Յեղափոխութեան սահմանում
Յեղափոխութիւնը իրաւազուրկ եւ ճնշուած ամբոխներու զայրոյթի բնական պոռթկումն է: Ան ցանկալի երեւոյթ չէ անպայման, քանի յաճախ կարեւոր թիւով զոհեր կը պահանջէ, եւ եթէ ժողովուրդ մը ի վիճակի է առանց յեղափոխութեան, այսինքն՝ բարեշրջումով հասնելու իր առաջադրանքներուն, ցանկալի է յեղափոխութենէ խուսափիլ: Բայց երբ ուրիշ ելք չկայ, յեղափոխութիւնը կը դառնայ անխուսափելի եւ պատմականօրէն անհրաժեշտ:
Յեղափոխութեան տեսակները
Ա.- Ազգային յեղափոխութիւն
Երբ ազգ մը ճնշուած է այլ պետութեան մը կամ իշխանաւորի մը լուծին տակ եւ երբ ան հասած է իր ազգին միութեան, ազատութեան եւ անկախութեան գիտակցութեան պահանջին, ան բնականաբար կը ձգտի խաղաղ միջոցներով ազգային ինքնորոշման իրաւունք ձեռք բերել:
Երբ խաղաղ միջոցներով անհնար է ազգային ինքնորոշման իրաւունքին տիրանալ, ազգի մը բնական իրաւունքն է՝ դիմել յեղափոխութեան: Ազգային յեղափոխութեանց ճամբով իրենց անկախոււթեան տիրացած են, օրինակ՝ երբեմնի Օսմանեան կայսրութեան կարգ մը երկիրները՝ Յունաստանը, Պուլկարիան, եւայլն:
Ազգային յեղափոխութեան աւելի մասնակի եւ ըստ արդիւնքի, նուազ յաջող օրինակներն են Հայաստանի Փետրուարեան ապստամբութիւնը (1921) եւ Հունգարիոյ ապստամբութիւնը (1956), երկուքն ալ մղուած Պոլշեւիկեան կեդրոնացեալ ամբողջատիրութեան դէմ:
Ազգային յեղափոխութիւնը կրնայ վերածուիլ ազգային-ազատագրական երկարատեւ պատերազմի՝ յատկանշուած ֆետայական կամ փարթիզանական կռիւներով, երբեմն նաեւ՝ համաժողովրդական զինեալ պայքարով: Այս նկարագիրն է, որ ստացան օրինակ, Հայ Յեղափոխութիւը, ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ եւ Վիեթնամի ազատագրական կռիւները:
Բ.- Քաղաքական յեղափոխութիւն
Անկախութիւնը նախապայմանն է ազգի մը լիակատար ազատութեան: Բայց անհրաժեշտ է նաեւ որ ազգին բոլոր անդամները դառնան հաւասար իրաւունքներով օժտուած լիիրաւ քաղաքացիներ, որպէսզի ազգային անկախ պետականութիւնը հաստատուի իրապէս ժողովրդավար կարգերու վրայ: Յանուն մարդկային ազատութիւններու (խիղճ, խօսք, գիր, մամուլ, կրօնական դաւանանք, եւայլն) եւ օրէնքի առջեւ հաւասարութեան, յանուն ժողովրդավար կարգերու հաստատման կատարուած յեղափոխութիւնները կը կոչուին քաղաքական յեղափոխութիւններ: Քաղաքական յեղափոխութեան նպատակն է ուրեմն, ազգային պետականութիւնը կազմակերպել համաժողովրդական ազատ ընտրութեամբ յառաջացած ընկերային-քաղաքական ժողովրդավար համակարգի մը վրայ, ուր ամէն անհատ քաղաքացիի իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները ճշդուած ըլլան հաւասարութեան սկզբունքով եւ օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը երաշխաւորուած երկրի սահմանադրութեամբ ու գործնապէս ապահովուած պետութեան կողմէ: Այսպէս, էապէս քաղաքական էր Ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը, քաղաքական թէ՛ ազգային բնոյթ ունեցաւ հայ յեղափոխութիւնը, աւելի ուշ նաեւ Ալճերիական յեղափոխութիւնն ու ազգային ազատագրական այլ շարժումներ:
Գ.-Ընկերային կամ ընկերային-տնտեսական յեղափոխութիւն
Ամէն ժողովրդավար վարչաձեւ չ՛ապահովեր ամէն անհատ-քաղաքացիներուն լիակատար հաւասարութիւնը, մանաւանդ ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ: Նոյնիսկ իրապէս ժողովրդավար հանրապետութիւններու մէջ դրամական տնտեսութեան բերումով կը յամենան տակաւին դասակարգային տարբերութիւնները՝ տնտեսական եւ ընկերային տեսակէտէ՝ առանձնաշնորհեալներ, միջակ դասակարգ եւ ընչազուրկներ, չխօսելով տակաւին ցեղային անիրաւութիւններու մասին: Նման պարագաներու՝ բնական է, որ սահմանափակ իրաւունքներէ կամ տնտեսական կաշկանդումներէ տառապող զանգուածը ձգտի երկրի ընկերային կառոյցի ապադասակարգացման, այսինքն՝ վերջին հաշուով ընկերվարական կարգերու հաստատման: Այդ կրնայ կատարուիլ դանդաղ ու խաղաղ բարեշրջումով կամ համաձայնումով: Բայց ի պահանջեալ հարկին, կրնայ նաեւ ձեռք բերուիլ յեղաափոխութեամբ եթէ մանաւանդ իշխող եւ առանձնաշնորհեալ դասակարգը չուզէ տեղի տալ:
Նախկին խորհրդային միութենէն դուրս կը բաւէ առնել Չինաստանի օրինակը իր պարբերական տագնապներով եւ ներքին մաքրագործումներով. չխօսելով տակաւին երրորդ աշխարհի շարք մը պետութեանց ընկերվարական յեղաշրջման անժամանակ եւ յաճախ ձախաւեր փորձերուն մասին: Պետութենէ մը ներս ընկերվարական յեղաշրջման անժամանակ եւ յաճախ ձախաւեր փորձերուն մասին: Պետութենէ մը ներս ընկերվարական կարգերու յաջող հաստատման համար նախ անհրաժեշտ է ճարտարարուեստականացման ըստ բաւականի բարձր աստիճան, ապա նաեւ ընկերային կազմակերպուած ու որակաւոր համակարգ, բայց մանաւանդ՝ ժողովուրդի բոլոր խաւերու բարձր զարգացում եւ ընկերային բարձր գիտակցութիւն (բան մը, որուն պակասը սեփական դառն փորձառութեամբ զգալով էր, որ Չինաստանի վարիչները իրենց Մշակութային Յեղափոխութիւնը կազմակերպեցին): Եւ երբ գոյ են այդ նախապայմանները, երբ առկայ են այդ զարգացումն ու գիտակցութիւնը բոլոր խաւերուն մօտ, ժողովուրդը պէտք չունենար արդէն յեղափոխութեան դիմելու, ընկերվարութիւնը աստիճանաբար կը հաստատուի, օրինական միջոցներով եւ խաղաղ բարեշրջումով:
Տնտեսական անպատրաստ, ընկերային տեսակէտէ յետամնաց եւ գիտակցութեամբ տհաս միջավայրի մէջ փորձուած ընկերային-տնտեսական յեղափոխութիւնները ընդհանրապէս կ՛այլասերին եւ ի վերջոյ կը վիժին՝ յառաջացնելով առհասարակ, բռնապետական կամ կուսակցապետական կարգեր՝ որոնք ոչ մէկ աղերս ունին իրական ընկերվարութեան հետ:
Դ.- Պետական հարուած
Վարչաձեւի կամ իշխանութեան գլուխ գտնուող անձերու փոփոխութեան այլ մէկ եղանակն է պետական հարուածը: Պետական հարուածը կարելի է յեղափոխութիւն չնկատել, բայց կասկած չկայ, որ յեղափոխութեան մը յաջողութիւնը արագօրէն եւ առանց մեծ արիւնահեղութեան ապահովելու միջոց մը կրնայ ըլլալ ան: Վարչաձեւէն կամ պետութեան վարիչներէն դժգոհ քաղաքական կամ զինուորական դէմք մը, իշխանութեան ձգտող խմբակ մը, ունենալով երկրի զինեալ ուժերու պետին կամ բանակին գէթ մէկ մասի գաղտնի համաձայնութիւնն ու օժանդակութիւնը, ընդհանրապէս մէկ գիշերուան մէջ՝ կը ձերբակալէ տիրող իշխանութիւններն ու անոնց գլխաւոր գործակիցները եւ զինուորական ուժով կը հաստատէ նոր իշխանութիւն: Սկզբնական շրջանին, պետական հարուած կատարող անձը կը դառնայ փաստօրէն տիքթաթէօռ կամ խմբակը կը կազմէ բոլոր իշխանութիւնները իր ձեռքը կեդրոնացուած սակաւապետութիւն մը: Յետագային, եթէ պետական հարուած կատարողները ժողովրդավար հակումներ ունին կամ առնուազն ձեւականութիւնները կ՛ուզեն պահել, իրենց իշխանութեան վրայ մնալուն համար անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնելէ ետք՝ կը վերահաստատեն սահմաադրական կարգեր:
Պատահած է նաեւ, որ հայրենիքի համար ճգնաժամ պահու մը, հաւաքական մղումով մը ժողովուրդը ինք նշանակէ երկրի ղեկավարը, անոր պարտադրելով ամբողջական եւ բացարձակ իշխանութեան մը ծանր բեռը: Այսպէ՛ս էր, որ 1918 Մարտին, Երեւանի ժողովուրդը եւ զինուորականութիւնը Արամ Մանուկեանը հռչակեցին Հայաստանի տիքթաթէօռ: Բայց երբ Արամի գլխաւորութեամբ մղուած Արարատեան դաշտի բախտորոշ ճակատամարտներէն ետք Հայաստանը հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն, գոյակռուի օրերու ամէնազօր տիքթաթէօռը Քաջազնունիի կառավարութեան մէջ եւ իր կուսակցութեան որոշումով ստանձնեց ներքին նախարարի պաշտօնը միայն: