Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Չկան իրարու նման երեխաներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երեխայ առանձին անհատականութիւն է:

Բայց կան որոշ յատկութիւններ, որոնք խումբ մը երեխաներ կը համախմբեն մէկ տեղ եւ ուրիշներ այլ տեղեր եւ անպայման կան ընդհանրութիւններ երեխաներու մէջ:

Այսպէս օրինակ հոգեբանները երեխաները իրարմէ տարբերող յատկութիւններուն համաձայն, զանոնք կը բաժնեն չորս խումբերու, սանգվինիկ մանուկներ, ֆլեգմատիկ մանուկներ, մելանխոլիկ մանուկներ եւ խոլերիկ մանուկներ:

Սանգվինիկ մանուկները անոնք են, որոնք արցունքը իրենց աչքերուն կը խնդան եւ շատ արագ կը հրաժարին իրենց խաղէն կամ այլ զբաղումներէն, որովհետեւ չեն կրնար երկար զբաղիլ նոյն գործողութեամբ, անհամբեր են:

Որպէս կանոն անոնք ցրուած են, բայց կատակասէր են արագաշարժ, լալկան եւ շուտ հանդարտող: Այս խառնուածքի տէր երեխաները բոլորին սիրելին են, անկեղծ են եւ այս պատճառով մագնիսի պէս դէպի իերնց կը քաշեն շրջապատը:

Մելանխոլիկ մանուկները կը նախընտրեն մութ եւ գաղտնի անկիւնները, իրենց մտքերուն մէջ սաւառնելու համար:

Այսպիսի երեխաները յաճախ կարելի է գտնել դռներու ետեւ, անկողինի տակ, երբեմն նոյնիսկ պահարանի մէջ:

Այս երեւոյթները պայմանաւորուած են անոնց յատուկ իւրայատուկ ներաշխարհով: Իրենց երեւակայութեան մէջ մելանխոլիկները ունին կարեւոր դեր, անոնք երբամն թագուհիներ են, երբեմն հարուստներ եւ երբեմն ճամբորդողներ:

Այսպիտի երեխաները անմիջապէս կը տխրին, երբ կը մնան առանց խաղի: Անոնք շարժուն են, դատող եւ իրենք զիրենք մեծ կը ձեւացնեն: Ճիշդ է, որ անկեղծ են, ու անմիջական, սակայն երբեմն կը դառնան տխուր եւ լռակեաց: Փոքրիկ մելանխոլիկները ունին վնասակար սովորութիւններ, ինչպէս մատները կրծել, մազերը ոլորել, եւայլն:

Այս խառնուածքի տէր երեխաները կը սիրեն քնանալ, անկողինի մէջ եւ արթուն մնալով կ՛երազեն: Անոնք քնքուշ մանուկներ են եւ կը սիրեն անոնց, որոնք կը լսեն եւ կը հասկնան իրենց:

Մելանխոլիկներու համար օգտակար են աշխատանքային յանձնարարութիւնները ֆիզիքական շարժումները, աշխոյժ եւ եռանդուն պահերը: Մելանխոլիկները իրենց էութիւնը բացայայտելու խոչընդոտներուն կը յաղթահարեն շատ դիւրաւ: Անոնք հասարակութեան կողմէ կը դիտուին որպէս հրաշք մանուկներ, սակայն այդպիսի մօտեցումը իրենց կը դարձնէ եսասէր եւ մեծամիտ:

Խոլիերիկ մանուկները, այսպէս կոչուած, ըմբոստ փոքրիկներ են, որոնց երեսին յաճախ կարելի է տեսնել ատելութեան արտայայտութիւն: Անոնք գիտեն ի՞նչ կ՛ուզեն եւ կը ձգտին ամէն գնով հասնիլ իրենց նպատակին: Այս խառնուածքով երեխաներ, բարեբախտաբար քիչ կը գտնուին:

Անոնք մտածել-ծրագրել չեն կրնար եւ յաճախ կ՛իյնան այնպիստ յարձակողական վիճակի մը մէջ, որ իրենց կը դարձնէ անճանաչելի: Սակայն յաջորդ օրը այդպիսի երեխաները կը դառնան հանգիստ եւ խաղաղ: Խոլերիկ բնաւորութեան տէր երեխայի ծնողները պիտի ունենան մեծ համբերութիւն եւ մանուկին հոգին հասկնալու կարողութիւն:

Կարեւոր է երեխայի ըմբոստացման ժամանակ չկորսնցնել ինքնատիրեպետումը:

Հանգստութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ կարելի է հակադրել անոր մէջ ծագած զայրոյթին եւ ատելութեան: Խոլերիկներուն յանձնարարելի է իրենց ուժերը զարգացնող գործեր կատարել այսինքն՝ աշխատիլ, շինել, խաղալ, գծել, ի վերջոյ՝ գործել:

Փոքրիկ խոլերիկները պէտք է ունենան իրենց տարածքը, ուր կարելի է ազատ շարժիլ, վազել, գլորիլ: Անոնք կը նեղանան նեղլիկ տարածութիւններուն մէջ: Շատ կարեւոր է անոնց յաճախ տալ այնպիսի յանձնարարութիւններ, որոնք իրենցմէ կը պահանջեն մեծ ջանքեր, որպէսզի անոնք զգան որ իրենք ամենակարող չեն եւ ամէն ինչ չէ, որ կրնան յաղթահարել: Փոքրիկ խոլերիկը չի կրնան զիջիլ իր նկատմամբ դրսեւորուած քմծիծաղէն եւ հեգնանքէն, բայց շատ բարեհամբոյր կերպով կրնայ ընդունիլ նուրբ կատակը:

Ֆլեգմատիկ մանուկներուն դաստիարակութիւնը պէտք է շատ խելացիօրէն կազմակերպել: Օրինակ՝ կարելի չէ անոնց պառկեցնել իրենց քնանալու ժամէն առաջ, թոյլ   չտալ որ ցերեկները երկար քնանան, երկար չնստեցնել անոնց ճաշի սեղանին շուրջ եւ յաճախ զբաղիլ ու խաղալ անոնց հետ եւ ամենակարեւորը անոնց մէջ հետաքրքրութիւն գրգռել կեանքի բոլոր երեւոյթներուն նկատմամբ, անոնց ձերբազատելու համար անտարբերութենէն եւ անհոգութենէն:

Այս բոլորին հետեւելով սակայն, անհրաժեշտ է գիտնալ որ կեանքին մէջ չկան մաքուր ֆլեգմատիկներ, սանգվինիկներ, խոլերիկներ կամ մելանխոլիկներ: Որպէս կանոն՝ միեւնոյն երեխային մէջ կան տարրեր բոլոր խառնուածքներէն:

Այս խառնուածքներուն կարելի է հանդիպիլ նաեւ չափահասներուն մօտ:

About admin

Check Also

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու …

Leave a Reply