ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ

ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ

Ժողովուրդի ծոցէն ելած, ժողովուրդին մէջ սնած եւ իմաստաւորուած, իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրած յեղափոխական բացառիկ տիպար է Հրայր Դժոխքը:

Հրայր Դժոխք, բուն անունով՝ Արմենակ Ղազարեան, ծնած է Սասունի Խուլբ գաւառի Ահարոնք գիւղը, 1866ին: Ինք տակաւին մանուկ էր, երբ ընտանիքով կը փոխադրուին Մշոյ դաշտի Ղըզըլաղաճ գիւղը: Հայրը ուսումնասէր քահանայ էր եւ կ՛աշխատէր լաւ կրթութիւն տալ իր զաւակին: Պատանի Արմենակ իր ուսումը եւ մտաւոր-բարոյական դաստիարակութիւնը կը ստանայ Ս.Կարապետի վանական դպրոցի հայրենասիրական մթնոլորտին մէջ: 1880ական թուականներու վերջերը դպրոցը կ՛աւարտէ, իբրեւ ազգային զգացումով տոգորուած հասուն երիտասարդ:

Տարօնի կեանքէն ներս կը տիրէ հայրենասիրական-յեղափոխական մթնոլորտ: Տարօնը եռուզեռի մէջ էր: Եւ երբ 1890ական թուականներու սկիզբը Մուշ կու գան հնչակեան Մուրատը եւ Միհրան Տամատեանը, հողը արդէն պատրաստ էր յեղափոխական գործունէութեան համար: Արմենակ կ՛ընկերանայ անոնց: Իբրեւ գործիչ կը շրջի գիւղէ-գիւղ, կը քարոզէ, նոյն ատեն կազմակերպելով գիւղացիները: Նորանոր ուժեր կը զինուորագրուին յեղափոխութեան, ինչպէս՝ Գէորգ Չաւուշ: Կը նախապատրաստուի Սասնոյ Ա. ապստամբութիւնը, 1894ին:

Հնչակեան ձեռնարկը կը ձախողի: Մուրատ կը ձերբակալուի: Մարտական ուժերը եւս կը ձերբակալուին կամ կը ցրուին: Արմենակ, որ ծանօթ էր այլեւս Դժոխք եւ Հրայր անուններով, հիասթափուած ու դառնացած՝ կ՛անցնի Կովկաս եւ այնտեղէն Ռումանիա: Հոն իր շուրջ կը հաւաքէ պանդուխտ հայրենակիցներ եւ 1895ին կը վերադառնայ Կովկաս՝ հայրենիք վերադառնալու որոշումով: Այստեղ կ՛անդամակցի Դաշնակցութեան եւ, Արամ Արամեանի հետ, մօտ 50 հոգինոց խումբերով կը մտնէ Բասէն: Հրայրի նպատակն էր Բասենի շրջանը կազմակերպելով հետզհետէ անցնիլ դէպի Խնուս ու Տարօն՝ բոլոր այդ վայրերը օժտելով յեղափոխական խումբերու ցանցով:

Բասէնի մէջ, Հրայր եւ Արամեան կը դառնան շրջանի յեղափոխական գործունէութեան ոգին: Մանաւանդ Հրայրը, իր համեստ բնաւորութեամբ, չարքաշ կեանքով եւ հաւատաւոր ու համոզիչ խօսքերով ջերմ համակրանք կը գտնէ գիւղացիութեան մօտ: Ընդհանուր կոտորածներու օրերուն, Հրայրի եւ Արամեանի կազմած ինքնապաշտպանութեան խումբերը շրջանը կը փրկեն ջարդերէն:

Հրայր Բասէնի մէջ կը մնայ մինչեւ 1896ի ամառը: Ան յարատեւ յարաբերութեան մէջ կ՛ըլլայ Տարօնի, Կարինի եւ Կովկասի մարմիններուն հետ, թղթակցութիւններ կը ղրկէլ «Դրօշակին»: 1896ին Յունիսին, կարճ ժամանակով կ՛անցնի Կարս՝ մասնակցելու համար Դաշնակցութեան զինուորական Խորհուրդին: Եւ երբ նոր վերադարձած էր Բասէն, կը ձերբակալուի Քէօփրիքէոյ գիւղին մէջ ու կը տարուի Կարինի բանտը:

Հրայր Արամեանէն աւելի բախտաւոր կ՛ըլլայ, մինչ Արամեան մահուան կը դատապարտուի եւ դատավճիռը կը գործադրուի, Հրայր ներումի կ՛արժանանայ եւ կը վերադառնայ հայրենի գիւղը, ուր գրագիրի պաշտօն ստանձնելով՝ կը շարունակէ յեղափոխական աշխատանքը: 1898ին նորէն կը ձերբակալուի կարճ ժամանակով, իսկ 1901ին կ՛անցնի Վան եւ Վարդգէսի հետ կը մշակէ Տարօնի եւ Վասպուրականի գործունէութեան ու կազմակերպութեան համար ընդհանուր ծրագիր-կանոնագիր:

1902ին կը զբաղի Ախլաթի շրջանի կազմակերպման գործով: Ապա կը հաստատուի Սասուն, ուր համախմբուած էին մարտական ուժերը՝ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ: Հրայր կը հանդիսանայ ղեկավար դէմք: Միշտ տխուր, ժուժկալ, թախցոտ ու մտախոհ, մարմնով տկար՝ անհուն ուժ ու հզօր կամք կը խտացնէ առաքելատիպ իր անհատականութեան մէջ, անսահման նուիրում ցուցաբերելով ժողովուրդին ու ազգային դատին: Այդ օրերուն Հրայրի թղթակցութիւններն ու նամակները կը վկայեն, թէ արտակարգ միտք ու հոգի էր ան:

Վրայ կը հասնի 1904ի Սասնոյ Բ. ապստամբութիւնը: Թուրք կառավարութիւնը վճռած էր քարուքանդ ընել սասունցի արծիւներուն բոյնը: Սասունը կը պատրաստուէր օրհասական դիմադրութեան՝ Անդրանիկի, Վահանի, Մուրատի, Հրայրի եւ ուրիշ անձնուէր քաջերու գլխաւորութեամբ: Կը պայթի ապստամբութիւնը եւ առաջին զօհերէն կ՛ըլլայ ինք՝ Հրայր, որ կ՛իյնայ 1904 Ապրիլ 26ին, թշնամիին գնդակով, իր վիրաւոր ընկերոջ՝ Սեպուհին օգնութեան փութալու ընթացքին:

Հրայրի մահը անփոխարինելի կորուստ մը կ՛ըլլայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ յատկապէս Տարօնի հայութեան համար:

Հրայրի Մտածումներէն

… Մեր յոյսը պիտի լինի մեզ վրայ միայն եւ մեռնել սուրբ նպատակին համար: Այդ է մեր փառքն ու պսակը: Րոպէն կրիտիկական է: Հասնիլ պատերազմի դաշտում, օգնել միմեանց, սփոփել իրար – մեր դիակները թշնամին թող գիրկընդխառն տեսնէ: Իսկ դուք, քոյրեր, սիրտ տուէք հայ երիտասարդին վիարկապ հիւսեցէք ձեր մազերից, որ չաղտոտեն իրենց անուն ու պատիւը:

Վկայութիւններ

Վտիտ մարմնով, փոքրիկ հասակով մարդ մըն էր ան, որ օժտուած էր խոշոր ձեռքերով եւ մտային կարողութիւններով: Խորունկ համոզմունքի հետ ան կը միացնէր հետեւողականութիւն եւ յամառութիւնը: Խիստ էր ինչպէս իրեն հանդէպ: Իր կրօնական հաւատքով դէպի Դաշնակցութիւնը եւ խստապահանջ ոգիով ան կը յիշեցնէ մասամբ Բալաբեխ Կարապետը: Անոր օրով Դաշնակցութիւնը իրապէս կը դառնայ կրօնք, եկեղեցիներու մէջ նորընծայ Դաշնակցականներրը խաչի եւ սուրի վրայ կ՛երդնուն: … Ան կ՛ըսէր, թէ յեղափոխականը պիտի մեռնի կամ գնդակով, կամ կախաղանով, կամ բանտի մէջ՝ եթէ հաւատարիմ է իր տուած ուխտին:

Այս խստակրօն մարդը կը հմայէ ժողովուրդը եւ կը յաջողի կազմակերպել զայն վերէն մինչեւ վար, ինքը դառնալով իր ստեղծած կազմակերպութեան կեդրոնը:

Ռուբէն

 

Առաքեալ մըն էր բուն իսկ Տարօնի ժողովուրդի ծոցէն: Մտաւորական մը՝ օժտուած խօսելու եւ գրելու գեղեցիկ տաղանդով: Միստիկ շունչ մը կար այդ պարզ՝ շինական տղուն մէջ, որ միայն միջնակարգ կրթութիւն մը ստացէր էր, գիտէր խորապէս յուզել ձեզ իր սրտագրաւ քարոզչութեամբ:

Այդ վտիտ մարմինը, մաշած, վաղաժամ ակօսուած եւ կարծէք հարազատ ժողովուրդի բախտը կու լային, այդ լուրջ, հանդարտ զրոյցը, որ կ՛ընէր վշտոտ, սրտառուչ ձայնով մը, առանց դիմացինին նայելու, այդ ամբողջ դերվիշանման կերպարանքը, գլխուն տնկած մշեցիի անբաժան արախչին – այդ ամէնը անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնան բոլոր անոնց յիշողութեան մէջ, որոնք առիթը ունեցեր են մօտէն դիտելու գերազանցապէս ժողովուրդական այդ դէմքը:

Մ.Վարանդեան

 

Արմենակ Ղազարեան մեր այն գործիչներից է, որոնց կեանքն ու գործը արժանի է առանձին հատորով ներկայացուելու: Ժողովուրդին ծոցից ելած, ժողովուրդի մէջ սնուած եւ իմաստաւորուած, իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրուած յեղափոխական բացառիկ տիպարն էր Հրայրը, որ իր մէջ խտացրել էր Մամիկոնեան քաջութիւնը եւ Բագրատունեաց խոհունակութիւնը: Մարմնով վտիտ, բայց մտքով ու հոգիով մեծ Հրայրը իր անհատական ուրոյն դրոշմը դրեց Տարօնի եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան գործի վրայ:

Ս.Վրացեան

 

Հ.Յ.Դաշնակցութեան 3 անմահ հիմնադիրներու կողքին, իմ համոզումով, Հրայրը կը ներկայանայ չորորդ հիմնադիրը, եւ այն առաւելութեամբ, որ Հրայրը կը հանդիսանայ երկրի յեղափոխական կազմակերպութեան եւ գործօն շարժման մարմին տուողը: Ան երկրի յեղափոխական շարժման սիւնն է:

Կ.Սասունի

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …