Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ

ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ

ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ

            Գաղափարապաշտութիւն, սեփական անձի ամբողջական նուիրումներով լրացուած: Գործունէութիւն, ուժականութիւն, մարտունակութիւն, արիութիւն: Վճռակամութիւն եւ զոհաբերութեան անսահման պատրաստակամութիւն՝ հաւաքական նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ: Անշահախնդրութիւն, ուղղամտութիւն, պարկեշտութիւն, համեստութիւն, ընկերական փոխադարձ սէր ու գուրգուրանք: Կարգապահութեան ոչ միայն լոկ կանոնական, այլ էապէս յեղափոխական բարոյական ըմբռնում:

          Այսպէս բանաձեւուած է դաշնակցական մարդու, եւ յատկապէս դաշնակցական զինուորի տիպարային բնորոշումը, որակային իւրաքանչիւր հաստատումին համար հիմնուելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութենէն առնուած օրինակներու վրայ, որոնք դէպքերու եւ դէմքերու կը վերաբերին, բայց նաեւ ընդհանուր յատկանիշ կը կազմեն: Պէտք չկայ անգամ մը եւս անդրադառնալ կազմակերպական կարգապահութիւն երկաթեայ ըմբռնումին, որ հնազանդ գառնուկներու կը վերածէ Սպաղանաց Մակարի եւ դաշնակցական Խեչոյի նման ապառաժէ մարդիկը, խօսիլ դաշնակցական գործիչներու եւ քարոզիչներու նուիրեալ, համբերատար ու յաճախ ապերախտ ճիգերուն, ղեկավարներու եւ կազմակերպիչներու անդուլ ու անվհատ աշխատանքին մասին, ոգեկոչել՝ դաշնակցական ‎ֆետայիի առասպելատիպ կերպարը եւ անգամ մը եւս դրուատել Սերոբներու եւ Քեռիներու մարտունակութիւնը, Գէորգ Չաւուշներու, Գալէներու եւ Սեբաստացի Մուրատենրու անօրինակ խիզախութիւնը, Նիկոլ Դումաններու, Մանուկեաններու եւ Մուշեղերու համեստութիւնը, Հրայրներու, Շահրիկեաններու եւ Վանայ Սարգիսներու գաղափարապաշտութիւնը, Օհանջանեաններու, Արամներու եւ Հրայր Աբրահամեաններու ուղղամտութիւնն ու պարկեշտութիւնը եւ տակաւին այլոց ու այլ արժանիքներ: Չունինք նաեւ, չենք ունեցած երբեք այն խաբկանքը, որ բոլոր դաշնակցականները եղած են հաւասարապէս գաղափարապաշտ, հաւասարապէս նուիրեալ, հաւասարապէս արի, կարգապահ, անշահախնդիր ու համեստ: Գաղափարական-բարոյական, հանրահաշուական ընդհանուր միջինի մը մասին է խօսքը, վերածնուած ասպետականութեան մթնոլորտի մը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին, պատմութեան, ազգային եւ ընկերային ըմբռնումներուն եւ աշխարհահաեյացքին ընդմէջէն ու անոնց առընթեր, Դաշնակութիւնը յատկանշեց: Մթնոլորտ, որուն մէջ հասակ նետեցին ու թրծուեցան դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ: Ոմանք չդիմացան բարքերու այդ այլամերժ խստութեան եւ ինկան. ուրիշներ տոկացին եւ իրենց նախորդներու գործը շարունակեցին, յեղափոխութեան ու անոր շղթայազերծած ազատագրական պայքարին մատաղ դարձնելով իրենց երիտասարդ կեանքը, կամ անընդհատ ճիգերու եւ ամբողջական ինքնանուիրման ճամբով, սրբազան նպատակին համար, ամէն օր քիչ մը աւելի մաշելով:

Ո՞ւր է գաղտնիքը սակայն: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ երէկուան ստրուկները դարձան ասպետներ, եւ վիզը ծռած, անխօս ու անտրտունջ Ռայաներէն այդքան կարճ ժամանակի մէջ կազմուեցան ‎ֆետայական խումբեր, կուսակցական եւ հասարակական գործիչներու ժրաջան պարսեր եւ ազգային-ազատագրական բանակ: Ո՞ւր է գաղտնիքը մարդակերտման եւ հայակերտման սքանչելի ու աննախընթաց այդ երեւոյթին:

Գաղտնիքը, առաջին հերթին, Գաղափարի Ուժին մէջ կը կայանայ անկասկած: Գաղափարին, որ իբրեւ Հայ Յեղափոխութիւնը նախապատրաստող առարկայական գործօններու անհրաժեշտ լրացուցիչ, եկած էր տիրապետելու հայ մարդոց ենթակայական աշխարհին: Գաղափար՝ որ կը ծնէր մասամբ առհասարակ ազատատենչ ձգտումներու վերակեդրոնացումէն, մշակութային եւ ազգային զարթօնքի ճամբով. որ կը ներշնչուէր նաեւ Օսմանեան բռնակալութեան ենթակայ այլ ժողովուրդներու մղած ազգային-ազատագրական պայքարին օրինակէն, որ կը խարսխուէր մանաւանդ հայութեան մարդկային եւ ազգային անտեսուած, ուրացուած ու ոտնակոխուած իրաւունքներու գիտակցութեան վրայ, մարդու եւ հայու վերազարթնող արժանապատուութեան կշռոյթով: Իրաւունքներու գիտակցութիւն եւ ազատութեան պահանջ: Գաղափար՝ որ կ՛ալեկոծէր հոգիները, կը մղէր հայ մարդիկը ըմբոստացման, եւ այդ ըմբոստացման ի խնդիր կազմակերպման ու հաւաքական ուժի ստեղծման. Գաղափար՝ որ հայ երիտասարդութեան կու տար թռիչք ու խոյանք, եւ հաւաքական նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ նուիրաբերելու, եսն ու անձը զոհաբերելու սրբազան գինովութիւնը:

Բայց եթէ մարդակերտման ու հայակերտման այդ հրաշալիքին մէջ բացայայտ է ու առաջնահերթ՝ գաղափարի ուժին դերը, այլ դաշնակցական աւանդութեանց եւ տիպարային յատկանիշներու կազմաւորման մէջ նոյնքան հիմնական, նոյնքան շինիչ տեղ ունի նաեւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիրներու եւ անոր սկզբնական շրջանի ղեկավարներու նկարագրին ու գործելակերպին վարակիչ օրինակը: Դաշնակցական մարդու բարոյական տիպարը, Դաշնակցական Խառնուածքը աւանդ են եւ ժառանգութիւն: Անոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Քրիստափորի, Զաւարեանի եւ Ռոստոմի ու անոնց անմիջական շունչէն ներշնչուած բազմահարիւր նուիրեալներու տիպարին յաւերաժացումը՝ իրերայաջորդ սերունդներու բնական հաղորդութեամբ: Ամէն մէկ նպատակը, ամբողջական եւ անսակարկ ինքնանուիրումի իւրաքանչիւր կենդանի օրինակի, հերոսական իւրաքանչիւր խոյանքին հետ՝ հետզհետէ բարձրացաւ դաշնակցութեան բարոյական շէնքը: Դիզուեցաւ պատմա-բարոյական անչափելի վաստակ՝ իբրեւ մնայուն եւ անքայքայելի ներշնչարան, իբրեւ մարդակերտ ու տիպարակերտ սրբութիւն՝ դաշնակցական յաջորդական սերունդներուն համար:

Աննկուն հաւատքին եւ ամբողջական ինքնանուիրման ապրող օրինակ՝ ինքը՝ Քրիստափորը, որ ոչ միայն անձամբ գլխաւորեց Սուլթանի ահաբեկումն ու Իզմիրի դաւադրական ձեռնարկները կազմակերպելու կոչուած Ցուցական Մարմինը, այլ նաեւ անձնապէս տարաւ գործնական շատ մը աշխատանքներ, որոնց կարգին Սո‎ֆիայի ռումբերու փորձակումը, որ իր գլխաւոր հիմնադրին եւ գերագոյն հեղինակութեան կեանքը արժեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Գաղափարապաշտ նուիրումին, անբասիր դիմագծութեան, պարկեշտութեան ու խոնարհութեան օրինակելի կատարելիութիւն          ինքը, Զաւարեանը, որ չեղաւ մարդը վտանգաւոր ձեռնարկներու կամ մարտի մէջ չինկաւ, բայց ամբարիշտներն ու զեղծարարները վտարեց դաշնակցութենէն, իր անձին նկատմամբ միշտ ըլլալով նոյնքան խստապահանջ՝ որքան ուրիշներու. եւ իր կուսակցութեան վրայ նուազագոյն չափով բեռ չըլլալու համար, գիւղէ գիւղ հետիոտն շրջեցաւ կամ Պոլսոյ մէջ ուսուցչական պաշտօններ ստանձնեց, դանդաղ շիջումի գնով: Եւ դաշնակցական գործելակերպի, աննահանջ եւ անսակարկ ծառայութեան, աշխուժութեան եւ ուժականութեան անզուգական տիպար՝ ինքը, Ռոստոմը, որ այնտեղ էր միշտ, ուր գործ կար ու պայքար եւ որուն անուան հետ կապուած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին երեսնամեակի գործերէն շատեր,- «Դրօշակ»ի խմբագրութիւն, եկեղեցական կալուածներու գրաւման ցարական որոշման դէմ համաժողովրդական ցոյցի կազմակերպում, հայ-թաթարական կռիւներ, մասնակցութիւն Պարսկաստանի Յեղափոխութեան, Հ.Յ.Դ. Զինուորական դպրոց, Հայաստանի Բիւրօ, կամաւորական շարժում, Բագուի հերոսամարտ եւ ուրիշ շատ մը ձեռնարկներ:

Քարոզչական տասնեակներով հատորներ ու բոցեղէն ճառեր, աւանդութիւն կերտելու եւ ամբողջ սերունդներ յեղափոխութեան քուրային մէջ նետելու ուղղութեամբ, չեն կրնար տալ այդ արդիւնքը, զոր կարելի է յառաջացնել ղեկավարներու անձնական մէկ օրինակով, հիմնադիրներու բարոյական դիմագծութեան եւ ամբողջական նուիրուածութեան պատկերին ներշնչումով կամ ղեկավարներու սեփական հաւատքին ու խառնուածքին իբրեւ արտացոլում, պակսած չեն դաշնակցական սերունդներուն: Անոնք վարակուած են ու ներշնչուած՝ օրինակովը Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, բայց նաեւ Պետոյի, Վազգէնի, Բաբգէն Սիւնիի, Գնունիի, Զաւէնի, Աբրոյի, Սերոբի, Հրայրի, Գայլ Վահանի, Թորգոմի, Գէորգ Չաւուշի, Սպաղանց Մակարի, Մուրատի եւ ուրիշներու, որոնցմէ ամէն մէկը, առնուազն կեդրոնական Կոմիտէի մը կամ Պատասխանատու Մարմնի մը անդամ, հայդուկապետ կամ զօրապետ, նահատակուած է պարտականութեան ճամբուն վրայ, կռուի մը ընթացքին կամ թրքական բանտի մը բակին մէջ կախաղան բարձրացած: Ահա թէ ուր է գաղտնիքը Հ.Յ.Դաշնակցութեան մարդակերտ առաքելութեան:

Յեղափոխութեան եւ ազգային-ազատագրական պատերազմի բովէն անցած, մանաւանդ հայրենիք կերտած եւ կարճատեւ անկախութեան մը զգլխանքը ապրած հայը, Հայաստանի մաս, առհասարակ Հայ Քաղաքացի դարձած հայ մարդը, չէր կրնար տարբեր չըլլալ երբեմն թրքական սուիններու կամ քիւրտ բէկերուն դիմաց դողդղացող, ստրկացած հոգիով իր հայրենակիցներէն: Դաշնակցական դիւցազներգութիւնը դաշնակցական զինուորի, դաշնակցական մարդու, ինքնուրոյն ու պատուաբեր տիպարի կողքին՝ հայ մարդն ու հայ քաղաքացին վերակերտեց ընդհանրապէս, այս գոյականներու դրական բովանդակութեան պարփակած բոլոր ստորոգելիներովը: Իր մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն գիտակից, անոնց պահանջատէր, անոնց համար ի հարկին կռուիլ ու մեռնիլ գիտցող հայը: Հայ մարդը, որ այսօր կրնայ ըլլալ դաշնակցական, անկուսակցական կամ Դաշնակցութեան հակառակաորդ, բայց իր ազգային մտածողութիւն, ընկերային տեսակէտներ եւ պայքարի պատրաստակամութիւն ունենալու իրողութիւնն իսկ կը պարտի վերջին հարիւրամեակի Հայ Յեղափոխական աւանդներուն, ազատագրական դիւցազնամարտի եւ Հայոց սեփական հայրենիքի այսօր այլափոխուած, բայց էապէս դաշնակցականակերտ գոյութեան: Այսպէս է:

Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ թափուած լեզուական, հոգեկան ու մշակութային հայացման ճիգերու դրական արդիւնքը, ինքնին, երբ նկատի կ՛ունենանք յատկապէս կարճ տեւողութիւնը անկախութեան ժամանակաշրջանին, հայակերտման առանձին ու գնահատելի վաստակ մըն է:

Այսպէս հետեւողական, բծախնդիր ու երկարատեւ եղան Հ.Յ.Դաշնակցութեան հայակետումի ճիգերը՝ սփիւռքեան ժամանակաշրջանին: Օտար ու յաճախ շլացուցիչ, այլասերիչ միջավայրերու մէջ անտեղիտալի յամառութեամբ մը ազգային դիմագծութեան անաղարտ պահապան եւ ազգային մշակոյթի բիւրեղացման ու զարգացման ի խնդիր թափուած համազգային ջանքերը պատիւ միայն կը բերեն քաղաքակիրթ ոեւէ ժողովուրդի: Եւ լեզուական, մշակութային ու ազգային-գաղափարական համընդհանուր այդ պայքարին մէջ, դաշնակցութիւնը ունի իր պատւոյ տեղը: Ազգային մարմիններ, դպոցական ցանց, մամուլ ու քարոզչութիւն, համախումբ կեանքի եւ հայեցի անխարդախ մթնոլորտի մնայուն պահանջ,- եւ այս բոլորը՝ հայրենազուրկ վիճակի, բոլորովին տարբեր միջավայրերու մէջ ցրուածութեան, ուծացնող մթնոլորտի, տնտեսական, քաղաքական եւ այլ բազմապիսի դժուարութեանց ու խոչընդոտներու ամէնօրեայ սպառող եւ վհատեցնող իրականութեան մէջ: Հայակերտումի մաշեցնող ու ապերախտ այս մաքառումը, զոր, անյարիր յորջորջումով մը, յաճախ կոչած ենք «Հայապահպանում» կամ «Ազգապահպանում» տափակ եւ անուժական եզրերով: Մաքառում՝ առանց կենդանի կռուի ու հերոսացնող նահատակութեան (բայց երբեմն նաեւ կենդանի կռուով ու նահատակներով): Առօրեայ տագնապով:

Հայակերտման լծորդը, բայց միաժամանակ անհրաժեշտ լծակն է Հայրենակերտումը: Պայմանները բոլորովին տարբեր պիտ ըլլային, մեր ազգային ժամանակակից իրականութիւնը պիտի ունենար շատ աւելի բացասական ու դժբախտ բովանդակութիւն ու շատ բանէ պարպուած պիտի ըլլար հայակերտման առաքելութիւնը ինքը, եթէ, 1918-ի Մայիեան առաւօտ մը, Հայ Յեղափոխութեան շղթայազերծած եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ղեկավարած ազգային-ազատագրական պատերազմը յանգած չըլլար պատառ մը Հայաստանի անկախութեան, թէկուզ կարճատեւ:

Իրողութիւն է, որ հայ ազգային-ազատագրական կռուին գերագոյն այդ արգասիքը՝ սեփական պարտականութեամբ օժտուած անկախ հայրենիքը, հազիւ երկուքուկէս տարուան կեանք միայն ունեցաւ:

Բայց պատմական երեւոյթները իրենց տեւողութեամբ չէ, որ կը կշռուին: Անոնք կ՛արժեւորուին իրենց պատմա-քաղաքական համընդհանուր բովանդակութեամբ, ժողովուրդի մը մտածելակերպին, հոգեբանութեան ու ձգտումներուն մէջ իրենց յառաջացուցած անկիւնադարձային փոփոխութիւններով եւ իրենց ազգային թէ համամարդկային նշանակութեան չափով:

Եւ Մայիսեան Գերագոյն Գոյամարտին իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մը ստեղման տարողութիւնը համամարդկային է, առնուազն համաթուրանական յորձանքի կասեցման եւ Թուրքիոյ դէպի Արեւելք տարածման դէմ պատուար հանդիսանալու իմաստով, տրուած ըլլաով այդպիսի տարածման մը մօտաւոր թէ հեռաւոր հաւանական բոլոր անդրադարձները՝ ազգային թէ միջազգային գետիններու վրայ:

Բայց մեզի համար, այլապէս հիմնական է անոր նշանակութիւնը, իբրեւ ինքնահաստատման, ինքնակերտումի, վերապրելու եւ յարատեւելու համազգային կամքի ու վճռականութեան տարերայնօրէն կառուցուած եւ ընդմիշտ նուիրականացած խարիսխ, բայց մանաւանդ՝ իբրեւ ազգային միասնական, համաժողովրդական պայքարով եւ ծով արիւնով խլուած ազատութեան եւ անկախ պետականութեան յաւերժօրէն սրբազան խորհրդանիշ: Ապրելու, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ ազատ ապրելու, սեփական հայրենիքի մէջ ազատ ու անկաշկանդ ստեղծագործելու անբռնաբարելի մեր իրաւունքին, անփշրելի մեր վճռականութեան Տապանակ Ուխտին:

Հայրենակերտումը, սակայն, չի սահմանափակուիր մարդկային եւ ազգային ապրումներու, հոգեղէն թռիչքներու, հաւաքական իղձերու եւ իրաւունքի գիտակցութենէն բխող վճռականութեան իրաւ, բայց վերջին հաշուով ենթակայական կառոյցով: Անիկա շօշափելի իրականութիւն է մանաւանդ նիւթեղէն հայրենիքի գոյութեամբ, ժողովուրդի ազգային դիմագծութեամբ եւ գիտակցութեամբ, պետական-դիւանագիտական նուաճումներով, տնտեսական իրականացումներով, հասարակական կեանքով, կրթական, մշակութային եւ այլ իրագործումներով:

Ու բոլոր այս մարզերուն մէջ, ինչ որ կատարուեցաւ 1918-1920 տարիներու ընթացքին, նկատի ունենալով մանաւանդ շփոթ ու յաճախ դժնդակ պայմանները երկիրին, տիտանեան գործ է, որ պատիւ միայն կրնայ բերել պետական լայն փորձառութիւն ունեցող որեւէ իշխանութեան: Ներքին թէ արտաքին ամէն կարգի դժուարութիւնները չկրցան արգելք հանդիսանալ, որ մէկ երկու տարուան ընթացքին կազմակերպուի վարչական մեքենան, հաստատուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, բացուին կարեւոր թիւով դպրոցներ, հիմնուի պետական համալսարան, թշուառութեան եւ համաճարակներու դէմ տարուի դրական աշխատանք, հաստատուին որբանոցներ ու հիւանդանոցներ, հայկական բանակը զինուի եւ կազմակերպուի, երկրի տնտեսական վիճակը զգալապէս բարելաւուի: Կարեւորագոյն իրականացումները, սակայն քաղաքական եւ դիւանագիտական մարզերուն կը պատկանին,- սահմաններու ընդարձակում, Կարսի շրջանի կցում, «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան» ի յատակագիծ եւ ծրագիր՝ յաջորդաբար Արեւմտահայոց Համագումարին, Հայաստանի կառավարութեան եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշմամբ ու յայտարարութեամբ. ապա նաեւ պաշտօնական ճանաչում դաշնակիցներու կողմէ, Սան Ռեմոյի Խորհրդաժողով եւ Սեւրի դաշնագիր, որոնք կոչուած էին գործնականացնելու Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը: Եւ եթէ քաղաքական բոլորովին աննպաստ պայմաններու բերմամբ Սեւրի տրամադրութիւններն ու Հայաստանի Ուիլսնեան սահմանները չիրականացան, արդար է նաեւ հարց տալ, թէ ի՞նչ պիտի ընէիք այսօր (ու վաղը), պատմա-քաղաքական եւ իրաւական քիչ մը շատ տոկուն ի՞նչ պիտի ունենայինք հողային որեւէ պահաջն ներկայացնելու, եթէ Սեւրը չըլլար:

Հայրենակերտման դաշնակցական բովանդակութիւնը այսքանով չ՛ամբողջանար տակաւին: Հիմնական եւ պատմա-քաղաքական տեսակէտէ անփոխարինելի վաստակը Էսպէս Հայ Հայաստանի մը կերտումն է՝ մեր պատմական հայրենիքի գէթ փոքր մէկ մասին վրայ, որ 1918-ի Մայիսեան օրերուն մօտ կիսով բնակուած էր տակաւին թուրք-թաթար բնակչութեամբ, եւ որուն հայութեան ոչ-անհամարհելի մէկ համեմատութիւնը, յատկապէս քաղքենի դասակարգը, լեզուով, զգացումներով ու բարքերով աւեի օտար էր քան հայ:

1920-1921-ին, միջազգային քաղաքական նոր դաւերու բերումով եւ ստեղծուած նոր կացութիւններու հրամայականին առջեւ, շուրջ 90 առ հարիւր հայկական զտութեամբ այդ Հայաստանն էր, որ փոխանցուեցաւ բոլշեւիկեան իշխանութեանց: Անկախութիւնը կորսուեցաւ, քաղաքական երբեմնի նուաճումները չքացան, խոստումները մոռցուեցան, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները երկար ժամանակի համար հատուեցան երկաթէ վարագոյրով:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Արդիական իմաստով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ծնունդ առած են միայն 19րդ դարու վերջին շրջանին: …