Home / Ա / Նիւթեր / Կրօնագիտական-հաւատամքներ / ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ Ս.ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ Ս.ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ մեծ տօներէն մէկն է եւ ժողովրդական արտայայտութեամբ Աստուածածին կամ Խաղողօրհնէք կը կոչուի, եւ կը նշուի ամէն տարի Օգոստոս 15ի մօտիկ Կիրակին:

Հայոց մէջ, ինչպէս ընդունուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ընդունուած չէր խաղող ուտել մինչեւ Օգոստոս 15ի նախորդող օրերը:

Հայաստանի մէջ ընդհանրացած սովորութիւն էր առաջին խաղողի ողկոյզները քահանային կողմէ օրհնել տալ եւ ապա միայն ուտել բերքէն:

Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը մեծ շուքով կը տօնուի Քեսապի մէջ, ուր Շաբաթ օր բոլոր թոնիրները կը վառին եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխեն: Բոկեղին հոտը կը դառնայ տօնին ուղեկիցը: Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, կիները բոկեղ կը տանին եկեղեցի: Դարձեալ Քէսապի սովորութիւն է, որ Կիրակի անպայման սմբուկով եւ սիսեռով ճաշ եփել: Այդ սմբուկը սովորաբար տարուան առաջին բերքէն կ՛ըլլար: Այնքան տարածուած է այս ճաշատեսակը, որ թուրքերը Աստուածածնի տօնը «Պատնճան պայրամ» (սմբուկի տօն) կը կոչէին…

Քեսապցիք խաղողօրհնէքի կողքին չեն մոռնար մատաղօրհնէքը: Տօնին նախորդող գիշերը մատաղցու ոչխարներ կ՛օրհնուին, կը զենուին, իսկ աւանդական հերիսայի պղնձեայ կաթսաները կը շարուին ծառին տակ, կրակարաններուն վրայ: Մօտակայ թթենիի ծառերուն տակ ուխտաւորները կը բանան իրենց «սեղանները», իսկ քիչ անդին կը հնչէ զուրնան, կը թնդայ թմբուկը եւ մինչեւ լոյս շուրջպարը չի դադրիր…

Հայաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ մարդիկ քանի մը օր առաջ կը պատրաստուէին Օգոստոսեան ուխտագնացութեան, իսկ բուն տօնին օրը կը կատարուէին անվերջանալի զուարճահանդէսներ: Մտերիմներու, ծանօթներու, ազգականներու խումբեր, նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը, ճամբայ կ՛ելլէին, երբեմն ամբողջ գիշեր մը քալելու պայմանով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշանակուած վայրին մէջ: Գիշերային այս երթերը ինքնին տօնական տրամադրութիւն կը ստեղծէին եւ անոնք տօնական հանդիսութիւններուն մաս կը կազմէին:

Առաւօտեան ուխտավայր հաւաքուած բազմութիւնը արեւածագը կը դիմաւորէր տօնական տրամադրութեամբ եւ խնճոյքի պատրաստութիւններով: Մինչ տարեցները մատաղը կը պատրաստէին, երիտասարդներու խումբ մը լախտի, ըմբշամարտ, գօտեմարտ կը խաղար, ուրիշ խումբ մը՝ ելոյթ կու գար շուրջպարով, եւ այլն:

Կէսօրին ուխտաւորները խումբ-խումբ կը նստէին խնճոյքի: Սեղաններէն անպակաս կ՛ըլլային այլազան մրգեղէնները, գաթան, «հալուան», մատաղի միսը…

Նշենք, որ խաղողօրհնէքի տօնին յատկապէս խնամիները պարտաւոր են զիրար պատուելու նոր եւ որակաւոր պտուղներով եւ նորապսակ հարսը կամ նշանուած աղջիկը իր ամուսնին կամ փեսացուին ազգականներէն սկուտեղներ կը ստանայ՝ միրգերով եւ այլ նուէրներով բեռնաւորուած:

***

Ուխտի վայրերուն մէջ երգուող սիրային երգերէն նշում մը.

Լուսնեակը կամար, կամար,
Քեզի կ՛ուզեմ ինծի համար,
Բարակ մէջքիդ ոսկի կամար,
Քելէ, Քելէ, պոյիդ մատաղ:

Քոչեր եկաւ, անցաւ ճալա
Ճերմակ ճակատ, կարմիր վալա,
Քու սէր քաշեմ, հալա, մաշա,
Քելէ, քելէ, պոյիդ մատաղ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ   Քաղաքական Աստիճաններ   Կայսր – Emperor, cesar Կայսրուհի – Empress …