Home / Ա / Նիւթեր / ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ / ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ / 15-16 տարեկան / ԱՂԲԻՒՐ ՍԵՐՈԲ (ՍԵՐՈԲ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ, ՍԵՐՈԲ ՓԱՇԱ)

ԱՂԲԻՒՐ ՍԵՐՈԲ (ՍԵՐՈԲ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ, ՍԵՐՈԲ ՓԱՇԱ)

Ախլաթ գաւառի Սոխրոդ գիւղէն էր Աղբիւր Սերոբը, ծնան է 1864-ին, զաւակը՝ հին եւ համբաւաւոր օճախի մը: Սերոբ իր չորս եղբայրներէն ամէնէն փոքրն էր: Պատանի հասակէն, ան կը սիրէր ձի նստիլ, որսի երթալ եւ հրացանը ուսին բարձրանալ Նեմրութ լեռը:

21 տարեկան էր Սերոբ, երբ Պոլիսէն գիւղ կը վերադառնեայ իր Առաքել հօրեղբայրը, որ մասնակից եղած էր Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի ժամանակ տեղի ունեցած ազգային եռուզերին: Սերոբ կը տպաւորուի անոր հայրենասիրակաի քարոզչութենէն ու փոխանակ թռչուններու, այս անգամ կ՛ուզէ քիւրտ աւազակներ որսալ: Օր մը կռուի կը բռնուի անոնցմէ երկուքին հետ, կը սպաննէ մէկը, իսկ միւսը կը փախչի:

Որպէսզի քիւրտերու վրէժխնդրութեան առարկայ դառնայ Խչէենց տունը (Սերոբի ծնողքը), հօրեղբայրը զինք կը ղցկէ Պոլիս, պանդխտութեան: 1891-ին գաղտնի ոստիկաններ կը հետաքրքրուին իրմով. կը ստիպուի անցնիլ Ռումանիա, Սուլինա քաղալը, ուր սրճարան մը կը բանայ, աւելի ետք խոհարարութեամբ կը զբաղի: 1893-ին քաղաքին մէջ քօլերայի հիւանդութիւնը խուճապ կը ստեղծէ ու ան կը մեկնի Պաթում, հոնկէ Կարին: Կ՛ընդունուի հայդուկային խումբերու մէջ ու նախ կը զբաղի Կովկասէն երկիր զէնքի փոխադրութեամբ:

1895-ին այլեւս իր ծննդավայր Ախլաթի շրջանին մէջ է ու կը կազմակերպէ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը. բոլորին կը քարոզէ. տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի՛ մնաք:

Սերոբի զինուորները Ախլաթցիներն էին ու աչքի չէին զարնէր շրջանին մէջ, աւելի դիւրութեամբ կը ցրուէին գիւղերը:

Սերոբ ծպտուած կը շրջի քաղաքէ քաղաք ու կը կազմակերպէ կոմիտէներ: Քաղցր լեզու մը եւ առիւծի սիրտ մը ունէր. իր վեհանձն բնաւորութեամբ՝ պաշտելի կը դառնայ ժողովուրդին, իսկ սարսափը՝ թուրք ու քիւրտ պէկերուն եւ աւարառու խուժանին:

Յաճախադէպ բախումներ կ՛ունենայ քիւրտ ղեկավար ուժերու հետ: Քաջաբար կը պաշտպանէ Ախլաթի գիւղերը յարձակումներու դէմ: Հայ գիւղացիութիւնը կ՛օրհնէ ‎ֆետային ու զինքը կը կնքէ Աղբիւր անունով, իսկ ուրիշներ Սերոբ Փաշա անունը կուտան իրեն: Վերեւ Աստուած, ներքեւ Սերոբ կ՛ըսէ ժողովուրդը, իսկ հայ աղջիկները հիացումով կը պատմէին անոր քաջագործութիւնները, յայտնելով թէ Աղբիւր Սերոբ մէկ ձեռով մէկ անգամէն եօթ քիւրտի գլուխ կտրեր է…:

Հրայրը՝ Մշոյ դաշտին մէջ եւ Սերոբը Սխլաթի, ինքնապաշտպանութեան ցանց մը կը կազմակերպեն Դաշնակցութեան դրօշին ներքեւ:

Կառավարութիւնը արտակարգ միջոցներու կը դիմէ ձերբակալելու համար Սերոբը, բայց չի յաջողիր: Ոստիկանութիւնը իր կատաղութիւնը կը թափէ Սերոբի ընտանիքին վրայ, կը թալանեն հարուստ Քչէի տունը, կը չարչարեն եղբայրները, որոնք վէրքեր ստանալով կ՛ազատին: Սերոբ չ՛ընկճուիր այս ամէնէն, կը շարունակէ ինքնապաշտպանութեան գործը ու կ՛ըսէ իր ընկերներուն. «Պէտք է բախտաւորները երբեմն լան, որ թշուարները մխիթարուին: Տեսէք, մեր տունը ձեզի օրինակ. ես նախ մեր տունը, Ախլաթի Խչէի մեծ օճախը քանդեցի, որ շատ մայրեր իրաւունք չունենան զիս անիծելու, ըսելով՝ մեր տունը քանդողին տունը քանդուի»:

1897-ի Փետրուարին երբ կը տեսնէ թէ իր ներկայութեան հետեւանքով կը վտառուի Սոխորդ գիւղը, Սերոբ իր ապաստանարանը կը փոխադրէ Նեմրութի բարձր սարերը: Թաքստոցէն իջնելով կը շանթահարէ մատնիչներ, ջարդարարներ, ոստիկաններ: Բազմաթիւ մատնիչներու եւ կրօնափոխ հայրեու գլուխը կը կտրէ, լրտեսութիւնը կը մեղմանայ անոր հարուածներուն տակ, իսկ իսլամութիւն ընդունողնեերէն շատեր կը վերադառնան իրենց ազգութեան գիրկը:

Անվերջ հետապնդումներէ ազատելու համար: Սերոբ կ՛երթայ Սասուն, իր քաջարի կնոջ Սօսէին հետ: Իբրեւ պարագլուխ հոն կ՛աշխատի ֆետայիներուն հետ: Սասունի մէջ Գուրգէնն էր (Պաղտասար Մալեան) որ կը ղեկավարէր յեղափոխական շարժումը եւ Սերոբին լաւագոյն աջակիցը կը դառնայ: Գուրգէն մտաւորական կարողութիւններ ունէր. ան նաեւ ռուս բանակին մէջ զինուորութիւն ըրած էր, տեսակ մը օղակ կը կազմէր ֆետայիներու եւ ժողովուրդին միջեւ: Գուրգէնի մահէն ետք, ղեկավարութեան տեսակէտէն կը դժուարանայ Սերոբի գործը, բնաւորութեամբ խիստ էր եւ Սերոբի մէջ կային հռչակ ունեցող տեղական իշխաններ:

Պիթլիսի կուսակալը հետամուտ էր վերջ տալու Սերոբի կենաքին, այն համոզումով թէ պիտի կրնայ յեղափոխական շարժումը քանդել Դուրան-Բարձաւանդակի շրջանին մէջ, ուստի կը դիմէ դաւադրական միջոցի մը: Հայ մատնիչի մը օգնութեմբ, կառավարութիւնը կ՛իմանայ Սերոբի թաքստոցը՝ Կէլեէկուզան ու կը պաշարէ հազարէ աւելի զօրքով եւ քիւրտերով 1899 Հոկտեմբեր 24-ին: Մատնիչը նախապէս յաջողած է ֆետայիին թոյն հրամցնել ծխախոտի միջոցով: Սերոբ կը կռուի իր ընկերներով, թշնամիին մեծ վնասներ պատճառելով: Ֆետայիները կը յաջողին ճեղքել թշնամի շղթան, բայց վիրաւորուած էր Սերոբ, որուն զէնքը առնելով կռիւը կը շարունակէ կինը՝ Սօսէն: Թշնամին վրայ կը հասնի, կը սպաննուին նաեւ Սերոբի 12 տարեկան կոռիւն՝ Յակոբը: Սերոբի երկու եղբայրները եւ չորս հայդուկներ: Գազան Խալիլը ֆետայիին գլուխը կտրելով կը ղրկէ Բաղէշ, անոր ընկերացնելով նաեւ վիրաւոր կինը՝ Սօսէն: Բաղէշի մէջ Խուժանը խրախճանքներ կը կատարէ՝ ցիցի մը վրայ անցուցած յեղափոխականին գլխուն շուարջ…

Ի վերջոյ Սերոբի գլուխը կը յանձնուի հայոց Առաջնորդին, որ վանքի սպասաւորի մը հետ միասին, գիշեր ժամանակ, կը թաղէ զայն եկեղեցիին մէջ անկիւնը:

Հետագային Գէորգ Չաւուշ եւ Անդրանիկ լուծեցին Սերոբի վրէժը, ձեռք անցնելով հայ մատնիչը եւ Պշարէ Խալիլը: Անոնց արժանի պատիժը տրուեցաւ, իսկ Խալիլին գլուխը կտրուեցաւ:

Աղբիւր Սերոբ Տարօնի շրջանին մէջ առաջին հայդուկն էր, որ այնքան մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ: Իր չարքաշ կեանքը, խիստ կարգապահութիւնը եւ քաջագործութիւնները տեսակ մը դպրոց եղան իր զինուորներու պատրաստութեան համար, որոնք հետագային աւելի տարածեցին հայ յեղափոխականի զէնքի համբաւը եւ արիութիւնը:

Հայ աշուղներ երգեր յօրինեցին Սերոբի յիշատակին, իսկ բանաստեղծներ անոր փառքը հիւսեցին.

Նէմրութայ սարը հազար ակն ունի
Հազարն էլ Մըշու դաշտն ի վայր կ՛երթայ…
Մենակ Աղբիւրի աղբիւրը սրտի,
Խեղճ ժողովուրդի սրտի մէջ կ՛երթայ-
Ազատ օրերի, դալար օրերի,
Ծարաւ վարթանի սրտի մէջ կ՛երթայ…

Հրայր՝ Աղբիւր Սերոբի մասին

«Բաբշէնի կռիւը, որը համահաւասար է Խանասօրին, Խաստուրի, Բանակի ընդհանրումներուն, եւ գուցէ անոնք չհասնին դեռ այդ ճակատամարտին, նսեմանեն սորա առջեւ, եթէ համեմատութեան դնենք տեղը, դիրքը եւ թշնամւոյ անհամեմատ ոյժը:

Բաբշէնը, Բաղէշէն կէս ժամ հեռաւորութեամբ գիւղ մ՛է: Սերոբ իր կտրիճ հայդուկներով հոն կը գտնուէր, խումբը կը բաղկանար 14 հայդուկներէ: Դաւաճաններու դաւերով՝ առաւօտեան լուսաբացին պաշարման վիճակի մէջ դրուեցաւ Բաբշէնը: Սերոբ իր խրոխտ ձայնով ազդու հրահանգներ կ՛որոտար հայդուկներին. կը դիտէր նոցա դիրքերը ու կ՛ըսէր. մի վհատի՛ք, Աստուած մեր կողմն է, յաղթութիւնը մեր բաժինն է: Կարկուտի նման կը տեղային գնդակները. հասան թնդանօթաձիգ զօրքեր, երբ մի քանի զօրապետեր ու զօրքեր զոհ տուին: Մինչեւ երեկոյեան մութը տիրելուն՝ հազիւ կրցան 12 թնդանօթ արձակել:

Վերջապէս երկերեցաւ կռիւը մինչեւ երեկոյեան մութը տիրելուն, մեր հայդուկներուն միակ զոհը Սարգիսն էր: Իսկ թշնամին կորսնցուց 60-70 հոգի: Երեկոյեան մութը վերջ տուաւ կռուին, ոտքի ելան հայդուկները գոհ սրտով, բայց թշնամին պաշարման մէջ կը պահէ կռուոյ դաշտը, սպասելով երկրորդ օրուայ լուսաբացին: Առին անմահ Սարգիսի զէնքերն ու գոյքերը, համբուրեցին նրա արիւնոտ ճակատը եւ վար իջան Բլրակէն: Սերոբը իր հայդուկներով ազատեցաւ եւ հոն կանգնեց յաղթութեան կոթող մը»:

Դրօշակ, 1912 թիւ 7-8                                                                                                                      Հրայր

Սերոբ Փաշայի Երգը

Ով որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է թո՛ղ գայ,
Մահ-պատերազմի օրհաս է,
Ո՛վ որ անվախ, քաջ է թո՛ղ գայ:

Կամ կռուելով մեռնինք անցնինք,
Կամ զէնքով փրկութիւն ստանանք,
Կռուելով փրկենք հայրենիք,
Ազնիւ մտածողը թո՛ղ գայ:

Մերթ Սասնոյ մէջ, մերթ ի Սիփան
Կռիւ անենք միշտ անխափան,
Կռուելով փրկենք Հայաստան,
Այս յոյս ունեցողը թող գայ:

Այս հինգ դար է մեզ կը սպաննեն,
Բռնի կրօնքէ մեզ կը հանեն,
Մեր կին աղջիկները կը տանեն,
Պատիւ ունեցողը թող գայ:

Քարէ հոգի, երկաթէ մարդ,
Հալածէ, թո՛ղ վատը նամարդ,
Անվախ՝ քարի տակ չոքողը,
Անսխալ խփողը թո՛ղ գայ:

Վերջապէս մենք ունինք կռիւ,
Զէնքով պիտ՛ մաքրենք մեր հաշիւ.
Մեր հայրենեաց փառք ու պատիւ,

Սերոբ փաշան սիրողը թո՛ղ գայ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …