ԹՈՐԳՈՄ (ԹՈՒՄԱՆ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆՑ)


«Թորգոմը արդէն կազմակերպող էր, կենդանի գործի մարդ: Ջրաբերդի շրջանում (Կարսի կուսակցական տեղանունը) չմնաց մի գիւղ, ուր Թորգոմը մտած չլինէր: Մինչեւ Թորգոմը՝ Ջրաբերդի շրջանում կար մանսակի եւ անկանոն կազմակերպութիւն. Թորգոմի օրով էր, որ խմբական կազմակերպութիւնը դառնում է համայնական, գիւղի ամբողջ համայնքն է մասնակցում կուսակցական գործին»:

Արամ Մանուկեանի այս վկայութիւնը լաւագոյնս կը ներկայացնէ կազմակերպչական տաղանդը «գործի մարդ» Թորգոմին:

Կազմակերպչական եւ մարտական բազմաթիւ շնորհներով օժտուած Թորգոմ բուն անունով՝ Թուման Թումանեանց ծնած է 11 Մայիս 1879ին, ազատութեան դարաւոր դարբնոց՝ Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ:

Արամ Մանուկեանի, Իշխանի, Խանասորայ Վարդանի, Նիկոլ Դումանի եւ բազմաթիւ գաղափարակից այլ դէմքերու սերունդին պատկանող Թորգոմի պատանի հոգին եւ ողջ էութիւնը կազմակերպուիլ կը սկսի ազատատենչութեան մթնոլորտին մէջ:

Շուշիի թեմական դպրոցի իր դասընկերներէն առանձնացող այս փայլուն աշակերտը այդ օրերուն մաս կը կազմէ աշակերտական յեղափոխական խմբակներու եւ իր մտաւոր պատրաստութեամբ, քաղցրարիւն խառնուածքով ու անդուլ եռանդով կը դառնայ գործօն դէմքերէն մէկը  աշակերտական շրջանակներուն:

Դպրոցը աւարտելէն ետք կը մեկնի Մոսկուա եւ իբրեւ ազատ ունկնդիր՝ կը հետեւի համալսարանական դասընթացքներու: Ապա, համալսարանական կեանքին հրաժեշտ տալով՝ կը մտնէ զինուորական ծառայութեան մէջ, զոր կ՛աւարտէ  պահեստի սպայի աստիճանով:

Դաշնակցական երիտասարդ սպան կը վերադառնայ Կովկաս: Կը նշանակուի գործիչ՝ դէպի Երկիր ռազմամթերք եւ մարտիկներ փոխադրող կարմիր ճանապարհներէն մէկը հանդիսացող Կարսի շրջանին, ուր ան կը գործէ մեծ եռանդով: Հոն կը գործէին նաեւ Շուշիի իր երբեմնի դասընկերները՝ Արամ Մանուկեան, Իսաջան Առաքելեան, Մենակ եւ Իշխան:

Շնորհիւ իր կազմակերպչական եւ մարտական հմտութեան, Թորգոմ կը դառնայ շրջանի ղեկավար դէմքերէն մէկը: «Թիկունքի խաղաղ աշխատանքը, սակայն, Թորգոմին չէր հրապուրում: Նրա հոգին տենչում էր փոթորկալից պայքար: Սասունը պաշարուած էր եւ պողպատեայ ջիղերով հայդուկները «գնում էին դէպի Սասուն՝ օգնելու Անդրանիկին»:

1903ի Մայիսի վերջերը ան կը գլխաւորէ «Մրրիկ» խումբը, որ անվտանգ կը հասնի Սասուն, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով: Կը վերադառնայ Կարս, նոր ուժեր Սասուն հասցնելու համար: Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը 1904ի սկիզբը զայն կ՛ընտրէ Սասնոյ Պատասխանատու Մարմինի անդամ: Բայց նոյն տարուան Յուլիսին, 61 հոգինոց «Որսկան» խումբով ան ճամբայ կ՛ելլէ Սասունին օգնութեան հասնելու անդարձ վճռակամութեամբ: Ռուսական սահմանը յաջողութեամբ անցնելէ ետք, Թորգոմի խումբը Օլթիի շրջանին մէջ պատահական միջադէպի մը հետեւանքով կը նկատուի սահմանապահ ռուս զինուորականներու կողմէ: Թորգոմ եւ ընկերները կը խորանան թրքական հողերէն ներս եւ կը կեդրոնանան բարձր դիրքերու վրայ:

Յաջորդաբար երկու պատուիրակներ ղրկելով ան կը փորձէ հասկցնել ռուս սահմանապահ հրամանատարին, որ հայդուկները բարեկամական զգացումներ ունին ռուս ժողովուրդին նկատմամբ, թէ՝ իրենք օգնութեան կը փութան իրենց արեւմտահայ եղբայրներուն, թէ՝ իրենց ռուսական սահմանէն դուրս են, հետեւաբար, կը խնդրեն դադրեցնել զինարձակումը եւ զօրքերը ետ քաշել:

Ռուս զինուորները սակայն աւելի կը սաստկացնեն յարձակումը: Թիկունքէն կրակ կը բանան նաեւ թուրք զինուորները: Պաշարման շղթան հետզհետէ կը սկսի սեղմուիլ եւ միայն թրքական գրոհներուն դէմ մինչեւ կէսօրէ ետք քաջաբար դիմադրած Թորգոմն ու ընկերները, երբ կը նկատեն, որ ռուս եւ թրքական միացեալ ուժերը կը սպառնան գրաւել իրենց դիրքերը, կ՛որոշեն անձնատուր ըլլալ «բարեկամ» ռուս զինուորներուն:

Անձնատուութեան դրօշակ պարզած, 10-12 հայդուկներու գլուխը անցած Թորգոմ կը շարժի ռուս զինուորներուն ուղղութեամբ, եւ յանկարծ ռուս քոզաքներու դաւադիր գնդակները կը կոտորեն հայդուկները՝ թուրք ասկեարներու ընել չկրցած չարիքը գործելով հայ ազատամարտիկներուն դէմ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …