Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՅՔԵՐՈՒ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՅՔԵՐՈՒ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

Թէեւ մեր յեղափոխական շարժումի սկիզբէն մեր գլխաւոր դատը թրքական Հայաստանի ազատագրումն էր, բայց հայ ժողովուրդը գանգատներ ունէր նաեւ ռուսական բռնակալութեան դէմ, որ բացառիկ օրէնքներու ենթարկեր էր հայ տարրը, կը հալածէր հայ մշակոյթը՝ դպրոց, լեզու, մամուլ, գրականութիւն, մանաւանդ այն օրէն, երբ կովկասեան կառավարչապետի պաշտօնով Թի‎ֆլիսի մէջ բազմացաւ մոլեգին հայատեաց մը՝ իշխան Գալիցին:

Բայց Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կռիւ չէր յայտարարեր ձարի կառավարութեան դէմ, իր ուժերը միմիայն թրքական ճակատի վրայ կեդրոնացնել կարենալու համար: Կովկասեան հայութիւնը հակառակ եղած հալածանքներուն թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ մշակութային գետնի վրայ կը յառաջդիմէր օգտուելով երկրի մէջ իշխող յարաբերական ապահովութենէն եւ վիճակով անհամեմատ աւելի բարձր էր ու բարօր քան իր թրքահայ եղբայրները: Դաշնակցութիւնը կը գոհանար միայն ռուսական կարգերն ու ճնշումները իր օրգանին մէջ քննադատելով, բայց հասաւ վայրկեան մը, երբ ան հակադրուեցաւ զէնք բարձրացնելու նաեւ ռուսական բռնապետութեան դէմ: 1903ի Յունիսին, ձարական հրովարտակով մը կը գրաւէին հայ ազգային-եկեղեցական գոյքերը եւ այս մէկը օրինակ մըն էր միայն այն քաղաքականութեան, որուն երկար ատենէ ի վեր կը ձեռնարկուէր որ մէկ բառով կը ձեւակերպուէր.- ռուսացում: Ձարական իշխանութիւնը կը նպատակադրէր ձուլել բոլոր ռուսահպատակ ազգերը տիրող ցեղին հետ: 1882ին խուզարկած էր «Մշակ» թերթի խմբագրատունը, 1884ին խուզարկութիւններ եղած էին Երեւանի մէջ եւ հայ մտաւորականներ խմբովին աքսորուած. 1885ին փակուեցան հայ դպրոցները եւ 1890ական թուականներուն խստացաւ գրաքննութիւնը հայ մամուլի ու գրականութեան դէմ: Հալածանք կար նաեւ թրքահայ փախստական զանգուածներուն դէմ, որոնք համիտեան ջարդերէն ի վեր ապաստաներ էին Կովկասի մէջ:

1903 թ. Նիկոլա ձարի հրովարտակը հայ եկեղեցական գոյքերու մասին, այն կաթիլն էր, որով յորդեցաւ բաժակը…

Հալածուածը կ՛ուղղուէր ամէնէն առաջ հայ դպրոցներուն դէմ, որոնք կը սնանէին մեծ մասամբ եկեղեցական կալուածներու եկամուտով: Ռուսացման նոր ու վայրագ փորձ մըն էր, որ կը նիւթուէր: Հայատեաց Գալիցինը խոստացեր էր ձարին երկու շաբթուան մէջ իրականացնել թալանի օրէնքը. բայց ան հաշուի չէր առած Հ.Յ.Դաշնակցութեան գոյութիւնը: Հրովարտակի հրատարակումը ռումբի մը պէս պայթեցաւ Անդրկովկասի հայ գիտակից շրջանակներու մէջ եւ անոնք անմիջապէս գործի սկսան, գիտնալով որ ատենն է այլեւս բողոքելու: Կը հրատարակուէին կոչեր, կը հնչէին յեղափոխական կարգախօսներ, կը ցրուէին թռուցիկներ՝ «զինուած կռուի» յորդորներով: Ամէնքը՝ դաշնակցական, հնչակեան, թէ այլ լծուած էին գործի: Յուզումի այդ օրերուն հոն է Ռոստոմ: Շտապ կազմուեցաւ միջ-կուսակցական յատուկ մարմին «Հայկական Ինքնապաշտպանութեան Կեդրոնական Կոմիտէ» անունով: Հայ կղերը ցոյց կու տար զիջելու տրամադրութիւն, բայց Ռոստոմ այցելեց հայոց կաթողիկոսին՝ Խրիմեան Հայրիկին, եւ համոզեց, որ հրատարակէ իր հանդիսաւոր մերժման կոնդակը, ձարի հրովարտակին իբրեւ պատասխան: Եւ շուտով ծայր տուաւ ժողովրդական շարժումը: Ինքնապաշտպանութեան մարմինը հրահանգեր էր ամէնուրեք, որ հայ ժողովուրդի դիմադրութիւնը կատարուի առանց զէնքի, խաղաղ ցոյցերով, թափօրներով:

Ալեքսանդրապոլի տուաւ ըմբոստացման ազդանշանը: Յուլիսի 29ին, Ալեքսանդրապոլի վրայով հայոց հայրիկը պիտի դառնար Էջմիածին: Եկեղեցիներու զանգակները սկսան հնչել, փակուեցան բոլոր խանութները եւ բազմահազար ժողովուրդը, հաւաքուած առաջնորդարանին դիմաց կը սպասէր կաթողիկոսին: Երբ ան դուրս ելաւ, ամէնքը միաբերան գոչեցին.

-«Հայրի¯ի, հայրի¯կ, մի յանձներ կալուածները, մերժէ՛, բողոքէ՛, մի՛ վհատիր, մենք քեզի հետ ենք»:

Եւ հայոց հայրիկը իր ժողովուրդի ձայնը ունկնդրելով, շարք մը կոնդակներով հրամայեց թեմական առաջնորդներուն, ոչ մէկ մասնակցութիւն չընդունիլ գոյքերու գրաւման գործին մէջ: Կայսեր հրովարտակը չտպուեցաւ Էջմիածինի պաշտօնական թերթին մէջ, հակառակ եկած հրամանին: Եւ երբ իշխան Նակաշիձէ իր շքախումբով եկաւ վեհարան ու յիշեցնելով կայսերական որոշումը, պահանջեց նոր օրէնքը գործադրել ու գոյքերը յանձնել, Խրիմեան Հայրիկի պատասխանը եղաւ.-

-«…Մնալով հանդերձ հաւատարիմ հպատակ իմ թագաւոր կայսեր, կը յայտնեմ, որ երբեք չեմ կրնար իբրեւ հայոց հայրապետ, համաձայն լինել ներկայ օրէնսդրութեան եւ չեմ ընդումիր զայն երբեք»…

Անդին, հայ ժողովրդական ցոյցերը կը շարունակուէին յարաճուն թափով: Օգոստոս 3ին պատրագէն ետք, Երեւանէն ահագին բազմութիւն մը ուղղուեցաւ դէպի Էջմիածին, անցնելով այն փողոցէն ուր կը գտնուէր նահանգապետին տունը: Թէեւ ոստիկանները փորձեցին կասեցնել հոսանքը, բայց՝ ապարդիւն: Էջմիածինի սահմաններուն ալ ժողովուրդը իր դիմաց գտաւ վաշտ մը զինուորներ, բայց կանգ չառաւ: Զօրքը արձակեց հրացաններ. ժոողվուրդի մէջէն եւս որոտացին ատրճանակներ, տեղաց քարերու տարափ ու ի վերջոյ զօրքի շղթան պատրուեցաւ եւ հոսանքը յառաջ գնաց դէպի վեհարան:

Գանձակի մէջ 6-7 հազարնոց բազմութիւն մը պատարագէն ետք խաղաղ թափօրով մը ուղղուեցաւ դէպի առաջնորդարան, բայց շրջանի փոխ-նահանգապետը, զօրավար Անդրէեւ, ժողովուրդէն պահանջեց ցրուիլ: Երբ պատասխան չստացաւ սկսաւ հայհոյել, անարգել, սպառնալ, բայց ժողովուրդը միայն կ՛աղաղակէր. «Կը բողոքե¯նք, չենք ուզեր մեր ազգային գոյքերը ձեզի յանձնել»: Զօրավարը դիմեց զօրքին եւ հրամայեց կրակել ու ինք առաջինը հանեց ատրճանակը: 10 հոգի սպաննուեցան ու 70 ուրիշներ վիրաւորուեցան. բայց Դաշնակցութիւնը այդ զօրավարի անունը գրեց իր սեւ ցանկին մէջ. երկար հետապնդեց եւ ի վերջոյ ահաբեկեց:

Նման ցոյցեր կազմակերպուեցան նաեւ Թի‎ֆլիսի եւ Բագուի մէջ. ամէն տեղ ռուս ոստիկանութիւնը բրտօրէն միջամտեց եւ հրացանաձգութեամբ պատճառ դարձաւ հայերու մահուան, թէեւ ինք ալ անպատիժ չմնաց ու տուաւ բազմաթիւ զոհեր: Բագուի մէջ «հայկական ապստամբութիւնը» խեղդելու համար զօրքը նոյնիսկ թնդանօթ բերած էր եւ բախում ունեցաւ Դաշնակցական Խեչոյի ու Ջալլադի ղեկավարութեան տակ հաւաքուած՝ մօտ 300 զինուած հայ երիտասարդներու հետ:

Անդրկովկասի բոլոր հայաբնակ վայրերը, գիւղերն ու քաղաքները, պարզեցին բողոքի ու ըմբոստացումի տեսարաններ: Թէեւ Գալիցինը ուժով գրաւեց բաւական բան, բայց չգտաւ այն վիթխարի հարստութիւը, որ կ՛երեւակայէր թէ կայ մեր եկեղեցիներուն մէջ: Ամէն տեղ ռուսական իշխանութիւը ոստիկաններու վոհմակներով կ՛երթար բռնագրաւելու եկեղեցական եւ վանական գոյքերը, կը փշրէին դրամարկղերը, կը կտրէին դռները, որովհետեւ ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ եպիսկոպոս կամ վանահայր չէր յանձներ բանալիները, հնազանդելով հայրապետական հրամանին ու սարսափելով «Կոմիտէի» սպառնալիքներէն:

Թշնամին միայն ցասում, գրգռում ու ատելութիւն ցանեց հայ բարեպաշտ եւ ընդհանրապէս խաղաղ զանգուածներուն մէջ ու իր պատիժը ստացաւ տալով բազմաթիւ զոհեր դաշնակցական ահաբեկիչի պատուահասող գնդակին: Դաշնակցութիւնը որոշած էր մեծագոյն դահիճին՝ իշխան Գալիցնին տալ իր արդար պատիժը, բայց հնչակեանները աճապարեցին ու կանքեցին զինք, յաջողցնելով միայն դաշոյնի հարուածներով վիրաւորել զայն: Այնուհետեւ ան չմնաց իր պաշտօնին մէջ ու չափազանց զգոյշ՝ փախաւ Կովկասէն:

Քանի մը ամիս ետք Թիֆլիս հասաւ նոր կառավարչապետը՝ Վորոնցով Դաշկով, ձիթենիի ճիւղը ձեռքին: Ան ստիպուեցաւ վերաբանալ հայ դպրոցները եւ հայ եկեղեցական գոյքերն ալ վերադարձնել իրենց օրինաւոր տիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: Մեծ յաղթանակ մըն էր այս մէկը, որ կը պարտինք միայն ու միայն հայ ժողովուրդին, անոր կռիւներուն: Բռնապետութիւնը խոնարհեցաւ փոքրիկ, ըմբոստ ժողովուրդի կամքին առջեւ եւ գոռոզ արքան ջնջեց, ետ վերցուց իր ստորագրած թալանի հրովարտակը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …