ԱՆԻ

Անի, Հայաստանի միջնադարեան մայրաքաղաքներէն մէկը, կը գտնուի Շիրակի մէջ՝ Ախուրեան գետի աջ ափին, եռանկիւնաձեւ սարահարթի վրայ։ Տարածքը բնակելի եղած է անյիշելի ժամանակներէ, սկզբնապէս մտած է Կամսարական նախարարական տան կալուածքներուն մէջ: Քաղաքը ունեցած է զարգացման 3 շրջան՝ Կամսարականներու, Բագրատունիներու (10-11-րդ դարերուն) եւ Զաքարեաններու (12-14 դարերուն) նախարարական տան շրջաններուն։

Հայոց թագաւորութիւնը երկար ժամանակ մշտական մայրաքաղաք չունեցաւ: Դուինը մնացած էր արաբական ամիրայութեան կեդրոնը: Բացի այդ, Դուինը դուրս էր Բագրատունիներու հիմնական տնտեսական կեդրոն՝ Շիրակէն: Անոնք թագաւորանիստ Կարս քաղաքը տնտեսական առումով յարմար չգտան մշտական մայրաքաղաք դարձնելու: Շիրակի մէջ հնագոյն Անի ամրոցի շուրջ ծնունդ առաւ նոր քաղաք մը, որ Բագրատունիները 961 թ. հռչակեցին մայրաքաղաք: Անին աշխարհագրական եւ ռազմավարական յարմար դիրք ունէր եւ կը գտնուէր բանուկ առեւտրական ճանապարհներու խաչմերուկին մէջ: Անին, դառնալով մայրաքաղաք, արագ աճեցաւ ու կառուցապատուեցաւ շքեղ շինութիւններով եւ պարսպապատերով:

Նոր մայրաքաղաքը խորհրդանշուած էր ոչ միայն Բագրատունեաց թագաւորութեան հզօրացումով, այլեւ այսրկովկասեան տիրութեամբ: Անին մայրաքաղաք դարձնելու տօնակատարութիւնը միացուցին Աշոտ Գ.-ը թագադրելու հանդիսութեան հետ: Անի հրաուիրուած էին Հայաստանի եւ հարեւան երկրներու՝ Վիրքի, Աղուանքի նշանաւոր դէմքերը: Այդ հանդիսութիւնները ժամանակակիցներու վրայ այն տպաւորութիւնը կը գործէին, որ կարծես վերականգնուած էր Հայ Արշակունիներու թագաւորութիւնը:

Աշոտ Գ.-ը եւ անոր յաջորդները միջոցներ չէին խնայեր նոր մայրաքաղաքը բարեկարգելու եւ ամրացնելու համար: 963-964 թթ կառուցուեցաւ արագ աճող քաղաքը ընդգրկող աշտարակներով ամրացուած պարիսպներու առաջին գիծը (Աշոտաշէն պարիսպներ): Յետագային Անին այնքան արագ ընդարձակուեցաւ, որ Սմբատ Բ.-ի օրով՝ 989 թ., անհրաժեշտ եղաւ կառուցել քաղաքի պարիսպներու երկրորդ գիծը (Սմբատաշէն պարիսպներ):

«Չեմ սխալիր, եթէ ըսեմ,- գրած է նշանաւոր ճարտարապետ Թորամանեանը,- որ մօտաւորապէս 2500 մեթրէն աւելի երկարութեամբ պարիսպ շինուած է Սմբատի ձեռքով քաղաքի շուրջը, առնուազն 8-10 մեթր բարձրութեամբ եւ մէկ մեթր թանձրութեամբ, ամբողջովին կրաշաղախ մածուցիկ հրաբխային աւազաքարերով, երկու կողմէն սրբատաշ:»

Ճարտարապետական հոյակապ շինութիւններով մայրաքաղաքի կառուցապատումը շարունակուեցաւ նաեւ յետագայ տասնամեակներուն: Քաղաքը ունէր ընդարձակ շուկայ, իջեւանատուներ: Այնտեղ կառուցուած էին տասնեակ եկեղեցիներ, տաճարներ, պալատներ, շքեղ հիւրանոցներ, աշխարհիկ բազմաթիւ այլ շէնքեր: Ան Միջնադարեան Հայաստանի ամենամեծ ու հռչակաւոր քաղաքն էր: Ժողովրդի խօսքերով՝ Անին ունէր հազար ու մէկ եկեղեցի: 961 թ. Աշոտ Գ. Բագրատունին դարձուցած է Անին իր երկրի մայրաքաղաքը։ Սկսած են վերակառուցման աշխատանքներ, Անիի նոր մասը պարիսպով անջատուած էր։ 989 թ. Սմբատ Բ. արքան կառուցած է Սմբատաշէն պարիսպը, որ ունէր 2500 մ. երկարութիւն, 8-10 մ. բարձրութիւն։ Պատերէն մէկուն վրայ Սմբատ Բ.-ի քանդակն էր, ձեռքը բռնած՝ քաղաքի մանրակէրտը։

Քաղաքո ունեցած է 40 դուռ, ամրոցը շրջապատուած խոր փոսով։ Ախուրեան գետի վրայ կառուցուած է կամուրջ, որ թշնամիի յարձակման ժամանակ բարձրացուցած էր։ Անին առեւտրական եւ արհեստագործական խոշոր կենդրոն էր։ Արհեստանոցները կառուցուած էին իրար մօտ։ Թագաւորական պալատի ընդհանուր մակերեսը 3500 – 4000 քառակուսի մեթր է։ Պալատի սրահներու պատերը զարդարուած էին աշխարհիկ թեմաներով կատարուած որմնանկարներով։ Կը գործէր եօթ սրահներէ բաղկացած պալատական բաղնիք՝ պաղ եւ տաք ջուրի աւազաններով։

Անին յայտնի էր իր եկեղեցիներով: Միայն պալատական համալիրի մէջ մտած էր 7 եկեղեցի, որոնցմէ ամենավեհասքանչը Մայր տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին էր: Անիի զուարթնոցատիպ եկեղեցին, որ ոչ թէ անոր կրկնութիւնն էր, այլ կատարելագործուած տարբերակը։ Հոս, պատերէն մէկուն վրայ ամրացած էր Գագիկ թագաւորի 2,26 մ. բարձրութիւնը ունեցող արձանը։ Անիի այլ յայտնի եկեղեցիներն էին՝ Անիի Սուրբ Առաքելոցը, Ս. Փրկիչը, Տիգրան Հոնենցիի, Մանուչէի եկեղեցիները։ Վերջինս յետագային վերածուած է մզկիթի:

Անին առեւտրական հանգոյց էր զանազան երկրներու միջեւ։ Չինաստանէն կը ներմուծուէր մետաքս եւ ճենապակի, Բիւզանդիայէն, Կիլիկիայէն եւ Եգիպտոսէն՝ նկարազարդ ապակեղէն, ներկեր, Պարսկաստանէն՝ ճենապակի եւ այլն։ Անին նաեւ արդիւնաբերող քաղաք էր. հոս կ՛արտադրուէին բարձրորակ խեցեղէն, պղինձէ իրեր, գորգեր, ոսկիէ, արծաթէ եւ այլ մետաղներէ պատրաստուած զարդեղէն, զէնք, որոնք լայն պահանջարկ ունէին։ Անիի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած կիրառական արուեստի նմոյշները աչքի ինկնած են բազմազանութեամբ, ոճերու եւ ճաշակներու խայտաբղետութեամբ։

Քաղաքին մէջ կար բազմաթիւ դպրոցներ, որոնմէ հռչակուած էր Յովհաննէս Իմաստասէրի կողմէ հիմնուած համալսարանը։

Հայաստանի մայրաքաղաքը 10-11-րդ դարերուն տնտեսական ու մշակութային խոշոր կենդրոն էր: Եղած է հեթանոս հայերու կրօնական կենդրոնը: Ծաղկուն շրջանին քաղաքը ունեցած է մինչեւ 100.000 բնակիչ: 5-րդ դարուն Եղիշէի կողմէ յիշատակուած է որպէս Շիրակի եւ Արշարունիքի տէր Կամսարական իշխաններու տիրոյթ: 9-րդ դարու սկիզբը Աշոտ Բագրատունի մսակերը Կամսարականներէն գնած է Արշարունիքի եւ Շիրակի գաւառները Անի ամրոցի հետ միասին: 961-ին Բագրատունիները արքունիքը Կարսէն տեղափոխած են Անի եւ հռչակած մայրաքաղաք: Այդ ժամանակի խոշոր առեւտրական ճանապարհի Դուին – Տրապիզոն հատուածի վրայ ինկած Անին արագ թափով սկսաւ մեծնալ: Անիին մէջ պալատներ ու ապարանքներ կառուցեցան: Կառուցուեցան նաեւ շատ վաճառատուներ, գործատեղեր, իջեւանատուներ, խանութներու եւ արհեստանոցներու շարքեր: Քաղաքի բնակչութեան մէկ մասը կ՛ապրէր Ծաղկոցաձորի եւ Գալաձորի քարայրներու մէջ, ուր կային կրկնայարկ եւ եռայարկ բնակարաններ, ընդարձակ սրահներ եւ եկեղեցիներ: Անին մեծ զարգացում ապրեցաւ Գագիկ Առաջինի թագաւորութեան խաղաղ տարիներուն (989-1020թթ): Այս ընթացքին կառուցուեցաւ Անիի Մայր տաճարը: Անին առեւտրական կապերու մէջ էր ամբողջ աշխարհի հետ` Եգիպտոսէն մինչէւ Ռուսիա եւ Չինաստան: Գագիկ Առաջինի մահէն յետոյ Բագրատունեաց պետութիւնը թուլցաւ ներքին երկպառակութիւններու պատճառով: 1045 թուականին Անին ինկաւ Բիւզանդական լուծի տակ: Մինչեւ 14-րդ դարու կէսերը Անին որպէս քաղաք դեռ կը պաշտպանէր իր գոյութիւնը: Աւանդութիւնը Անի քաղաքի վերջնական ամայացումը կապած է 1319 թուականի երկրաշարժի հետ, սակայն Երեւանի արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ Շաբայտինը 1364 թուականին անիծած է Անին քանդողները: 16-րդ դարուն Անին արդէն փոքրիկ գիւղ մըն էր: Քաղաքին ըստ երեւոյթին մեծ հարուած հասցուցած էին Լենկթեմուրի արշաւանքները: 18-րդ դարուն Անին արդէն աւերակներու կոյտ էր եւ կը պատկանէր թուրք բեկերուն: 1878 թ.ին անին անցաւ Ռուսիոյ, իսկ 1920-ին յանձնուեցաւ Թուրքիային:

Ծանօթ: Նկարները նկարած եմ, Սուրիոյ Երիտասարդական Գրասենեակի կազմակերպած, «Վերադարձ Դէպի Արմատներ» թիւ 2 Արեւմտահայաստանի Ուխտագնացութեան:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Արցախը Մինչեւ 1920

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր երեւոյթներէն է քրիստոնէութեան տարածումը մեր երկրին մէջ եւ նոր հոսանքի …