ՅՈՎՆԱՆ ԴԱՒԹԵԱՆ (ՅՈՆԱՆ)

Դաշնակցութեան առաջին սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն էր, գաղափարական հաստատ համոզմունքի եւ նկարագրի տէր: Մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ծրագրի պատրաստութեան: Վարած է քանի մը տարի «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը, անդամ եղած է կուսակցութեան Արեւելեան եւ Արեւմտեան Բիւրօներուն:

Յովնանը ծնած է 1865ին Շուշի: Տեղական ազգային վարժարաններէն ետք՝ կ՛աւարտէ նաեւ Ներսէսեան դպրոցը՝ 1886ին. կը հրաւիրուի Աստրախան՝ ուսուցչի պաշտօնով: Տարի մը վերջ կ՛անցնի Ժընեւ, ուր կը հետեւի համալսարանի հասարակական գիտութեան ճիւղին: 1891ին կը վերադառնայ Կովկաս, ուրկէ կ՛անցնի Թաւրիզ, ստանձնելով Լիլաւայի երկսեռ դպրոցի տեսչութիւնը:

Երկու տարուան պաշտօնավարութենէ ետք, դարձեալ կը մեկնի Ժընեւ, շարունակելու իր ուսումը: Գործօն դեր կը կատարէ հայ ուսանողական շարժումներուն մէջ եւ կը մասնակցի «Դրօշակ»ի խմբագրութեան: 1898ին դարձեալ Թաւրիզ է, Թամարեան դպրոցի մէջ իբր ուսուցիչ: 1900ին կրկին Ժընեւ կ՛երթայ, իսկ տարի մը ետք կը վերադառնայ Թի‎ֆլիս, նուիրուելով կուսակցական աշխատանքներուն: Նամակագրութիւններու մէջ իբրեւ ծածկանուն գործածած է Յոնան եւ Ժընեւացի:

Յովնան ամուսնացած էր զուիցերուհի Օրթանսի հետ, որ սորվեցաւ հայ լեզուն, պատմութիւնը, դառնալով առաջնակարգ քարոզիչ, թեւ ու թիկունք՝ իր ամուսինին: Օրթանս պաշտօնավարեց Թաւրիզի Թամարեան եւ Թի‎ֆլիսի Յովնանեան դպրոցներուն մէջ, իբրեւ ուսուցչուհի:

1905ի յեղափոխութեան շրջանին, Յովնան մաս կը կազմէ «Յառաջ»ի եւ անոր յաջորդող թերթերու խմբագրութեան: Հայ-Թաթարական ընդհանումներուն կը մեկնի իր ծննդավայրը ու օգտակար կ՛ըլլայ, երկու ժողովուրդներու լարուած յարաբերութիւնները մեղմացնելու, համերաշխութիւն քարոզելու գործին եւ յորդորելով գործիք չդառնալ ցարական ոստիկանութեան սադրանքներուն:

1908ին դարձեալ կը հրաւիրուին Թաւրիզ, նորաբաց Կեդրոնական վարժարանի տեսչութեան պաշտօնով եւ 1912ին, իր կնոջ հետ, այլեւս վերջին անգամ ըլլալով կը մեկնի Ժընեւ:

Երկուքն ալ յոգնած՝ տարիներու անդուլ աշխատանքէն, կ՛երթային հանգստանալու եւ մանաւանդ ապաքինելու: Օրթանս կը մեռնի Թոքախտէ՝ 1915ին, Յովնան չի դիմանար հարուածին եւ տարի մը վերջ կը հետեւի իր կնոջ դէպի գերեզման:

Ժընեւ գտնուած շրջանին, միշտ զբաղեցած է կուսակցական գործերով:

Եղած է խղճամիտ եւ անբասիր գործիչ: Զաւարեանի պէս ջերմ կողմնակից էր Դաշնակցութեան մէջ ապակեդրոնացման դրութեան որդեգրման:

Կարճ ժամանակով՝ Ամերիկա այցելած է 1905ին: «Հայրենիք»ի մէջ, Կովկասի մասին տեսութիւններ գրած է Ա.Լեւ ստորագրութեամբ:

Մ.Վարանդեան կ՛այցելէ Յովնանին, իր մահէն քանի մը ամիս առաջ: Ան կ՛ընէ իր կտակը հետեւեալ խօսքերով.

-«Գիտէ՞ս, Օրթանսի մարմինն այրեցին, եւ նշխարները ամփոփուած փոքր արկղի մէջ՝ մնում են այդ տեղ… շուտով անշուշտ ես էլ պիտի մեռնեմ… Մենք երկուսով ուխտ ենք առել, որ մեր նշխարն ամբողջ երկու արկղները թաղուեն Քանաքեռի բլուրի վրայ, Մասիսի դիմաց…: Երկու փոքրիկ դամբարանի վրայ կը կանգնի մի պարզ քար, վրան արձանագրուած երկուսիս անունը…»:

Քաղուածներ Յովնանի Միտքերէն     

«Դիպլոմատների բերնում յորջորջուող մարդասիրութիւնը, քաղաքակրթութիւն, կամ ինչպէս շատ են սիրում սիրում ասել հայկական խնդրում, քրիստոնէութիւն բառերը դատարկութիւններ են եւ դրանք միայն իբրեւ զէնք են, միջոց են նրանց ձեռքում, իրենց նպատակին ծառայեցնելու, դրանք դիմակներ են, դիմակաւորներու իրենց պետական շահերը»:

Հե‎ֆորմներ, «Դրօշակ» 1895 Յուլիս

**

Յով.Դաւթեանի նամակը Ռոստոմին.

«Պետոյի հայրենակիցները անտարբեր կերպով բոլորի հետ նոյն յարաբերութիւնն են ուզում ստեղծել, ասելով՝ «ո՛վ ուզում է թող լինի, ով որ մեզ կ՛օգնի, մենք կ՛ընդունենք, մեր շահերը այդպէս են մեզ թելադրում»: Դէ՛հ, համեցէք ու միութիւն ստեղծէք այս տեսակ վաճառականական ուղեղ ունեցող եւ ամէն ինչի վրայ վաճառականական տեսակէտից նայող մարդկանց հետ եւ այն էլ այնպիսի մի գործում, այնպիսի մի ասպարէզում, ինչպիսին է մեր ընտրածը: Այդ տեղ չի կարելի մտնել գոյնզգոյն կօշիկներով իբրեւ… Դա անբարոյականութիւն է, դա ոճրագործութիւն է ամենալայն մտքով.- Դու էլ ներիր իմ համարձակութիւնս: Այո՛ մեր նպատակն է, մեզ հետ գործողը՝ լինի անհատ թէ խումբ, որ մեր ծրագիրը ընդունի, որ գաղափարական եւ գործունէութեան տեսակէտից մեզ հետ համերաշխ լինի, հակառակ դիպուածում մենք միանալ չենք կարող:

«Մեզ հարկաւոր է կուսակցական գործունէութիւն. գործունէութիւնը առանց կուսակցական գոյնի, որի տակ ես հասկանում եմ որոշ ուղղութիւն, որոշ դակտիկա եւայլն, ինձ անհասկնելի է եւ այդ տեսակ գործունէութիւն ես չեմ ընդունում. ապրել կուսակցական ոգով եւ մեռնել կուսակցական ոգով, ահա հասարակական գործիչի նշանաբանը, ահա այս է հասարակական գործունէութիւնը»:

1893 Մարտ 29 Թաւրիզ

 

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …