ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿ (ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ)

Սօսէ, Սօսի կամ Սօսուն պարզ գիւղացի աղջիկ մըն էր Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն, որ 13 տարեկանին ամուսնացաւ Խչէենց Սերոբի, ապագայ նշանաւոր ‎ֆետայի Սերոբ Աղբիւրին կամ Սերոբ Փաշայի հետ:

1890ական թուականներուն ամուսինը պանդխտութեան գնաց իսկ Սօսէ իրենց Յակոբ զաւակին հետ Սոխորդ մնաց: Երիտասարդ գեղջուհիին վրայ խոր տպարութիւն ձգեցին իր ամուսինին հօրեղբօր հայրենասիրական պատմութիւնները: Եւ նոր ոգի ներշնչեցին կորովի, աշխոյժ ու վառվռուն Սօսէին:

1895ին, երբ ամուսինը Ախլաթ վերադարձաւ եւ սկսաւ քարոզել «տղաք. առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք», Սօսէն իր կողքին էր, իր գաղափարակիցն ու գործակիցը:

1899ին Սերոբ թագստոցն էր Կելիեկիւզան գիւղ: Հայ մատնիչ մը ոչ միայն զինք կառավարութեան մատնեց այլ միաժամանակ Սերոբի ծխախոտին մէջ թոյն դնելով զինք թունաւորեց: Երբ թշնամին գիւղը պաշարեց, Սօսէն թեւը մտնելով ջանաց զայն գիւղէն դէպի լեռ բարձրացնել. կնոջ աջակցութեամբ Սերոբ ութ ժամ անընդհատ կռուեցաւ: Երբ թշնամի գնդակ մը վերջ դրաւ ամուսնին կեանքին, Սօսէն անմիջապէս անոր ձեռքէն ինկած հրացանը առաւ եւ շարունակեց կրակել: Հոն սպաննուեցաւ նաեւ իր անդրանիկ զաւակը՝ Յակոբ:

Շուտով խումբ մը թուրք զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ իր դիրքը հասան, յարձակեցան անկենդան Սերոբի վրայ, կտրեցիտն գլուխը. իսկ երբ ձեռք պիտի տային վիրաւոր Սօսէի, թուրք հրամանատարը ըսաւ.- «Այդ կինը դիւցազն մըն է, ինչ օգնութիւն որ ընէք անոր, կ՛արժէ»:

Կալանաւոր Սօսէ նախ Մուշ տարին, ապա նետեցին Բաղէշի բանտ: Սօսէի եւ Սերոբի երկրորդ զաւակը՝ Սամսոն ազգականի մը կողմէ փրկուեցաւ, սակայն հետագային նահատակուեցաւ Կարինի ջարդին:

Բանտէն ազատելէն ետք, Սօսէ Կովկաս անցաւ: Ան տեսաւ իր ամուսնոյն երազներու իրականացումը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, անցաւ Պոլիս, ապա Եգիպտոս եւ հաստատուեցաւ Աղեքսանդրիա:

Սօսէ մեռաւ Աղեքսանդրիա 1954ին:

Սօսէ Սասնոյ բարձրաբերձ լեռներու հպարտ բազէն, մեր արդար պահանջներուն համար բարձրացած հայուհիներու բռունցքներուն մէջ ամէնէն «վրիժադող»ներէն է: Իր մասին հիւսուած են ժողովրդական երգեր եւ բանաստեղծութիւններ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …