին, 1914-ին: Կազմակերպական մարզէն ներս, որոշ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: Կը պահուի Արեւելեան Բիւրոն (Կովկաս եւ Պարսկաստան): Կը ջնջուի Արեւմտեան Բիւրոն: Հայաստանի Բիւրոն կը ստանձնէ նախկին Արեւմտեան Բիւրոյի աշխարհագրական շրջանը: Պոլիսը կ՛ունենայ Հայաստանի Բիւրոյի հատուած:

Քաղաքական դժուար կացութիւնը կը ստիպէ փակել ժողովը: Առկախ կը մնայ կանոնագրի վերամշակման հարցը: Ութերորդ ընդհանուր ժողովի ցրուումէն ետք, դէպքերը շատ արագ կ՛ընթանան: Կը ծագի առաջին ընդհանուր պատերազմը: Անմիջապէս կը կազմուի Ազգային Բիւրոն: Այսուհետեւ, դէպքերը կ՛ընթանան գահավէժ: Ցանուցիր կ՛ըլլան Բիւրոները, որոնց անդամներէն շատեր եղան եղեռնի առաջին զոհերէն: Երկիր մնացող ղեկավար ընկերները (Արամ, Ռուբէն) կը կազմակերպեն մեր նորագոյն պատմութեան հերոսամարտերը:

Ը. Իններորդ Ընդհանուր Ժողով (1919)

Իններորդ ընդհանուր ժողովը (Երեւան, 1919-ի աշուն) կ՛որոշէ դաշնակցութիւնը օժտել միայն մէկ գերագոյն իշխանութեամբ՝ Մէկ Բիւրոյով: Ահա անկիւնադարձ որոշումը 9-րդ ընդհանուր ժողովին:

Պայմաններու բերմամբ, իններորդ ընդհանուր ժողովը կը ստանայ համազգային բնոյթ: Արդէն յստակացած է Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի տարազը: Դաշնակցութիւնը արդէն դարձած է «Պետական Կուսակցութիւն»:  Ինչ որ է կուսակցութեան կառոյցը 1919-ին: Զայն կը գտնենք, իր ամբողջ մանրամասնութիւններով, նոյն թուականին Երեւանի մէջ հրատարակուած «Կազմակերպական Կանոններ» խորագրով գրքոյկին մէջ: Փոփոխութիւնները ակներեւ են, նոր կառոյցը կը բխի նոր պայմաններէն եւ բնականաբար կը համապատասխանէ պետութիւն դարձած Հայաստանի իրականութեան:

Կազմակերպութիւն  խորագրին տակ կը գտնենք հետեւեալ մարմիններն ու համապատասխան ժողովները-

ա.Գիւղական կոմիտէ                                 Գիւղական ժողով

բ.Թաղային կոմիտէ                                    Թաղային ժողով

գ.Գաւառակային կոմիտէ                          Գաւառակային ժողով

դ.Գաւառական կոմիտէ                             Գաւառական ժողով

ե.Քաղաքային կոմիտէ                               Քաղաքային ժողով

զ.Կեդրոնական կոմիտէ                             Շրջանային ժողով

է.Բիւրօ                                                          Ռայոնական ժողով

Կոնժերանս (խորհրդաժողով

Ընդհանուր ժողով

         

Թ. 1920-1924 Հինգամեակը – Պիւքրէշի եւ Վիեննայի Խորհրդաժողովները

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք (Դեկտեմբեր, 1920), դաշնակցութիւնը երկրին մէջ դարձաւ ընդյատակեայ, արտասահմանի մէջ շարունակելով իր սկսած գործը: Հայաստանի խորհրդայնացումը վերջ տուաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայութեան՝ երկրէն ներս:

Պիւքրէշի խորհրդաժողովը (1921) կը զբաղի այլեւայլ հարցերով: Կը ստեղծէ Պատասխանատու Մարմին մը, որ մինչեւ յաջորդ ընդհանուր ժողով պիտի վարէ կուսակցական գործը Բիւրոյի Լռիւ Իրաւունքներով: Ան կը լուծուի, երբ Բիւրոյի կազմը հաստատուի արտասահման վերջնականապէս:

Վիեննայն խորհրդաժողովը (1923) իր որոշումները կը նկատէ պարտադիր՝ արտասահմանեան բոլոր մարմիններուն համար: Քաղաքական մարզին մէջ, Միացեալ Եւ Անկախ Հայասանի պահանջը կը շարունակուի նկատուիլ ղեկավար սկզբունքը: Դաշնակցութիւնը սակայն պիտի աջակցի երկրի վերաշինութեան գործին:

Խորհրդաժողովի աւարտին, կ՛ընտրուի ուժեղ Պատասխանատու Մարմին մը, որ կուսակցական գործերը վարէ մինչեւ տասներորդ ընդհանուր ժողով: Մարմինը կ՛ընդարձակէ իր կապերը երկրի հետ:

Ժ. Հ.Յ.Դ. Տասներորդ Ընդհանուր Ժողովը Եւ Յաջորդող Տասնամեակը

Հ.Յ.Դ. տասներորդ ընդհանուր ժողովը կը գումարուի Փարիզ (1924-1925):

Կազմակերպչական մարզէն ներս, սոյն ժողովը 1925 թուականը կը հռչակէ «Ներքին Աշխատանքի Վերակազմութեան Տարի»: Կ՛որոշէ օգնել նորակազմ գաղութներու իր բոլոր միջոցնելով:

Հ.Յ.Դ. տասներորդ ընդհանուր ժողովէն բխող կազմակերպական կանոնները փաստօրէն հիմնաքարը կը կազմեն դաշնակցութեան վերջին յիսուն տարիներու կառոյցին եւ կանոնագրային ըմբռնումներուն – Տարբեր երկիրներու մէջ ապակեդրոնացման հիման վրայ գործող կեդրոնական եւ մեկուսի կոմիտէներ, իրենց ներքին ենթակառոյցով՝ խումբեր, ենթակոմիտէներ եւ կոմիտէներ, այդ բոլորը շաղակապուած կեդրոնական գործադիր մարմնով՝
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն:
Յաջորդող ընդհանուր ժողովները միայն մասնակի փոփոխութիւններ է, որ կը բերեն 1925-ի կանոնագրի վրայ:

Իբրեւ նորութիւն՝ կը հաստատուի Դաշնակցութեան Օրուան առիթով:

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական գործադիր մարմինն է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոն, որ կ՛ընտրուի ընդհանուր ժողովէն: Ան է կապը ապակեդրոնացման դրութեամբ գործող Կեդրոնական եւ Մեկուսի կոմիտէներու միջեւ, ան է եկամուտները բաշխողը: Բիւրոն հաւաքաբար պատասխանատու է ընդհանուր ժողովին առջեւ, իր բոլոր գործերուն համար:

Կուսակցութեան պաշտօնական օրկանը կը մնայ «Դրօշակ»ը:

Ահա այս կազմակերպական կառոյցով է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը սկիզբ դրաւ իր նոր շրջանին՝ սփիւռքահայ գործունէութեան:

ԺԱ. Հ.Յ.Դաշնակցութեան 13-րդ եւ 14-րդ Ընդհանուր Ժողովները (1938-1947) Եւ Առաջին 25 Տարիները

Հ.Յ.Դաշնակցութեան 13-րդ ընդհանուր ժողովը կը գումարուի Գահիրէի մէջ, 1938-ի ամրան: Սոյն ժողովի հաստատական՝ Կազմակերպական Կանոնները՝ քիչով կը տարբերին նախորդ կանոնագիրներէն:

1947-ին կը գումարուի Հ.Յ.Դ. 14-րդ ընդհանուր ժողովը, կրկին Գահիրէի մէջ: 14-րդ ընդհանուր ժողովի հաստատած «Կազմակերպական Կանոններ»էն բոլորովին վերացուած են Ռայոնական ժողովի, Հայաստանի պատասխանատու մարմնի, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովի վերաբերեալ գլուխները: Իր մնացեալ կէտէրուն մէջ 1947-ի կանոնագիրը եւս կրկնութիւն մըն է 13-րդ ընդհանուր ժողովի հաստատած Կազմակերպական Կանոններուն:

Հ.Յ.Դ. 20-րդ ընդհանուր ժողովը Բիւրոյի կողքին կը յառաջացնէ մասնագիտական օժանդակ մարմիններ, ինչպէս՝ Հայ Դատի Կեդրոնական Մարմինը եւ Մամլոյ դիւանը:

Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հիմնաքարը կը մնայ խումբը: Կուսակցութեան գործադիր մարմինը կը մնայ  Հ.Յ.Դ. Բիւրոն՝ Պատասխանատու դաշնակցութեան գերագոյն ատեանին Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ:

Այսօրուան մեր կազմակերպական կառոյցը կենդանի կը պահէ ութսունամեայ մեր կուսակցութիւնը:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply