Home / Ա / Նիւթեր / Աշխարահագրական / ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ (2)

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ (2)

          Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ներկայի պետական տարածքը եւ սահմանները ժառանգութիւն ստացած է Հայկական ԽՍՀ-էն, որ կազմաւորուած էր Առաջին հանրապետութեան տարածքին մէկ մասին մէջ:

Առաջին հանրապետութեան պետական տարածքն ու սահմանները անոր գոյութեան համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ վերջնական ձեւակերպում չստացան: Սկիզբը, երբ 1918 թ. Մայիսին Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը անկախ պետութիւններ հռչակուեցան, միջպետական սահմաններու հարցը համաձայնուած չէր: Նոր անկախացած պետութիւններէն իւրաքանչիւրը կը ձգտէր աւելի ընդարձակ տարածք ձեռք բերել:

Վրաստանին ու Ատրպէյճանի ձեռնտու էր պետական սահմանները անցկացնել ըստ Ռուսական կայսրութեան ներքին վարչական բաժանումին:

Հայաստանը առաջարկած էր հարցի արդարացի լուծում, որ հաշուի կ՛առնէր վիճելի տարածքներու բնակչութեան ցանկութիւնը եւ անոնց պատմական պատկանելիութիւնը:

Պետական սահմաններու մասին վէճը վերածուած էր ռազմական բախումներու: Այդ բախումներէն ամէն ձեւով կը բորբոքէին Թուրքիան, Անգլիան եւ Գերմանիան: Ասոնք այդ ժամանակ զօրք ունէին Անդրկովկասի մէջ եւ կը ձգտէին սեփական գերիշխանութիւն հաստատել նորաստեղծ պետութիւններու վրայ:

Օգտուելով ստեղծուած իրադարձութիւններէն, Պոլշեւիկեան Ռուսիան 1920-1921 թթ. Անդրկովկասեան հանրապետութիւններու օրինական կառավարութիւնները տապալեց եւ հաստատեց խորհրդային իշխանութիւն: Անոր թելադրանքով գծուեցաւ, ինչպէս միւս հանրապետութիւններու, այնպէս ալ Հայկական ԽՍՀ պետական սահմանները:

Հայաստանի տարածքի ու պետական սահմաններու ձեւաւորման հանգամանքները հասկնալու համար պէտք է իմանալ, որ Անդրկովկասը ցարական Ռուսաստանի օրով բաժնուած էր նահանգներու ու մարզերու, ուր էթնիքական սահմանները հաշուի չէին առնուած: Հոծ բնակչութեան ունեցող տարածքը բաժնուած էր չորս վարչատարածքային միաւորոի՝ Երեւանի, Ելիզաւետպոլի (Գանձակ) ու Թիֆլիսի նահանգներու եւ Կարսի մարզի միջեւ:

Վրաստանը կը հաւակնէր Թի‎ֆլիսի նահանգի ամբողջ տարածքին, որու հարաւային հատուածը հայերով բնակուած էր:

Ատրպէյճանը կը ձգտէր տիրանալ Ելիզաւետպոլի նահանգին ամբողջութեամբ, չնայած անոր, որ այդ նահանգի Հարաւային ու արեւելեան տարածքները, թէ՛ բնակչութեան ազգային կազմով եւ թէ՛ պատմական իրաւունքի առումով կը պատկանէին Հայաստանին: Երեւանի նահանգին մէջ մտնող Նախիջեւանի գաւառը, Ատրպէյճանը վիճելի տարածք կը համարէր:

Աւելի բարդ էր արեւմտեան սահմաններու վիճակը: Ռուսական զօրքերը, որ առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ նուաճած էին Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը, 1917-1918 թթ. լքած էին ռազմաճակատը եւ վերադարձած Ռուսաստան: Օգտուելով այս կացութենէն, Թուրքիան ոչ միայն վերստին նուաճեց արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ փորձեց սեփականացնել Արեւելեան Հայամստանի մէկ մասը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին Թուրքիան եւ անոր դաշնակիցները պարտուեցան: Յաղթող երկիրները պարտուած Թուրքիոյ հետ 1920 թ. Օգոստոսին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մերձակայքը գտնուող Սեւր քաղաքին մէջ հաշտութեան պայմանագիր կնքեցին:

Սեւրի պայմանագիրը կը վերաբերէր ընդհանրապէս առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր կողմէ կեղեքուած ժողովուրդի՝ արաբներու, հայերու, քիւրտերու եւ միւսներոու բախտին: Սեւրի պայմանագրով ճանչուած էր այդ ժողովուրդներու անկախութիւնը: Միջազգային մակարդակով հաստատուած էին նաեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները՝ իր բնօրրանի‎ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան անցած էին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթները, այսինքն՝ այն տարածքները, որտեղ մինչեւ 1915 թ. եղեռնը հայ ազգաբնակչութիւնը յարաբերական մեծամասնութիւնը կը կազմէր: Հայաստանը ելք ստացած էր դէպի Սեւ ծով:

Սեւրի պայմանագրով Արաբական երկիրները (Սուրիա, Իրաք, Լիբանան եւ այլն) թօթափելով թրքական դարաւոր լուծը, յետագային ստացան պետական անկախութիւն: Մինչդեռ Արեւմտեան Հայաստանի (ինչպէս նաեւ քիւրտերը) ճակատագրի համար որեւէ դրական նշանակութիւն չունեցաւ:

Թէեւ Օսմանեան կայսրութիւնը քայքայուեցաւ, սակայն Թուրքիան պահպանեց ազգային պետականութիւնը եւ իրեն հռչակեց հանրապետութիւն: Նոր Թուրքիան, օգտուելով պորշեւիկեան Ռուսաստանի օժանդակութենէ, չճանչցաւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը: Հայաստանի երիտասարդ պետութիւնը ուժ չունր Թուքիոյ պարտադրելու, իսկ եւրոպական պետութիւնները եւ ԱՄՆ-ն, որ ստորագրեր էին պայմանագիրը, չցանկացան օգնել Հայաստանին:

Հայաստանի ներկայիս պետական սահմանները կայունացան Երկրորդ հանրապետութեան հաստատումէն յետոյ: Սակայն տարածքային կորուստները մեծ եղան:

Ամենամեծ կորուստը Հայաստանը ունեցաւ արեւմուտքի մէջ, որ պաշտօնապէս ձեւակերպուեցաւ պորշեւիկեան Ռուսաստանի եւ Թուքիոյ միջեւ 1921 թ. Մարտի 16-ին Մոսկուայի մէջ կնքուած պայմանագրով: Առանց Հայաստանի մասնակցութեան, անոր թիկունքին կնքուած այդ անարդարարացի պայմանագրով Թուրքիոյ յանձնուեցան նոյնիսկ այն տարածքները, որոնք մինչեւ 1918 թ. գտնուած էին Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ՝ Կարսի մարզը եւ Երեւանի նահանգի Սուրմալուի գաւառը:

Նոյն պայմանագրով Հայաստանէն անարդարացիօրէն անջատուեցաւ Նախիջեւանը եւ դրուեցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

1921 թ. հաստատուեցաւ նաեւ հայ-վրացական սահմանը, երբ վրացական զօրքը հայկական բանակի ճնշումի տակ հեռացաւ նախկին Թի‎ֆլիսի նահանգի հարաւային, այսինքն՝ Լոռիի տարածքէն:

Բարդ իրադրութեան պայմաններուն ձեւաւորուեցաւ նաեւ արեւելեան Ատրպէյճանի հետ անցնող սահմանը:

Նոր անկախացած Ատրպէյճանը կը հաւակնէր շարք մը հայաբնակ տարածքներու: Սակայն Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան յաղթանակէն յետոյ, Ատրպէյճանը, որ խորհրդայնացած էր Հայաստանէն քիչ մը աւելի շուտ եւ հրաժարած էր տարածքային պահանջքներէն, Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը կը ճանչնայ որպէս Հայաստանի անքակտելի մաս: Սակայն կարճ ժամանակ վերջ Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ իր որոշումէն եւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի օգնութեամբ իրեն բռնակցեց նաեւ Ղարաբաղը:

Այսպէս Հայաստանի ներկայիս տարածքը ձեւաւորուեցաւ ցարական Ռուսաստանի չորս վարչատարածքային միաւորներու տարբեր մասերէն, որոք են՝ Երեւանի նահանգ առանց Նախիջեւանի եւ Սուրմալուի գաւառներու, Ելիզաւետպոլիի նահանգը՝ Զանգեզուրի եւ Ղազախի գաւառները իրենց մեծ մասով, Թի‎ֆլիսի նահանգի Բորչալու գաւառի մեծ մասը եւ Կարսի մարզի ծայր արեւելեան փոքրիկ հատուածը (Ախուրեան գետի եւ ներկայիս պետական սահմանի միջեւ):

Յետագային սահմանային աննշան փոփոխութիւններ կատարուած են Ատրպէյճանի հետ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՀԱՄՇԷՆԸ ԵՒ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԸ

Purchase Office 2010 Key Որոն՞ք են Համշէնահայերը- Համշէնահայերը մինչեւ 19-րդ դարու 90-ական թուականները կը բնակէին …