Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ. ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԷՄՔԵՐԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ. ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԷՄՔԵՐԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ.
ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԷՄՔԵՐԸ

Ա.Հ.Յ.Դ.-ի ծնունդը -1890

  • 1890-ական թուականներու եռուզերը Թի‎ֆլիսի մէջ
  • Շարժում դէպի գաւառներ
  • Ծնունդ Հ.Յ.Դ.-ի
  • Մուտք Հնչակեան կուսակցութեան Հ.Յ.Դ.-էն ներս (քանի մը շաբաթ միայն)
  • Կուկունեանի արշաւանքը

Բ.Առաջին Տարիները

  • Գործունէութիւն Թուրքիոյ եւ Պասկաստանի մէջ
  • Հ.Յ.Դ.-ի առաջին գործարանի հիմումը
  • Քաղաքական գործունէութիւն եւ մամուլ (թռուցիկ թերթերով)
  • Հ.Յ.Դ.-ի մանիֆեստը 1890 թ.

Գ.Ղեկավար դէմքերը

  • Ներածական մը Վրացեանի «Յուշապատում»էն
  • Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905)
  • Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան) (1867-1919)
  • Սիմոն Զաւարեան (1866-1913)
  • Միւս հիմնադիրները

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծնունդը, Առաջին Տարիները, Ղեկավար Դէմքերը

Ա.Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծնունդը

Բ.Առաջին Տարիները

Գ.Ղեկավար Դէմքեր

Ա. Հ.Յ.Դ. ծնունդը

80-ական թուականներուն մեծ էր եռուզերը Թիֆլիսի մէջ: Մեծ էր թիւը գաղտնի ընկերութիւններուն: Սակայն շատ յաճախ միջազգային բնոյթ չունէին անոնք:  Քրիստափոր, իր յուշատետրին մէջ, քանի մը տեղեկութիւններ կու տայ այս շրջանին մասին «Միջազգային ընկերվարութիւնն էր այդ իտէալը, որ կը պահանջէր անձնազոհ եւ անվերապահ կռիւ կեանքի հին ձեւերուն դէմ: Տեղական, ազգային կամ զուտ քաղաքական բնոյթ կրող ոչ մի հարց ոչ ոքի միտքէն չէր անցներ»:

Կամաց-կամաց, Թրքահայաստանի ծանր դէպքերու մղումով, «կոսմոպոլիա» ընկերվարութիւններն ալ կը թեքին դէպի ազգ ու հայրենիք: Այս գծով կարեւոր դեր խաղաց ինքը, նախկին աշխարհաքաղաքացի՝ Քրիստափորը:

Թիֆլիսի շարժումը կը տարածուի դէպի գաւառները: Ամէն տեղ կը սկսին հիմնուիլ հայրենասիրական եւ յեղափոխական խմբակներ: Այս տարբեր ընկերութիւններէն շատեր ապագային պիտի համախմբուէին Դաշնակցութեան դրօշին տակ:

Խանդավառութեան ալիքը օրէ օր կը զօրանար: Կը մօտենային օրերը, երբ ռուսահայ երիտասարդութիւնը պիտի երթայ «Կայծեր»ու հերոսներու օրինակով, կռուիլ եւ նահատակուիլ: Գաղտնի գրքերն ու հրատարակութիւնները ‎ձեռքէ ձեռք կը խլուէին: Միւս կողմէ, Թրքահայաստանէն կը հասնէին սարսափելի լուրերը: Դարձեալ Քրիստափորն է. – «Վրայ հասաւ 1890 թուականը: «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութիւնը արդէն Հայաստան էր ղրկեր ընկերները՝ Մ.Մարգարեանը եւ Յովսէփ Արղութեանը: Անոնց միացաւ Մոսկուայի ուսանողներու խմբակին կողմէ Արշակ Բարխուդարեանը, երբ տեղի ունեցաւ Էրզրումի, ապա Պոլսոյ ցոյցը: Այս դէպքերու յարուցած տպաւորութիւնը շատ ուժեղ էր: Առաջին անգամն էր, որ Թուրք կառավարութեան դէմ կազմակերպուած դիմադրութեան ու ձեւակերպուած պահանջներու հետեւանքով կը հոսէր հայու արիւնը»:

Աննախնթաց էր հայ ժողովուրդի խանդավառութիւնը: Բոլոր աչքերը կը նայէին դէպի Թիֆլիս: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծնունդն էր: Արդարեւ երկար վիճաբանութիւններէ եւ բանակցութիւններէ ետք, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ծնէր 1890-ի ամրան: Ժողովները արդէն իսկ սկսած էին 1889-ի աշնան: Այս առաջին ու կարեւոր ժողովներու ատենագրութիւնները դժբախտաբար կարելի չէ եղած պահել, դժուար պայմաններու բերմամբ, որոնց ծնունդն էր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Ահա թէ ինչ կը գրէ Վարանդեան.- «Աջ եւ ձախ, չափաւոր եւ արմատական, ազգային եւ համամարդկային ձգտումներով,- ամէն գոյնի ու գաղափարի մարդիկ, հայութեան բոլոր դասակարգերու ներկայացուցիչները՝ ժողովրդական խոնարհ խաւերէ մինչեւ բուրժուա մեծատունն ու ազնուականը,- ամէնն ալ տոգորուած թրքահայոց ազատութեան գաղափարով»: (Վարդանեան, Ա.հատոր, Բ. գլուխ):

Արդարեւ կային Քրիստափորի, Զաւարեանի եւ Դաստակեանի նման ռուսական տիպի ընկերվարականներ, ընկերվրական հակումներով հայրենասէր «Երիտասարդ Հայաստան»ցիներ (Յովսէփ Արղութեան, Մարտին Շաթիրեան, Արշակ թադէոսեան, եւայլն…), Կոստանդին Շատիսեանի նման քաղքենի ազգայնականներ, Գրիգոր Արծրունիի անմիջական ազդեցութեան ենթակայ «Մշակ»ականներ, Մարքսիստ Հնչակեաններ եւ ուրիշներ: Բոլորը միաւորուած՝ Թրքահայաստանի ազատագրման առաջադրանքով ու հոյակապ Քրիստափորի միաձուլող ազդեցութեան ներքեւ:

Բաւական դժուարութիւններէ ետք, ի վերջոյ կը յայտարարուի թէ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւս մտած է Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան մէջ – նոր կուսակցութեան սկզբնական այս որակումը բացայայտ կը դարձնէ անոր բաղկացուցիչ տարրերու այլազանութիւնը,: Հնչակեանները քանի մը շաբաթ կը գործեն յանուն «Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութեան»: Կը կազմուի այդ դաշնակցութեան առաջին «Կոմիտէ»ն- Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան, Աբրահամ Դաստակեան, Յ.Լորիս- Մելիքեան եւ Լեւոն Սարգիսեան-: Հնչակեաններու ներկայութիւնը սակայն շատ կարճ պիտի տեւէ:

Ահա այս սկզբնական շրջանին է, որ կը զուգադիպի Կուկունեանի արշաւանքը: Հայդուկներու սիրտը դէպի  երկիր կը պոռայ: Սակայն Թրքահայստանի սահմանագլխուն, ռուս բանակը կը յաջողի զանոնք ձերբակալել: Առաջին ծանր հարուածն է, որ վերջնականապէս կը բանայ ազատագրութեան ճամբան:

Բ. Առաջին Տարիները

Մեծ էր հմայքը նորածին կուսակցութեան, «Դաշնակցութեան», ինչպէս կ՛ըսէ մեր պատմագիրը, Վարդանեան, «ծնած է նոր քաղաքական մարմինը հայ ազգային իդէալով, կը յենուի գաղափարական երիտասարդութեան ստուար շարքերուն վրայ, …: Հայ ունեւոր դասակարգը վաղաժամ լքեց զայն: Հայ խոշոր բուրժուազիան շարունակեց իր կրաւորական դիրքը շարժման հանդէպ՝ անոր ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: …Մնացին հրապարակի վրայ հայ մտաւորականութեան ժողովուրդական տարրերը: Մնաց հրապարակի վրայ, Հայկական Դեմոկրատիան»: (Վարդանեան, Ա.հատոր, Գ. գլուխ):

Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեդրոնը անմիջապէս ուժեր կ՛ուղարկէ դէպի Թուրքիա եւ Պարսկաստան: Իւսուֆեան կը ղրկուի Պոլիս, Պետոն, Վարդանն ու Նիկոլ Դումանը կ՛երթան Պարսկաստան: Ատրպատականի մէջ կը հիմնուի «Դաշնակցութեան» առաջին զինագործարանը, Գալուստ Ալոյեանի ղեկավարութեամբ: Ժողովուրդը զէնք կ՛ուզէ: Նոր ու տարբեր կրօն մը կ՛ալեկոծէ հայ աշխարհը, հայ երիտասարդութիւնը: Նորածին Յեղափոխութեան վիպական ու որոշ չափով «ռոմանտիկ» շրջան է (ինչպէս կ՛ըսէ Վարդանեան): «Ազատութիւն Կամ Մահ»ը կը դառնայ երիտասարդ յեղափոխականին նշանաբանը:

Արաբօն ու Մարգար Վարժապետը, Կարնոյ մէջ՝ Արամ Արամեանը, Տրապիզոնի մէջ՝ Զաւարեանն ու Արղութեանը, Թիֆլիսի մէջ «Կենտրոն»ի գործերը կը վարէին Ռոստոմ, Շաթիրեան, Արշակ Թադէոսեան եւ ուրիշներ: Փաստաթուղթերու չգոյութիւնը սակայն, մեզի թոյլ չի տար յստակ հաստատումներ ընել կազմակերպչական եւ կառոյցի մանրամասնութեանց մասին:

Նոյն ատեն, նոր կազմակերպութիւնը կը սկսի քաղաքական գործի: Կը կազմակերպէ իր մամուլը: Թռուցիկները կը տպագրեն գաղտնօրէն Ռոստոմ եւ Շաթիրեան: 1890-ի «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան» մանիֆեստը իր խօսքը կ՛ուղղէ ամբողջ հայութեան: 1891 թուականին Դրօշակի Թռուցիկ թերթը կը հրատարակէ «Կռիւը սկսուած է» խորագրով յօդուածներ: Մայիս 1891-էն սկսեալ, Դրօշակ կը դառնայ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» պաշտօնական օրկան:

Գ. Ղեկավար Դէմքերը Կամ՝ Հիմնադիր Երրորդութիւնը

Ահա ինչ կը գրէ Վրացեան «Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան» գիրքին մէջ.-

«Իրենց իմացականութեան ուժով եւ անձնական կեանքի եւ գործի օրինակով Քրիստափոր, Զաւարեան եւ Ռոստոմ անզուգական երրորդութիւնը կերտեցին, անհասանելի բարձրութեան հասցրին եւ հզօր կազմակերպութեան վերածեցին Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ կէս դարից աւելի անընդհատ իր գաղափարներով ու հերոսական գործերով, իր մտաւորական ու ռազմիկ շքեղ դէմքերով ճոխացրեց հայոց նորագոյն պատմութիւնը: Եւ այսօր էլ տակաւին ազատատենչ հայութիւնը ապրում ու ոգեւորում է նրանց սերմանած գաղափարներով, նրանց կռած ու կոփած կազմակրեպութեան սկզբունքներով, նրանց անձնուէր կեանքի օրինակով, նրանց տենչերով ու ոգիով»: (էջ 87-88)

-Իւրաքանչիւր դէմք՝ առանձին առանձին

-Քրիստափոր Միքայէլեան

-Ռոստոմ

-Սիմոն Զաւարեան

Քրիստափոր Միքայէլեան

Ծնած է Ագուլիս (Գոթն), 1859-ին: Որբ՝ տասը տարեկանին: 1874-ին կը ղրկուի Թիֆլիս, իր ուսումը շարունակելու պետական ուսուցչանոցին մէջ, զոր կ՛աւարտէ 1880-ին: Քանի մը տարի ուսուցչութիւն ընելէ ետք՝ 1885-ին կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը յաճախէ «Փիէթրովսկի» գիւղատնտեսական վարժարանը: Այնտեղ կը ծանօթանայ Զաւարեանին եւ Ռոստոմին:

1887-ին բարձրագոյն ուսումը կիսաւարտ ձգած՝ կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ Ագուլիս, ուսուցչութեան նուիրուելու: Միեւնոյն ատեն կը զբաղի յեղափոխական քարոզչութեամբ եւ գործաւորական զանազան խմբակներու դաստիարակչութեամբ եւ զինավարժութեամբ:

Ամառը, կը հանդիսանայ գլխաւոր ուժը հայ յեղափոխական խմբակցութիւններու միաւորման մէջ՝ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն» անուան տակ: Կը դառնայ կեդրոնական դէմքը նորաստեղծ յեղափոխական մեծ կուսակցութեան:

1891-ին կ՛աքսորուի Քիշնեւ, ուրկէ փախստական կ՛անցի Ռումանիա՝ «Դրօշակ»ի գործը կանոնաւորելու:

1892-ին դարձեալ Թի‎ֆլիս է: Հ.Յ.Դ. առաջին Ընդհանուր Ժողովին, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի հետ կը կազմէ Դաշնակցութեան ծրագիրը: Շրջան մը կը մնայ Կովկաս: Քրիստափորի ճիգերուն եւ կազմակերպչական տաղանդին արդիւնքը կ՛ըլլայ Խանասորի Արշաւանքը, հիմնականին մէջ:

Բ. Ընդհանուր Ժողովի որոշմամբ ան կ՛անցնի Ժընեւ, ուր կը գլխաւորէ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը, մտաւորական երիտասարդ ուժեր հաւաքելով թերթին շուրջ: Քրիստափորի ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ 1900 Նոյեմբերին, Փարիզի մէջ կը սկսի հրատարակուիլ Ֆրանսերէն «Բրօ Արմէնիա» թերթը: Քրիստափոր կը գլխաւորէ նաեւ «Փոթորիկ»ի շարժումը, շարժում՝ որ 1901-էն սկսեալ, սպառնալիքի տակ հայ մեծահարուստները կը ստիպէր կարեւոր գումարներ տրամադրել ազատագրական գործին:

Գ. Ընդհանուր Ժողովին (1904, Սոֆիա) Քրիստափորի առաջարկով որոշուեցաւ կազմակերպել Սուլթան Ապտիւլ Համիտը ահաբեկելու գործը,որու ղեկավարութիւնը ստանձնեց մեծ ղեկավարը ինքը: Դժբախտաբար, հայ ազատագրական պայքարի ռահվիրան ինք զոհ գնաց ռումբի փորձին (Մարտ, 1905), մինչ, չորս ամիս ետք, արիւնաբու Սուլթանը հրաշքով կ՛ազատէր Եըլտըզի մահափորձէն:

Ահա թէ ինչ կը գրէ վարդանեան (Ա.հատոր, Դ. գլուխ) Քրիստափորի մասին-.

«Լռիկ, անշուք, համեստ մտաւորական մը, որու միակ արտաքին փայլը իր նուրբ, տանջուած, վեհօրէն գեղեցիկ, առաքելական դէմքի մէջ էր: Շատերը չէին իսկ տեսած զինքը: Ոչ ալ կարդացած իր սակաւաթիւ ու փոքր ինչ դժուարամարս յօդուածները: Բայց մէկ բան գիտէին ամէնքը: -Նա կազմակերպութեան գլուխն էր եւ ինքը գերագոյն կազմակերպիչը … Գուցէ այս տարտամ գաղափարը կար ամէնուն մէջ, որ այդ մարդը տարբեր խմորէ էր …

Կազմակերպիչ ոգի … Այդտեղ է Քրիստափորի հմայքի գաղտնիքը: հազուագիւտ առաջնորդ մը՝ որ իր ընտիր իմացականութիւնը կը միացնէ եւ բարոյական խոշոր առաքինութիւնը. հաստատուն նկարագիրը, անյողդողդ կամք, անաղարտ մաքրութիւն, անկաշառ շիտակութիւն: Կազմակերպչական իր ձիրքը Միքայէլեան ցուցաբերեց տակաւին երիտասարդ տարիքի մէջ, կուսակցութեան ծնունդի օրերուն, երբ իր առջեւ դրուած էր մեծ, կնճռոտ խնդիր մը ի մի ձուլել այնքան տարբեր խմբակցութիւններ, ստեղծել կուռ, ներդաշնակ միութիւն մը՝ այնքան հակամարտ, կեդրոնախոյս տարրերէ – խնդիր մը, որու համար անհրաժեշտ էր իրօք արտակարգ կարողութեան տէր մարդ մը, մէկը՝ որ թէ՛ մտաւորապէս եւ թէ բարոյապէս կանգնած լինէր պատմական վայրկեանի բարձրութեան վրայ…»:

Այսօր եւս, Քրիստափորի ոգին անմահ կ՛ապրի մեր կուսակցութենէն ներս: Քրիստափորի ոգին… «Գաղափարական ընկերայնութեան ոգին էր այդ, որ այնքան ջերմութիւն, հմայք ու հրապոյր կը հաղորդէր դաշնակցական մթնոլորտին եւ որ կը բխէր մեր մեծ ընկերոջ ամէն մէկ խօսքէն, ժեսթէն, նամակէն»: (Վարանդեան):

Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն՝ Ամէնէն  երկար կեանք ունեցողը եղաւ Ռոստոմ, նաեւ այն՝ որու մտքի եւ գործի դրոշմը ամէնէն աւելի տեսանելի է Դաշնակցութեան վրայ:

Ծնած է Գողթն Ցղնա գիւղը, 1867-ին: Նահապետական ունեւոր ընտանիքի զաւակ էր: 1886-ին կ՛աւարտէ Թի‎ֆլիսի պետական վարժարանը: 1889-ին կը մտնէ Մոսկուայի գիւղատնտեսական դպրոցը, բայց տարի մը ետք կ՛աքսորուի, ուսանողական ցոյցերուն մասնակցած ըլլալուն համար: Երբ Թի‎ֆլիս կը հասնի, Դաշնակցութիւնը արդէն կազմուած էր: Ռոստոմ կը նետուի յեղափոխութեան գիրկը, դառնալով ամբողջական գործակիցը Քրիստափորի եւ Զաւարեանի: 1892-ին կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Առաջին Ընդհանուր Ժողովին, ուր իր երկու ընկերներուն հետ միասնաբար, կը կազմէ Հ.Յ.Դ. ծրագիրը:

1893-էն 1895, Ռոստոմ կը մնայ Ժընեւ, «Դրօշակ»ի գործով: 1895-ին կ՛անցնի Կարին, ուր ձերբակալուելով, կ՛աքսորուի Պարսկաստան: Ապա կրկին Թի‎ֆլիս, յետոյ՝ քանի մը տարիով, Պալքաններ, Մակեդոնացիներու հետ գործակցելու: 1902-ին կը վերդառնայ Կովկաս ու կը դառնայ ազգային-եկեղեցական կալուածներու գրաւման դէմ ծառացման ոգին ու կազմակերպիչը: 1905-ին, հայ-թաթարական կռուի օրերուն, կը հանդիսանայ ինքնապաշտպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչը: 1907-ի 4-րդ Ընդհանուր Ժողովին, Ռոստոմի բարոյական հեղինակութեան շնորհիւ է, որ կ՛իւրացուի Պարսկաստանի ազատագրական շարժման մասնակցելու առաջարկը եւ շատ մը գաղափարական բախումներ լուծում կը գտնեն:

Ապա Ռոստոմը կը գտնենք յաջորդաբար՝ Պուլկարիա, Հ.Յ.Դ. Զինուորական վարժարանի գծով, Շտուտկարթ՝ Ընկերվարական Միջազգային Համագումարին, Կովկաս, Պարսկաստան, Վառնա (Ե. Ընդհ. Ժողով), Պոլիս եւ Կարին, ուր կը մնայ մինչեւ 1914, իբրեւ կրթական եւ կազմակերպական գործի ղեկավար: Աւելի ուշ՝ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմին, Ազգային Բիւրոյի եւ գաղթականական գործին գլուխը կը գտնենք զինք: 1917-ին Փեթրոկրատ է, ապա՝ Սթոքհոլմ, ամէն տեղ արծարծելով հայկական հարցն ու պահանջները: 1918-ին, Ռոստոմ կը ստանձնէ Պաքուի հերոսամարտի ղեկավարութիւնը: Ապա՝ կ՛անցնի Պարսկաստան, եւ վերջապէս Թի‎ֆլիս, ուր 1919 Յունուար 19-ին կը մեռնի բծաւոր տիֆէ, տեղեակ իր պատտած Հայաստանի անկախութեան, բայց անկախ Հայաստանը չտեսած…:

Ահա Ռոստոմը: Շատ զարգացած բայց չափազանց պարզ, մշտազուարթ: «Կատարենք մեր պարտքը մեր թշուառ ժողովուրդի հանդէպ… Փա՞ռք, ծա՞փ, դափնինե՞ր – ունայնութիւն ունայնութեանց» … Խօսքը իրն է:

Միշտ ըմբոստ, խիստ՝ գործին նկատմամբ, չարքաշ, ամէն տեղ ներկայ, ծայրայեղ բարի, ծայրայեղ ընկերասէր -այսպէս էր մեր հիմնադիրներէն՝ Ռոստոմը:

Սիմոն Զաւարեան

Ծնած է Լոռի, Իգահատ գիւղը, 1966-ին: Երկրորդական ուսումը ստացած է Թի‎ֆլիս, ապա՝ աւարտած Մոսկուայի գիւղատնտեսական ճեմարանը: 1889-ին կը վերադառնայ Թի‎ֆլիս, ուր կը նուիրուի իր ժողովուրդի դատին, աջակցելով Քրիստափորի՝ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան գործին մէջ:

1890-ի վերջերը կ՛անցնի Տրապիզոն իբր կազմակերպիչ: Շուտով սակայն կ՛աքսորուի երկրէն դուրս: 1892-ին կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Առաջին Ընդհանուր Ժողովին, ուր ինք եւս կը մշակէ կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը: 1902-ին Ժընեւ է, «Դրօշակ»ի խմբագրութեան անդամ: 1904-ին կ՛անցնի Կիլիկիա, ապա նաեւ՝ Լիբանան, կազմակերպելու այդ շրջանները: Պէյրութի մէջ կը հիմնէ Ուսանողական Միութիւնը, որ հետագային կոչուեցաւ իր անունով: Կ՛այցելէ Եգիպտոս: 1905-էն 1908 Կովկաս է: Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, Զաւարեան շուրջ երեք տարի կը գործէ Մուշի մէջ: 1911-ին կը հաստատուի Պոլիս, ուսուցիչ է եւ կ՛աշխատակցի «Ազատամարտ»ին միշտ իր ամբողջ ժամանակը նուիրելով կուսակցական անդուլ գործի: 1913 Հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ, իր բնակավայրէն դէպի «Ազատամարտ»ի խմբագրատուն քալած պահուն- յանկարծամահ կ՛ըլլայ Դաշնակցութեան «Աշխարհիկ Սուրբը», Սիմոն Զաւարեան:

«Եւ ահա Սիմոն Զաւարեանը… Մաքրագոյնը մաքուրներէն: …Համակ եռանդ, կեանք ու շարժում: Ըմբոստ, Հպարտ, գերազանցապէս ուրոյն, անկախ նկարագիր մը: … Զինուոր – Յեղափոխութեան: Զինուոր – նաեւ բարոյական անաղարտ մաքրութեան»: (Վարդանեան, Ա. Հատոր, Դ. գլուխ):

Արդարեւ Դաշնակցութեան խղճի, բարոյական եւ գաղափարական սկզբունքներու մարմնաւորումն ու խորհրդանիշն էր Զաւարեան: Երբեք չէր վարաներ խստօրէն սաստելու բարոյական որեւէ սայթաքում, որեւէ անարդարութիւն: Ահա թէ ինչպէս կ՛արտայայտուի Զաւարեան իր «կարգապահական» խորագիրը կրող մէկ երկար բանաձեւին մէջ-.

«Նկատելով որ աշխարհքի շահերի պաշտպանութիւնը հանդիսանում է մեր նպատակի հիմնական կէտերից մէկը, իսկ անգործութիւնը տանում է մարդկանց անբարոյականութեան եւ ապրուստի թեթեւ, բայց ծուռ միջոցների դիմելու, որ գցում է կազմակերպութեան վարկը. ժողովը որոշեց՝

ա. Որ ամէն մի Դաշնակցական օժտուած լինելու է ազնիւ մարդուն վայել բարոյական ու յեղափոխական յատկութիւններով,

բ.  Որ ամէն մի Դաշնակցական, ուր որ էլ գտնուի, տարածելու է իր գաղափարները քարոզով եւ մանաւանդ կոնկրէտ գործերով,

գ. Որ ամէն մի զինուոր, կամ այլ կարգի յեղափոխական, արտասահմանում կամ երկրում, երբ նա ամբողջովին կազմակերպութեան տրամադրութեան տակ չէ, իր ապրուստը ապահովելու է իր ազնիւ աշխատանհքով…»:

Միւս Հիմնադիրները

Հիմնադիր երրորդութենէ անկախ, նորաստեղծ կուսակցութեան յղացման մէջ մեծ դեր ունեցան նաեւ այլ հայրենասէր ու գաղափարապաշտ երիտասարդներ: Ասոնցմէ ոմանք կարճատեւ գործունէութենէ մը ետք, լքեցին կուսակցութեան շարքերը: Ուրիշներ ընդհակառակը, մինչեւ մահ, ծառայեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան դրօշին ներքեւ:

Հիմնադիր երրորդութենէ ետք, ահա քանի մը անուններ, որոնք ամուր հիմերու վրայ հաստատեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան հոյակապ շէնքը.- Կոստանդին Խատիսեան, Մարտին Շաթիրեան (որ մտերիմ յարաբերութեան մէջ էր երրորդութեան հետ եւ գործօն դեր կատարեց կուսակցութեան առաջին շրջանին), Յակոբ Քոչարեան, Իշխան Յովսէփ Արղութեան (որ մինչեւ իր կեանքի վերջը հաւատարմօրէն ծառայեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան), Սաթենիկ, Նատալիա, Նիկոլ Մարտինեան, Ակնունի, եւայլն…

Յաւելուած կէտեր

-Դաշնակցութիւնը իբրեւ խօսքի եւ գործի կուսակցութիւն:
Այս երկու տուեալներու զուգահեռ ընթացքն ու զարգացումը:

Մէջբերում-Սիմոն Վրացեանէն, «Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան» (էջ 139-140)

Դրուագներ հիմնադիրներու կեանքէն.-

ա.Քրիստափոր -Ռումբի դէպքը եւ Քրիստափորի մահը

բ.Զաւարեան -Կուսակցական լումաներու հանդէպ ծայրայեղ բծախնդրութիւն (օրինակներ)

գ.Ռոստոմ -«Սամավառի Վաճառական» Ռոստոմը (չկան մեծ ու փոքր գործեր). «Գաղափարների Ոգին» Վ.Նաւասարդեան-(էջ 175-176) (մէջբերումներ):

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …