Հայ Կրօնաւորներու Բարեւելու Տիտղոսներ
–Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աստիճանաւորներու
Խօսակցութեան պահուն՝ կաթողիկոսին պէտք է ըսել Վեհափառ Տէր:
Արքեպիսկոպոսին կամ Եպիսկոպոսին՝ Սրբազան Հայր:
Ծայրագոյն Վարդապետին, Վարդապետին եւ Աբեղային՝ Հայր Սուրբ:
Քահանային՝ Տէր Հայր:
Սարկաւագին Տիրացու:
Իսկ բարեւելու ժամանակ՝ քահանայէն վեր բոլոր աստիճանաւորներուն՝ Աստուած օգնական, Վեհափառ Տէր կամ Սրբազան Հայր կամ Հայր Սուրբ:
Քահանյին՝ Օրհնեցէք, Տէր Հայր, կամ Օրհնեա Տէր: Իբրեւ պատասխան կը ստացուի- Աստուած օգնական = Աստուած պահապան:
Օրհնեա Տէր = Աստուած Օրհնէ: Եկեղեցականը բարեւելու ժամանակ կ՛ըսէ,- Ողջոյն ձեզ, որուն՝ աշխարհականը կը պատասխանէ- Օրհնեցէ՛ք Վեհափառ Տէր, կամ Սրբազան Հայր, կամ Հայր Սուրբ, կամ Տէր Հայր:
-Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Աստիճանաւորներու
Խօսակցութեան ը