Home / Ա / Նիւթեր / Կրօնագիտական-հաւատամքներ / ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԿԱՄ ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԿԱՄ ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ

Վարդավառի կամ Քրիստոսի Այլակերպութեան եւ Պայծառակերպութեան տօնը մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը ըլլալով՝ իր ուրոյն տեղը ունի մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ:

Արդարեւ, Վարդավառի տօնը կամ Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը հայ ժողովուրդի կրօնական ու բարեպաշտական կեանքին մէջ եղած է ու կը մնայ տոհմային նկարագիր ունեցող յատկանշական եւ ուրախառիթ երեւոյթներէն մէկը, որովհետեւ հեթանոսական իր խորքով, բայց քրիստոնէական իր էութեամբ կը յիշեցնէ մեզի մեր նախնեաց անխախտ հաւատքը, անոնց սրբանուէր կեանքն ու սրբակենցաղ վարքը:

Հայ ժողովուրդի ծագման հետ ծնունդ առած տօն է Վարդավառը, որ քալած է մեր ժողովուրդի կեանքի ելեւէջներուն հետ, անցած է հազարամեակներ ու հասած է մեզի քրիստոնէական շունչով ու քրիստոնէական նկարագիրով:

Հայոց հին կրօնքին մէջ Վարդավառը տօնն էր Անահիտ դիցուիին, որ խորհրդանիշը ըլլալով հանդերձ անարատ մայրութեան եւ բարգաւաճումին, չաստուածուհին էր բնութեան չորս տարրերէն մէկուն՝ ջուրին, որ մեծ ցնծութեամբ կը տօնակատարուէր ու կը տօնակատարուի այսօր ալ Հայաստան աշխարհի մէջ՝ իրարու վրայ ջուր սրսկելով եւ աղաւնի թռցնելով: Վարդավառը տօնն է բնութեան այլակերպութեան, տօնը՝ բնութեան մէջ ծաղկած վառ վարդերու: Հայոց աշխարհի վրայ թանձրացած խաւարը քրիստոնէական անմար լոյսով լուսաւորուելէ ետք, հաւատքի մեր հօր՝ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Պարթեւ հայրապետի օրերէն հայ եկեղեցին, բնութեան այդ այլակերպութեան տօնով ամբողջ դարեր նշեց Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնը:

Եկէ՛ք, արագ ակնարկով մը տեսնենք, թէ ի՛նչ է դրդապատճառը Քրիստոսի Այլակերպութեան:

Յիսուս իր երկրային կեանքի ամբողջ տեւողութեան մտահոգ էր, թէ զինք ու իր Աստուածային առաքելութիւնը ի՛նչ ձեւով հասկցած էին մարդիկ: Յիսուս օր մը՝ շրջապտոյտի մը ընթացքին, կը հարցնէ իր աշակետներուն. «Իսկ դուք ի՞նչ կը կարծէք թէ ո՞վ եմ ես»: Առաքեալները պահ մը կը շփոթին: Պետրոս առաքեալ կը դառնայ Քրիստոսին ու կ՛ըսէ. «Դուն ես կենդանի Աստուծոյ Որդին»: Քրիստոսի համար հոգեկան ուրախութիւն էր ճշմարիտ այդ պատասխանը, որովհետեւ վստահ էր այլեւս, որ կային մարդիկ, որոնք ճանչցած էին իր առաքելութեան նպատակը, հիմա կը մնար ցոյց տալ իր Այստուածային փառքը:

Արդ, ըստ Համատեսական աւետարաններու, այսինքն՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի, Քրիստոս, իրեն հետ առնելով իր սիրելի աշակերտներէն Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը, Թափօր լեռ կը բարձրանայ աղօթելու համար: Ճամբորդութենէ յոգնած՝ աշակետները թմրութեան եւ խոր քունի մէջ կ՛իյնան: Եւ ահա յանկարծ փայլուն ու պայծառ լոյս մը կու գայ ծածկելու Քրիստոսի դէմքը: Այս շլացնող լոյսէն աշակերտները կ՛արթննան ու իրենց մօտ կը տեսնեն Քրիստոսը սպիտակափայլ հագուստով եւ ճառագայթափայլ դէմքով: Քրիստոսի երկու կողմերը կ՛երեւին Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները: Զարհուրուած առաքեալները լուռ կը դիտեն: Պետրոս կը յանդգնի խզել լռութիւնը եւ կ՛ըսէ. «Վարդապե՛տ, լաւ է, որ մենք հոս մնանք: Եթէ կ՛ուզես երեք տաղաւարներ շինենք. մին՝ քեզի, միւսները՝ Մովսէսին եւ Եղիային համար»: Նոյն վայրկեանին լուսաւոր ամպ մը կու գայ ու կը ծածկէ զիրենք: Ամպին մէջէն Աստուածային ձայնը կը պատգամէ. «Այդ է իմ սիրելի Որդիս, զոր հաճեցայ ղրկել աշխարհ. Անոր մտիկ ըրէք»: Աշակերտները, այդ աստուածային ձայնէն զարհուրած, գետին կ՛իյնան եւ երբ կը բարձրացնեն իրենց գլուխները, Քրիստոս կը մօտենայ անոնց ու կ՛ըսէ. «Ոտքի՛ ելեք ու մի՛ վախնաք»:
essay editing service
Կը փարատին այնուհետեւ շփոթն ու կասկածը, եւ Քրիստոսէ ճառագայթող լոյսը կը բանայ անոնց հոգիին աչքերը, որոնք, վերանորոգելով ու ամրացնելով իրենց հաւատքը Անոր հանդէպ, այնուհետեւ կը դառնան ճշմարիտ քարոզիչները աստուածային Բանին ու պատգամին, քրիստոնէական պատուիրաններուն եւ ճշմարտութեանց՝ իրենց ծառայական կեանքի ու առաքելութեան ամբողջ ընթացքին: Քրիստոսէն ճառագայթող լոյսը իրենց մէջ՝ անոնք այնուհետեւ քալեցին լոյսին մէջէն ու այդ լոյսով լուսաւորեցին հեթանոսական աշխարհն ամբողջ: Անոնց կայծերը ինկան Հայաստան աշխարհի վրայ, ու մեր ժողովուրդը դարձաւ լոյսի ժողովուրդ, լուսաբաղձ ժողովուրդ:

Հինէն ի վեր լոյսի ծարաւ ժողովուրդ եղած է հայ ժողովուրդը.լոյսը առաջնորդող դեր կատարած է անոր ստեղծագործական կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ եւ ամէն անգամ, երբ լոյսը տժգունած է, ներքին ոգեկանութեամբ մը կրկին կեանքի բերած է ան՝ լոյսով ապրելու, գործելու եւ լոյսով շարունակելու իր ուղին դարերու ընդմէջէն: Եւ մենք ամէն անգամ, երբ կը խօսինք լոյսի մասին, չենք կրնար չմտածել Հայաստան աշխարհի մէջ լոյսի վկայութիւնը իրականացուցած, լոյսին վկայ դարձած երկու մեծ առաքեալներու՝ Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի մասին, որոնք Սուրբ Հոգիի լոյսով լուսաւորուած ու պայծառացած, եկան Հայաստան աշխարհ՝ խաւարի մէջ մնացած եւ լոյսին անծանօթ, լոյսի ծարաւ հոգիները լուսաւորելու: Լոյսի նոյն շողակաթումը ունեցան նաեւ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց՝ թարգմանիչ եւ եռամեծ վարդապետները հայ դպրութեան, որոնք Աստուածածին լոյսով, շնորհքի եւ յայտնութեան ցօղով սրբուած, Աստուծոյ լոյսը թարգմանեցին հայ մտքին ու սրտին:

765qwerty765

About admin

Check Also

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ   Քաղաքական Աստիճաններ   Կայսր – Emperor, cesar Կայսրուհի – Empress …