Տարբեր երկիրներու մէջ վարչատարածքային միաւորները տարբեր ձեւերով կրնան անուանուիլ մարզ, նահանգ, շրջան, երկրամաս եւ այլն:
Տնտեսութեան առանձին ճիւղերու կամ ոլորտներու կառավարման համար ստեղծուած են նախարարութիւններ, օրինակ՝ կրթութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, բնապահպանութեան, պաշտպանութեան, ներքին գործերու, եւայլն:
Այսպէս, պետական կառավարումը կը կատարուի երկու ձեւերով՝ ճիւղային եւ տարածքային:
Պատմական զարգացման ընթացքին, պետութիւններու արտաքին սահմաններու եւ քաղաքական կարգերու հետ միասին կը փոխուի նաեւ անոնց ներքին՝ վարչատարածքային բաժանումը: Այդպէս եղած է նաեւ մեր երկրի պարագային:
Ցարական Ռուսաստանի օրով հաստատուած վարչատարածքաին բաժանումը չէր կրնար ծառայել անկախ պետութիւն դարձած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ պէտք է վերակառուցուէր: Այդ տեղի ունեցաւ 1918 թ.: Հաստատուեցաւ վարչատարածքային բաժանման եռաստիճան, այսինքն երեք մակարդակ ունեցող համակարգը՝ նահանգ- շրջան- գիւղ:
Հայստանի առաջին հանրապետութեան փոխարինած Խորհրդային Հայաստանը, նոյնպէս կատարեց վարչատարածքային բաժանում: 1921 թ. ընդունած յատուկ կանոնագրով, փոփոխուեցան վարչատարածքային միաւորումներու սահմանները, բայց պահպանուեցան բաժանման եռաստիճան համակարգը: Փոխուեցաւ նաեւ վարչատարածքային միաւորներու անուանումը: Առաջին կարգի միաւորը՝ նահանգի փոխարէն գաւառ, իսկ երկրորդ կարգի միաւորը՝ գաւառակ:
Հանրապետութիւնը բաժնուած էր 9 գաւառներու եւ 38 գաւառակներու:
1929-1930 թթ. անցկացուեցաւ նոր ձեւակերպում: Հաստատուեցաւ վարչատարածքային բաժանման երկաստիճան համակարգ: Վերացուեցան գաւառները, իսկ գաւառակները վերանուանուեցաւ շրջաններ: Համեմատաբար մեծ քաղաքները իրենց իրաւունքներով հաւասար դարձան վարչական շրջաններու եւ ուղղակիօրէն ենթարկուեցան հանրապետութեան կեդրոնական իշխանութեան:
Այդ համակարգի գոյութեան վերջին տարիներուն, հանրապետութիւնը բաժնուած էր 58 վարչատարածքային միաւորներու՝ 37 վարչական շրջաններու եւ 21 հանրապետութեան ենթակայութեան քաղաքներու: