Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / Է.ԱԿՆՈՒՆԻ (ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ)

Է.ԱԿՆՈՒՆԻ (ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ)

Ակնունի ծնած է 1863ին Մեղրի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Աւարտած է Թի‎ֆլիսի Ներսէսեան վարժարանը: Իր երիտասարդական շրջանի մասին տեղեկութիւններ կը պակսին:

Նախքան Դաշնակցութիւնը՝ Կովկասահայերու ազգային ձգտումներու արտայայտիչն էր Գր. Արծրունիի «Մշակ»ը, որուն շուրջ հաւաքուած էր յառաջդիմասէր մտաւորականութիւն մը: Խաչատուր Մալումեան կու գար այդ շրջանակէն, կրելով անոր անմիջական ազդեցութիւնը:

Ակնունին թէեւ մասնակցած էր Դաշնակցութեան հիմնադրութեան ժողովներուն, բայց գործօն դեր մը չէր ստանձնած: Քրիստափորն էր, որ 1898էն ետք «Դրօշակ»ին կապեց Ակնունին, զինք հրաւիրելիվ Թիֆլիսէն Ժընեւ: Առաջին անգամ հրապարակ եկաւ ցնցող եւ սրամիտ յօդուածաշարքով մը՝ Կովկասեան Խապրիկներ (սկիզբը «Դրօշակ» 1899 թիւ 1) խորագրին տակ, որ կը ներկայացնէր ձարական ռէժիմի հայահալած քաղաքականութիւնը: Ժընեւ գտնուած շրջանին մասնակից էր թերթի խմբագրութեան: Իր ջանքերով է, որ 1902ին հիմնուեցաւ Եւրոպայի Ուսանողական Միութիւնը: Սօֆիայի մէջ Քրիստափորի յուղարկաւորութեան, Ակնունի խօսեցաւ իր ամենայուզիչ ճառը, իր մեծ վարպետը անուանեց մարդագործ:

Մասնաւորապէս Ակնունիին վստահուեցաւ բանակցութիւններ վարել Փարիզի երիտասարդ թուրքերու Իշխան՝ Սապահէտտինի եւ Ահմէտ Ռիզայի հետ: 1907 Նոյեմբերէն Դեկտեմբեր գումարուած Օսմանեան Կայսրութեան Ընդդիմադիրներու Գոնկրէսին նիստերէն մէկ մասը նախագահեց Ակնունի: Ընդդիմադիրներու այս պլոքի գործունէութեան յաջորդեց Համիտեան բռնապետութեան տապալումը եւ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը:

Այցելեց Իզմիր, Ամերիկա, Եգիպտոս, ստանձնելով կազմեկերպական եւ քաղաքական աշխատանքներ:

Ամերիկա գնաց 1910ին, ուր մնաց մօտաւորապէս տարի մը: Տեսակցեցաւ նախագահ Թաֆթի ու քաղաքական դէմքերու հետ, ծանօթացնելով հայկական պահանջները: Հանգանակութիւն կատարեց ի նպաստ Ռուսաստանի մէջ ձերբակալուած հայ յեղափոխականներու: Այս շրջանին է որ գրեց «Դէպի Երկիր» ու «Բողոքի Ձայն» գրքոյկները, վերջինը թարգմանուեցաւ անգլերէն Political Persecution անունով: Ամերիկայի հայ գաղութի կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւն ստեղծելու իր փորձերը արդիւնք չտուին:

Ակնունի 1913ին այցելեց Եգիպտոս, ուր հայ եւ օտար շրջանակներու վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգեց: Հայ Դատի հետապնդումին շուրջ համերաշխութիւն ստեղծեց հայ կուսակցութիւններու միջեւ, նոյն ատեն հետաքրքրութիւն՝ միջազգային շրջանակներու մօտ: Գահիրէի Բրիթանիա թատրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ մեծ միթինկ մը. օրուան նախագահ գրագէտ Տիգրան Կամսարական կ՛ըսէ, «Պարոն Ակնունիին համբաւը կանխած էր իր գալուստը: Չեմ գիտեր որ մեծ բեմբասա՞ց մը անուանեմ զինք թէ զմայլելի քարոզիչ մը, որովհետեւ կը հաւատամ թէ այսօրուան մեծ հաւաքոյթը մեզի բերած իր հզօր շունչին կը պարտինք: Նախկին մեծ զօրականի մը նման որ ըսած էր, «Եկայ, տեսայ ու յաղթեցի», պրն.Ակնունի կրնայ ըսել «Եկայ, խօսեցայ ու հմայեցի». կ՛ըսեն թէ խօսքով գործ չըլլար, բայց ահա պրն.Ակնունի խօսելով կը կատարէ այս ազգաշէն գործը»: Միթինկին, բացի հայ ներկայացուցիչներէն, կը խօսին նաեւ սուրիացի, ‎ֆրանսացի եւ իտալացի բարեկամներ. կը հանուի բանաձեւ մը, որով բողոք էր Պոլսոյ կառավարութեան դէմ Հայկական Նահանգներու մէջ տիրող անապահովութեան առթիւ. բանաձեւը կ՛ըսէ՝ «Եւրոպական երաշխաւորութիւնը կը համարէ գլխաւոր եւ միակ պայմանը բարենորոգումներու իրականացման եւ հետեւաբար երկրի խաղաղեցման ու Հայկական Դատի լուծումին»: Նոյն ձեւի ժողովրդական մեծ միթինկ կը կազմակերպուի Աղեքսանդրիոյ մէջ, որմէ վերջ Ակնունի կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Հայ Դատի լուծումը Դեսպանական խորհրդաժողովի օրակարգի հարցն էր:

Եւրոպական պատերազմը երբ սկսաւ, Ակնունին Պոլիս էր ու չափազանց լաւատես, որ ի վերջոյ մեր ազգային երազները պիտի իրականանան: 1915ի սկիզբը՝ «Յուսաբեր»ին գրած է յուսատու կոչ մը՝ տարագիր բազմութիւններու ուղղուած: Իթթիհատի վարիչները իրենց ոճիրի գործադրութիւնը ապահովելու համար, նախ ձերբակալեցին ու աքսորեցին հայ մտաւորականութիւնը (1915 Ապրիլ 24): Այաշէն Տիգրանակերտ աքսորի ընթացքին սպաննուեցան Ակնունին, Զարդարեանը, Խաժակը, Սարգիս Մինասեանը, Տոքթ.Ն.Տաղաւարեանը եւ Ճանկիւլեանը:

Ակնունի գրած է հետեւեալ երկերը՝ «Մտքի Մշակը». 18‎90ին, Թի‎ֆլիս. «Խրիմեան» (1892), «Ովկասեան Վէրքեր», «Դէպի Կռիւ», Ժընեւ 1904, «Մեծ իտէալիստը» (Ֆրանսիս տը Պրեսանսէ), Կ.Պոլիս 1912: Ակնունիի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է Փիեռ Քիյառի յիշատակին նուիրուած Սգապսակը եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի յոբելեանին առթիւ կազմուած գրքոյկը: «Ազատամարտի» մէջ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ ազգային, քաղաքական հարցերու շուրջ: Իրն են նաեւ «Այսօր» խորագրին տակ լոյս տեսած առտուան տոմսերը:

Ակնունի սիրուած հրապարակագիր էր, շնորհալի հռետոր եւ իբրեւ քաղաքական մարդ, յարգուած՝ օտար շրջանակներէ:

Իր գործունէութիւնը ամբողջովին նուիրուած է հայ կեանքին ու Հայ Դատին: Հռետորական ոճին հետ, ան ունի արուեստագէտի շունչ եւ սուր հեգնութիւն:

Բանախօսութիւններու, միթինկներու ընթացքին Ակնունին կը տիրապետէր բազմութիւներուն, ստեղծելով ջերմ խանդավարութիւն: Ան մեծ տպաւորութիւն յառաջ բերաւ մասնաւորապէս Պոլսոյ եւ գաղութներու մէջ:

Ակնունին անդամ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին: Փարիզի եւ Պոլսոյ մէջ օտարներու եւ թուրքերու հետ ան վարեց ամենայն ճկունութեամբ քաղաքական բանակցութիւններ: Իր կարողութիւններով, հմայիչ բնաւորութեամբ ու բարեկրթութեամբ իր շուրջ միշտ ստեղծեց համակրանքի մթնոլորտ մը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …