ԼՈՊԻՆ -Ա-

Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքէն ներս յատկանշական երեւոյթներ են ճնշումի խմբակները եւ լոպիները, որոնք կը գործեն օրինական պայմաններու մէջ եւ կը ձգտին ազդեցութիւն բանեցնել խորհրդարանէն ներս եւ քաղաքական անձնաւորութեանց վրայ ի նպաստ իրենց հետապնդած շահերուն:

ա.-Պատմական Ակնարկ Հրէական Լոպիին

Հրէական Լոպիին մասին խօսելէ առաջ պէտք է անդրադառնալ ընկերութեան կազմաւորման պայմաններուն եւ ապա Ամերիկայի Հրէական գաղութին պատմութեան:

Ամերիկեան ընկերութիւնը կազմուած է Անգլիացի բողոքական համայնքի գաղթականներով: Անիկա այլամերժ եւ փակ ընկերութիւն մըն է, հակահրէական տրամադրութիւններով: Նախագահ Ֆրանգլին արտայայտած էր, որ հրեաները միացեալ նահանգներուն սպառնացող վտանգ կամ անոր հաշւոյն ապրող փոքրամասնութիւն մըն են եւ պէտք էր արգիլել անոնց Ամերիկա մուտքը:

1840-ին, Միացեալ նահանգներու մէջ գոյութիւն ունէին հազիւ քանի մը հազար Հրեաներ: Ճարտարարուեստի բարգաւաճման բերումով, Գերմանիայէն Ամերիկա սկսան գաղթական հրեաներ, որոնցմէ ականաւոր ուսեալ տարրը սկսաւ ձուլուիլ ամերիկեան ընկերութեան մէջ: Անոնցմէ ոմանք հիմնեցին ամերիկեան օրաթերթերը, օրինակ՝ «Նիւ-Եորք Թաեմզ»-ը եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը: Այնուհետեւ ծայր առաւ Արեւելեան Եւրոպայէն Հրեաներու հոսանքը՝ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ 1939, երբ անոնց թիւը հասաւ 5 միլիոնի: Նկատելին այն է, որ այս շրջանին չկազմաւորուեցաւ Հրեական շահերու համար լոպի մը: 1943-էն սկսեալ, սկսաւ Հրեաներու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ձգտող խմբակներ կազմուիլ, մինչ Ամերիկեան ընկերութիւնը իրենց հետ կը վերաբերէր զգուշութեամբ:

Հրեական լոպիները սկսան կազմուիլ Ա.Աշխարհամարտէն ետք, երբ հրեայ անձնաւորութիւններ քաղաքական աչքառու պաշտօններ գրաւեցին, օրինակ Հէրպըրթ Լիհման Նիւ Եորքի նահանգապետ դարձաւ, Հենրի Մորկնթաու երեւմտական հարցերու նախարար, Ֆելիքս Ֆրանքըրթըր գերագոյն դատախազ, եւայլն:

Բ.Աշխարհամարտէն ետք, Միացեալ Նահանգները մեծ դերակատարութիւն սկսաւ ունենալ նացիական վտանգը դիմագրաւող Բրիտանիոյ մէջ: Իսկ երբ անիկա Բրիտանիոյ կողքին պատերազմի մտաւ, կազմուեցաւ Ա.Լոպին: Այս լոպին մեծ դեր ունեցաւ 1947-ի Պաղեստինի բաժանումին եւ 1948-ի Իսրայէլի պետութեան հռչակման համար, Ամերիկեան կառավարութիւնը ապահովելու գործին մէջ:

1953-ին, երբ իսրայէլ փորձեց Յորդանան գետի ջուրերուն հունը փոխել դէպի Սուրիոյ հետ չեզոք շրջան մը, ամերիկեան կառավարութիւնը որոշեց Իսրայէլի տրամադրուած օժանդակութիւնը դադրեցնել, առ ի զօրակցութիւն՝ Սուրիոյ բողոքին: Այս դէպքէն ետք, Իսրայէլ ամէն բանէ առաջ գիտակցեցաւ ամերիկեան կառավարութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնող ազդու լոպիի մը կազմութեան անհրաժեշտութեան:

1954-ին կազմուեցաւ Ամերիկայի Հրէական հարցերու կոմիտէն (Այփաք): Երբ 1956-ին ապահովութեան խորհուրդը որոշում տուաւ, որ Իսրայէլ քաշուի գրաւեալ հողերէն, եւ երբ Ամերիկեան կառավարութիւնը սպառնաց Իսրայէլի գործադրել Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը, Իսրայէլի լոպին եկաւ այն համոզումին, թէ իր գործունէութիւնը պէտք է ընդունի, տարածուելով ամերիկեան ընկերութեան բոլոր մարզերէն ներս:

բ.-Հրէական Լոպիին Նպատակները

Միացեանլ Նահանգներու մէջ Հրէական լոպին կը ձգտի կատարել ամէն բան, ապահովելու համար կառավարութեեան ամբողջական զօրակցութիւնը Իսրայէլի քաղաքականութեան հանդէպ: Անիկա կը նպատակադրէ նաեւ ստիպել ամերիկեան կառավարութիւնը, որպէսզի որդեգրէ Արաբական երկիրներու հանդէպ Իսրայէլի վարած քաղաքական վարքագիծը:

գ.-Հրէական Լոպիին Լծակները

Հրէական լոպին Միացեալ Նահանգներու լսատեսողական հաղորդակցութեան միջոցներու վրայ ունի մեծ ազդեցութիւն եւ իշխանութիւն, զորս ձեռք բերած է մեծագոյն գագաթներուն ու լրատու գործակալութիւններուն ղեկավարումը ստանձնելով, կամ անոնց մէջ բանալի անձնաւորութիւններ զետեղելով: Անոնց կողքին Հրէական համայնքի մեծ դէմքերէն շատեր կը ստորագրեն Ամերիկեան գրեթէ բոլոր թերթերուն առաջնորդող յօդուածներն ու խմբագրականները: Անոնցմէ են Աբրահամ Ռոզնալթ, Ուիլսամ Սա‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎ֆիր:

Հրէական լոպիին գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ Ամերիկեան խորհրդարանը բոլոր անոնց, որոնք գործ ունին կառավարումի աշխատանքներուն մէջ, Հրեաներու քուէները կ՛օգտագործուին ի նպաստ այն թեկանծուներուն, որոնք կը զօրակցին Իսրայէլի քաղաքականութեան:

Կայ նաեւ ուշագրաւ իրողութիւն մը: Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը կողմնորոշող եւ նոյնիսկ ուղղող ուսումնասիրութեան կեդրոններ, երբեմն կառավարութեան կու տան թերի եւ կեղծ թղթածրարներ, որոնց պատրաստութեան մէջ դեր կ՛ունենան հրեայ ուսումնասիրողներ:

1988-ին Ուաշինկթընի կառավարութեան յանձնուեցաւ ուսումնասիրութիւն մը, որուն հիման վրայ, կառուցուեցաւ Միացեալ Նահանգներու վերջին տարիներու արտաքին քաղաքականութիւնը: Հետագային, ի յայտ եկաւ, որ անոր հեղինակը (Այփաք)ի տնօրէնն էր:

Հրէական լոպին նաեւ կ՛օգտագործէ Ամերիկեան մամուլը, որպէսզի Ամերիկացիք ականջալուր չըլլան հակաիսրայէլեան քարոզչութեան:

Ծանօթ է, որ Ամերիկայի հրեաները պատմականօրէն կը զօրակցին դեմոկրատներուն: Հանրապետականներու դէմ անոնց պայքարը պատասխանատու անձնաւորութիւններու պաշտօնազրկումի պատճառ դարձած է: Վերջին քսան տարիներուն Հրեայ համայնքին հարստացումը պատճառ դարձաւ, որ Հրէական գաղութին եւ դեմոկրատներուն միջեւ բացը խորանայ, այն ալ պատճառ է հանրապետականներու իրերայաջորդ յաղթանակները ստիպէ հրէաներուն, որ յոյսը չդնէ միայն ժողովրդավարներու վրայ:

դ.-Արաբներու Դիրքը Եւ Արաբական Լոպին

Հրէական լոպիի այս զօրաւոր գործօնին դիմաց, Միացեան Նահանգներու մէջ գոյութիւն չունի արաբական հակակշռող լոպի մը. պետութիւններ ջանք կ՛ընեն ճնշում բանեցնել իրենց լոպիներով, ինչպէս՝ Եգիպտական, Լիպիական, Յորդանանեան, Պաղեստինեան լոպիները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին ջանքերով կազմուած են:

ե.-Հրէական Լոպիին Գործունէութիւնը

Հրէական լոպին 1967-ին պատերազմէն ետք յաջողեցաւ Արթըր Կոլտպրկր հասցնել ՄԱԿ-ի մօտ Միացեաւ Նահանգներու ներկայացուցչութեան, Հրէական լոպին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ալեքսանդր Հէյկի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակման մէջ, անձնաւորութիւն մը, որ կանաչ լոյս տուաւ 1982-ին Իսրայէլի Լիբանան ներխուժման: Հրէական լոպիի կողմէ կազմակերպուած արշաւի մը զոհը եղաւ ծերակուտական Քուլպրայթ, որ հեռացուեցաւ քոնկրէսէն Իսրայէլը քննադատող իր կեցուածքներուն պատճառով: Նմանօրինակ վերջին դէպք մը պատահեցաւ Սպիտակ տան մէջ, երբ անոր պաշտօնէութեան պետ Ճոն Սնունու վարկաբեկուեցաւ (Այփաք)ի քարոզչութեան հետեւանքով, պէտք չէ մոռնալ նաեւ հրէական լոպիի դերակատարութիւնը Պիլ Քլինթընի ընտրապայքարի յաջողութեան մէջ:

Պէտք է նկատել, որ քաղաքական այն գործունէութիւնը, որ հրէական լոպին ու հրեայ ծագումով տնտեսագէտներ կը բանին Ամերիկեան կեանքի բոլոր բանագաւառներէն ներս, իր մէջ կը պահէ Ամերիկեան կեանքի ժողովրդային զանգուածներու հակազդեցութիւնը հանդէպ Իսրայէլի ծաւալապաշտութեան ու ցեղապաշտութեան: Այս մէկը յստակացաւ Պաղեստինի Ինթիֆատայի պայթումէն ետք: Պաղեստինցիներու դէմ Իսրայէլեան բանակի գործադրած խոշտանգումներուն պատկերները խանգարեցին հանրային կարծիքին Իսրայէլ աննպաստ կողմնորոշումը:

Սխալ պիտի ըլլայ կարծել թէ Հրէական լոպիին զօրակցութիւնը վայելող  Պիլ Քլինթըն ամբողջութեամբ յանձնառու պիտի դառնայ անոր քաղաքականութեան: Պէտք է ըսել, թէ նախագահ Պուշ մինչեւ 1991 ոչ մէկ մրցակից ունէր եւ կը վայելէր հրէական լոպիի աջակցութիւնը, սակայն անոնց միջեւ յարաբերութիւնը սկսաւ վատթարանալ, երբ նախագահ Պուշ յայտարարեց, թէ պիտի ջանայ գործադրութեան դնել թիւ 242 որոշումը: Այնուհետեւ հրէական լոպին ձեռնարկեց նախագահ Պուշի դէմ ի նպաստ Քլինթընի ընտրական քարոզչութեան լայն ծրագիր մը:

Սակայն նախագահ Քլինթըն իշխանութեան հասնելէ ետք, հրէական լոպիի պահանջքներուն գոհացում տուող ոչ մէկ քայլ առած է: Այն յայտարարած է, թէ պիտի շարունակէ խաղաղութեան գործընթացին նկատմամբ նաշագահ Պուշի քաղաքականութիւնը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …