Որոն՞ք են Համշէնահայերը- Համշէնահայերը մինչեւ 19-րդ դարու 90-ական թուականները կը բնակէին Սամսուն քաղաքին մէջ, Պաթում ընկած ծովափնեայ ընդաձակ տարածներուն մէջ: Պատմիչ Ղեւոնդի վկայութեամբ՝ 788 թ. Մեծ Հայքի Կոտայք եւ Արագածոտն գաւառներուն մօտ 12000 մարդ, չդիմանալով արաբական իշխանութեան ճնշումներուն, Աբաս Ամատունիի եւ անոր որդի Համամ Պալազատի գլխաւորութեամբ կը հեռանայ Հայաստանէն եւ բնակութիւն կը հաստատէ Բիւզանդական կայսրութեան մաս կազմող Պոնտոսի մէջ: Հնագոյն ժամակներէն Պոնտոսի մէջ հայերը կ՛ապրէին: Յետագայ դարերուն անոնց թիւը աւելցած է քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներու հետեւանքով Հայաստանի տարբեր գաւառներէն արտագաղթերու հաշուին:
Բիւզանդիոյ Կայսր Կոստանդինը սիրով ընդունած է հայերը եւ զանոնք բնակեցուցած բարեբեր հողերու վրայ, իսկ հայ նախարարներուն նուիրած Տամբուր քաղաքը, որ կարճ ժամանակ անց պատերազմի հետեւանքով հիմնովին աւերուած էր: Համամ Ամատունին շրջանը կը վերականգնէ եւ իր անունով կը կոչէ Համամաշէն (այստեղէն է Համշէն):
Համամ Ամատունիի հիմնադրած իշխանութիւնը գոյատեւեց եօթը դար եւ կործանեցաւ 1489 թ.: Օսմանեան կայսրութեան ստեղծումէն կարճ ժամանակ անց հայերու եւ կայսրութեան քրիստոնեայ միւս ազգութիւններու նկատմամբ սկսաւ գործադրուիլ կրօնական եւ ազգային անհանդուրժողոկանութեան քաղաքականութիւն, որ յաճախ կը յագեցնէր պատերազմական գործողութիւններու: Թէեւ Համշէններու իշխանութիւնը բաւական հզօր էր բայց հալածանքներուն չէր կրնար դիմակայեալ:
Համշէնահայերու դիմադրութեան պատմութենէն յայտնի են բազմաթիւ հերոսական էջեր, սակայն ասոնք յաճախ կ՛աւարտէին բռնի մահմետականացմամբ ու կոտորածներով: Այս քաղաքականութիւնը վճռական փուլ մտաւ 18-րդ դարու սկիզբները:
Դիմադրութեան ամենահզօր միջոցներէն էին լեզուի, կրօնի, մշակոյթի, սովորութիւններու եւ ծէսերու պահպանումն ու խառն ամուսնութիւններէն խուսափիլը: Համշէնահայերը այս հարցերուն խիստ հետեւողական էին: Թրքական իշխանութիւնները հայերէն խօսելու համար սահմանած էին խոշոր տուրքեր ու պատիժներ, անգամ կը կտրէին հայերէն խօսողներուն լեզուն, ինչը կը վկայէ հզօր դիմադրութեան մասին: Վկայութիւններ կան, որ նոյնիսկ մէկ դար անց որոշ բնակավայրերու մէջ հայերը ընդվզած ու վերադարձած են իրենց հաւատքին: «Պատմութիւն Պոնտոսի» աշխատութեան հեղինակ Մ.Բժշկեանը 19-րդ դարու սկիզբը շրջագայած է այդ վայրերը եւ իսլամացած համշէնահայերու մասին գրած է: «Համշէնցիք կէս-կէս են (կէս քրիստոնեայ, կէս իսլամ), շատեր դարձած են, բայց քրիստոնէութեան սովորութիւնները կը պահեն, ժամոց եւ ողորմութիւնը պակաս չեն ըներ. գրեթէ ամէնքը Վարդավառին եւ Վերափոխման կ՛երթան եկեղեցին, մոմ կը վառեն, մատաղ կ՛ընեն իրենց պապերուն հոգիին համար… Կան ծերեր, որ գիտեն քրիստոնէութիւնը, կը պատուեն խաչը եւ ծածուկ ողորմութիւն կու տան ժամերուն»:
Բազմաթիւ նման վկայութիւններ կան նաեւ օտար աղբիւրներու մէջ: Ամերիկացի բողոքական միսիոնարներ՝ Սմիթն ու Դուայթ, ճամբորդեր են այս կողմերը եւ 1831 թ. Լոնտոնի մէջ ապա՝ 1833 թ. Պոստոնի մէջ հրատարակած ճամբորդական նօթերուն մէջ գրած են. «Հայերու մէջ նոյնպէս… մաս մը կը դաւանի մահմետականութիւն: Այն շրջանը, որ անոնք կը բնակէին… կը կոչուի Համշէն: Մեր զրուցակիցը՝ տրապիզոնցի կաթողիկէ հայ մը. ըսաւ, որ բնակչութիւնը մօտ 3-4 հազար հայ ընտանիք է, որոնք կը բնակին 70 կամ 80 գիւղերու մէջ: Մեծամասնութիւնը մահմետականութիւնը ընդունած են մօտ 200 տարի առաջ, բայց անոնք մինչեւ այսօր կը խօսին հայերէն, եւ շատերու կիները ուրիշ լեզու չեն գիտեր»:
Չնայած մշտական ճշմարտութիւններուն, բռնութիւններուն ու հալածանքներուն՝ համշէնի կիսանկախ վիճակը դեռ երկար կը պահպանուի: Յենուելով 19-րդ դարու հեղինակ, Համշէն ճանապահորդած Կ.Կոխի վկայութիւններու վրայ՝ Յ.Կաշեանը կը գրէ. «Այդպիսի դժուարամուտ լերան մէջ դիւրին էր իշխանի կիսանկախ դրութիւն մը պահել: Նաեւ օսմանեան տիրապետութեան տակ երկար տեւած է այս վիճակը» (19-րդ դարու 40-ական թ.):
Ըստ ժամանակակից վկայութեան՝ այս կիսանկախ վիճակը հետեւանք էր այն բանին, որ բոլոր համշէնահայերը «զինուոր գրուած են որդւոց որդի եւ ունի զօրապետ հայ իշխան, որ զիրենք կը կառավարէ. մարդէ ահ չունին պատերազմ կ՛երթան, եւ զօրաւոր մարդիկ են» (Մ.Բժշկեան):
Տրապիզոնի նահանգին մէջ մինչեւ 1915 թ. որոշ տուեալներով կը հաշուէր 100 հազարէն աւելի քրիստոնեայ հայ, իսկ իսլամացածներու թիւը աւելի մեծ էր: Վերջիններս թէեւ արդէն շատ հեռացած էին քրիստոնէութենէն ու եկեցեցիէն, բայց գիտէին իրենց ազգային պատկանելիութիւնը, հիմնականը հայախօս էին եւ իրենց անուանած էին հեմշիլ՝ մատնանշելով հայկական ծագում: Հայկական էին նաեւ բնակավայրերու մեծ մասի անուններն ու այլ տեղանունները:
19-րդ դարու 60-70-ական թթ. սկսած էր քրիստոնեայ համշէնահայերու արտագաղթը դէպի Ռուսական կայսրութեան ծովափնեայ շրջաններ՝ յատկապէս Եկատերինորդարի (Կրասնոդար) մարզ եւ Աբխազիա: 1890-ականներուն կոտորածներու եւ յատկապէս 1915 թ. ցեղասպանութեան հետեւանքներով վերապրած քրիստոնեայ համշէնահայերու բեկորները ապաստան գտած են Ռուսաստան, Աբխազիա, նաեւ՝ եւրոպական շարք մը երկիրներու մջ, մաս մըն ալ Հայաստան:
Ցեղասպանութեան զոհ գացած են նաեւ մահմետական հայեր, քանի որ անոնց մէկ մասը հայախօս էր:
Համշէնահայութիւնը ըստ բնակչութեան վայրի, դաւանանքի եւ լեզուի, այսօր բաժնուած են (Բերտ Վոքս) երեք հիմնական խումբերու:
ա) Արեւմտեան համշէնահայերը.- Ապրած են թրքական Սամսոն, Օրտու, Կիրեսուն, Տրապիզոն եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ: Ասոնք թրքախօս են: Կը դաւանին սուննի իսլամը:
բ) Արեւելեան համշէնահայեր.- Բնակած են Արդուինի նահանգին մէջ, յատկապէս Խոփա քաղաքի եւ մերձակայ 30 գիւղերուն մէջ: Հայախօս են. պահպանած են համշէնի բարբառը: Կը դաւանին սիւննի իսլամը:
գ) Հիւսիսային համշէնահայեր.- Զանգուածաբար բնակած են Աբխազիոյ եւ Ռուսաստանի Կրասնոդարի երկրամասին մէջ, կը խօսին Համշէնի բարբառի Օրտուի, Ջենիկի, Տրապիզոնի խօսուածքներով, տիրապետած են ռուսերէնին, մեծ մասը՝ նաեւ գրական արեւելահայերէնին: Քրիստոնեայ են՝ Հայ առաքելական եկեղացւոյ հետեւորդներ:
Համշէնահայերու համայքներ կան նաեւ Ամերիկայի ու Եւրոպայի քանի մը երկիրներու մէջ: Վերջին տասնամեակներուն Թուրքիայէն արտագաղթած մահմետական համշէնահայերու (հեմշիլներու) նոր համայնքներ ձեւաւորած են եւրոպական երկիրներու մէջ, որոնցմէ ամենամեծթ Գերմանիոյ մէջ է:
Բացի իրենց պատմական հայրենիքէն՝ բազմաթիւ համշէնահայեր բնակած են նաեւ Թուրքիոյ այլ բնակավայրերու մէջ Իզմիթի շրջանին, Կեդրոնական Ասիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ, յատկապէս խոշոր բնակավայրերուն՝ Էրյրումի, Անգարայի, Իզմիրի, Ստամպուլի եւ այլն:
Իսլամացած համշէնահայերը իրենք իրենց կոչած են համշիլ (համշէնցի). անոնց այսպէս կոչած են նաեւ թուրքերն ու միւս ժողովուրդները: Այս խիստ հետաքրքիր փաստ է. կորսնցնելով հաւատքը, մեծ մասը՝ նաեւ լեզուն, անոնք չկորսնցուցին իրենց ինքնութեան գիտակցութիւնը, չթրքացան եւ թուրքերու ալ պարտադրեցին իրենց կոչել այլ կերպ՝ իրենց հայրենիքի անունով:
Տեղեկութիւններ համշէնահայերու թիւի մասին.- Այս հարցի վերաբերեալ հետազօտողներու կողմէ յայտնուեր են տարբեր կարծիքներ, որոնցմէ ոչ մէկը, բնականաբար չէր կրնար յենուած ըլլալ քիչ թէ շատ յստակ հաշուարկներու վրայ: Խնդիրները կը բարդանայ նաեւ այն պատճառով, որ համշէնահայերը տարբեր խումբերու բաժնուած են միայն ըստ բնակութեան վայրի, այլեւ, ինչպէս տեսանք, ըստ դաւանանքի ու լեզուի, որ յատկապէս Թուքրիոյ պարագային, լուրջ դժուարութիւններ յառաջացած է: Հարցի հետազօտողները հիմնական արժանացեր են լեզուի, բանահիւսութեան, դաւանափոխութեան որոշ, խնդիրիերու, քանի որ թրքական իշխանութիւններուն հաճոյ չէ եղած հարցի արծարծումը:
Տարբեր հետազօտողներ կը նշեն տարբեր թիւեր՝ քանի մը տասնեակ հազարէն մինչեւ 1.5-2 միլիոն եւ նոյնիսկ աւելի: 25-40 հազար ծիւ ընդունողները հաւանաբար նկատի ունին միայն Խոփայի շրջանի հայախօս համշէնահայերը: Հաւաստի են կը թուի Ալիէ Ալթի տուեալները. անոր հաշուարկներով Թուրքիոյ մէջ բնակած է մէկ միլիոնէ աւելի իսլամացած համշէնահայ:
Համշիլներ բնակած են նաեւ Միջին Ասիոյ եւ Ռուսաստանի մէջ: Ասոնց ընդհանուր թիւը մօտ է 5 հազարի: Գրեթէ բոլոր տիրապետած են մայրենի բարբառին:
Աբխազիա բնակող համշէնահայերու թիւը 1992-93 թթ. վրաց-աբխազական պատերազմէն յետոյ նուազեցաւ մօտ 25 հազարով՝ իջնելով 65-70 հազարի: Արտագաղթածները հաստատուեցաւ Ռուսաստանի մէջ:
Բաւական դժուար է որոշ եզրակացութիւն ընել ռուսաստանաբնակ համշէնահայերու թիւի մասին. այն տարբեր հաշուարկներով կը տատանի 300-էն 400 հազարի միջեւ: Առաւել հաւանական է 300 հազար:
Հայաստանի մէջ չճշդուած տուեալներով ապրած է 4-500 համշէնահայեր:
Որոշ տեղեկութիւններ կան Ցեղասպանութենէն յետոյ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու եւ ԱՄՆ-ի մէջ համշէնահայերու՝ բնակութիւն հաստատելու մասին, սակայն այդ ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ չկան:
Այս տուեալներով համշէնահայերու ընդհանուր թիւը մօտ մէկ ու կէս միլիոն է, որ բնականաբար չի կրնար արտացոլել իրական վիճակը: Որքան ալ այն ուռճացուած ըլլայ, այնուամենայնիւ բան մը պարզ է. մենք գործ ունինք հայութեան (մահմետական թէ քրիստոնեայ) ստուար զանգուածի հետ: