Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Արդիական իմաստով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ծնունդ առած են միայն 19րդ դարու վերջին շրջանին: Հայոց Պատմութեան մէջ կը յիշատակուին կէս կրօնական-հերձուածային բնոյթի, կէս ընկերային բնոյթի շարժումներ, ինչպէս ի մասնաւորի՝ 7րդ 9րդ դարերուն Պաւլիկեան շարժումը եւ 9-րդ 10-րդ դարերուն Թոնդրակեցիներու շարժումը: Գոյութիւն ունեցած են նաեւ քաղաքական հոսանքի եւ ազդեցութեան հակադրութիւններ նախարարական տոհմերուն միջեւ (արեւմտեան-բիւզանդական ուղղութիւն, արեւելեան-պարսկական ուղղութիւն): Բայց այդ շարժումներէն եւ հոսանքներէն ոչ մէկը կրնար ներկայացնել, ներկայ իմաստով, կազմակերպուած քաղաքական կուսակցութեան մը բնոյթը:

19րդ դարու կէսերէն ետք, հայ-գրական-մշակութային զարթօնքը մէկ կողմէն, եւ թուրք վեհապետներու եւ ի մասնաւորի Սուլթան Համիտ Բ.-ի ճնշումներու, հարստահարութեանց եւ ջարդերու քաղաքականութիւնը միւս կողմէն՝ հայոց մէջ հետզհետէ արթնցուցին հինգդարեան խաւարի տեւողութեան աստիճանաբար մարած՝ մարդկային եւ ազգային արժանապատուութիւնը: Նախ՝ Օսմանեան պետութեան բոլոր քաղաքացիներուն հետ համահաւասար իրաւունքներ ունենալու ամենատարրական տենչը, ապա նաեւ՝ ազգային ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքի գիտակցութիւնը, հրկիզեցին մտաւորապէս եւ մշակութապէս վերածաղկած հայ մարդոց սրտերը: 1878ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք՝ Հայկական Հարցը միջազգային պաշտօնական ճանաչում գտաւ Սան Սթե‎ֆանոյի եւ Պերլինիի դաշնագրերով: Այդ դաշնագրերու տրամադրութիւնները չյարգուեցան սակայն Համիտի կողմէ որ, ընդհակառակը՝, խստացուց իր վերաբերմունքը հայոց նկատմամբ: Պահ մը եւրոպական միջամտութեան նկատմամբ յոյսերով լեցուն՝ հայութիւնը շուտով հիասթափուեցաւ սակայն, իր ազգային հարցը եւ ինքնավարութեան պահանջը իր սեփական պայքարով տեղ հասցնելու համար, դիմեց յեղափոխութեան:

19րդ դարու 80ական թուականներէն սկսեալ, ժամանակագրական կարգով, իրարու յաջորդեցին հայ քաղաքական հետեւեալ կուսակցութիւնները.

Ա) ԿԱՐՆՈՑ «ՊԱՇՏՊԱՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ» ԳԱՂՏՆԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ կազմուեցաւ 1880ին եւ շուտով ունեցաւ կարեւոր թիւով անդամներ՝ ժողովրդային զանազան խաւերէ եւ գաղափարապաշտ երիտասարդներէ: Գաղտնի ընկերութիւնը, հանդարտ քարոզչութեամբ, նաեւ իր երիտասարդներու զինավարժութեամբ, հայ ժողովուրդը կը պատրաստէր ապստամբութեան: Կազմակերպութիւնը կարճ կեանք ունեցաւ՝ մատնութեան հետեւանքով, 1884ին դատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ ծանրագոյն պատիժներու: Քաղաքական առաջին դատն էր՝ որ տեղի կ՛ունենար Հայաստանի հողին վրայ:

Բ) ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐը,                այսպէս կոչուած Մարսէյլի մէջ 1885էն սկսեալ Մկրտիչ Փորթուգալեանի կողմէ հրատարակուած «Արմենիա» թերթին անունով, կազմուեցաւ եւ փաստօրէն սահմանափակուած մնաց Վանայ շրջանին մէջ՝ ուր Մ.Փորթուգալեանը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր Փորթուգալեան, իբրեւ նախկան ուսուցիչ եւ յեղափոխական-ազատական գաղափարներու քարոզիչ: Խրիմեան Հայրիկի շունչը նոյնպէս կարեւոր դեր ունեցաւ Արմենական կուսակցութեան ամրապնդման մէջ: Կազմակերպութեան նպատակն էր՝ յեղափոխական քարոզչութեամբ գիտակցութեան հասցնել հայ ժողովուրդը, զայն կազմակերպել ու զինել՝ յարմար առիթով զինական ապստամբութեան դիմելու համար:

«Արմենիա»ն եղաւ չափով ազատական թերթ մը, աւելի քարոզչական՝ քան յեղափոխական բնոյթի: Արմենականութիւնն ալ եղաւ առաւելաբար քարոզչական կազմակերպութիւն մը: Հետագային, 1905-1907 տարիներուն, անոր ամէնէն գաղափարական եւ պատրաստուած տարրերէն ոմանք՝ յարեցան Հ.Յ.Դաշնակցութեան, իսկ մայր կազմակերպութիւնը 1908էն ետք ձուլուեցաւ Պոլսոյ մէջ կազմուած Սահմանադիր-Ռամկավար պահպանողական կուսակցութեան հետ:

Անժխտելի է այն իրականութիւնը, որ Մ.Փորթուգալեանն էր, որ իր «Արմենիա»ով հիմը դրաւ հայկական շարժման կազմակերպուած քարոզչութեան:

Գ)ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆը,                             կազմուած է Ժընեւի մէջ, 1887ին: Այդպէս կոչուած իր պաշտօնաթերթին՝ Ժընեւ հրատարակուող «Հնչակ»ի անունով: Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներն ու ղեկավարները՝ Նազարբեկեաններ, Ռուբէն, Խան Ազատ, եւ այլն: Ռուս եւ գերման ընկերվարական կազմակերպութիւններու գաղափարական ազդեցութեան տակ գտնուող երիտասարդներն էին, գաղափարապաշտ անկասկած, բայց մօտէն ծանօթ չէին հայրենի իրականութեան: Նորակազմ կուսակցութիւնը կ՛առաջարդէ Արեւմտահայաստանի, Ռուսահայաստանի եւ Պարսկահայաստանի միացումը եւ անկախ ընկերվարական հանրապետութեան մը ստեղծումը յեղափոխական-ցուցական գործունէութեան ճամբով: Ան իր ծրագրով առաւելաբար Մարքսեան-դասակարգային բնոյթ ունէր:

Հակադրուելով Արմենականներու համեմատաբար կրաւորական քարոզչութեան, հնչակեան ցուցական գործելակերպը, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, ջերմ ընդունելութիւն գտաւ յեղափոխական պոռթկումի պատրաստ հայ երիտասարդութեան մօտ: Հակառակ յաճախ պառակտուած եւ վարկաբեկ արտասահմանեան կեդրոնացեայ ղեկավարութեան մը գոյութեան, Պոլսոյ, Կիլիկիոյ եւ Սասնոյ մէջ 1889-1896 թուականներուն, հնչակեանները ունեցան յեղափոխական-ցուցական յանդուգն նախաձեռնութիւններ, Գում Գաբուի (1890) եւ Պապ Ալիի (1895) ցոյցերը Պոլսոյ մէջ, Սասնոյ 1893-1894ի ապստամբութիւնը, 1895-1896ի Զէյթունի ապստամբութիւնը, եւ այլն, որոնց ընթացքին յայտնուեցան եւ հայ յեղափոխականութեան պատմութեան իրենք զիրանք պարտադրեցին ժողովրդական իսկական հերոսներ՝ ինչպէս Մուրատ եւ Ժիրայր Պոյաճեան գաղափարապաշտ եղբայրները, Աղասին, Մլետը, Հրաչեայ Մարալը, եւ այլն:

1896էն Հնչակեանները պառակտուեցան: Պառակտումի հիմնական պատճառներէն մէկը արտասահմանեան կեդրոնացեալ ղեկավարութեան դրութիւնն էր: Փոխադարձ հասկացողութիւնը դժուար էր Կիլիկիոյ եւ Սասնոյ մէջ յեղափոխական կեդրոնի պայքար մղող մարտական դասին եւ Մարքսեան գաղափարաբանութեամբ տոգորուած ու երկրի պայմաններուն անհաղորդ Եւրոպայի Կեդրոնին միջեւ: Արտասահմանեան ղեկավարութեան նկատմամբ կային նաեւ աւելի լուրջ ամբաստանութիւններ, Սասնոյ եւ Զէյթունի կռիւներուն ընթացքին, կեդրոնը իր մօտ գտնուած զէնքերէն ու գումարներէն մաս մը միայն ղրկած էր ապստամբներուն, ան ալ շատ ուշ: Պառակտումէն ետք, Հնչակեան կուսակցութիւնը չկրցաւ վերագտնել իր նախկին հմայքն ու ժողովրդականութիւնը:

Հնչակեաններու մէկ թիւը շարունակեց պահել հին ծրագիրն ու հին ուղին, կոչուելով ՍՈՑԵԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ: Միւս թիւը փորձեց գործել զուտ ազգային գետնի վրայ, առնելով ՎԵՐԱԿԱԶՄԵԱԼ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ անունը: Երկու թեւերը տարիներ շարունակ պայքարեցան իրարու դէմ՝ խտրութիւն չդնելով միջոցներուն մէջ: Այդ պայքարներու ընթացքին էր, որ 1908ին, Գահիրէի մէջ սպաննուեցաւ Արփիար Արփիարեանը (Արփիարեան «վերակազմեալ»ներու սկզբնական շրջանի պարագլուխներէն էր):

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

            Բոլոր ընկերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տեղի ունեցած է շահագործութիւն, սակայն որքան կը զարգանան այդ ընկերութիւնները …