Անծանօթ մէկը չէ Սասունի, Կովկասի, Վանի կռիւներուն մասնակցող Կայծակ Առաքելը: Շատեր հիացած են անոր քաջութեան ու կատակասէր բնաւորութեան վրայ, բայց անոր կենսագրականը առանձնապէս հրատարակուած չէ:
Բուն անունով Պայպուրդցի Տիգրան, յեղափոխական առաջին գործունէութիւնը կ՛ունենայ Երզնկացի Քեռիի խումբին մէջ: 1894-ին Տերսիմի Քեռին (Ռուբէն Շիշմանեան) Երզնկայէն Կամախ գացող ճամբուն վրայ, իր խումբով կը յարձակի թուրք պատօնատարի մը ու անոր ընկերակցող ժանտարմաներուն վրայ: Այս դէպքին հետեւանքով, 18 ընկերներով կը բարձրանայ Սեպուհ լեռը եւ բախումներ կ՛ունենայ թուրք կանոնաւոր բանակին հետ: Քեռիի խումբին մէջ էին Կայծակ Առաքելը եւ Կիւմիւշխանցի ընկերներ: Խումբը չկրցաւ երկար ատեն մնալ Երզնկա. մէկ մասը, որուն մէջ Քեռի, Կայծակ Առաքել, Աւօ, անցան արտասահման:
Կայծակ Առաքելը հետագային կը տեսնենք Սասունի կռիւներուն մէջ ու աւելի վերջ Երեւան, հայ թաթարական բախումներու ընթացքին: Մալխաս իր «Ապրումներ»ուն մէջ հետեւեալը կը պատմէ Կայծակ Առաքելի մասին.
«Այդ խմբի հոգին էր Կայծակ Առաքելը կամ Աղան, մէկը մեր ամենահին հայդուկներէն: Երզնկացի Քեռիի գործակիցներէն, Կայծակ-Առաքելը զարմանալիօրէն կենդանի եւ անհանգիստ, հակառակ խումբի ամենատարէցը լինելուն, գզուըտուքի ազդանշանը տուողը կը լինէր միշտ: Անկասկած էր որ բոլորը կը սիրէին եւ կը յարգէին զինքը, եւ խաթըր կը պահէին: Դժուար է ըսել թէ Աղան քանի՛ կռուի մէջ է գտնուած, քանի՛ խմբի մասնակցած, այնքան որ բազմաթիւ են անոնք: Զարմանալի քնքուշութեամբ մը սակայն, այդ քիչ մը կծու ու ծաղրող լեզու ունեցող մարդը կապուած էր իր երեք ընկերներուն, Մուրատին, Աւոյին եւ Սեպուհին: Ասոնք յայտնի չորորդութիւն մըն էին Դաշնակցութեան մէջ, դեռ Սասուն չգացած»:
Պատերազմի սկիզբը, Կայծակ Առաքել եւ Վարդան Շահպազ Սեբաստիա կ՛երթան Մուրատի մօտ խորհրդակցելու ու այն եզրակացութեան կուգան որ պատրուակներ չստեղծեն թուրքերուն: Աւելի վերջ, Վանի մէջ կը տեսնենք Կայծակ Առաքել, հոն կ՛ամուսնանայ: Ան փախստական էր արդէն, երբ Իշխանի սպանութեան ու Վռամեանի ձերբակալութեան հետեւանքով կը պայթի Վանի ապստամբութիւնը Արամի ղեկավարութեամբ: Վասպուրականի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ կը կազմուի երեք հոգինոց Զինուորական Մարմին մը, որուն կ՛անդամակցին Պուլկարացի Գրիգոր, Արմենակ Եկարեան եւ Կայծակ Առաքել: Այս Մարմինն է որ Արամի ղեկավարութեամբ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը այնքան հրաշալիօրէն կազմակերպեց ու ազատեց շրջանի 200.000 հայութիւնը:
Կայծակ Առաքել կամաւորական խումբերու մէջ կ՛անցնի եւ երբ Երզնկա գրաւուեցաւ, Մուրատի հետ հոն կ՛երթայ 1916-ի վերջերը: Քիւրտերու մօտ գտնուած փախստական հայերը հաւաքելու գործին մէջ Կայծակ Առաքել մեծ օգտակարութիւն կ՛ունենայ: Երզնկացի Քեռիին օրով, արդէն ծանօթ էր Տերսիմցի Սէյիտ Րիզային, որուն մօտ կ՛երթայ նուէրներով եւ բարեկամութիւն կը հաստատէ քիւրտերու հետ: Տերսիմի շրջանին մէջ ապաստանած հայերը հաւաքելով Երզնկա կը բերրէ, նոյն ատեն կ՛աջակցի Մուրատի կազմակերպած մէկ հայ, մէկ ոսկի ձեռնարկին, որով քիւրտերը թրքական շրջանները մտնելով պահուած հայերը կը բերեն մինչեւ Երզնկա, փոխարէնը ստանալով մէկական ոսկի:
Կովկասի, Սասունի, Վանի բազմաթիւ կռիւներուն մասնակցող քաջ ու անվախ Կայծակ Առաքերը ողբերգական մահ մը կ՛ունենայ: Երզնկացի կամաւոր զինուորներէն Մկրտիչ Ապաճեան մեզի կը պատմէ այս մասին հետեւեալը.
«Մուրատը եւ Աղան (Կայծակ Առաքել) օր մը իրենց ձիերը թամբել տուին մեզի, Երզնկայէն դէպի Կամախ Պօղազը (անցք) քննական պտոյտի մը համար: Քաղաքէն հեռու Եփրատի եզերքը անոնք կը հանդիպին տարագրուած հայերու կմախքացած դիակներուն: Աղան յանկարծ գանկ մը կը տեսնէ ու կը նմանցնէ իր եղբօր ու կը սկսի հեկեկալ: Մուրատ դժուարութեամբ զինք կը հեռացնէ, սրտապնդելով թէ դեռ շատ պարտականութիւններ ունին կատարելիք: Ճնշուած վերադարձաւ քաղաք. Կայծակ Առաքել հազիւ տունէն ներս մտած, սրտի կաթուածէ մեռաւ: Մեծ շուքով կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութիւնը, ներկայ էին նաեւ իր զէնքի ընկերները Սեպուհ, Վարդան Շահպազ: Մարմինը փոխադրուեցաւ Կարին, Արամ Արամեանի մօտ թաղուելու համար: Քիչ ժամանակ վերջ սկսաւ Երզնկայի ճակատէն նահանջը»:
Այսպէս Կայծակ Առաքել կը մեռնէր այն քաղաքին մէջ, ուր ստացած էր քառորդ դար առաջ իր յեղափոխական առաջին մկրտութիւնը, Երզնկայէն Կամախ գացող ճամբուն վրայ հայդուկային առաջին յարձակումը կատարելով: Անկէ ի վեր հանգիստ չէր ունեցած: Մ.Վարանդեան զինք կ՛անուանէ մշտական սնդիկի պէս բան մը, խմբի ամէնէն հին յեղափոխականը. բազմաթիւ կռիւներու մասնակցած էր, պահելով միշտ իր կատակասէր բնաւորութիւնը: Իսկ Վահան Փափազեան խօսելով Աղթամարի կռիւի մասին, կ՛ըսէ. «Կայծակ Առաքերը՝ միակը որ իր հեգնանքը, կատակն ու հայհոյանքը բերնին աջ ու ձախ կը ցրուէր»:
Կայծակ Առաքելի նկարագրի նոյն գիծն է որ յատկանշական կերպով վեր կ՛առնէ նաեւ Ա.Ահարոնեան.
«Կայծակ Առաքել, որ մի օր կատակով ասում էր ինձ, թէ «քանի մը գնդակ մտել է փորս, բայց մարսել եմ»: Այդ փոքրիկ թուխ, նիհար մարդը, որ իրօք կայծակի մը կտոր էր, անհանգիստ, պատանու պէս կայտառ, միշտ ծիծաղկոտ ու միշտ արի, իրաւ կարող էր «գնդակներ մարսել»:
Մահը արհամարհող այս քաջ ֆետային այնքան զգայուն սիրտ մը ունէր իր կրծքին տակ որ չկրցաւ դիմանալ՝ տեսնելով իր սիրելիներու դիակները Եփրատի եզերքին, այնքան տմարդօրէն խողխողուած…:
Կոստան Զարեան
Գալիք Սերունդներ…
Գալիք սերունդներ, յիշեցէ՛ք
Աստ հանգչի, յաւէտ, մի երէկ.
Ինչպէս ղեկ խորտակուած նաւի,
Դեռ ցցուած՝ ծովում օրերի:
Բաց արէք գիրքը՝ Լիքը
Հրահուր յոյզերով.
Թերթեցէք, ձեր ջէրմ մատներով,
Խօսքերի տակը ծփող ալիքը
Եւ դուք կը հանդիպիք լոյսերին,
Որոնք վառել են ձեր հոգու գինին:
Նաեւ, իմացէ՛ք, եթէ այսօրը
Վեր է կարկառում ոսկէ շեփորը Յոյսերի
Եւ ձեր արիւնի
Եռացող թափը
Նետուում է ուրախ երազի ափը՝
Այդ ձեր այսօրը
Հերկել է, պեղել մեր սուր արօրը:
Քարի տակ ծալուած, խանձուած գիշերը
Փոխանցել է ձեզ Հրակէզ
Թեւերը,
Որոնող մտքի լուսէ դանակը
Եւ գինովութեան լեցուն բաժակը:
Ա¯հ, մահը ընդմիշտ ներկայ է կեանքում,
Ներկայ է ընդմիշտ Ճիշդ,
Ինչպէս անծայրում,
Դարերից ի վեր մարած աստղերի
Յուշը լոյսերի:
Կեանքը եւ մահը
Դաշնաւորում են հիւլէի պարը.
Խաւարը, լոյսը
Այրում են միասին հիմքի աղիւսը
Եւ աշխարհները վացուց ընկղմած
Վերածնուում են, արեւով հագուած:
Գալիք սերունդներ, յիշեցէ՛ք.
Աստ հանգչի, յաւէտ, մի երէկ,
Որի բուռն սրտից ելած կրակը
Դեռ վառ է, ներկայ, ձեր կրծքի տակը
Որի վշտերից դարբնուած թուրը
Դեռ պաշտպանում է ձեր մտքի հուրը
Եւ որի ջերմը
Նետել է առատ իր պարարտ սերմը
Ձեր աչքերի մէջ
Ի նշան կեանքի անհամար եւ անշէջ:
Կեանքը վերջ չունի- Իմացէք:
Կեանքը վերջ չուին.-
Ինչ որ այսօր է՝ դառնում է երէկ
Ինչ որ երէկ էր՝ դառնում է նոր երգ,
Հոգու պարտէզի ոսկեվառ նոր բերք,
Բարդ խորհուրդներով յղի, նոր արգանդ,
Որ պիտի ծնի ղեկավար աւանդ
Ու պիտի ծնի յոյսի նոր ձեւեր
Անվերջ ու անշէջ ծաղկածլումներ: