Home / Ա / Նիւթեր / Մշակութային / ԱԽԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

ԱԽԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

Վանայ լիճի Ախթամար կղզիին վրայ գտնուող Ս.Խաչ եկեղեցին, հայ ճարտարապետութեան կոթողներէն մէկն է: Ան Հայաստանի հոգեւոր խոշոր կենդրոն՝ Ախթամարի վանական համալիրի բաղկացուցիչ մասն է։ Կը պատկանի քառակուսի յատակագծով, զոյգ աւանդատուներով եւ գմբեթաւորուած եկեղեցիներու տիպին։ Կառուցուած է Վասպուրականի իշխան Գագիկ Արծրունիի պատուէրով` ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Մանուէլի կողմէ։ Տաճարի արտաքին պատերը զարդարուած են 6 հորիզոնական շարք կազմող զարդաքանդակներով, որոնք չեն խախտած պատերու հարթութիւնը։ Զարդաքանդակները ստեղծելու ժամանակ Մանուէլը հաշուի առած է հնարաւոր դիտանկիւնները եւ տարբեր ժամերու լուսաւորութիւնը։ Պատերէն մէկուն վրայ Գագիկ Արծրունի դիմաքանդակն է, կողքին՝ ողջ հասակով Քրիստոսը, որուն արքան պարզած է եկեղեցիի մանրակէրտը։ Աստուածաշունչի թեմաներով որմնաքանդակներէն մէկուն վրայ պատկերուած է Ադամի եւ Եւայի առասպելը՝ արարումներէն մինչեւ դրախտէն արտաքսում։ Արեւելեան ճակատին պատկերուած են Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալները։ Անոնց կողքին են նաեւ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Արծրունեաց տան եպիսկոպոսները, արաբական արշաւանքներու ժամանակ հերոսացածները, այդ թուին՝ Արծրունեաց ցեղի չորս ներկայացուցիչ՝ հարազատներով շրջապատուած։ Եկեղեցիի պատերէն մէկուն պատկերուած է խաղողի մշակման ողջ ընթացքը՝ որթը տնկած ժամանակէն մինչեւ գինի պատրաստելը։ 2007 թ. եկեղեցին վերանորոգուած է։

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ            ԺԹ. դարը յատկանշուեցաւ գրական նոր շարժումով մը, որ ծնունդ տուաւ …