Ռուբինա ծնած է ութսունական թուականներուն: Խառնուածքով խանդավառ, գործունեայ, անվախ, վհատիլ չգիտցող եւ յանդուգն էր: Կանուխէն մտաւ Դաշնակցութեան շարքերը եւ շուտով ուշադրութիւն գրաւեց իր արտակարգ կարողութիւններուն համար: Շատ գաղտնապահ էր եւ մեծ բարեխղճութեամբ կը կատարերէր կուսակցութեան կողմէ իրեն յանձնուած բոլոր պարտականութիւնները:
1895-1896ին հայութեան ապրած սարսափներէն ետք, Քրիստափոր որոշեց քաղաքական մեծ ահաբեկում մը կազմակերպել Կարմիր Սուլթանին դէմ: Որոշումը տալէ ետք, Դաշնակցութեան մեծ ղեկավարը սկսաւ ընտրել իր գործակիցները: Իրեն գործակից ընտրեց նաեւ դեռատի Ռուբինան: 1903ին Քրիստափոր ծպտուած՝ իբրեւ մեծանուն Սամուէլ Ֆայն, աղջիկը՝ Ռուբինա Ֆայն եւ իր միւս աշխատակիցները Պոլիս գացին եւ ուսումնասիրութիւններ պատրաստեցին ու մեծ հարուածը պատրաստեցին:
Հետագային, երբ Պուլկարիոյ մէջ, Վիտոշի լանջին ուժանակի փորձերու ընթացքին Քրիստափոր եւ Վռամշապուհ ինկան, Ռուբինա խորապէս ցնցուեցաւ եւ փորձեց անպայման մահափորձը գլուխ հանել, մեծ Առաջնորդին ուխտը անկատար չձգելու համար:
Դժբախտաբար Եըլտըզի մահափորձը նպատակին չհասաւ: Ասիկա երկրորդ ծանր հարուածը եղաւ Ռուբինայի համար: Ջղային տագնապ ունեցաւ եւ ժամանակ մը ստիպուած Ժնեւ մնաց խնամուելու եւ հանգչելու համար:
1906ին Թիֆլիս գնաց: Բոլոր ընկերները իրեն հանդէպ մեծ յարգանք եւ վստահութիւն ունէին: Յաճախ ժողովի համար իր մօտ կը հաւաքուէին Բիւրոյի անդամներ՝ Ս.Զաւարեան, Ռոստոմ, Արմէն Գարօ, բժ.Դաւթեան եւ բժ.Համօ Օհանջանեան:
1908ին Ռուբինա Սաթենիկ Օհանջանեանի հետ Պոլիս գնաց եւ միասին գործեցին: Երբ լուր առաւ, որ Համօ ձերբակալուած է Թիֆլիսի մէջ, որոշեց Կովկաս վերադառնալ: Սակայն ընկերները ընդդիմացան, որովհետեւ ինքն ալ կը փնտռուէր ցարական կառավարութեան կողմէ: Ի վերջոյ 1909ին ճամբայ ելաւ դէպի Կովկաս:
Համօ Թիֆլիսէն փոխադրուեցաւ Նովոչերկասկ, հոն փոխադրուեցան նաեւ հայր Աբրահամ, Ահարոնեան, Արղութեան եւ ուրիշներ: Ռուբինա քաղաքէ քաղաք հետեւեցաւ բանտրակեալներուն: Յաճախ բանտ այցելեց զանոնք մխիթարելու եւ խրախուսելու համար: Սակայն կասկածի տեղի տելով ձերբակալուեցաւ:
Ռուբինայի եղբայրը՝ զօրավար Արէշեան, յաջողեցաւ ազատել քոյրը պայմանաւ որ ան այլեւս Կովկաս, Մոսկուա եւ Փեթերսպուրկ ոտք չկոխէ:
1912ին ցարական իշխանութիւնը Համօն չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտեցին: Ռուբինա հետեւեցաւ Համոյին եւ աքսորի շրջանին ամուսնացաւ անոր հետ:
1917ին վերադարձան Թիֆլիս եւ ձեռնարկեցին ռազմաճակատի հիւանդանոցները երթալու եւ օգնութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելու աշխատանքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումի եւ անկումի օրերուն Ռուբինա ամուսնոյն կողքին էր: Ի վերջոյ Օհանջանեանները Գահիրէ հաստատուեցան:
Այնուհետեւ Ռուբինա իր ամուսնոյն հետ աշխատեցաւ 1928 Մայիս 28ին կազմուած «Համազգային» կրթական եւ հրատարակչական ընկերութեան մէջ:
Ռուբինա աւելի ուշ միացաւ իր զաւկին եւ հաստատուեցաւ Քանատա, ուր եւ մահացաւ 21 Ապրիլ 1971ին: