Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւն
Ծրագիր, Աշխարհայեացք, Պատմափիլիսոփայութիւն
Ամէն քաղաքական կուսակցութիւն կ՛ունենայ իր ծրագիրը, ուր կը ճշդէ իր աշխահայեացքը, այսինքն մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին իր ըմբռնումը, կը սահմանէ ու կը հիմնաւորէ իր նպատակը, կը պարզէ իր ռազմագիտութիւնն ու ռազմավարութիւնը, եւ կը թուէ իր նպատակէն ու աշխարհայեացքէն բխող անմիջական պահանջները: Ամէն ծրագիր կ՛ունենայ իր նուազագոյն բաժինը անմիջականօրէն գործադրելի, եւ առաւելագոյն բաժինը, որու իրագործումը կ՛երկարի երկար ու յաճախ անորոշ ժամանակաշրջանի վրայ:
Զանազան տեսակի աշխարհայեացքներ, իրարմէ տարբեր մօտեցումներով կը վերլուծեն մարդկութեան անցեալը, ըմբռնելու համար պատմութեան հոլովոյթին ընթացքը ճշդող ազդակները, փնտռելու ու կերտելու համար այն կառոյցներն ու ապրելակերպը, որոնք պիտի ստեղծեն ապագայի իտէալ ընկերութիւնը, ուր պիտի տիրեն ազատութիւնը, անհատներու հաւասարութիւնը իրաւունքի եւ պարտաւորութեանց, արդարութիւնն ու ընդհանուր բարօրութիւնը:
Նմանօրինակ նպատակ մը կը հետապնդէ ժողովրդավար-ընկերվարութիւնը:
Ընկերվարութեան Հիմնաւորումը
Մարդկութեան պատմութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր գոյութիւն ունեցած են շահագործողներ եւ շահագործուողներ, իշխողներ եւ հպատակներ, ճնշողներ եւ ճնշուողներ: Ընկերութիւններուն մէջ, քաղաքական եւ տնտեսական իշխանութեան կեդրոնացումը շահագործող փոքրամասնութեան մը ձեռքին մէջ, պատճառ դարձած է դասակարգային անհաւասարութիւններու, որոնք կը կաշկանդեն ազատութիւնն ու արդարութիւնը: Այս անարդարութեան եւ ազատութեան կաշկանդումին դէմ կը պայքարի ընկերվարութիւնը:
Ներկայիս, այս անհաւասարութիւնները երեւան կու գան գլխաւոր երկու երեւոյթներու ընդմէջէն, ասոնցմէ առաջինն է տնտեսական անհաւասարութիւնները, իսկ երկրորդը՝ բարոյական անհաւասարութիւնները:
Տնտեսական անհաւասարութիւններու գոյութեան պատճառն է նիւթական լայն կարելիութիւններու կեդրոնացումը փոքրամասնութեան մը ձեռքը, որուն սեփականութիւնը դարձած է արդիւնաբերական արտադրութեան միջոցները, այս մէկը թ՛է երկրագործական, ճարտարարուեստական եւ թէ վաճառականական կալուածներէ ներս. ասոր հետեւանք՝ աշխատաւոր մեծամասնութիւնները կը շահագործուին, անոնք չեն վարձատրուիր ըստ իրենց իրաւունքին, ու չեն ստանար իրենց տուած աշխատանքին արդար հատուցումը:
Գալով բարոյական անհաւասարութիւններուն, ասոնց արդիւնքը կ՛ըլլայ առանձնաշնորհեալ անհատներու գերագնահատումը, եւ այլ անհատներու ստորագնահատումը յաճախ անիրաւ տեղը, այս մէկը հետեւանք է երեւոյթի մը, ըստ որուն՝ անհատի արժեւորումը ընկերութեան կողմէ յաճախ կը կատարուի ոչ թէ համաձայն իր արժէքին, այլ համաձայն խաթարուած չափանիշներու, ինչպիսին են՝ անհատի նիւթական կարելիութիւնները եւ այլն:
Ընկերվարութիւնը կը պայքարի այս անհաւասարութիւններուն դէմ: Ընկերվարութիւնը իր այս պայքարի ընթացքին, իր նպատակին առաջնորդող որպէս գործնական լուծում՝ կ՛առաջարկէ արդիւնաբերական միջոցներու համայնացումը, այսինքն անոնց զետեղումը հաւաքականութեան հովանաւորութեան տակ, եւ հետաւաբար արտադրութեան միջոցներու անհատական սեփականութեան բացարձակ ոչնչացումը, տրուած ըլլալով որ այս վերջինի գոյութիւնը այնքան ատեն որ մեծ տարողութեամբ չէ եւ պատճառ չի դառնար անհատներու շահագործումին, չի վտանգեր հաւաքականութեան շահերը:
Ընկերվարութիւն եւ Ազգայնութիւն
Ընկերվարութիւնը կը պահանջէ, որ ամէն ազգ ունենայ ազատ զարգանալու իրաւունքը եւ կարելիութիւնը, որովհետեւ միայն ազգերու ազատ զարգացումով ու անոնց միջեւ տիրող հաւասարութեամբ է որ պիտի յառաջդիմէ ու բարգաւաճի միջազգային ընտանիքը:
Ընկերվարութիւն եւ Յեղափոխութիւն
Ընկերվարութիւնը եւ Յեղափոխութիւնը սերտօրէն կապուած են իրարու: Ամէն յեղափոխութիւն, անիկա ըլլայ ազատագրական պայքարի բնոյթ կրող է ընկերային, երբ կը նպատակադրէ ազատութեան կամ արդարութեան հասնիլ, կը նպաստէ ընկերվարութեան յաղթանակին: Գալով ընկերվարութեան, ան իր բնոյթով յեղափոխական է, տրուած ըլլալով որ կը ձգտի արմատական փոփոխութիւններ մտցնել, պայքարելով դարերէ ի վեր տիրող փրկութեան եւ արդարութեան դէմ, հասնելու համար ազատութեան ու արդարութեան իտէալին:
Ընկերվարութիւն եւ Բռնատիրութիւն (Ամբողջատիրական Ընկերվարութիւն)
Ամբողջատիրական ընկերվարութիւնը ձգտելով դասակարգերու վերացումին, պատմութեան յառաջդիմութիւնը կը տեսնէ միայն դասակարգային պայքարին մէջ, եւ ընկերվարական կարգերու պահպանումը կը վստահի «բանուորական տիքթաթորային»: Այս ռազմավարութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ազատութիւնները դարձեալ կաշկանդուին (օրինակի համար խորհրդային միութեան միակուսակցական դրութիւնը, ըստ որուն՝ համայնավար կուսակցութենէն ներս), տրուած ըլլալով ամբողջականութիւնը չի կրնար գոյատեւել ազատութեան մէջ:
Բանուորական Տիքթաթորային տեղ սակայն կը տիրէ համայնավար կուսակցութեան տիքթաթորան եւ այսպէս կը ստեղծուին նոր երկու դասակարգեր՝ քաղաքական դասակարգը, այսինքն իշխող դասակարգը, «Պիւրոքրիասիան» եւ իշխուող դասակարգը, որ կը կազմէ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը:
Ընկերվարութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն
Ժողովրդավար ընկերվարութիւնը իր գրծնական լուծումներով կը հակադրուի ամբողջատիրական ընկերվարութեան: Ժողովրդավար սկզբունքներուն որդեգրման ընդմէջէն: Ամբողջատիրական ընկերվարութեան դասակարգային պայքարը եւ բանուորական տիքթաթորան, ժողովրդավար ընկերվարութեան քով կը փոխարինուին ժողովրդային իշխանութեամբ մը, որովհետեւ բռնամիջոցներու օգտագործումը բնական պայմաններու մէջ կը հակասէ ընկերվարական սկզբունքներուն, որոնք կը ձգտին ինչպէս ըսինք ազատութեան եւ արդարութեան:
Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւնը
Հ.Յ.Դ. որպէս քաղաքական կուսակցութիւն, իր ծրագրին մէջ որդեգրած է ժողովրդավար ընկերվարութիւնը: Հ.Յ.Դ.-ի ծրագիրները ժամանակի ընթացքին ենթարկուած են փոփոխութեան. ասոնց մէջէն կարելի է տեսնել Հ.Յ.Դ.-ի մօտ ընկերվարութեան հոյովոյթը: Իր ամբողջական ձեւին մէջ, Հ.Յ.Դ.-ի համար ազատութեան եւ արդարութեան առաջնորդող միակ աշխարհայեացքը ընկերվարական աշխարհայեացքն է: Ընդունելով հանդերձ ընկերվարութեան հիմնական վերլուծումները դասակարգային անարդարութիւններու առնչութեամբ, Հ.Յ.Դ. կը մերժէ բանուորական տիքթաթորան , որպէս հակաժողովրդավար:
Որպէս սկզբունք, Հ.Յ.Դ. կ՛ընդունի անհատական սեփականութեան վերացումը եւ արդիւնաբերական միջոցներու համայնացումը, երբ անոնք հանրային եւ հաւաքական նշանակութիւն ունին եւ արժէք կը ներկայացնեն, այլապէս կարելի է պահել անհատական սեփականութիւնը, երբ ան չի հակադրուիր հաւաքականութեան շահերուն, որովհետեւ այս մէկը զարկ կու տայ անհատական նախաձեռնութեան ոգիին, որ զարգացումի եւ յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մէկն է:
Ասկէ զատ, Հ.Յ.Դ. ժողովրդավարական սկզբունքներ կը սահմանէ որպէս մէկ անբաժան մասը ընկերվարութեան, ընկերվարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կը լրացնեն ու կը պայմանաւորեն իրար: Հ.Յ.Դ.-ի ժողովրդավար սկզբունքները երեւան կու գան իր ծրագրին եւ քաղաքական պահանջներու ընդմէջէն: 1-Հայութեան պահպանումը 2-Հայաստանը՝ հայութեան 3-Ուժ եւ կազմակերպութիւն 4- արդար աշխատանք:
Հ.Յ.Դ.-ի համար պատմութեան ընթացքը կը ճշդուի առարկայական (բնական տնտեսական) եւ ենթայական (մարդկային կամք, խիղճ, հաւատք) ազդակներու ազդեցութեան տակ հաւասարաբար:
Վերջապէս, Հ.Յ.Դ.-ի համար ազգը իբրեւ «բեղմնաւոր մասնայատկութիւններով» օժտուած հաւաքականութիւն կը ներկայացնէ հիմնական արժէք մը, որուն ազատ զարգացումով է, որ պիտի յառաջդիմէ միջազգային ընկերվար ընտանիքը: Ամէն ազգերուն անժխտելի իրաւունքն է անկախութիւնն ու ազատութիւնը, այս մէկը յաճախ միայն յեղափոխութեամբ է, որ կ՛իրականանայ: Հ.Յ.Դ. էովին յեղափոխական կուսակցութիւն մը ըլլալով, նպատակայարմար պայմաններու տակ իր իտէալներու իրագործման համար կ՛որդեգրէ յեղափոխական ուղին եւ ազատագրական պայքարը:
Ընկերվար Գործունէութիւնը Հ.Յ.Դ.-ի մօտ
Հ.Յ.Դ. պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Հ.Յ.Դ.-ի գործունէութեան մէջ տեղ գտած են ընկերվար իրագործումները:
Թրքահայաստանի մէջ ազատագրական պայքարի ձեռնարկելով, Հ.Յ.Դ. նպաստած է ընկերվար սկզբունքներու յաղթանակին, տրուած ըլլալով որ ան պայքարած է դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ստրկութեան եւ անարդարութեան դէմ, հասնելու համար ազատութեան եւ արդարութեան իտէալին:
Ռւմսահայաստանի մէջ, այս նպատակին կողքին, Հ.Յ.Դ. մասնակցած է բազմաթիւ բանուորական ցոյցերու եւ գործադուլերու, նպատակ ունենալով աշխատաւորներու վիճակի բարելաւումը:
Անկախ Հայաաստանի մէջ, Հ.Յ.Դ. 1987-ին ներկայացաւ Շտուտկարդի միջազգային ընկերվարական համագումարին եւ ընդունուեցաւ որպէս անդամ այն ընկերակցութեան, որ իր մէջ կը համախմբէ միլիոնաւոր աշխատաւորներ բոլոր երկիրներէն անխտիր եւ կը կոչուի Բ.Միջազգայնական: Նախ ընդունուեցաւ Կովկասեան հատուածը, որմէ յետոյ 1909-ին ամբողջ Դաշնակցութիւնը մաս կազմեց Միջազգայնականին, որպէս ներկայացուցիչ Հայ աշխատաւոր ժողովուրդի: Հետագային 1967-ին, Հ.Յ.Դ. կորսնցուց իր լիազօր ձայնը Միջազգայնականին մէջ, տրուած ըլլալով, որ պետութեան մը հովանաւորութիւնը չէր վայելեր ան ու վերածուեցաւ խորհրդակցական ձայնի տէր անդամի:
Վերջապէս, իր ազգային եւ քաղաքական նպատակներու կողքին, յառաջադէմ եւ արդար մարդկային ընկերութեան մը ստեղծումը Հ.Յ.Դ.-ի հիմնական մտահոգութիւններէն մէկն էր: Հ.Յ.Դ. այսպիսի ընկերութեան մը կարելիութիւնը կը տեսնէ միայն ընկերվար ժողովրդավար կարգերու հաստատումով: