Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՄԵՏԱՂԷ ԴԱՐԸ

ՄԵՏԱՂԷ ԴԱՐԸ

Հայաստան հարուստ երկիր մըն է պղինձի եւ այլ մետաղներու հանքերով. ուստի ան հանդիսացած է մետաղներու յայտնաբերման, օգտագործման եւ տարածման առաջին կեդրոններէն մէկը: Ք.Ա. չորրորդ հազարամեակին, Հայաստանի նախաբնիկները կը սկսին օգտագործել պղինձը, անով պատրաստելու համար իրենց զէնքերն ու աշխատանքի գործիքները: Պղինձը շատ մը առաւելութիւններ ունենալով հանդերձ (դիւրահալ, սուր, փայլուն, եւայլն), դիւրաբեկ մետաղ մըն է. այնպէս որ չէր կրնար բոլորովին փոխարինել եւ գործածութենէ հեռացնել քարը, որ աւելի կարծր էր եւ տոկուն:

Մարդկային ընկերութեան կեանքին ու կենցաղին մէջ հսկայական յեղաշրջում յառաջ բերող մետաղը հանդիսացաւ անագապղինձը կամ պրոնզը, որ խառնուրդն է երկու դիւրահալ մետաղներու, պղինձի եւ փոքր քանակութեամբ անագի: Պրոնզը յանգի մետաղ մըն էր, աւելի կարծր քան պղինձը առանձին: Անոր շնորհիւ կը բազմանան ու կը կատարելագործուին զէնքերու եւ զարդարանքներու տեսակները. կը զարգանայ մետաղագործութիւնը. մարդիկ մեծ խումբերով արշաւանքներ կը կազմակերպեն գտնելու եւ գրաւելու համար մետաղաշատ վայրերը, որոնց տէրերը թէ ռազմական եւ թէ տնտեսական հսկայ հարստութեան տէր կը դառնան: Տեղի կ՛ունենան մարդկային բազմաթիւ տեղաշարժեր, գաղթեր. կը կազմակերպուին ցեղախումբերու եւ ցեղերու արշաւանքներ: Աւելի լաւ զէնքերով սպառազինուած այս ցեղերը կը կատարեն նուաճումներ, կը գրաւեն ընդարձակ երկրամասեր եւ կը հիմներ մեծ ու հարուստ իշխանութիւններ: Նախկին տոհմապետը կը դառնայ ցեղապետ, որ իր գերդաստանով կ՛իշխէ տոհմի մնացեալ անդամներուն վրայ՝ իւրացնելով կամաց-կամաց տոհմապատկան հարստութիւնները: Ձեռք բերուած հարստութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ հաւաքական կեանքով, աշխատանքով ու հաւասար ապրուստով գոյութիւն պահպանող տոհմական համայնքին մէջ բաժանում յառաջանայ. ըլլան տիրողներ, հրամայողներ եւ հարստացողներ մէկ կողմէ, եւ իրաւազուրկ ու աղքատ մարդիկ՝ միւս կողմէ: Առաջիննները փոքրաթիւ են բայց՝ զինեալ, մինչ վերջինները բաղկացած են աշխատող, անզէն եւ հասարակ բազմութիւններէ:

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, պրոնզի տարածման հետեւանքով, մարդկային քաղաքակրթութիւնը հսկայաքայլ կը յառաջդիմէ: Հայաստանի մէջ, Պրոնզէ Դարուն (Ք.Ա., Գ. հազարամեակի վերջաւորութենէն սկսեալ) վերաբերող բնակավայրերու եւ դամբարաններու պեղումներէն յայտնաբերուած իրեղէնները ցոյց կու տան երկրի բնակչութեան քաղաքակրթական բարձր մակարդակը:

Բազմապատկուած են մասնաւորաբար զէնքերու եւ զարդերու տեսակները, որոնցմէ վերջինները, ինչպէս մատանի, մանեակ, ապարանջան, օղ, գօտի, վարսակալ, շղթայ, արձանիկ, եւայլն, շինուած են բացի պրոնզէ, նաեւ ոսկիէ, արծաթէ եւ թանկագին քարերէ: Այս տեսակէտով հարուստ նիւթ են հայթայթած Սեւանայ լիճի չորցուաց մասի՝ Լճաշէնի դամբարանները: Հոս, տոհմի ազդեցիկ անձնաւորութիւններուն պատկանող գերեզմաններուն մէջ գտնուած են վերոյիշեալ մետաղներով պատրաստուած գեղեցիկ զէնքեր, մարտակառքերու փոքրադիր օրինակներ, ցուլի եւ եղջերուի արձանիկներ, զարդեղէններ եւ տնային այլ առարկաներ: Լճաշէնի դամբարանները առաջնակարգ կարեւորութիւն կը ստանան մանաւանդ հոն գտնուած չորս երկանիւ, երեք քառանիւ եւ մէկ մանկական եռանիւ սալերուն համար: Ասոնք Հայաստանի մէջ գտնուած առաջին անիւաւոր կառքերն են: Սալերու փայտէ մասերը գեղեցկօրէն զարդարուած են փոքրագիր նկարներով եւ պրոնզեայ զարդամասերով. ասոնցմէ իւրաքանչիւրին տուած են երկուքական եզներ, ինչպէս նաեւ ձիերը, ոչխարները եւ այծերը զոհուած են գերեզմանատէր առաջնորդին պատուին: Կիրովականի շրջանին մէջ եւս բացուած են նման դամբարաններ, ուր գտնուած են արծաթէ ամաններ, ոսկիէ գեղեցիկ մանեակ մը եւ նուրբ փորագրութիւններով ու վեց առիւծներով զարդարուած թաս մը:

Անասնապահութիւնը եւ երկրագործութիւնը նոյնպէս մեծ յառաջդիմութեան մէջ կը գտնուին: Հայաստանի ընդարձակ արօտատեղիներն ու դաշտագետինները մեծ յարմարութիւն կը ներկայացնէին բաւարար չափով կեր ապահովելու համար մեծ ու փոքր անասուններուն, որոնք մեծաքանակ հօտերով կը պահուէին Պրոնզէ Դարուն:

Մետաղեայ կատարելագործուած գործիքներու շնորհիւ կը զարգանայ նաեւ երկրագործութիւնը. կը ստեղծուին լծկան եզներու ուժով աշխատող արօրները եւ այլ գործիքներ. ասոնց միջոցով հողի հերկումը, ցորենի եւ այլ հացահատիիկներու աճումը եւ բերքատուութիւնը մեծ թափ կը ստանայ: Միաժամանակ կը դժուարանայ աշխատանքը. նախկին հողաշերտի փոխարէն, դաշտային ընդարձակ տարածութիւններ մշակման կենթարկուին. ասոր հետեւանքով որսորդութեան գացող այր մարդոց մեծ մասը կը կապուի հողին ծանր ու բարդ աշխատանքին, որ այլեւս վեր էր կնոջ ‎ֆ‎իզիքական կարողութիւններէն: Այր մարդուն դերը կը դառնայ աւելի կարեւոր հմայքի տնտեսութեան մէջ. հետեւաբար, կը բարձրանայ իր վարկն ու հեղինակութիւնը թէ ընկերութեան մէջ եւ թէ ընտանիքին մէջ: Պրոնզէ Դարուն, հիմնականին մէջ երկրագործութեամբ զբաղող տոհմերու մէջ Մայր Իշխանութիւնը կը փոխարինուի Հայր իշխանութեամբ:

Պրոնզէ Դարուն, Հայաստանի մէջ բացուած են արուեստական բազմաթիւ ջրանքներ եւ առուներ մօտակայ գետերու եւ աղբիւրներու ջուրերը օգտագործելու համար, արտերու եւ պարտէզներու ոռոգման: Սեւանայ լճի եւ Արագածի շրջանի մէջ, աղբիւրներու եւ ջուրերու մօտ գտնուած են շատ մը ձկնակերպ հսկայ քարակոթողներ, որոնց ժողովուրդը (վիշապ) անունը կու տայ: Հաւանաբար, անոնք կը խորհրդանշէին ջուրի աստուածներ եւ ապացոյց են Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ջրապաշտութեան:

Պրոնզէ Դարուն համապատասխան զարգացում կ՛ունենան նաեւ հանքաքարերու մետաղներու, կաշիի, փայտի, կերպասի եւ կաւի հետ կապուած արհեսիտները: Պատրաստուած են մեծ քանակութեամբ որոկաւոր գործիքներ, զէնքեր եւ այլ առարկաներ: Այս բոլորը առաւել կը յառաջդիմեն Բ. հազարամեակի երկրորդ կէսէն ետք: Երբ Հայաստանի նախաբնիկները կը սկսի օգտագործել երկաթը, որուն երեւման եւ տարածման ժամանակամիջոցին կը յառաջանան Հայկական Բարձրաւանդակի վրայ ցեղային մեծ խմբաւորումներ եւ պետականութիւն ունեցող իշխանութիւններ ու թագաւորութիւններ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …